Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅ ՎԱՆՔԻ ՏԱՃԱՐԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպիսկոպոս Չիֆթճեան մեկնեցաւ Դարաշամբ, Ճուլֆա քաղաքը, հետեւելու Ս. Ստեփանոս վանքի տաճարի վերանորոգութեան աշխատանքներուն:
Յայտնենք, թէ՝ շուրջ երկու ամիսներ առաջ, Իրանի Մշակութային ժառանգութեան եւ Իրանի Եկեղեցիներու պահպանման պետական հիմնարկութեան միացեալ ջանքերով, ու Ատրպատականի Հայոց Թեմի հսկողութեամբ, տաճարի վերանորոգութեան նախաձեռնուած էր: Իրանի Եկեղեցիներու պետական հիմնարկութեան տնօրէն՝ Շերլի Աւետեանի անմիջական հետեւողութեամբ, սոյն աշխատանքին համար նշանակուած էր Հայաստանէն վերակառուցող վարպետ Մարտիրոս Չալումեան:
Տաճարի վերանորոգութեան աշխատանքինզ ձեռնարկման հիմնական պատճառ հանդիսացած էր, տանիքի արեւմտեան մասին մէջ բացայայտ երեւցող խոնաւութիւնը, որուն ազդեցութիւնը կը հասնէր մինչեւ հիմերը: Ուստի, ճարտարապետական խորհուրդին որոշումով, քակուեցան քարերը տաճարի արեւմտեան տանիքին, ուրկէ դատարկուեցաւ մեծ քանակութեամբ խոնաւ հող, միաժամանակ թեթեւցնելով կառոյցը յաւելեալ բեռնէ:
Սրբազան Հայրը Վանք իր այցելութեան ընթացքին հանդիպելով շինարարներուն եւ յատկապէս վարպետ Մարտիրոսին հետ, բացատրութիւն ստացաւ վերանորոգութեան ձեւերուն մասին: Անոնք բացատրեցին, թէ ինչպէս արեւմտեան տանիքին հողը դատարկելով, հասեր էին մինչեւ տաճարին կամարներուն եւ անոնք ալ ամրապնդելէ ետք, ջրամեկուսացման նիւթով պատեր էին, ու ապա սկսեր էին փակել տանիքը:
Արտաքնապէս հնութիւնը պահպանելով, ճարտարապետական խորհուրդը շէնքի պատերուն մէջ ամէնէն արդիական միջոցները կը կիրարկէր, դարերու դիմաց կանգուն պահելու համար, դարերէն եկող մշակութային գոհար ժառանգութիւնը՝ Ս. Ստեփանոս Նախավը-կայ վանքի չքնաղ տաճարը:
Տաճարի ներքնամասը եւս վերանորոգութեան կÿենթարկուի, յատկապէս խորանին եւ կամարներուն բաժինները: Խորանի վերանորոգութեան ընթացքին, անոր չորս սիւներու ծեփերուն տակէն ի յայտ կու գան որմնանկարներ, որոնք գունագեղ զարդանախշեր են, չորս սիւներուն սլացիկ երկայնքը զարդարող: Տաճարի արեւմտեան պատի եւ մուտքի սիւներուն վրայ ածխամատիտով արձանագրուած յիշատակարանները, որոնք գաղթական հայերու եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք փախստական հայերու ձեռագրեր են, պիտի պահպանուին այնպէս ինչպէս կան, իբրեւ պատմութեան համար արժէք ներկայացնող յիշատակներ:
Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց նաեւ վարպետ Մարտիրոսին քանդակագործական շնորհը, նկատի ունենալով, որ տաճարի չորս ուսերուն նստած կենդանակերպերու գլուխները անցեալին ջարդուած ըլլալով, վարպետը յաջողեր էր նոր գլուխներ քանդակել անոնց համար, որոնք վերանորոգութեան աւարտին պիտի ամրացուին իրենց տեղերը:
Յիշեցնենք, թէ քանդակային եւ խաչքարային արուեստով հարուստ տաճարը եւ վանական համալիրը, վերջերս անգլիական «Տը Թելեկրաֆ» հեղինակաւոր թերթը արձանագրեր էր աշխարհի ամենէն գեղեցիկ եկեղեցիներու սեղմ ցուցակին մէջ: