ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ կազմակերպուած Բարեկենդանի խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Թէ՛ դպրոցի դասարաններուն եւ թէ յարակից սանուց միութեան սրահին մէջ կեանքի կոչուեցաւ յայտագիրը, որու ընթացքին տղաքը թէ՛ հաղորդ դարձան աւանդութիւններուն եւ թէ ապրեցան ուրախ պահեր։ Վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ ուսուցչաց կազմի անդամներն ալ ուրախակից եղան անոնց։

Հինգշաբթի, Փետրուար 8, 2024