ՉԷԶՈՔՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ հաւանական ներգրաւուածութեան մասին։ Այս առթիւ ան ընդգծեալ ձեւով չէզոքութեան պահանջ հասցէագրեց Անգարային։ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ աշխարհաքաղաքական դերակատարները պէտք է չէզոք ըլլան, այլապէս չեն կրնար շինիչ դերակատարութիւն մը ունենալ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացէն ներս։
Պատասխանելով այս նիւթին վերաբերեալ «Արմէնփրէս»ի հարցման՝ վարչապետը ըսաւ. «Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու պարագային ճիշդ բանաձեւն ու ձեւակերպումը այն է, որ դերակատարները պէտք է չէզոք ըլլան, որպէսզի այդտեղ շինիչ դերակատարութիւն ունենան»։ Անդրադառնալով տարածաշրջանէն ներս եւ համաշխարհային ասպարէզի վրայ Թուրքիոյ ունեցած դերին՝ Փաշինեան աւելցուց. «Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիոյ ներկայութիւնը թէ՛ կը տեսնենք եւ թէ կը զգանք»։
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստան Թուրքիոյ հետ պէտք է ունենայ օրակարգ մը եւ զայն ընկալէ ո՛չ թէ Ատրպէյճանի միջոցաւ, այլ դիտէ որպէս սահմանակից հարեւան։ Պէտք է առերեսուիլ այն փաստին հետ, որ Թուրքիան նաեւ միջազգային մեծ դերակատարութիւն ունի։ Թուրքիոյ ղեկավարի եւ այդ երկրի ներկայացուցիչներուն հետ շփումը ո՛չ միայն տարօրինակ չէ, այլեւ բնականոն է, որովհետեւ Թուրքիան եւ Հայաստանը հարեւաններ են։ Արտառոց ու տարօրինակ չէ նաեւ այն, որ երկու երկիրներու ղեկավարները հեռախօսազրոյցներ կ՚ունենան։
«Ես կը կարծեմ, թէ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր բան մը տեղի կ՚ունենայ, ինչ որ կրնայ տարօրինակ հնչել, թէ ասոր մէջ ի՛նչ կարեւոր բան կայ։ Մենք կը խօսինք իրարու հետ։ Ես կը համարեմ, որ Թուրքիոյ նախագահին հետ մենք ունինք խօսակցութիւն եւ երկխօսութիւն, որ շատ բարդ է՝ դիւրին չէ, բայց շատ կարեւոր է, որ այդ խօսակցութիւնը ըլլայ։ Ես կը յիշեմ մեր քննարկումները, ընկալումներն ու զգացումները, երբ Փրակի մէջ՝ մինչեւ մեր պաշտօնական հանդիպումը Թուրքիոյ նախագահին հետ, սա լուսանկարուած եւ համացանցի վրայ յայտնուած էր։ Կը յիշեմ, թէ այդ լուսանկարը ինչպիսի մեծ դրական, բացասական, շփոթ, քննարկում եւ արձագանգ յառաջացուցած էր։ Կը յիշեմ նաեւ Հայաստանի մէջ մեր շատ մը խմբակիցներու լարուածութիւնը այդ բանէն», նշեց Փաշինեան՝ անդրադառնալով բանակցութիւններու եւ քննարկումներու ընթացքին դժուարութիւններու եւ անոնց յաղթահարման բարդութիւններու։ Վարչապետը նաեւ աւելցուց, որ հասկնալով, թէ հայկական հասարակութեան մօտ գիտակցութեան ինչպիսի նուրբ շերտեր կան՝ այդուհանդերձ, իրեն համար մեծ ջանք եղած է Թուրքիոյ նախագահի երդման արարողութեան մասնակցիլը։
Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն անդրադառնալու առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան ասուլիսի ընթացքին բազմակողմանիօրէն խօսեցաւ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի բարդ խնդիրներուն մասին։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան որեւէ յաւակնութիւն պէտք չէ ունենայ իր տարածքէն եւ սահմաններէն դուրս։ Վարչապետը կը կարծէ, որ Երեւանի արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան տեսակաւորման ընթացքը կը նշանակէ յոյսը իր իսկ վրայ դնել, այսինքն այդ մէկուն ձեւերէն մին է։ Ի շարունակութիւն, ան յոյս յայտնեց, թէ յառաջիկային կ՚առնուին որոշումներ, որոնք կը հանդիսանան Հայաստան-Եւրոմիութիւն ուժեղ յարաբերութիւններու արտայայտութիւնը։ Արդարեւ, վերջին տարիներու իրադարձութիւններու խոր եւ համապարփակ վերլուծութեան արդիւնքով՝ Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ արտաքին եւ անվտանգային յարաբերութիւններու տեսակաւորման քաղաքականութիւնը։ Այս համատեսքին մէջ առաջնային կը մնայ խաղաղութեան օրակարգը։
Երեւան-Պաքու հաշտութեան որոնումներուն մասին ալ հերթական անգամ խօսեցաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ երեք սկզբունքներու հիման վրայ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու եւ սահմանները յստակեցնելու քաղաքականութիւնը։
«Թէեւ այդ սկզբունքները հանրայայտ են՝ շփոթութեան տեղի չտալու համար հարկ կը համարեմ կրկին բարձրաձայնել։ Առաջին՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Երկրորդ՝ Ալմա-Աթայի հռչակագիրը երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման քաղաքական հիմքն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր սահման մը ստեղծելու օրակարգ չկայ, այլ անհրաժեշտ է հողի վրայ արտայայտել Խորհրդային Միութեան փլուզման շրջանին հանրապետութիւններուն միջեւ օրինապէս գոյութիւն ունեցած վարչական սահմանը, որ Ալմա-Աթայի հռչակագրով դարձած է պետական սահման։ Երրորդ՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները պէտք է բացուին անոնց անցած երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան յարգմամբ, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ այս նիւթին վերաբերեալ պատկերացումները կառավարութիւնը ամբողջացուցած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը հրապարակելով։
ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՆ
Մինչ այդ, Նիկոլ Փաշինեան երէկ վերահաստատեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանապահ զօրքերը տեղեկացուցած են Ռուսաստանի Դաշնակցութեան սահմանապահ զօրքերուն, որպէսզի Երեւանի Զուարթնոց միջազգային օդակայանէն ներս հսկողութիւն իրականացնելու գործառոյթը դադրեցնեն։ Երեւանի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր վերջին օրերուն արդէն կը բարձրաձայնէին այս նիւթը։ Հայկական կողմը պաշտօնապէս ռուսական կողմէն պահանջած է՝ իր սահմանապահներուն պաշտօնավարութիւնը բաւ համարել Զուարթնոց միջազգային օդակայանէն ներս։ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այս մասին ըսաւ, որ հայկական ծառայութիւնը բաւարար փորձառութիւն, հմտութիւն եւ հնարաւորութիւններ ձեռք բերած է Զուարթնոց օդակայանի մէջ հսկողութիւն իրականացնելու համար՝ առանց ռուսական կողմի աջակցութեան։ Ուստի, ըստ Փաշինեանի, Հայաստանի սահմանապահ զօրքերը նամակով մը դիմած են Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան սահմանապահ զօրքերուն, շնորհակալութիւն յայտնած են Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Զուարթնոց միջազգային օդակայանէն ներս ծառայութիւն իրականացնելու եւ անվտանգութիւն ապահովելու համար, սահմանային հսկողութիւն իրականացնելու հարցին մէջ ցուցաբերուած աջակցութեան եւ մատուցուած ծառայութեան համար երախտագիտութիւնով հանդերձ։ «Հայաստանի սահմանապահ ծառայութիւնը տեղեկացուցած է նաեւ, որ ինք արդէն բաւարար փորձառութիւն, հմտութիւն եւ հնարաւորութիւններ ձեռք բերած է, որպէսզի Զուարթնոց միջազգային օդակայանին մէջ սահմանապահ հսկողութիւնը իրականացնէ՝ առանց ռուսական կողմի աջակցութեան», նշեց վարչապետը։
Միւս կողմէ, Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ երէկ արձագանգեց այս հարցին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Վերջին օրերու զանազան յայտարարութիւններէն վերջ, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ հայկական կողմը տեղեկացուցած է Զուարթնոց օդակայանէն ներս Ռուսաստանի սահմանապահներու աշխատանքի դադրեցման մասին։