ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ

Դ.

ԵՐԵԽԱՅԻՆ ՀԱԳՈՒՍՏՆԵՐԸ

Հագուստին նշանակութիւնը: Ինչպէ՞ս պէտք է պարուրել: Մեր պարուրներուն վնասակարութիւնը: Հագուստէն եւ պարուրէն ի՞նչ կը պահանջուի: Փաթաթաններն ու հագուստը ի՞նչ կտորներէ պէտք է ըլլան: Շապիկը, բաճկոնը եւ երեխային փաթթելու ձեւը,- Ծրարը: Գլուխը պէտք չէ սեղմել: Անգլիական ձեւը: Գուլպաները: Դուրսի հագուստները: Մաքրութիւն: Երեխային հագուստներուն լուացումը: Մէզէն պահպանելը:

Դուրսի հագուստները. երեխան դուրս տարած ժամանակ, անշուշտ, պէտք է աւելի տաք հագցնել, քան թէ տանը: Ունեւորները երկար դէյրա-վերնապարուր կը հագցնեն, որ երեխան շատ լաւ կը պահպանէ պաղէն: Երեսը պէտք է քօղով ծածկուի, փոշիէն ու արեւէն պահպանելու համար: Հասկնալի է, որ երեխան մեծնալով ու կազդուրուելով, պէտք է անոր հագուստի ձեւն ալ փոփոխուի, անշուշտ՝ եղանակին յարմարուելով:

Երեխան երբ քալել կը սկսի, զայն անհրաժեշտ է աւելի թեթեւ հագցնել: Մէկ տարեկանի վրայէն արդէն պէտք է ֆլանելները հանել, հագուստները կարճցնել, եւ այլն:

Մաքրութիւնը. երեխային առողջութեան տեսակէտէն մեծ նշանակութիւն ունի կտորներուն եւ հագուստին մաքրութիւնը: Աղտոտած հագուստները վրան մնալով, անոր մաշկը գրգռումի կը հասցնեն եւ իրենց գարշահոտութեամբ կ՚ազդեն: Հետեւաբար, ապականած կտորներն ու հագուստները անմիջապէս պէտք է մէկ կողմ նետել ու նորերը հագցնել. իսկ մայրերը գիտեն, թէ ինչքան յաճախ ստիպուած կ՚ըլլան այդ բանը ընել: Եթէ աւելցնենք, որ այս բոլորը պէտք է անպայման օճառով եւ տաք ջուրով լուալ, որ շատ շուտ կը մաշին հագուստները, կը տեսնենք, որ այդ լաթերէն ու հագուստներէն պէտք է շատ ունենալ եւ ուրեմն երեխան թանկ կը նստի: Պահեցողութեան համար խորհուրդ կու տանք երեխային, առաջին ամիսներէն իսկ, սորվեցնել ամանի վրայ նստիլ, անշուշտ զգուշանալով, որ չպաղի: Ֆրանսացի նշանաւոր բժիշկ մը իր սեփական երեխաներուն վրայ փորձեր ըրած ըլլալով, կը հաւատացնէ, որ դժուար չէ երեխաները այդ բանին ընտելացնել ուղղակի առաջին շաբաթներէն: Անհրաժեշտ է առաւօտը, երբ երեխան արթննայ, անմիջապէս զինք ամանի վրայ բռնել, ոտքերը պարզելով եւ քիչ մըն ալ բարձրացնելով: Երեխային դէմքին արտայայտութեան ընտելանալով, կարելի է հասկնալ, թէ ան ե՛րբ պահանջ ունի դուրս գալու: Այն ատեն անոր երեսը կը կարմրի, կը ձգուի, աչքերը արիւնով կը լեցուին, երբեմն ալ փորին կռկռոցը կը լսուի: Անգլիական փոխանը այդ բանին յարմարցուած է: Այսպէս ընտելացած երեխան այլեւս իր տակը չ՚ըներ, նոյնիսկ քունէն կ՚արթննայ ու կը ճչայ:

Լաթերն ու անկողինը մէզէն պաշտպանելու համար, մեր մօտ կը գործածեն փայտէ խողովակ, որ յայտնի է լուլակ (շիբէք) անունով: Բայց անոր գործածութիւնը կրնայ վնասակար ըլլալ: Բորբը (օրօրոցի տոշակ) ապականութենէն եւ խոնաւութենէն զերծ պահելու համար, բոված կարմիր հողը տաք-տաք կը լեցնեն հողապարկին մէջ, վրան կակուղ հագուստի կտոր մը կը փռեն ու երեխան անոր վրայ կը պառկեցնեն: Այս հողը ամէն անգամ կը փոխեն: Անցեալները նոյն նպատակով խոտի տոշակ կը նետէին երեխային տակ. ասիկա Յիսուսի խանձարուրին խորհրդանիշ կը համարուէր, որ խոտի վրայ դրուած կը համարուի: Հիմա հաստ մոմաշորը գործածական է, որ տոշակին վրայ կը փռեն եւ հագուստի կտորով մը կը ծածկեն: Սակայն, աւելի լաւ է ծծան տոշակները, որովհետեւ ասոնք կը ծծեն մէզը եւ երեխային տակը համեմատաբար չոր կը մնայ: Միզելու դէմը առնելու համար յաճախ, նոյն ֆրանսացի բժիշկը խորհուրդը կու տայ երեխային կոնքը եւ ոտքերը քիչ մը աւելի բարձրացնել, քան ուսերը:

Մի քանի խօսք ալ մանկիկին սպիտակեղէնները լուալու մասին: Լուացքը պէտք է տունը ընել, առանձին տաշտի մէջ: Օրուան ընթացքին կեղտոտած փաթաթանները, տակաշորերն ու այլն պէտք է երեկոյեան ջուրի մէջ դնել, որու մէջ պէտք է քիչ մը աղ դրուած ըլլայ: Առաւօտեան ջուրէն կը հանեն ու օճառով եւ սոտայով կը լուան ո՛չ շատ տաք ջուրի մէջ, որմէ ետք կ՚եռացնեն, օճառաջուրով եւ պաղ ջուրով կը լուան: Վերջերս խորհուրդ կու տան հետեւեալ հասարակ ձեւը. պաղ ջուր դնելէն ետքը, սպիտակեղէնը կը ձգեն եռացող ջուրի մէջ 3-4 ժամ անընդհատ: Կաթսայի ջուրին մէջ կը հալեցնեն 1 ֆունտ օճառ եւ 1/8 ֆունտ սոտա, ամէն մէկ դոյլ ջուրին կ՚աւելցնեն 2-3 դգալ կերոսին եւ այդ խառնուրդին մէջ կ՚եռացնեն հագուստները: Բայց այսպիսի լուացքէ սպիտակեղէնը լաւ չի՛ մաքրուիր եւ դեղին ու կոշտ դուրս կու գայ:

Ե.

Սենեակին ընտրութիւնը: Օդը: Արեան մասին: Լոյսը, արեւը եւ անոնց նշանակութիւնը: Սենեակին օդը ինչէ՞ս կ՚աղտոտի: Նկուղները, վառարանները, լամպան, մանկիկին արտաթորութիւնները, փոշին: Մանկանոցի կահաւորութիւնը: Օրօրո՞ց, ճօճա՞ն, թէ՞ մահճակալ: Օրօրումը եւ օրօրոցի երգը: Մանկիկին քունը:

Սենեակը. ծնողները ինչքան ալ աղքատ ըլլան, այնուամենայնիւ պէտք է ամէն ջանք գործադրեն իրենց զաւակին նուազագոյնը առանձին եւ լաւ տեղ մը պառկեցնելու: Հարուստ ընտանիքները երեխային պէտք է յատկացնեն, ամենէն լաւ սենեակը ուր արեւ առատօրէն թափանցէ եւ որու օդը կարելի ըլլայ միշտ մաքուր պահել: Առհասարակ ամենէն հարուստ տուներուն մէջ նոյնիսկ, բնակարանի ամենէն մեծ եւ ամենէն լուսաւոր սենեակը կը պահեն հիւրեր ընդունելու համար, իսկ երեխաները կը փակեն խորերը ինկած փոքր սենեակներու մէջ: Ատիկա տարօրինակ սովորութիւն մըն է, որմէ պէտք է վերջապէս ձեռք քաշել: Սենեակին օդը պէտք է միշտ գիշեր-ցերեկ մաքուր ըլլայ: Ատոր համար անհրաժեշտ է պատուհանները կամ օդանցնքները բանալ շատ թէ քիչ երկար ժամանակ, նոյնիսկ ձմեռը, անշուշտ, նախապէս երեխան ուրիշ սենեակ տանելով եւ դարձեալ ներս բերելով, երբ բաւականաչափ կրկին տաքցած է: Ամէն պարագայի անհրաժեշտ է գիշերուան քունէն առաջ սենեակին օդը փոխել:

Գէշ օդի վնասները այնքան մեծ են, որ անոնց մասին ամբողջ գիրք մը կարելի է գրել: Սակայն, մայրերուն հասկնալի դարձնելու եւ զգուշացնելու համար, այս մասին մի քանի խօսք ըսենք:

Օդը նոյնչափ անհրաժեշտ է մարդուն համար, ինչքան հացն ու ջուրը, որովհետեւ օդն է, որ մեր արիւնը կը մաքրէ: Շնչառութեան միջոցով ան անդադար մեր թոքերուն մէջ կը լեցուի, մեզի սնունդ եւ կենդանութիւն կու տայ: Ինչքան ալ լաւ ուտենք, մենք առանց օդի մէկ վայրկեան չենք կրնար ապրիլ: Մեր մարմինին մասերը անդադար կը քայքայուին ու կը նորոգուին, այլ խօսքով, ինչպէս իւրաքանչիւր գործող մեքենայ, մարմինը կը մաշի եւ վերանորոգում կը պահանջէ: Վերանորոգումը կերակուրին միջոցով կը կատարուի: Կերակուրը, մեր մարսողական գործարաններուն մէջէն անցնելով, կը մարսուի, մարսուած մասերը աղիքներուն պատերուն մէջէն կ՚անցնին մեր արիւնին մէջ եւ անոր հետ միասին կը տարածուին մեր մարմինին բոլոր մասերուն մէջ: Ասիկա կարմիր արիւն է: Կարմիր արիւնը մեր մարմինի մասնիկներուն սնունդ եւ կենդանութիւն տալէ ետք, իր մէջ կ՚ընդունի այն բոլոր նիւթերը, որոնք կը յառաջանան մեր մարմինի մասերուն քայքայումէն: Այս քայքայման նիւթերն են, որ արիւնին հետ խառնուելով, կ՚աղտոտեն զայն եւ կարմիր արիւնը սեւ արիւնի կը դարձնեն: Սեւ արիւնը հազար ձեւերով երակներու մէջէն կը հաւաքուին մեր թոքերուն մէջ, եւ օդին դպնալով, կը մաքրուի: Պարզ է, որ եթէ օդը մաքուր չէ, արիւնը լաւ չի՛ մաքրուիր եւ երթալով աւելի ու աւելի կ՚ապականի եւ ժամանակ մը կու գայ, երբ ան այնքան կ՚աղտոտի, որ կը թունաւորէ մեզ: Այստեղէն հասկնալի կը դառնայ մաքուր օդի կարեւորութիւնը, մանաւանդ մատաղ երեխաներու համար: Առանց մաքուր օդի՝ չկա՛ առողջութիւն: Գէշ օդի մէջ ամէն տեսակի հիւանդութիւններ կը զարգանան.- արեան քչութենէն սկսած մինչեւ խլախտն ու թոքախտը: Բժշկութեան մէջ յայտնի է, որ նկուղներու, նեղ բնակարաններու, նեղ դպրոցներու մէջ երեխաները միայն վատուժ կը դառնան, վատ կը զարգանան, գունատ ու թոյլ կ՚ըլլան, այլ՝ բազմաթիւ հիւանդութիւններու տէր կը դառնան ու կը մեռնին: Այսքանը բաւարար է մայրերը համոզելու համար, որ ոչինչ խնայեն իրենց զաւակները մաքուր սենեակի եւ լաւ օդի մէջ պահելու համար, եթէ կ՚ուզեն առողջ սերունդ ունենալ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 9

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2023