ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՏԿԱՐԱՆԱՅ ՆԱԽԿԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ
Անգլիական հեղիկանաւոր «The Economist»ը 2024 թուականի վերաբերեալ կանխատեսումներու շրջանակին մէջ մասնաւոր տեղ յատկացուց Հարաւային Կովկասին։ Այսպէս, Ուքրայնայի հակամարտութիւնը չէ դադրած եւ այս համայնապատկերին վրայ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ըստ վերլուծութեան, Ղարաբաղի կարճատեւ պատերազմն ու անկումը դրուագներէն մին էր տարածաշրջանային մեծ տեղաշարժին։ Այսպէս, ուժերու հաւասարակշռութիւնը նախկին Խորհրդային Միութեան աշխարհագրութեան մէջ փոխուած է, ինչ որ կը շարունակուի նաեւ 2024-ին։
«The Economist»ի բանաձեւումով, 2020-ին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին արտօնեց, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ետ վերցնեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տարածքները։ Միեւնոյն ժամանակ, ան սեփական՝ խաղաղապահ զօրքը տեղակայեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Սա իբրեւ թէ հայերը պաշտպանելու համար էր, իսկ իրականութեան մէջ՝ սեփական ազդեցութիւնը պահպանելու համար։ Բայց, երբ հասաւ Ուքրայնայի դէմ պատերազմելու ժամանակը, Փութին նախընտրեց յարաբերութիւնները Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ՝ քան աղքատ, ժողովրդավարական Հայաստանը եւ թոյլ տուաւ, որպէսզի Ատրպէյճան մաքրէ Լեռնային Ղարաբաղը հայերէն, որոնք յոյս դրած էին ռուսական պաշտպանութեան վրայ։
Հեղինակաւոր պարբերականի դիտարկումով, բացի Արցախի հայերուն դաւաճանելէ, Ռուսաստան յոյս ունի նաեւ շահարկել անոնց գաղթը՝ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն հրահրելու համար։ Փութին տեղւոյն վրայ ազդեցութիւնը պահպանելու համար կը յուսայ նաեւ վերահսկել այն միջանցքը, որ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը պիտի կապէ եւ կրնայ անցնիլ Հայաստանի տարածքով։
Ներկայիս Ատրպէյճանն ու Թուրքիան բոլոր խաղաքարտերը իրենց ձեռքը վերցուցած են ու չեն պատրաստուիր անտեղի զիջումներ ընել Ռուսաստանին։ Միւս կողմէ, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը չեն փափաքիր նաեւ Արեւմուտքի կողմը անցնիլ։ Անգարա եւ Պաքու կը ձգտին իրենց սեփական ուժային յենակէտը ստեղծել Կովկասի մէջ։
«Ուքրայնայի դէմ ռուսական պատերազմի հետեւանքներէն մին է միջին քաշային պետութիւններու վերելքը, իսկ միւսը նախկին Խորհրդային Միութեան աշխարհագրութենէն ներս Քրեմլինի ազդեցութեան տկարացումը», մատնանշուած է «The Economist»ի վերլուծութեան մէջ, ուր մասնաւոր ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի նաեւ Չինաստան-Իրան-Ռուսաստան ամրապնդեալ եռեակին վրայ, որ կ՚որակուի անհանգստացուցիչ։
Պարբերականը դիտել կու տայ, որ ապագային այս տարիները պատմաբաններու կողմէ կրնան համարուիլ՝ որպէս նոր աշխարհակարգի հաստատման ժամանակաշրջան։