ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ
2015-2016 կրթական շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը յառաջիկայ Հոկտեմբերի 4-ին տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, եղանակի առաջին սիրոյ սեղանը պիտի կազմակերպուի ի նպաստ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ անոր յարակից գործող Սահակեան-Նունեան վարժարանին։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Գէորգի տօնը այս տարի կը զուգադիպի իսլամական աշխարհի տօնական արձակուրդի օրերուն, Սամաթիոյ մատաղօրհնութիւնը շաբաթ մը ուշացումով պիտի իրականացուի։
Երէկ երեկոյեան, Սամաթիոյ «Աճառեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային հաւաքոյթ մը, որով պաշտօնապէս սկսան Սամաթիոյ տարեկան սիրոյ սեղանին նախապատրաստութիւնները։ Երէկուան հաւաքոյթին նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։ Ատենապետ Եսայի Տէմիրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց ներկաները, որոնց շարքին կը գտնուէին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ, Սամաթիոյ ընտանիքէն ծանօթ դէմքեր, Սահակեան-Նունեան վարժարանի զոյգ տնօրէնուհիները՝ Թալին Մաթոսօղլու եւ Ժանէթ Ներկիզ եւ այլ հիւրեր։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան օրհնեց ընթրիքի սեղանները, որոնց շուրջ համախմբուած էին ներկաները։ Ատենապետ Եսայի Տէմիր հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, իսկ Հերման Կիւրճեան ներկայացուց թաղի տարեկան պիւտճէն։ Սամաթիոյ պատուոյ նախագահ Մելքոն Գարաքէօսէ սրտի խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ պիւտճէի բացերը պէտք չէ խորացնեն համայնքէն ներս յոռետեսութիւնը, այլ պէտք է ամրապնդեն զօրակցութեան տրամադրութիւնները։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։
Սամաթիոյ ընտանիքին ներկայացուցիչները ընդգծեցին, թէ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ միջոցներու յատկացման զուգահեռ նուազած են վարժարանի աշակերտութեան ծնողներուն կողմէ կատարուած նուիրատուութիւնները, հետեւաբար պիւտճէի բացը անցեալ տարուան բաղդատմամբ աւելի բարձր է։
Երեկոյթը աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024