«Դժուար է կանխատեսել Հալէպի ապագան»
-Ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ այժմ Հալէպի մէջ:
-Հալէպ կ՚ապրի կենցաղային, ընկերային եւ մշակութային շատ ծանր պայմաններու մէջ:
Բնակչութիւնը զրկուած է ելեկտրական հոսանքէ, ջուրի մատակարարումէ եւ այլ կենցաղային հիմնական պահանջներէ:
Ընտանիքի մը ամսական եկամուտը խոտոր կը համեմատի տիրող սղաճին հետ, մանաւանդ արուեստագէտի համար, որուն միակ եկամուտը կը կայանայ իր մշակութային գործունէութենէն: Պաշտօնեան՝ կախեալ է գործատիրոջ շնորհած խեղճուկ ամսականէն, որ նոյնպէս խոտոր կը համեմատի իր համեստ ապրուստին հետ անգամ, իսկ գործաւորը արդէն սպառած է իրեն հասանելի շաբթականը նախքան ստանալը:
-Ձեր մշակութային գործունէութեան մասին քանի մը տող:
-1970 թուականէն մինչեւ երկրի քաղաքական վիճակի անկումը, իրականացուցած եմ 130-է աւելի բեմադրութիւններ: Արժանացած եմ պետական հաստատութիւններէ, նաեւ հայկական եւ արաբական միութիւններէ մետայլներու եւ վահանակներու: Աշխատած եմ Հալէպի գրեթէ բոլոր թատերախումբերու հետ: Հինգ տարիէ ի վեր մատնուած եմ անգործութեան: Կ՚ապրիմ խեղճուկ թոշակով եւ ...:
-Կը կարծէ՞ք, որ պատերազմէն վերջ հայութիւնը պիտի կարենայ վերականգնել Հալէպի հայկական գաղութը:
-Դժուար է կանխատեսել Հալէպի ապագան, բայց վստահ եմ, որ հայութիւնը կը վերականգնէ իր սիրելի գաղթօճախն ու ազգային մշակոյթը: Բայց, թէ ի՛նչպիսի եւ ի՛նչ մակարդակով.... Այդ ցոյց պիտի տայ ժամանակը:
-Ինչպիսի՞ ծրագրեր ունիք այժմ Հալէպի մէջ թատրոնի հետ կապուած:
-Միութիւնները կ՚ուզեն պահել եւ շարունակել անցեալի իրենց ունեցած ու ցարդ պահուած մշակութային աւանդները եւ անոնց կարգին նաեւ բարերական գործունէութիւնը: Սակայն յառաջիկայի ծրագիրները կաեալ են մշակութային միութիւններէ, որովետեւ իրենք են որ կ՚որոշեն բեմադրուելիք փիէսները: Շատ քիչ պարագայի է, որ կ՚առնեն բեմադրիչներու կարծիքները:
-Ծանր վիճակներէ անցաք։ Ինչո՞ւ չլքեցիք Հալէպը:
-Դիմած եմ գաղթելու համար Գանատա։ Կը սպասեմ դեսպանատան պատասխանին: Դիմած եմ այդ քայլին, որովհետեւ այլեւս ի վիճակի չեմ հոգալու ապրուստս:
-Կը հետեւի՞ք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձրութիւններուն, եթէ այո, ապա ի՞նչ անկիւնէ կը դիտէք տեղի ունեցածները:
-Եթէ ելեկտրական հոսանք ըլլար, կ՚աշխատէի հետեւիլ, սակայն միշտ չէ, որ կը յաջողէի.... իսկ կողմնակի, կիսատ-պրատ լսած լուրերու հիման վրայ կարելի չէ ճշգրտօրէն դիրքորոշուիլ հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած իրադարձրութիւններու մասին եւ անաչառ կարծիք կազմել եւ ըստ այնմ եզրակացութիւններու յանգիլ:
Բայց ցանկալի է, որ հայը մնայ իր բարձր արժանապատուութեան վրայ եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդի վայել մակարդակով լուծէ իր քաղաքական վերիվայրումները՝ ի բարօրութիւն համայն հայ ժողովուրդին:
Հարցազրոյց՝ Ս. Ա.