Յովհաննէս Հելվաճեանի Թատերական Գործունէութեան 40-Ամեակը
Բեմադրիչ, դերասան Յովհաննէս Հելվաճեան իր թատերախումբը հիմնեց 13 Ապրիլ 1977-ին եւ նոյն ամսուան 24-ին մկրտեց զայն «Կոմիտաս» անունով:
«Կոմիտաս» թատերախումբը սկսաւ իր թատերական երթին՝ իր շուրջ համախմբելով վաթսուն դերակատար-դերակատարուհիներ: Բեմը սիրող նուիրեալ պարման-պարմանուհիները Հելվաճեանի կողքին սկսան գործել եւ 1978-ի Ապրիլ 24-ին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին բեմին վրայ Հելվաճեան բեմադ-րեց իր առաջին թատերախաղը՝ Հայր Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի հեղինակութիւնը եղող «Նուարդը»: Օրին հայկական մամուլը գովասանքով մօտեցաւ թատերական այս երեւոյթին՝ վեր առնելով Հելվաճեանի խիզախ եւ նուիրեալ, լուրջ մօտեցումը թատրոնին հանդէպ:
Երթը կը շարունակուի մինչեւ օրս: Հելվաճեան 40 տարուան մէջ լիբանանահայ հանրութեան եւ դպրոցներու աշակերտութեան հրամցուց հայկական ընտիր նիւթեր եւ հեքիաթներ: Հելվաճեանի բեմադրութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ ունեցան հայկական նիւթերը: Հելվաճեան Պարոնեանի գրեթէ բոլոր թատերախաղերը բեմադրած է. «Արեւելեան ատամնաբոյժը», «Շողոքորթը», «Ալաֆրանկան», «Երկու տիրոջ մէկ ծառայ», «Քաղաքավարութեան վնասները», «Սիրոյ միջնորդները»: Հելվաճեան Երուանդ Օտեանէն եւ Պետրոս Դուրեանէն բեմադրած է հետեւեալ թատերախաղերը՝ «Թաղականին կնիկը» եւ «Թատրոն կամ թշուառներ»:
Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 125-ամեակին առիթով ան բեմադրած է «Գիգորը»: Յաջորդաբար հայկական դպրոցներու բեմերուն վրայ բեմադրած է «Բարեկենդանը», «Անխելք մարդը», «Մի կաթիլ մեղր»ը: Հելվաճեան նաեւ բեմադրած է իր հեղինակած 17 թատերախաղերը, Սեդրակ Էսմէրեանի հեղինակութեամբ երեք թատերախաղ, հայրենի հեքիաթագիր՝ Մուշեղ Յակոբեանէն մէկ հեքիաթ՝ «Ոսկի խրատը»: Գաղութի հայ աշակերտութիւնը վայելած է Հելվաճեանի այս բեմադրութիւնը:
Յովհաննէս Հելվաճեան իր թատերախումբին 15-ամեակը յիշատակած է, բեմադրելով Շէյքսփիրի «Օթելլօ»ն 1992-ին, իսկ յաջորդ տարի՝ 1993-ին Հելվաճեան «Օթելլօ»ն բեմադրած է նաեւ արաբերէնով: 1989-ին Հելվաճեան բացառիկ բեմադրութեամբ եւ խաղարկութեամբ բեմադրած է Մոլիէրի «Ագահը», այնքան յաջող, որ բեմադրութիւնը մնացած է բեմին վրայ երեք ամիս: Հելվաճեան իր «Ագահը» 42 ելոյթներով ներկայացուցած է: Մոլիէրէն բեմադրած է նաեւ «Լէօ Պարպուլիէն»: Մուշեղ Իշխանի մահուան 20-ամեակին առիթով Հելվաճեան բեմադրած է «Կիլիկիոյ արքան», իսկ եղեռնի 100-ամեակին առիթով բեմ բարձրացուց Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց»ը:
Իսկ այս տարի ան իր թատերական 40-ամեակը կը տօնակատարէ դարձեալ բեմադրելով Շէյքսփիրի «Օթելլօ»ն:
Այս առիթով Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը։ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Օթելլօ»ի ներկայացումը՝ բեմադրութեամբ եւ մենակատարութեամբ Յովհաննէս Հելվաճեանի: Նոր մեկնաբանութեամբ «Օթելլօ»ի ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝ Թորոս Հելվաճեան, Քրիստինա Սրապոնեան:
Նախքան թատերախաղին ներկայացումը, Քրիստինա Սրապոնեանի ձայնով ներկայացուեցան զանազան վկայութիւններ Յովհաննէս Հելվաճեանի թատերական վաստակին մասին: Ներկայացնենք քանի մը հատը.
«Երեսունհինգ տարիներու վրայ կարճ կամ երկարաշունչ թատրերգութիւններ բեմադրած ուժ մըն է Յովհաննէս Հելվաճեան: Բեմադրութիւններէն ոմանք յաջող ընթացք մը ունեցած են ու ծափահարուած: Ուրիշներ՝ նուազ յաջող: Ինծի համար կարեւորը այդ չէ սակայն, կարեւորը իր կոչումին հաւատարմութիւնն է, որ անպակաս եղաւ իր մօտ: Ու երբ կայ այդ հաւատարմութիւնը, անակնկալ յաջողութիւններով դեռ շատ ականատես կ՚ըլլայ թատերասէր հասարակութիւնը», Պ. Սնապեան:
«Ես ալ հետագային՝ առիթն ունեցայ Յովհաննէս Հելվաճեանը աւելի գնահատելու եւ յաճախ քաջալերելու, որովհետեւ ան իր ժամանակին պայմաններէն անդին ապրող, գաղափարապաշտ, մշակութային ծրագիրներով բեղուն, բայց օրապահիկով համեստ արուեստագէտ մըն էր: Կը հաւատամ, ազգիս անմահութեան ու կը հաւատամ, որ հայութիւնը եթէ դարերու ձուլումին դէմ տոկաց, պատճառը նաեւ Յովհաննէս Հելվաճեաններուն նման կարգ մը եկեղեցական, մտաւորական ու ազգային նուիրեալներու ներկայութիւնն է մեր շարքերուն մէջ: Թող անոնք անպակաս մնան մեր մէջ, որպէսզի հայը իր մշակոյթով գոյատեւէ աշխարհի երեսին… Վարձքդ կատա՛ր, Յովհաննէս…», Հայր Անդրանիկ Ծ. Գրդ. Կռանեան:
«Բոլորովին առանձին թատրոնի սէրն ու կիրքը մղած է բեմադրիչ եւ դերասան Յովհաննէս Հելվաճեանը, որ հիմնէ «Կոմիտաս» թատերախումբը 1977-ին՝ լիբանանեան կեանքի պատերազ-մական պայմաններուն մէջ ծառայելու համար հայ բեմին: Լիբանանահայ թատրոնի պատմութիւնը իր էջերուն կ՚արձանագրէ նաեւ անունը Յովհաննէս Հելվաճեանին եւ իր «Կոմիտաս» թատերախումբին», Պ. Սիմոնեան:
«Յովհաննէսը ինքզինք չէ, որ կը սիրէ թատրոնի մէջ, այլ՝ թատրոնը կը սիրէ իր մէջ: Տարիները դառնալով անցեալ ու կենսագրութիւն, օր մը կը ստիպեն վերլուծել ըրածդ ու չըրածդ՝ պարտադրելով նորոգուած եռանդով շարժիլ առաջ: Կը մաղթեմ, որ Յովհաննէս Հելվաճեանի ճամբան շարունակուի միայն ու միայն վերելքներու եւ նուաճումներու միջով», Ռոպերթ Առաքելեան:
Բեմադրիչ եւ դերասան Յովհաննէս Հելվաճեան Ուիլիըմ Շէյքսփիրի «Օթելլօ»ին մասին ըսած է, թէ ան բոլոր ժամանակներուն համար գրուած է եւ երբեք ժամանակավրէպ չէ. այս գործը կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս գագաթնակէտին հասած խանդը կրնայ զոհերու պատճառ դառնալ: Ան աւելցուցած է, թէ չի բաւեր արդար ըլլալ, այլ պէտք է արթուն մնալ՝ չարին որոգայթներուն մէջ չիյնալու համար:
«Օթելլօ»ն բեմադրելու միակ պատգամը, ըստ Հելվաճեանի, հետեւեալն է. «Զգուշանալ մանաւանդ մեզի մօտիկ բարեկամներէն: Անոնք բարեկամութեան դիմակին տակ վտանգաւոր թշնամութիւն կրնան ունենալ մեզի հանդէպ: Եթէ օթելլոներ ենք՝ զգուշանանք եակոներէն»:
«Ազդակ», Լիբանան