ՉԱՆՏԵՍԵԼ ՆՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմագրաւած հալածանքները կ՚ահագնանան տարիէ մը ի վեր: Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեամբ պայմանաւորուած կացութիւնը արդէն համազգային տագնապի մը բնոյթ ստացած է: Ցաւալի, մտահոգեցուցիչ, բայց անսանձելի իրադարձութիւնները վաղուց ամօթի եւ անհանգստութեան զգացումներ կ՚առթեն համահայական հարթութեան վրայ՝ մանաւանդ այն աչալուրջ շրջանակներուն, որոնք կը գիտակցին եկեղեցի-պետութիւն ներդաշնակութեան, համերաշխութեան արժէքին, կենսական նշանակութեան:

Այժմ փորձենք դիտարկել, թէ այս համայնապատկերին վրայ ինչպէ՞ս դիրքաւորուած է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը: Այս կէտին վրայ դանդաղելու ժամանակ, ըստ էութեան, հարցը պէտք է դիտարկել կամ մատուցել հիմնական քանի մը առանցքի շուրջ. օրինակ՝ Պոլսոյ Պատրիարքութեան դիրքը որպէս նուիրապետական աթոռ, Թուրքիոյ մէջ գտնուելու եւ գործելու հանգամանքով պայմանաւորուած՝ անոր առաքելութեան առանձնայատկութիւնները, եւ, անշուշտ, գահակալին՝ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի բերնէն հնչած յայտարարութիւնները, ըրածը-չըրածը, ըսածը-չըսածը եւ այլն:

Այս յօդուածաշարքին նախորդ բաժիններուն մէջ փորձած ենք բացատրել վերոյիշեալ առանցքներուն վերաբերեալ որոշ ծալքեր: Մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրած ենք Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքի որդեգրած ընթացքի կարճ ժամանակի մէջ տրամագծօրէն փոփոխութեան ենթարկուած ըլլալուն վրայ: Ուրեմն, այս փուլին խոշորացոյցի տակ բերենք՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի Թուրքիոյ մէջ գտնուելու եւ գործելու հանգամանքէն բխած՝ անոր առաքելութեան առանձնայատկութիւնները: Հարկ է կանխաւ նշել, որ այստեղ կան բազում նրբութիւններ, որոնց անտեսումը կրնայ յառաջացնել ռիսքեր: Այդ բազում նրբութիւնները առաջին հայեացքով կրնան թուիլ իրերամերժ, անհամատեղելի, բայց, իրականութեան մէջ, կարելի է ընթանալ անոնցմէ որեւէ մէկը չանտեսելով՝ միայն ու միայն բաց ու յստակ գործելաոճ ունենալու պարագային: Սա շատ դիւրին է, եթէ ըլլայ անկեղծութիւն եւ չըլլայ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու մտայնութիւն կամ մտադրութիւն:

Մօտաւորապէս 2025 թուականի աշնան ամիսներէն ի վեր, թրքահայ ազգային-եկեցական կեանքէն ներս սիստեմաթիք ձեւով շրջանառութեան մէջ դրուած է պնդում մը, ըստ որու՝ Թուրքիոյ փափաքն է, որպէսզի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ըլլայ գահընկէց եւ անոր յաջորդէ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը: Տարբեր հարց, թէ սա իրապէ՞ս է կամ ոչ: Վերադառնալով պնդումին՝ չենք ուզեր ըսել, որ այդ մէկը անպայման Նորին Ամենապատուութեան կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած է: Այստեղ կիզակէտային է պատրիարքին այդ պնդումին հանդէպ վերաբերմունքը՝ քանի որ խնդրոյ առարկայ է ուղղակի իր անունը: Ուշագրաւ աչքերէ չէ սպրդած, որ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարք այդ շշուկներու տարածուած առաջին շրջանի նման՝ յստակ ու միանշանակ հերքումներու ոճը փոխած է նկատելիօրէն: Եւ այսօր ստեղծուած է այն տպաւորութիւնը, թէ հերքումներու պարագային եռանդի պակասը սկսած է մերկացնել Նորին Ամենապատուութեան կաթողիկոս դառնալու ցանկութիւնը, յաւակնութիւնը: Այսինքն, ան այլեւս չի՛ հերքեր, թէ ունի նպատակ մը, որու իրագործման միակ միջոցը կամ ճանապարհն է՝ Վեհափառ Հայրապետի ոտքի սահեցումը: Աւելի՛ն, ընթացքին այդ լսումներուն վրայ սկսած են աւելնալ մանրամասնութիւններ, թէ պետական աւագանիէն ո՛ր դէմքի յատուկ փափաք կամ ակնկալութիւնն է կաթողիկոսի գահընկէց ըլլալը: Աւելորդ է յիշեցնել, որ հեքիաթները շատ յաճախ իրենց հրապոյրով հասարակութիւնները, հաւաքականութիւնները ուղղորդելու շատ աւելի մեծ ներուժ կ՚ունենան քան իրականութիւնները, ճշմարտութիւնները, որոնք այդքան ալ գունաւոր կրնան չըլլալ:

Ուրեմն, փորձենք կէտ առ կէտ լուսարձակի տակ բերել հաւանականութիւնները, նկատի ունենալով դիպաշարն ու առարկայական երեւոյթներրը: 

1. Նա՛խ, Թուրքիա ինչո՞ւ պիտի ուզէ կաթողիկոսի գահընկէց ըլլալը կամ ի՞նչ շահ պիտի ունենայ այդ բանէն: Կանխաւ յայտնենք, որ մեր համեստ կարծիքով, այս պնդումը ձաբռտուք մըն է: Աւելի՛ն, Թուրքիոյ պետական աւագանիէն որոշ մարդիկ կարծես ուրիշ գործ չունենային եւ զբաղէին հայոց կաթողիկոսը գահընկէց ընելու հարցով: Ծիծաղելի՞, զառանցա՞նք…

Հայաստանը այսօր կքած է պատերազմի ծանր պարտութեան տակ, կը դիմագրաւէ գոյաբանական մարտահրաւէրներ: Զուգահեռաբար՝ ծնունդ առած է Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ նոր գործընթաց մը, որով աննախընթաց լաւատեսութիւն մը ստեղծուած է: Թրքական կողմը այսօր չտեսնուած հնարաւորութիւններ ունի հայկական իշխանութիւններուն հետ աշխատելու տեսակէտէ: Այսինքն, Թուրքիա այժմ ունի բոլոր լծակները՝ երկխօսութեան կամ միջպետական յարաբերութիւններու տրամաբանութեան յարիր սակարկութեամբ Հայաստանի վրայ ներազդելու, անոր քաղաքական խմորման ներգործելու առումով: Երկու պետութիւններու միջեւ շփումները այնպիսի կէտի մը հասած են, որ Թուրքիա պարզապէս կարիքը չունի Հայաստանէ ներս այլընտրանքային լծակներ փնտռելու: Եւ եթէ նոյնիսկ պիտի փնտռէ, ապա ինչո՞ւ այդ բանը ծրագրաւորէ կաթողիկոսը գահընկէց ընելու նման տարօրինակ միջոցով մը: Բոլորին յիշողութեան մէջ թարմ չէ՞, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, այժմու կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանին, մօտաւոր անցեալին խրախուսած է նոյնիսկ Ցիւրիխի ձախողեալ արձանագրութիւնները՝ հակառակ հայաշխարհէն ներս յառաջացած համատարած վրդովմունքին, չվարանելով յանձն առնել հետեւանքները դիմագրաւել: Այսինքն, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը երբեք դէմ չէ եղած խաղաղութեան, հաշտութեան եւ բարիդրացիութեան:

Ուրեմն, այսքան անհեթեթութեան մէջ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը կը հաշուարկէ, թէ իրեն համար հնարաւորութեան պատուհա՞ն մը բացուած է: Անհասկնալի է պարզապէս…

Իշխանութիւն-եկեղեցի պայքարը ծնունդ առած է Հայսատանի ներքին քաղաքական իրերու դրուածքէն: Յառաջիկայ յունիսի ընտրութեան ընդառաջ, վարչապետ Փաշինեան, պարզ է, որ ունի իր հաշիւները կամ մարտավարութիւնը: Բայց, Փաշինեանի հաշուարկներու տեսակէտէ ալ նպաստաւոր չի կրնար ըլլալ այն պնդումը, թէ Թուրքիա կ՚ուզէ գահընկէց ընել կաթողիկոսը: Վարչապետը արդէն բաւարար մարտահրաւէրներու կուրծք կու տայ Թուրքիոյ պարագային որդեգրած դիրքորոշման համար: Եւ իր ինչի՞ն պէտք է ամրապնդել այն տպաւորութիւնը կամ ընդդիմութեան պնդումները, թէ ան արդէն Թուրքիոյ կամակատարն է եւ կաթողիկոսը գահընկէց ընելու գործին ալ լծուած է՝ որպէս գործակատար:

Այսինքն, Գումբագաբուի վերաբերմունքը իսկապէս շատ միամիտ է: Թուրքիոյ ինչի՞ն պէտք է այս պահուն՝ Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու ցանկութեան տեսքը: Հայաստանի ինքնիշխանութեան ամրապնդման խօսոյթի ջահակիր Փաշինեանի ինչի՞ն պէտք է նման երեւոյթ մը: Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը այժմ ջուրի երես ելած մտադրութիւնով, կամայ թէ ակամայ, իսկապէս կը ծանրաբեռնէ՝ առանց այդ ալ այդքան բարդ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը: Արդեօք Նորին Ամենապատուութիւնը հետեւեա՞լ ձեւով կը տրամաբանէ. Փաշինեան հետամուտ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման, նաեւ կ՚ուզէ գահընկէց ընել կաթողիկոսը, ուրեմն սա նախընտրելի է նաեւ Թուրքիոյ համար: Անկարելի է համոզ-ւիլ, թէ Նորին Ամենապատուութեան դատողութիւնը այսքան մակերեսային է՝ մանկամտութեան համազօր:

2. Թուրքիա պատմականօրէն մեծ փորձառութիւն ունի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ աշխատելու: Պատմութեան ընթացքին եղած են շըր-ջաններ, երբ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր նուիրապետական աթոռները գտնուած են Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս: Բայց եւ այնպէս, միայն Հանրապետական շրջանի դէպքերը բաւարար են պատկերացնելու համար թրքական քաղաքականութեան հետապնդած առաջնահերթութիւնները: Թուրքիա երբեք չէ փափաքած ծնունդ տալ այնպիսի տպաւորութեան մը, թէ կը ջանայ հայկական ներքին քաղաքականութեան ներազդել Պոլսոյ պատրիարքին միջոցաւ: Բնականաբար, թրքական կողմը կը գիտակցի, որ Պոլսոյ պատրիարքը հնարաւորութիւն կու տայ, որպէսզի իր առաջնահերթութիւնները, զգայնութիւնները, սպասումները արտայայտուին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ վարչական զանազան ատեաններէն ներս: Հապա ինչո՞ւ Թուրքիա նախընտրէ այս խաղաքարտը մսխել իշխանութեան կռիւի մը համար: Առաւել եւս, այդ իշխանութեան կռիւի դուռ բանալիք որեւէ երեւոյթ կամ հաւանականութիւն իրեն համար դոյզն իսկ վտանգ չի ներկայացներ:

Յիշենք 1999 թուականի կաթողիկոսական ընտրութեան նախորդած ժամանակաշրջանը, երբ երջանկայիշատակ Մութաֆեան Պատրիարք կը ձգտէր ընտրուիլ կաթողիկոս: Իր քայլերը դարձեալ պատճառ դարձած էին, որ ծնունդ առնեն դժգոհութիւններ, թէ Թուրքիա կը միջամտէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: Այդ ժամանակ Պոլիսէն որոշ գործիչներ Հայաստանի մամուլին մէջ յայտարարութիւններ հրապարակած էին այդ պնդումները հերքելու համար՝ շեշտելով, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը աշխարհավար պետութիւն մըն է եւ չի՛ հետաքրքրուիր արտասահմանի մէջ հոգեւոր առաջնորդներու ընտրական գործընթացներով:

Սա եղած է այն պարագային, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան գահը թափուր էր եւ բոլոր սրբազանները տեսականօրէն իրաւունք ունէին թեկնածու ըլլալու: Այսօր այդպիսի վիճակ մըն ալ չկայ: Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռը թափուր չէ: Անոր գահակալը ընտրուած է օրինապէս եւ կը ճանչցուի որպէս այդպիսին: Միջազգային, միջպետական եւ միջեկեղեցական բոլոր հարթութիւններու վրայ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ունի օրինական, պաշտօնական ճանաչում, համապատասխան կարգավիճակ: Անշուշտ, Թուրքիան ալ կը տեսնէ այս բոլորը:

Հետեւաբար, այսօր կաթողիկոս դառնալու նկրտումները կը նշանակեն կողմնակից ըլլալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներս հարուածի, օրինական իշխանութեան՝ արտաքոյ եկեղեցիէ ճնշումով տապալման:

Աւելի՛ն, Թուրքիա Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւնները առաջին հերթին կը դիտարկէ՝ իր հայ ծագումով քաղաքացիներու խղճի, պաշտամունքի ազատութեան ծիրին մէջ: Թէեւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին միջոցաւ կը շփուի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ, սակայն, կը գիտակցի, թէ կայ Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինը, որ գերակայ է եւ ունի ընդհանրական նշանակութիւն: Հանրապետական շրջանին կան այնպիսի օրինակներ, որոնք կը յուշեն, թէ թրքական կողմը զգայուն է այս հարցերուն շուրջ: Արսլանեանական պայքարի շրջանին, եթէ նոյնիսկ պաշտօնապէս ոչինչ ըսուած է, պատրիարքական ընտրութեան համար տրուած թոյլտուութիւնը եղած է՝ երանաշնորհ Տ.Տ. Գէորգ Զ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատկերացումներուն համահունչ:

2019 թուականի պատրիարքական ընտրութեան ժամանակ եւս՝ առանց աչք ծակելու, պետութիւնը շատ նրբանկատօրէն, դրական մերձեցումով հաշուի առած Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանուր կեդրոնին կողմէ իր նկատառման յանձնուած մօտեցումներն ու տեսակէտները: 

Կարճ խօսքով, հեռու պէտք է մնալ զգացականութեամբ զգայնութիւններ բորբոքելէ: 

3. Հայաստանի պարագային պետութիւնը այժմ այնպէս մը անդամալուծուած է, որ հասարակութիւնը մոլորուած է աննախընթաց։ Յառաջիկայ ընտրութեան քաղաքական ուժերը պիտի մրցին՝ այդ անդամալուծուած պետութեան ղեկը ստանձնելու համար։ Ցաւալի է, բայց, այդ մրցակցութիւնը յառաջ կը տարուի՝ արդէն մոլորուած ժողովուրդը աւելի մոլորեցնելով։ 

Իշխանութիւնները կը պնդեն, որ եկեղեցին Ռուսաստանի գործակատարն է, նոյնը կ՚ըսեն նաեւ ընդդիմադիր ուժերուն համար՝ ինքզինքնին մատուցելով արեւմտամէտ։ Ընդդիմութիւնն ալ կը պնդէ, որ իշխանութիւնը Թուրքիոյ կամակատարն է։ Խեղկատակութի՞ւն…

Եկեղեցւոյ պարագային իշխանութեան պնդումին խոցելի հիմնական կէտը հետեւեալն է. Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աշխարհատարած ցանց մըն է, համաշխարհային հակադիր բոլոր ուժային կեդրոններուն մէջ ներկայութիւն ունի։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պարտաւոր է, դատապարտուած է այդ հաւասարակշռութիւնները հաշուի առնելով գործելու։ Այլապէս, նախ եւ առաջ ինքզինքին կը վնասէ։ Սփիւռքէն բանավէճերու մէջ թէեւ պէտք չէ ներգրաւուիլ, սակայն, սա այդքան ալ համոզիչ չէ։

Գալով ընդդիմութեան պնդումին, թէ Հայաստանի այժմու իշխանութիւնը՝ ի դէմս վարչապետ Փաշինեանի, Թուրքիոյ կամակատարն է եւ այդ պատճառով կը ձգտի գահընկէց ընել Վեհափառ Հայրապետը։ Այս պնդումի հիմնաւորումէ զուրկ ըլլալն ալ արդէն յստակ կ՚երեւի։ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընդդիմութեան կորիզը կը կազմէ Դաշնակցութիւնը, որ իր մատուցած պատումով՝ Թուրքիոյ կամակատար Փաշինեանի դէմ կը պաշտպանէ Վեհափառ Հայրապետը։ Դաշնակցութիւնը Փաշինեանի դէմ ընդդիմութիւնը կը բանաձեւէ հակաթուրք խօսոյթով։ Ընդ որում, այդ կուսակցութիւնը դէմ եղած էր նաեւ Ցիւրիխի արձանագրութիւններուն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ու անձամբ Վեհափառ Հայրապետը առկայ տագնապին մէջ շատ կը տուժեն՝ եկեղեցւոյ կուսակցականացուած ըլլալու թիւր տպաւորութենէն, որ կը յառաջանայ քաղաքական ուժերու դիտումնաւոր քայլերէն՝ ժողովրդականութեան նկրտումներով։ Կասկածէ դուրս է, որ այս բոլորին դիմաց բան մը ընելու ի զօրու չէ Պոլսոյ Աթոռը։ Յամենայնդէպս, Գումգաբուէն ուշադրութիւն պէտք է ցուցաբերուի, որպէսզի յաւակնութիւններու զգացականութեամբ, թէկուզ ակամայ, Դաշնակցութեան խօսոյթը չտեղափոխուի Պոլիս։ Ընդդիմութեան եւ իշխանութեան պնդումները իմաստազուրկ են համահաւասար։ Եթէ Վեհափառ Հայրապետը, այսպէս կոչուած, Ռուսաստանի մարդն է, իսկ Փաշինեան Թուրքիոյ գործակատարը, ապա առկայ պատկերին վրայ ուրիշ երանգներ պէտք է ըլլային։ Արդարեւ, Թուրքիա այսօր աննախընթաց լծակներու տիրացած է Հայաստանի վրայ ազդելու համար։ Աւելի՛ն, ո՛չ միայն Հայաստանի, Թուրքիա այդպիսի լծակներ ունի նախկին Խորհրդային Միութեան՝ այժմ անկախ բոլոր երկիրներու պարագային։ Չմոռնալ, որ Թուրքիա՝ աւանդաբար Ռուսաստանի ազդեցութեան գօտին համարուած այդ երկիրներէն ներս այժմու արդիւնքներուն հասած է՝ առանց հակադրուելու Ռուսաստանի հետ եւ ընդհակառակն։ Թրքական պետական մտքի, դիւանագիտական ընդունակութեան ձեռքբերումները տեղ կը թողե՞ն կասկածելու համար, թէ երկիրը կը գործէ իր մաքրոնպատակներէն շեղելով։

Անշուշտ, առանձնապէս պէտք է  անդրադառնալ նաեւ սփիւռքի պարագային։ Միթէ թրքական կողմը կրնա՞յ կաթողիկոսը գահընկէց ընելու հետամուտ ըլլալ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջոցաւ սփիւռքի վրայ ազդելու համար։ Այս վարկածն ալ գրեթէ անհաւանական է։ Արդարեւ, Թուրքիա որքան ատեն, որ կամք կը ցուցաբերէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները հարթելու համար, ապա սփիւռք կոչուած զանգուածի բնակած երկիրներու պետութիւնները իրենք իսկ կը կանխեն հաւանական հակաթուրք նախաձեռնութիւնները՝ խնայելու համար Անգարա-Երեւան բնականոնացումը։

4. Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարք երբեք պէտք չէ շեղի, Հանրապետական շրջանի իր նախորդներու հետեւած ուղիէն՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հետ դրական յարաբերութիւններու, սերտ համագործակցութեան մէջ գտնուելու նախընթացներէն: Ան պէտք է շրջանցէ, մոռնայ իր նախորդին՝ երջանկայիշատակ Մութաֆեան Պատրիարքի պատճառած ցնցումները: Նորին Ամենապատուութիւնը յարացոյց պէտք է ունենայ իր հոգեւոր ծնողին՝ երջանկայիշատակ Գազանճեան Պատրիարքի, նաեւ անոր նախորդներուն՝ երջանկայիշատակ Գալուստեան եւ Խաչատուրեան պատրիարքներու առողջ ու նպատակասլաց դիրքորոշումներուն՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ յարաբերութիւններու գծով: 

1956 թուականին, Եգիպտոսի մէջ կազմակերպուած Եպիսկոպոսական ժողովին մասնակցած էր երջանկայիշատակ Խաչատուրեան պատրիարքը, որ Անթիլիասէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դէմ դրօշ պարզելու ուղղեալ ջանքերու պայմաններով, անվարան դիրք գրաւած էր երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողքին: Մեր համեստ կարծիքով, այսօր ալ շատ աւելի ճիշդ կ՚ըլլար, եթէ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքը չնախընտրէր բացակայիլ Սանկտ Փոլթենի եպիսկոպոսաց հաւաքէն: Եթէ ան լիուլի վայելած էր Լեւոն ԺԴ. Պապի գահակալութեան արարողութեան ժամանակ, Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ներկայացնելու պատիւը, ապա այդ մէկուն տրամաբանական շարունակութիւնը պիտի ըլլար մեկնիլ Սանկտ Փոլթեն՝ մանաւանդ, որ Վեհափառ Հայրապետին մասնակցութիւնը ուղղակի արգիլուած էր: Նորին Ամենապատութիւնը, անշուշտ, կը գիտակցի, թէ սուրբ պատարագներու ընթացքին իր հանդերձանքին մաս կազմած կոնքեռ կրելու առանձնաշնորհումը Պոլսոյ Աթոռի գահակալներուն ընծայուած է՝ շնորհիւ երջանկայիշատակ Գալուստեան Պատրիարքի կողմէ երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետին նկատմամբ ցուցաբերուած հաւատարմութեան շնորհիւ: 

5. Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ կան կարգ մը անկիւանդարձային իրադարձութիւններ, որոնք կ՚ապացուցանեն, թէ զանազան իրավիճակներու մէջ պոլսահայ բարձրաստիճան հոգեւորականները աւելի քան երբեք սկզբունքային, վճռական եւ յստակ գործեն, որպէսզի համայնքին տեսակէտէ երկարաժամկէտ իրաւունքի կորուստները կանխուին:

Յիշենք 1998 թուականի պատրիարքական ընտրութեան նախորդած իրադարձութիւնները: Այդ ժամանակ, երջանկայիշատակ Մութաֆեան Պատրիարքը ունէր ընդհանուր փոխանորդի կարգավիճակ եւ որպէս այդպիսին՝ կը ջանար պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յառաջ տանիլ: Ինքը թէեւ ընդհանուր փոխանորդ ընտրուած էր՝ ըստ իր նախորդի ձեւով մը կտակին եւ եկեղեցականաց համագումարի ընտրութեամբ, սակայն, Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ այդ ժամանակ Գումբագու ուղարկուած էր պաշտօնագիր մը, ըստ որու՝ պատրիարքական փոխանորդ կը ճանչցուէր ո՛չ թէ այդ շրջանի բարեյիշատակ Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը, այլ նոյնպէս բարեյիշատակ Շահան արք. Սվաճեանը: Այդ երկու սրբազանները ծանօթ են, որ պատրիարքական ընտրութեան մէջ մրցակիցներ էին: Անոնցմէ մէկուն նկատմամբ ընծայուած այս առաջնահերթութիւնը կրնար փոխել հաւասարակշռութիւնները: Լուսահոգի Տ. Շահան արք. Սվաճեան, այդ ժամանակ համայնքային բոլոր հարթութիւններուն վրայ կը յայտարարէր, որ ինք պատրիարքական փոխանորդ դառնալու որեւէ ցանկութիւն չունէր, սակայն, պետութիւնը իրմէ կ՚ակնկալէր այդ բանը: Յամենայնդէպս, լուսահոգի Տ. Շահան արք. Սվաճեան երբեք չէր փորձած՝ պետական մարմիններու նկատառման յանձնել, որ Պատրիարքական Աթոռի նախընթացներով եւ համայնքէն ներս ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակով՝ նպատակայարմար պիտի չըլլար իր ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը վարելը:

  Այդ ծանր իրավիճակին մէջ լուսահոգի Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանն ալ դիմած էր այլ լուծումի մը՝ եկեղեցականաց համագումարով ո՛չ թէ փոխանորդի կամ ընդհանուր փոխանորդի, այլ տեղապահի ընտրութիւն մը կազմակերպելով: Իր տեղապահի ընտրութիւնը պետական մարմիններու կողմէ ճանաչում չէր գտած: Այդ թէժ իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ, կամայ թէ ակամայ, ուշադրութենէ սպրդած էր, սակայն, այդ քայլը 1863 թուականի տառին ու ոգիին ներհակ էր: 1960 թուականէն վերջ, բոլոր պատրիարքական ընտրութիւնները կազմակեր-պըւած էին ո՛չ թէ տեղապահի, այլ ընդհանուր փոխանորդի, կամ փոխանորդի մը գլխաւորութեամբ՝ քանի Ազգային Սահմանադրութիւնը գործնականօրէն ի զօրու չէր եւ տեղապահ ընտրելու համար անհրաժեշտ դրութիւնը կարելի չէր բանեցնել: Պետութիւնը այս միջանկեալ կարգադրութեան պարագային խնդիրներ չէր յարուցած, սակայն, 1998 թուականի ընտրութենէն առաջ համայնքէն ներս ստեղծուած տագնապալի իրավիճակին մէջ թոյլ տրուած էր Ազգային Սահմանադրութեան խախտումի մը:

Թէ յետոյ ի՞նչ եղաւ… Եկանք հասանք 2019 թուականի պատրիարքական ընտրութեան: Այս անգամ Պատրիարքական Աթոռէն ներս որոշում առնուած էր, որպէսզի արդէն գործող պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի վերահսկողութեան ներքեւ կատարուէր ընտրութիւնը: Յամենայնդէպս, յաջորդ քայլափոխին պետութեան կողմէ պահանջ ներկայացուեցաւ, որպէսզի ո՛չ թէ ընդհանուր փոխանորդի, այլ նոր ընտրուելիք տեղապահի մը վերահսկողութեան ներքեւ կազմակերպուի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը: Այդպէս ալ եղաւ: Բնականաբար, անկարելի էր պետութեան կողմէ առաջադրուած ակնկալութիւնը անտեսել: Արդիւնքին ի՞նչ մնաց համայնքին ձեռքը: Ամրապնդուեցաւ Ազգային Սահմանդրութեան խախտման, ոտնահարման նախընթացը: Եթէ 1998 թուականին, շրջանի դերակատարները շատ աւելի յստակ գործելաոճ մը որդեգրած ըլլային եւ հաւատարիմ մնային Ազգային Սահմանադրութեան ոգիի ու տառին, ապա 2019 թուականին հնարաւոր կրնար ըլլալ այդ նախընթացը չխորացնել, եւ աւելի՛ն, պետութենէն պահանջել, որ տեղապահի մը ընտրութեան համար թոյլ պէտք է տրուի՝ Սահմանադրութեամբ այդ տեղապահ ընտրելու լիազօրութիւն ունեցող մարմնին, կառոյցին գոյութիւն ունենալուն:

Այս բոլորը շատերու համար կրնան ըլլալ անկապակից օրինակներ կամ այսօրուան իրադրութեան ծիրէն ընդհանրապէս դուրս երեւոյթներ: Սակայն, խորքին մէջ, կրնայ նաեւ այդպէս չըլլալ: Պատմութեան իրադարձութիւնները, նոյնիսկ մօտաւոր անցեալի դէպքերը պէտք է ընկալուին պատճառահետեւանքային համեմատութիւններու մէջ եւ համապատասխան ձեւով պէտք է խմորուի վարչական միտքը:

*

Վերջացնելով արձանագրենք հետեւեալը: Այս յօդուածաշարքին մէջ Ամենապատիւ Մաշալեան Պատրիարքին զանազան պնդումներու վերաբերեալ դիրքորոշումները խոշորացոյցի տակ առնուած են: Այդ պնդումներու վերաբերեալ իր դիրքորոշումներու դուռ բացած մեկնաբանութիւնները, տպաւորութիւնները լուսարձակի տակ առնուած են: Այսքան երկար խորհրդածութեան տուն կու տայ, ըստ էութեան, Նորին Ամենապատուութեան լռութիւնը: Այս բոլոր պնդումները, տեսականօրէն, կրնան սխալ կամ անհիմն ըլլալ: Հարցը այն է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Նորին Ամենապատուութեան լռութիւնը կրնայ երկարաժամկէտ վնասներ հասցնել թէ՛ իր անձին, թէ՛ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին եւ թէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ: Ընդունուած փիլիսոփայութիւն մըն է, թէ լռութիւնը շատ յաճախ գերկշիռ կրնայ ըլլալ խօսքին դիմաց։ Բայց, սա այն պարագան չէ, որ լռութիւնը ըլլայ իմաստութեան նշան։ Պղտորութիւններու կամ հաւանական վերագրումներու դէմ ձայն բարձրացնելն է տուեալ պարագային իմաստութիւնը։ Հետեւաբար, չենք կասկածիր, թէ Նորին Ամենապատուութիւնը առողջ դատողութեամբ հանդէս պիտի գայ եւ այս փակուղին առանց խորացնելու անհրաժեշտը պիտի ընէ, պատշաճը պիտի տնօրինէ, որպէսզի թիւր տպաւորութիւնները կանխուին, որպէսզի տհաճ հեռանկարները օրակարգէ դուրս մնան եւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընթացքը, Պոլսոյ Աթոռի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յարաբերութիւնները վերադառնան իրենց բնականոն հունը:

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

- վերջ -

Շաբաթ, Փետրուար 28, 2026