ՀԱՏՈՒԱԾ «ՔԵԶ ՍՐՏԻՍ ՇՈՒՐՋԻ ՆԱՐԿԻԶԸ ԿԸ ԿՈՉԵՄ» ՔԵՐԹՈՒԱԾԷՆ

Բացակայութիւն մը՝
Ամէն տան մէջ լուծումներս:
Բացակայութիւն մը՝
Երկիր մը, զոր կը գովերգեմ լեզուով:
Բացակայութիւն մը՝
Հոգիին մէջ մխրճումս:
Ոչինչ կայ մէջս:
Բացակայութիւն, բացակայութիւն...

Եթէ Տէրը ներեց մարգարէները՝
Անոնք վերադարձան երկիր 
Դաւանանքի իշխանութենէն:
Եթէ Տէրը ներեց բանտարկեալները՝
Անոնք տուն վերադարձան 
Բանաստեղծական գիշերներու ճամբորդութենէն:
Եթէ Տէրը ներեց նահատակները՝
Անոնք վերադարձան իրենց ծնողաց 
Բառերու հեռաւոր դրախտէն:
Ապա մայրը կը ներէ՞ 
Ճամբորդութիւնս ուրիշ կնոջ մը քով:

Շրջանակներ, շրջանակներու շուրջ:
Թոյլ տուր, որ բացատրեմ պատահածը.
Երազեցի, ինչպէս որ դուն կ՚երազես, 
Թէ յունիսը՝ դաժանագոյն ամիսը
Եւ մեր մէջ կրկնուող խօսքը, 
Որուն կը հետեւէինք,
Աղէտն էր:

Երազեցի, ինչպէս որ դուն կ՚երազես, 
Թէ կապոյտ ծովակները 
Իմ եւ քու ձեռքերուդ ետին էին
Եւ հակառակ ճամբան ինձմէ աւելի մօտ էր ինծի 
եւ քեզմէ աւելի մօտ՝ քեզի:

Ազատութիւնս ունէր 
Յուլիսի մրրկահողմին ազդանիշը:
Երազեցի եւ սաւառնեցայ, 
Որ մտնեմ դարձեալ արմատներուն մէջ
Եւ բացակայեցայ, 
Որ քեզի բերեմ լեզուին բոլոր նուէրները...

Կը վերադառնայի բաժանումի հատումէն առաջ,
Սակայն պատրանքը տեղի ունեցաւ, 
Եւ կայծերը հրդեհեցան
Երազողներու եւ երրորդ ճամբորդութեան պատրաստ 
Բազմութեամբ լի թաղի մը մէջ:

Եթէ հոգին արտաքուստ կորաւ,
Կորաւ նաեւ ներքուստ:
Քեզ սրտիս շուրջի նարկիզը կը կոչեմ:
Եթէ սիրտս հետդ ըլլայ
Ի պահ կը դնեմ կաղնիի փայտը
Եւ ճամբայ կ՚ելլեմ նուազ մահով...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022