ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ ԺԸ.
«Իսկ Սիմոն Պետրոսը, որովհետեւ սուր մը ունէր» (տե՛ս Յհ 18.10):
Արդարեւ, գիտելի է, թէ Տէրը աշակերտներուն պատուիրեց առանց մաղախի եւ առանց քսակի շրջիլ, սուրը ուրկէ՞ էր անոնց: Կ՚ըսեն, զատիկը զենելու համար, գառնուկին համար որ պատրաստած էին: Դարձեալ, ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ երբ անոնց ըսաւ՝ «երբ ձեզ առանց քսակի ղրկեցի, արդեօք բանի մը պէտք ունեցա՞ք:
Անոնք պատասխանեցին.
-Ո՛չ մէկ բանի:
Եւ ըսաւ.
-Բայց այժմ, ով որ ունի, թող առնէ: Իսկ անոր որ չունի՝ թող իր վերարկուն ծախէ եւ իրեն համար սուր գնէ» (տե՛ս Ղկ 22.35-36), ասկէ ետք համարձակեցան եւ իրենց հետ սուր վերցուցին: Արդարեւ, գիտելի է, թէ հնարաւոր չէ որ Տէրը Ինքզինք հակասէ, այլ՝ քանի որ անոնց մասին մարգարէացաւ, թէ յարութենէն ետք դարձեալ ձեր ձկնորսութեան եւ մաղախ առնելու պիտի երթաք, ինչ բանը որ ըրին: Ուրկէ՞ ունէին սակայն, կ՚ըսեն, թէ երբ Քրիստոսէ լսեցին, թէ ժամանակը հասած է, որով Մարդու Որդին պիտի մատնուի, Պետրոսը իր հետ սուր առաւ, որպէսզի երբ Վարդապետին բռնեն, բան մը ընէ, ինչ բանը որ ըրաւ իսկ: Իսկ ուրիշներ դարձեալ [կ՚ըսեն], թէ ասոնք ձկնորսներ էին, թէեւ ամէն բանէ հրաժարեցան, սակայն իրենց սովորական գործը երբեմն-երբեմն կը կատարէին եւ անոնց ձող պէտք կու գար, որպէսզի անով վարեն նաւը, այդ պատճառով առած էին, որպէսզի ձողով կատարէին: Եւ դարձեալ, ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ որովհետեւ այդ երկրին հացը ատով կը կտրէին, այդ պատճառով իրենց հետ սուր ունէին: Սակայն ճշմարիտը ասիկա է, Մովսէսէն խօսուած, թէ իւրաքանչիւր անձ որ մարգարէին չի հնազանդիր, պիտի սատկի, եւ իրապէս այս խորհուրդով սուրը հանեց:
«Զարկաւ քահանայապետին ծառային՝ կտրելով անոր աջ ականջը» (Յհ 18.10):
Պետրոսը կ՚ուզէր անոր վիզը կտրել, սակայն Տէրը պատշաճեցուց, որով ականջը կտրեց: Ինչո՞ւ համար աջին. քանի որ ինչպէս անոնց օրէնքն էր յոբելենական տարիի աւարտին բոլոր ծառաներն ու անդաստանները, զորս գնած էին, ազատ կ՚արձակէին: Իսկ անոնք, որոնք չէին փափաքեր արձակուիլ ծառայութենէն, քահանաներուն վկայութեամբ աջ ականջը կը ծակէր, օղ կ՚անցընէր անկէ եւ ատկէ ետք անոր տան մէջ ծառայութեան կը մնար, նոյնպէս ալ Քրիստոս ազատիչ [որպէս] եկած էր անոնց, սակայն անոնք չկամեցան ազատ ըլլալ, այդ պատճառով տնօրինեց ասոր ականջը կտրել, որպէսզի անոր միջոցով ցոյց տայ, որ բոլոր հրեաները իրենց կամքով յաւիտկենական ծառայութեան խոնարհեցան: Իսկ ինչո՞ւ դարձեալ բժշկեց. որպէսզի ցուցնէ, թէ աշխարհի վախճանին անոնց ազգէն դարձեալ հաւատացողներ պիտի ըլլան:
«Բաժակը, որ Հայրս տուաւ Ինծի, պիտի չխմե՞մ կարծես» (Յհ 18.11):
Չարչարանքները բաժակ կը կոչէ. նախ՝ քանի որ բաժակը դառն է, այդպէս ալ Տիրոջ խաչելութիւնը դառն էր, որովհետեւ չարչարանք էր: Երկրորդ. քանի որ իւրաքանչիւր ոք սիրով կ՚ըմպէ բաժակը, այդպէս ալ մեր Տէրը կամաւորաբար կրեց չարչարանքները: Երրորդ. քանի որ բաժակը կը թմրեցնէ մարդս կարծես մեռած ըլլայ, սակայն մեռած չէ, այդպէս ալ մեր Տէրը չարչարանքներու ժամանակ մարմինով մեռաւ, սակայն Աստուածութեամբ կենդանի էր: Չորրորդ. որովհետեւ բաժակէն կամաց-կամաց խմելով կը թմրին, այդպէս ալ մեր Տէրը նախ ապտակը, նախատինքներն ու թուքը կրեց, եւ ապա խաչին վրայ մեռաւ: Հինգերորդ. քանի որ գինին ուրախարար է, այդպէս ալ Տիրոջ չարչարանքները մեզի ուրախութիւն բերին: Վեցերորդ. որովհետեւ երբ մէկը բաժակէն գինովնայ, անխտիր իր թշնամին կը սպաննէ, այդպէս ալ մեր Տէրը Իր մահուամբ սպաննեց մահը, սատանան ու մեղքը, որ մեր բնութեան թշնամիներն են: Եօթներորդ. քանի որ բաժակը կը պարարտացնէ մարմինը, այդպէս ալ Տիրոջ չարչարանքները խորհրդական մարմինները՝ որ մենք ժողովուրդն ենք, հոգեպէս ստուարացուցին, որպէսզի Անոր չարչարանքներուն շնորհիւ Աստուծոյ որդիներ կոչուինք:
«Նախ տարին Հաննայի մօտ, որ այդ տարուան Քահանայապետին՝ Կայիափայի աներն էր» (Յհ 18.13):
Նախ՝ Կայիափայի մօտ գացած ճանապարհին Հաննայի տունը կար, եւ ան նշանաւոր մարդ մըն էր: Երկրորդ. քանի որ իւրաքանչիւր տարի քահանայապետութիւնը վարձքով կը ստանային, եւ այս երկուքը մէկը միւսէն կը գնէր քահանայապետութիւնը, եւ որովհետեւ Հաննան անցեալ տարուան քահանայապետն էր, այդ պատճառով որպէս քահանայապետ կը համարէին զինք: Երրորդ. որպէսզի Քրիստոս բամզաթիւ դատաւորներէ դատապարտուի, ինչպէս կ՚ըսուի՝ դատաւորներուն ձեռքը պիտի մատնուի: Չորրորդ. որովհետեւ ան Կայիափայի աներն էր, այդ պատճառով ուզեցին պատուել զինք, իսկ քահանաներուն միջեւ փոփոխումը նշանակ էր անոնց օրէնքի քակտումին, որովհետեւ վճարով կը ստանային:
«Սիմոն Պետրոս եւ ուրիշ աշակերտ մը կ՚երթային Յիսուսի ետեւէն» (Յհ 10.15):
Մատթէոսին մէջ կ՚ըսէ. «Աշակերտները ձգեցին զԻնք ու փախան» (Մտ 26.56), իսկ այստեղ ինչպէ՞ս կ՚ըսէ՝ ետեւէն կ՚երթային: Երբ ձերբակալելու եկան, այդ ատեն փախան, սակայն յետոյ Պետրոսն ու Յովհաննէսը դարձան եւ Անոր ետեւէն կ՚երթային: Ուրիշ աշակերտ մը իր մասին կ՚ըսէ, սակայն անուանապէս չի՛ կոչեր, որպէսզի անոր մեծամտութիւն չվերագրես անոր, թէ բոլորը փախան, իսկ ես՝ ոչ:
«Այս աշակերտը ծանօթ ըլլալով Քահանայապետին՝ [Յիսուսի հետ Քահանայապետին տան գաւիթը մտաւ]» (Յհ 18.15):
Ինչո՞ւ կ՚ըսեն, թէ ծանօթ էր, որպէսզի ցուցնէ, թէ՝ ես Պետրոսէն աւելի սէր չունէի, այլ՝ ծանօթ ըլլալուս պատճառով մտայ: Եւ ուրկէ՞ ծանօթ էր ասիկա: Ոմանք կ՚ըսեն, թէ ասիկա նախապէս դպրութիւն ուսանած էր եւ անոնցմէ վարժուած, այդ պատճառով ծանօթ էր, սակայն անոնք որոնք ասիկա կ՚ըսեն, ճշմարիտ չէ [իրենց ըսածը], որովհետեւ ան գրել չէր գիտեր, այլ՝ ինչ որ կ՚ուզէր գրել, Պրոխորոնոսին միջոցով կը գրէր. հետեւաբար, ուրկէ՞ ծանօթ էր. կ՚ըսեն, քահանաներէն մէկուն ազգականը կար, եւ ասիկա անոր ծանօթ էր, այդ պատճառով ներս մտաւ: Իսկ ուրիշներ դարձեալ կ՚ըսեն, թէ ասոր հայրը ձկնորս էր եւ յաճախ գեղեցիկ ձկներ կը բռնէր եւ ասոր կու տար, որպէսզի քահանաներուն տանի, եւ ասկէ ծանօթ էր: Ուրիշներ կ՚ըսեն. թէ ասիկա քահանաներու ցեղէն էր, եւ ինչպէս իւրաքանչիւր ցեղ իր ազգակիցները կը ճանչնար, այդպէս ալ քահանաները գիտէին ասոր:
«Մինչ Պետրոս դուրսը՝ դռան մօտ կանգնած էր» (տե՛ս Յհ 18.16):
Նախ այս էր, որովհետեւ անծանօթ էր: Երկրորդ. քանի որ ծառային ականջը կտրած ըլլալուն, կը կասկածէր՝ թերեւս ճանչնային:
«Միւս աշակերտը, որ ծանօթ էր Քահանայապետին, դուրս ելաւ եւ ներս առաւ Պետրոսը» (տե՛ս Յհ 18.16):
Ինք ի՞նչ պատճառով ելաւ եւ ներս կանչեց. այս է, որպէսզի ինչ որ հրեաները հարցնեն Տիրոջ, լսէ, եւ ինչ որ Տէրը պատասխանէ, միտքին մէջ պահէ: Իսկ Պետրոսի աղախինի հարցումէն դրդուած կը ցուցնէր Պետրոսի յոյժ տկարութիւնը, որովհետեւ բռնութեամբ ուրացնել չտուաւ անոր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 143
Վաղարշապատ