ՍՐԲՈՒՀԻ ՏԻՒՍԱԲԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Հայ գրականութեան առաջին գրագիտուհին ու կանանց իրաւունքներու պաշտպան Սրբուհի Տիւսաբ (1841-1901) ոգեկոչուեցաւ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ։ Այս առթիւ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաքելական կառավարիչ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան հոգեհանգստեան Ս․ Պատարագ մատոյց Բանկալթըի Լատին կաթողիկէ գերեզմանատան մատրան մէջ։ Ս․ Սեղանին սպասարկեցին Տ․ Յակոբ Սարկաւագ Մինասեան եւ դպիրներ։ Ի ժամ Ս․ Պատարագի քարոզեց Գերապայծառ Տէրը։ Ան անդրադարձաւ Մարտի 8-ի խորհուրդին՝ ընդգծելով կանանց իրաւունքներու, անոնց հասարակութեան հաւասար մէկ անդամը ըլլալն ու աւելի մեծ դերեր ստանձնելու անհրաժեշտութիւնը։ Յաւարտ Ս․ Պատարագի, Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան եկեղեցականներու թափօրով առաջնորդուեցաւ Սրբուհի Տիւսաբի շիրմին մօտ։ Այստեղ նախ Էսաեան վարժարանի ուսուցչուհի Նարօտ Թոմաքեան ընթերցեց Սրբուհի Տիւսաբի կենսագրականը, ապա արտայայտուեցան Սեւան Տէյիրմէնճեան եւ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, որու հայերէնով ունեցած ելոյթը արժանացաւ գնահատանքի։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան, որ ըսաւ, թէ յանձինս Տիւսաբի կ՚ոգեկոչեն կանանց իրաւունքներու համար պայքար մղած, աշխատած, մաքառած բոլոր կիները՝ մտաւորական թէ հասարակ քաղաքացի։ Հոգեհանգստեան պաշտօնով վերջ գտաւ ձեռնարկը։
Հարկ է նշել, թէ երկար տասնամեակներ Տիւսաբի շիրիմը մատնուած էր անուշադրութեան, սակայն «Հայ կին» հարթակի, ինչպէս նաեւ Տքթ․ Իգնա Սարըասլանի եւ Շիշլիի փոք-քաղաքապետ Վազգէն Պարընի ջանքերով շիրիմը այժմ ստացած է ներկայանալի ու խնամեալ տեսք մը եւ կը սպասէ իր այցելուներուն։