ՆՈՐ ՇՓՄԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է մինչեւ ամսավերջ։ Անցեալ տարեվերջին արձագանգ գտած այս տուեալը երէկ վերահաստատուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակին կողմէ։ Հանդիպման յստակ թուականը տակաւին յայտնի չէ։ Մհեր Գրիգորեան կը գլխաւորէ Հայաստանի սահմանազատման յանձնաժողովը, որ կը բանակցի Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի կողմէ գլխաւորուած յանձնաժողովին հետ։ Երկու փոխ-վարչապետները վերջին անգամ անցեալ տարուան նոյեմբերի 10-ին բանակցութիւններ վարած էին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ, Իջեւան-Ղազախ հատուածէն ներս։
Այժմ, մինչեւ ամսավերջ նախատեսուած նոր հանդիպման կապակցութեամբ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն հաղորդուած է հետեւեալը. «Ըստ սկզբնական պայմանաւորուածութիւններուն՝ հանդիպման ժամանակ նախ պիտի քննարկուի յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգի նախագիծը, ուր պէտք է յստակ սահմանուին համատեղ աշխատանքներու մէջ օգտագործուելիք իրաւական նշանակութեամբ փաստաթուղթերու եւ իրաւական աքթերու տեսակներն ու տիպերը, պիտի նոյնականացուին Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի վերջին տեղագրական քարտէսները, որոնք պատշաճ իրաւական հիմքերով կազմուած ու տպագրուած են իրաւասու մարմիններու կողմէ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել՝ Երեւան-Պաքու այժմու խաղաղութեան գործընթացի պարագային թերահաւատութիւն բարձրաձայնելով։ Մասնաւորապէս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին ծանօթ յայտարարութիւններէն վերջ այդ մտահոգութիւնները թափ ստացած են։ Այսպէս, խորհրդարանի ընդդիմադիր երեսփոխաններէն Տիգրան Աբրահամեան համոզուած է, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն սեփական ձեւով մեկնաբանել իրադարձութիւններու ընթացքը՝ ըստ քաղաքական նպատակայարմարութեան։ Մինչդեռ, իր խօսքով, ռազմաքաղաքական իրավիճակը կրնայ կտրուկ ձեւով սրուիլ։ Բանակցային իրավիճակը ներկայիս չի զարգանար այնպէս, ինչպէս տարեվերջին կը զարգանար։
Իր կարգին, արեւելագէտ Ռուբէն Մելքոնեանն ալ, որ ընդդիմադիր մտաւորականներու շարքին է, հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ. «Հաւանական է, որ Ալիեւ փորձէ ուժի միջոցաւ ապահովել Զանգեզուրի միջանցքին բացուիլը, ռուսական զօրքը մէկ-երկու օրով «ուշանայ» եւ Մոսկուան գայ փրկչի դերով։ Ակնյայտ է, որ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի խօսոյթները, շահերը միջանցքի մասով կը համընկնին։ Ռուսաստան չ՚ըսեր, որ դէմ է միջանցքին, աւելին, կ՚ըսէ, որ ըլլայ, ինք կը վերահսկէ։ Չի կրնար Ռուսաստանի համար Հայաստանի վէրքը ցաւիլ այնքան, որքան իր վէրքը։ Հետեւաբար, Ռուսաստան պէտք է անտարբեր ըլլայ՝ ճանապարհի Սիւնիքով կամ Վայոց ձորով անցնելու պարագային։ Ինք կը մտածէ մեծապետական դիրքերէ՝ միայն թէ վերահսկէ»։