ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԱՄՓ ԱՐՄԷՆԻ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն, որուն կ՚ընկերանային Թուզլայի երբեմնի Քամփ Արմէնի վերականգնման յանձնախումբի անդամները։ Ծանօթ է, որ փոքրամասնութիւններու համար կատարուած բարեփոխումներուն շնորհիւ Քամփ Արմէնի սեփականութեան իրաւունքը երկար տասնամեակներ վերջ վերադարձուած է Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ։ Աստիճանաբար հասունցած էր նաեւ Քամփ Արմէնի վերակառուցման ծրագիրը, որու համար ստեղծուած էր խառն յանձնախումբ մը թրքահայ համայնքէն։ Այդ յանձնախումբին մաս կը կազմէ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներու ներկայացուցիչներ։
Երէկուան հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը լսեց իրեն ներկայացուած բացատրութիւնները եւ յիշեցուց, որ հաստատութեան իրաւատէրը Հայ Աւետարանական եկեղեցին է, սակայն ընդհանուր համոզում գոյացած է, որպէսզի առանց դաւանական խտրութեան օգտագործուի ապագային Քամփ Արմէնը հայ համայնքի անդամներուն կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը արտայայտեց իր մօտեցումները՝ նախատեսուած նուիրահաւաքով գոյանալիք միջոցներու մատակարարման եւ վարչական դրութեան համար մշակուելիք ծրագիրներուն շուրջ։ Հանդիպման աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յաջողութիւն մաղթեց հիւրերուն, որոնք ալ, իրենց հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեցին ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար։