ՎԵՐՍԿՍԻԼ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու՝ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքներէն վերջին օրերուն դարձեալ յայտարարութիւններ հնչեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Փարիզէն՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարութիւն մը ըրաւ 2016-ի Ապրիլի սկիզբին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմի տարելիցին բերումով։ Յայտարարութեան մէջ բանբերը ըսաւ. «Տարի մը առաջ դադրեցան 2-5 Ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ծաւալուած եւ տարածքաշրջանի բնակչութիւնը վշտով համակած պատերազմական գործողութիւնները։ Որպէս Մինսքեան խմբակի համանախագահ՝ Ֆրանսա, ռուս եւ ամերիկացի գործընկերներուն հետ շարժման անցուց իր ուժերը մարտերը դադրեցնելու եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները վերսկսելու ուղղութեամբ»։
Այս առթիւ Ֆրանսա վերահաստատեց իր համոզումը, թէ ներկայ կարգավիճակը պաշտպանունակ չէ եւ հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ ռազմական ճանապարհով։ Ֆրանսա կոչ կ՚ուղղէ կողմերուն յարգել կրակի դադրեցման, վստահութեան դրութիւններու եւ բանակցութիւնները վերսկսելու մասին անցեալ տարուան Մայիսի 16-ին Վիեննայի եւ Յունիսի 20-ին Սեն Փեթերսպուրկի գագաթաժողովներուն ստանձնուած յանձնառութիւնները։ Մատնանշուեցաւ նաեւ, որ վերջերս Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ իր հայ եւ ազէրի պաշտօնակիցներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին վերահաստատած է հակամարտութեան բանակցուած եւ տեւական, ամբողջ տարածքաշրջանի կայունութեան եւ բարեկեցութեան համար նպաստաւոր լուծում մը գտնելու ուղղեալ Ֆրանսայի լիատակար յանձնառութիւնը։
Ֆրանսացի բանբերի յայտարարութիւններուն առընթեր, վերջին օրերուն Օլանտն ալ Պաքու ուղարկած նամակի մը մէջ տեղեկացուց, թէ Ֆրանսա աշխուժօրէն կ՚աշխատի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։
Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ անդրադարձաւ քառօրեայ պատերազմի տարելիցին։ Իր խօսքերով, Մոսկուա յոյս ունի, թէ հակամարտ կողմերը կը վերադառնան բանակցային սեղանի շուրջ ու կը վերսկսին երկխօսութեան՝ ուղղուած կայուն կարգաւորման։ Ան յիշեցուց, որ տարի մը առաջ Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած էր պայմանաւորուածութիւն՝ հակամարտութեան գօտիէն ներս շփման գծին վրայ լայնածաւալ մարտական գործողութիւններու դադրեցման մասին։ «Սա 1994-ին կնքուած հրադադարի ամենալուրջ խախտումն էր։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու, միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ ձեռնարկուած են աշխոյժ ջանքեր, որոնք ուղղուած են հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակի կայունացման եւ խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու համար պայմաններու ստեղծման», ըսաւ Զախարովա եւ աւելցուց, թէ մասնաւորապէս այս նիւթին նուիրուած էին անցեալ տարի Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովները։ Այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին բոլոր մակարդակներու վրայ։ «Մենք յոյս ունինք, որ կողմերը կը վերադառնան բանակցային սեղանի շուրջ ու կը վերականգնեն երկխօսութիւնը, որ ուղղուած է կայուն կարգաւորման ապահովման», եզրափակեց Զախարովա։
Միւս կողմէ, Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնն ալ վերջին օրերուն հերթական անգամ անդրադարձաւ բանակցային գործընթացի ներկայ կացութեան։ Արցախի իշխանութիւնները դարձեալ յիշեցուցին, որ ոչինչ համաձայնեցուած է, երբ ամէն ինչ համաձայնեցուած չէ։ tert.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան անդրադարձաւ վերջին դիւանագիտական իրադարձութիւններուն։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Երբ մենք կը խօսինք հակամարտութեան կարգաւորման մասին, պէտք է զայն դիտարկենք երկու հարթութեան մէջ։ Առաջինը՝ բուն կարգաւորումն է, այսինքն՝ բանակցութիւններու մէջ յառաջընթաց մինչեւ վերջնական լուծում։ Երկրորդը՝ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանումն է, ինչ որ նոյնպէս շատ բարդ է, այս ուղղութեամբ նոյնպէս կ՚աշխատին գերտէրութիւնները եւ Մինսքեան խմբակի համանախագահները։ Հիմա, քանի որ կողմերու միջեւ ընդհանուր յայտարարի մը նախադրեալները չկան, ամենակարեւոր ուղղութիւնը կը շարունակէ մնալ կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանումը տարածքաշրջանէն ներս»։
Բաց աստի, Դաւիթ Պապայեանի խօսքերով, անհրաժեշտ են շարք մը նախադրեալներ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար։ Ըստ իրեն, առաջին հերթին պէտք է վերականգնուի բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափը։ Սոյն հարցը այս պահուն կարգաւորուած չէ, այսինքն՝ Արցախ որպէս լիարժէք կողմ չի մասնակցիր բանակցային գործընթացին։ «Եթէ գերնպատակ է այն մօտեցումը, թէ պիտի վերականգնուի Ատրպէյճանի խորհրդային հանրապետութիւնը, ապա սա որեւէ ապագայ չունի», եզրափակեց Դաւիթ Պապայեան։