ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՆԳՈՅՑ
ՄԱԿ-ի առաքելութեան Արցախ ժամանումի լուրը գործընթացներու հունաւորման ուղղութեամբ հիմնական նոր տուեալ չի հաղորդեր: Ո՛չ միայն ուշացած գործողութիւն է միջազգային ընտանիքին կողմէ, այլ նոյնիսկ անհեթեթութեան ուղերձներ կը փոխանցէ:
Պաշտօնական լրահոսին համաձայն, ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը պիտի փաստահաւաքագրէ, զինաթափման ընթացքին հետեւի եւ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրէ, թէ՛ Արցախ մնացողներուն եւ թէ Արցախէն բռնագաղթածներուն: Անհեթեթութեան սահմանը հատեց նաեւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանը, որուն որոշումները պատերազմական վերջին գործողութիւններով չեղարկուեցան: Նոյնպէս Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանի կայացուցած որոշումը: Ատրպէյճան անտեսեց բոլորը եւ Մոսկուայի համաձայնութեամբ (…) գործեց անարգել:
Ըստ էութեան, չեղարկուած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի համաձայնութիւնը: Ռուս խաղաղապահները ձախողած են իրենց առաքելութեան մէջ: Պատերազմական վերջին գործողութենէն առաջ ալ համաձայնութեան չեղարկման տուեալները շատ էին՝ Բերձորի միջանցքի փակումով, անցակէտերու տեղադրումով, հրադադարի խախտումներով, ռազմագերիները չվերադարձնելով եւ նման գործողութիւններով:
Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալու մասին Երեւանի յայտարարութիւնները իրաւական ենթահող տրամադրեցին՝ այս ռազմաքաղաքականութիւնը իրականացնելու: Զուտ յայտարարական բնոյթ ունէին՝ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ապահովելու ջանքերը թէ՛ Երեւանի եւ թէ միջազգային ընտանիքին կողմէ: Ռուս խաղաղապահութիւնը ո՛չ թէ չէզոքութիւն պահպանելով կը թարգմանուէր գետնի վրայ, այլ Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքի վարքագիծի իրականացման մասնակից դառնալով:
Արցախի հակամարտութիւնը այս ձեւով կը վերածուի մարդասիրական եւ գաղթականական հարցի: Պետութիւններ կը փութան գաղթականական իրենց քաղաքականութենէն մեկնած Արցախի բնակչութեան ապաստան տալու յայտարարութիւններ ընել: Միջազգային ընտանիքը հիմա նիւթական եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու որոշումներու նշաձողը կը բարձրացնէ:
Ըստ էութեան չեղարկուած նոյեմբերեան համաձայնութեան մէջ հայկական կողմը ռազմագերիներու վերադարձի պահանջը ունի (8-րդ կէտ): Բուն հանգոյցը, սակայն, կը շարունակէ մնալ 9-րդ կէտը:
Այսպէս, «9. Կ՚ապաշրջափակուին տարածաշրջանի բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՚երաշխաւորէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրական հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը՝ քաղաքացիներու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրական հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը կ՚իրականացնեն Ռուսաստանի ԱԴԾ (Անվտագութեան դաշնակցային ծառայութիւն) սահմանապահ ծառայութեան մարմինները»:
Անգարան եւ Պաքուն Զանգեզուրի միջանցքի առաջադրանքով կը թարգմանեն այս կէտը: Իսկ Մոսկուայի համար վերջին նախադասութիւնն է ամբողջ իմաստը ռազմավարական այս ճանապարհին. իր կողմէ վերահսկելիութիւնը:
9-րդ կէտը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դաշինքին կողմէ կը ներկայացուէր՝ իբրեւ հակակշիռ 6-րդ կէտին, որ կը վերաբերէր Բերձորի միջանցքին: Ճանապարհ-ճանապարհի դիմաց կամ միջանցք-միջանցքի դիմաց յղացքը առկայ էր Անգարայի եւ Պաքուի յայտարարութիւններուն մէջ, երբ կը խօսէին Զանգեզուրի միջանցքին մասին:
Հիմա, երբ 6-րդ կէտը կամ Բերձորի միջանցքը իմաստազրկուած են կամ ընդհանրապէս չեղարկուած՝ նոյեմբերեան համաձայնութիւնը, ապա 9-րդ կէտը, ուրեմն, հայկական կողմի յանձնառութեան մաս չէ:
Նման ճանապարհ չգործարկելու հաւանականութիւնը չի բխիր Ռուսաստանի շահերէն։ Ան կ՚ուզէր իր վերահսկողութեան տակ պահել թէ՛ Բերձորի եւ թէ Սիւնիքի կենսաճանապարհները:
Այս հանգամանքները, հաւանաբար պէտք է նկատի ունենալ Էրտողանի Զանգեզուրի միջանցքին համար Իրանի այլընտրանքին ակնարկած յայտարարութեան ընկալման ընթացքին: Անշուշտ, այս առումով ամենէն ազդեցիկ գործօնը Իրանն է, որ կը շարունակէ իր վճռական յայտարարութիւնները Հայաստանի հետ իր սահմանային կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն չհանդուրժելու առումով:
Այս չի նշանակեր, անշուշտ, որ Անգարան եւ Պաքուն հրաժարած են Զանգեզուրի միջանցքի գաղափարէն: (…)
Այս խորապատկերին վրայ պէտք է դիտարկել նաեւ Իրանի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի հիւպատոսութիւններ բանալու որոշումները: Երկիրներու այդ շարքը կրնայ երկարիլ: Սիւնիքը աշխարհաքաղաքական հանգոյց է: Հիմա գլխաւոր խաղացողներուն կեդրոնացումը անոր վրայ է: Խնդիրը այն է, որ գերտէրութիւններու ներգրաւուածութիւնը զիրար հակակշռելու եւ համեմատական կայունացումի ճամբո՞վ կ՚ընթանայ, թէ բախումնային ու ցնցումնային փուլերով:
Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ միջազգային կեցուածքներու շարժառիթները այս հանգամանքներուն մէջ պէտք է փնտռել եւ ո՛չ թէ անպայման անոր նկատմամբ զօրակցական դիրքորոշումներուն:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի