ԵԶԱԿԻ ՈՒ ՊԱՆԾԱԼԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ մասնակցեցաւ՝ Ժընեւի համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի հիմնադրութեան 50-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական հանդիսաւոր հաւաքոյթին, որու ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը։ Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին հնչեցին նաեւ այլ ելոյթներ՝ ներառեալ ամպիոնի ղեկավար Վալենթինա Քալցոլարիի եւ զուիցերահայ յայտնի գործիչ Վահէ Կապրաշի կողմէ։

«Օրուայ խորհուրդը չի սահմանափակուիր միայն ակադեմական ամպիոնի յոբելեանի նշանաւորմամբ։ Այսօր մենք վերստին կը գնահատենք հայկական տոկուն մշակոյթը եւ հարուստ լեզուն ու գրականութիւնը, որոնք անցնելով հազարամեակներու փորձութիւններով՝ միահիւսուելով համաշխարհային մշակոյթի հետ, միաժամանակ պահպանելով իրենց ինքնատիպ բնոյթը։ Քրիստոնէութեան ընդունումէն մինչեւ Գիրերու գիւտը, հայկական մշակոյթի Ոսկեդարէն մինչեւ մեր օրերը՝ հայոց լեզուն ու հայ մշակոյթը անգնահատելի դերակատարութիւն ունեցած են հայոց պետութեան կայացման եւ զարգացման գործին մէջ», ըսաւ Վահագն Խաչատուրեան։

Ապա նախագահը բացատրեց, որ այսօր անկարելի է թերագնահատել աշխարհի զանազան անկիւններու հայագիտական կեդրոններու աւանդական դերակատարութիւնը պատմութեան կեղծման փորձերը չէզոքացնելու, վտանգուած մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ փաստագրման եւ այժմ արդէն՝ հայկական հարուստ ժառանգութեան թուայնացման առումով։

«Այսօր, երբ մշակութային համագործակցութիւնը մեր ամենօրեայ կեանքի անբաժանելի մասն է, կը փափաքիմ ընդգծել հայագիտական կառոյցներու համագործակցութեան կարեւորութիւնը», ըսաւ Վահագն Խաչատուրեան եւ կարեւորեց աշխարհի զանազան հայագիտական կեդրոններու միաւորումը։

Ժընեւի համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի 50-ամեակին առթիւ կազմակերպուած է՝ «Պատմութիւն, սիներժի եւ մարտահրաւէրներ» խորագրեալ ձեռնարկ մը։ Այս ամպիոնը, որ հաստատուած է Ժընեւի համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէէն ներս, ներկայիս կը վերարժեւորէ իր պատմութիւնը, լուսարձակի տակ կը բերէ անոր պայմանաւորած սիներժին եւ, բնականաբար, կը կեդրոնանայ առկայ մարտահրաւէրներուն վրայ։

 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024