ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆ ՑՈՒՑԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան մասնակցելիք Նարնջագոյն ցուցակի թեկնածուները։ Նարնջագոյն ցուցակը այժմու թաղային խորհուրդի շարունակութիւնը կը համարուի, պահպանուած է ներկայ կազմին կորիզը, որ հարստացուած է նոր ու արժէքաւոր դէմքերով։ Այժմու թաղային խորհուրդի ատենապետը՝ Կարպիս Քալայճեան կը գլխաւորէ նաեւ Նարնջագոյն ցուցակը։
Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը լսեց թեկնածուներու ծրագիրները, որոնց մէջ մասնաւոր տեղ կը զբաղեցնէր եկեղեցապատկան կալուածները աւելի արդիւնաւէտ օգտագործելու խնդիրը։ Միեւնոյն ժամանակ, անոնք յայտնեցին, որ մանուկներու, պատանիներու եւ երիտասարդներու եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուիլը կը նկատեն շատ կարեւոր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Նարնջագոյն ցուցակի թեկնածուներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Ան յիշեցուց, որ եկեղեցւոյ եկամուտները, եկեղեցւոյ շէնքը բարեկարգ վիճակի մէջ պահելու առընթեր, եկեղեցապատկան միջոցները պէտք է օգտագործուին նաեւ հաւատացեալներու հոգեւոր շինութեան համար։