ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ամանորեայ ուղերձը «Հ1»ով հեռարձակելը աւանդոյթ մըն էր, որ գոյութիւն ունէր տակաւին Վազգէն Առաջին Վեհափառի ժամանակներէն: Այդ աւանդոյթէն հրաժարիլը ներկայ իշխանութիւններու նեղմտութեան արտայայտութիւնն է: Երբ մտածողութեան մակարդակը կը սահմանափակուի մանր, գաւառական վրէժխնդրութեամբ, չի բարձրանար պետական եւ առաւել եւս, միջազգային մակարդակի, սա, անշուշտ, տխուր երեւոյթ է:

Մենատիրական երկիրներու մէջ բոլոր պետական որոշումները կ՚ընդունուին առաջին դէմքի եթէ ոչ հրահանգով, ապա հաստատ՝ անոր նախասիրութիւնները եւ քմահաճոյքները հաշուի առնելով: Առաւել եւս այսօրուան Հայաստանի մէջ միանգամայն իրական կը համարեմ, որ վարչապետը անձամբ կը հրամայէ միջոցներ ձեռնարկել ո՛չ միայն իրեն դիւր չեկած ելոյթի կամ մամուլի հրապարակման, այլեւ «Ֆէյսպուք»ի գրառման, մեկնաբանութեան կամ «լայքի» հեղինակի դէմ: Հետեւաբար, կարելի է ենթադրել, թէ ուրկէ՛ կու գայ հրահանգը, որպէսզի Փաշինեանի չհաւնած հոգեւորականի ելոյթը չյայտնուի իր՝ վարչապետի ամանորեայ ուղերձի կողքին եւ չունենայ նոյն հեռուստատեսային լսարանը:

Բայց վստահ եմ, թէ այստեղ կայ նաեւ սկզբունքային խնդիր: Մայր Աթոռի կամ ընդհանրապէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ իշխանութիւններու թշնամանալը ամենաանխոհեմ բանն է, որ այս վիճակին մէջ կարելի էր ընել: Հաշուի չ՚առնուիր, թէ ինչ դեր կը խաղայ մեր Եկեղեցին սփիւռքի մէջ: Իշխանութեան արշաւին արդէն իսկ արձագանգած է «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանը: Իսկ առանց համազգային ջանքերու հնարաւոր չէ ամրապնդել մեր պետականութեան՝ այս 3-5 տարուան ընթացքին խարխլուած հիմքերը:

Ես վստահ եմ, թէ Հայ Առաքելական Եկեղեցին պէտք է համախմբող դեր խաղայ նաեւ Հայաստանէ ներս, հասարակական համերաշխութեան առումով. բան մը, որ ես, խոստովանիմ, քանի մը տարի առաջ չէի հասկնար: Քաղաքականութիւնը, տնտեսական գործունէութիւնը, իրաւական համակարգը, կրթութիւնը, մշակոյթը, բոլոր մնացած ոլորտները պէտք է դրուին «էթոս»ի, էթիք հիմքերու վրայ: Իսկ այդ հիմքը մեզի կու տայ նախ եւ առաջ 1700-ամեայ աւանդոյթը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչէն եւ Մեսրոպ Մաշտոցէն սկսած: Այստեղ հեծանիւ յօրինելու կարիք չկայ:

Ի հարկէ, մեր եկեղեցին ալ պէտք է փոխուի, համապատասխանէ ժամանակակից պահանջներուն, հոգեւորականներու մտածողութիւնը նոյնպէս մակարդակի բարձրացման կարիք ունի: Խնդիրը, ինչպէս կ՚ըսեն, հաստատութենական է:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2024