ՔԱԶԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ԵՐԿՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐԱԾ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ՝ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին արդիւնաբերական համագործակցութեան եւ փոխադրութեան ոլորտէ ներս՝ փոխադարձ շահաւէտ շարք մը նախագծերու գործնական իրականացումը։ Նախագահները հաստատեցին իրենց փոխադարձ հետաքրքրութիւնը՝ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ։
Փութին եւ Ալիեւ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ երկու կարեւոր միջազգային հաւաք հիւրընկալեցին։ Առաջինն էր՝ մօտաւոր անցեալին Քազանի մէջ կազմակերպուած BRICS-ի գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցաւ Ալիեւ եւ այնտեղ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետին հետ։ Շատ կարճ ժամանակ անց, այս օրերուն, Պաքուի մէջ կ՚ընթանայ COP29 գագաթաժողովը, որուն մասնակցեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին, որ ընդունուեցաւ Ալիեւի կողմէ։ Երեւանէն որեւէ ներկայացուցիչ չմեկնեցաւ Պաքու՝ հակառակ անոր, որ COP29-էն առաջ նոյնիսկ չէր բացառուեր Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նոյն օրերուն ստորագրումը։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Քազանի եւ Պաքուի այս երկու կարեւոր միջազգային գագաթաժողովներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ՝ ի յայտ կու գայ Ռուսաստան-Ատրպէյճան ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման մտադրութիւնը։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Հայաստանի եւ իր երկրին միջեւ փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու բացումը նոր նիւթ մը չէ։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան կը կառուցէ փոխադրութեան կապի ենթակառուցուածքներ, որոնք շուտով կը հասնին Հայաստանի սահմանը։ Պայրամով յիշեցուց, որ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի՝ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի յայտարարութեան մէջ կայ համապատասխան կէտ մը։ Պայրամով նշեց, որ Հայաստանի կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւնները յստակ են եւ ներկայիս իրենք ընթացքը ուշացած կը համարեն։