ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Ը.
ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՍ ՍԿԻԶԲԷՆ Է
Խօսք. «Յիսուս ըսաւ անոնց.
-Ան՝ որ սկիզբէն իսկ կը խօսէր ձեզի հետ» (Յհ 8.25):
Մեկնութիւն. Երկրորդ խօսքը, որ կը ցուցնէ, թէ Քրիստոս յաւիտենական է, սա՛ է, որ կ՚ըսէ, նախ եւ առաջ բոլոր արարածներուն սկիզբն եմ, ապա ուրեմն Քրիստոս Աստուած է:
Եւ գիտելի է, թէ նախ, որ սկիզբէն է, երեք կերպով կը հասկցուի այստեղ.
Առաջին. թէ ստեղծագործութեան սկիզբի Աստուածն եմ, որ միացած մարմինով կը խօսիմ ձեզի հետ, ըստ այնմ. «Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ իսկ գոյութիւն ունէր Բանը» (Յհ 1.1):
Երկրորդ. որովհետեւ ձեզի հետ խօսելու համար, զիս սոսկ մարդ կը կարծէք ու կը գայթակղիք, մինչ Ես սկիզբէն բոլոր մարմիններուն ու ամբողջ աշխարհի գոյացուցիչն եմ, ըստ այնմ. «Ամէն բան Անով եղաւ» (Յհ 1.3):
Երրորդ. Ըստ Ոսկեբերանին. «Դուք արժանի չէք, որ խօսեցայ ձեզի հետ, այլ՝ պէտք է գիտնաք, թէ ես սկիզբէն եմ, այսինքն՝ Սկիզբն եմ ու Դատաւորը, որ կատարածին [վախճանին] է, որ ցոյց կու տայ, թէ Ես եմ առաջինն ու վերջինը, այսինքն՝ Սկիզբն ու Վախճանը»:
Դարձեալ՝ ըստ մարմինի նախ չորս կերպով կ՚ըսուի: Նախատիպն է՝ անսերմ յղացումով, եւ ապա՝ Սուրբ Եկեղեցի: Երկրորդ՝ նախատիպն է սրբութեամբ գործով, մկրտութեամբ, եւ այլն: Երրորդ՝ նախատիպն է կամաւորաբար մեռնելովը, եւ ապա՝ միւս սուրբերը: Չորրորդ՝ սկիզբն է յարութեամբ եւ փառք մտնելով, եւ ապա՝ հաւատացեալները, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Ան՝ որ սկիզբէն իսկ կը խօսէր ձեզի հետ»: Եւ դարձեալ՝ այդ պատճառով իսկ կը խօսիմ, որպէսզի հաւատան, թէ Ես սկիզբէն եմ:
Չորս պատճառի համար Ինքզինք յայտնապէս չյայտնեց. նախ՝ որովհետեւ չէին հաւատար: Երկրորդ՝ քանի որ դաւաճանութեամբ հարցուցին: Երրորդ՝ որովհետեւ քարոզութեան սկիզբը ըսաւ, թէ «Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը» (Յհ 8.12): Չորրորդ՝ քանի որ բազմաթիւ նշաններով ցոյց տուաւ, իսկ անոնք ալ աւելի չարացան:
Եւ թէ Քրիստոս արարածներուն սկիզբն է, այն բանին համար, որ բոլոր արարածները դէպի Իրեն կը քաշէ, որովհետեւ ինչպէս որ արարածներուն սկիբզբն է, այդպէս ալ եւ բոլորին վախճանն է, այդ պատճառով դատաստանով կը վերուին Անոր հետ, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «Ձեր մասին շատ ըսելիքներ ունիմ եւ շատ բաներ՝ ձեզ դատապարտելու համար» (Յհ 8.12):
Մեկնութիւն. Նախապէս ըսաւ՝ «Ես ոչ ոք կը դատեմ» (Յհ 8.15), այդ մէկը առաջին գալուստին համար պէտք է իմանալ, իսկ այստեղ կ՚ըսէ՝ շատ բաներ ունիմ ձեզ դատապարտելու համար, երկրորդ գալուստին համար կ՚ըսէ: Դարձեալ՝ ըստ Ոսկեբերանին, որովհետեւ զանոնք պիտի պատժէր հայհոյութեան համար, որ Իր հասցէին կ՚ընէին: Եւ ո՛չ թէ անկարողութեան կամ երկիւղի, կամ անգիտութեան պատճառով զանոնք անպատիժ կը ձգէ, եւ թէ ինչո՞ւ հիմա չի՛ դատեր, ետքէն ցոյց կու տայ:
Խօսք. «Ան որ զիս ղրկեց՝ ճշմարիտ է» (Յհ 8.26):
Մեկնութիւն. Հայրն Աստուած, որ Որդիին ղրկեց, ճշմարիտ կ՚ըսուի: Նախ՝ ճշմարիտ է, որովհետեւ Իր խոստումը՝ զիս ղրկելով, կատարեց: Երկրորդ՝ որովհետեւ զիս ղրկեց փրկելու, ապրեցնելու եւ բարիք գործելու համար, եւ ո՛չ թէ դատելու:
Անոնց համար որոնք կ՚ըսեն, թէ Քրիստոս ինչո՞ւ կ՚ուշանայ եւ վաղվաղակի չի՛ հատուցաներ դատաստանը: Գիտելի է, թէ իւրաքանչիւր ոք, որ վրէժ չի լուծեր եւ իրեն պարտական եղողները չի՛ դատեր, չորս պատճառով կ՚ըլլայ. նախ՝ մեծերու նկատմամբ երկիւղէն: Երկրորդ՝ իրենց տկարութեան համար: Երրորդ՝ տգիտութեան եւ մոռացումին համար: Չորրորդ՝ հեզութեան եւ քաղցրութեան բարութեան համար կը ներէ յանցաւորներուն:
Իսկ Քրիստոս ո՛չ թէ մէկէ մը վախնալուն պատճառով կ՚ուշացնէ դատաստանը, որովհետեւ ըստ Մարգարէին. «Երկրին կը նայի՝ ու ան կը դողայ» (Սղ 103.32): Երկրորդ՝ ո՛չ ալ տկարութեան համար, ըստ Առաքեալին. «Քրիստոս՝ Աստուծոյ զօրութիւնը» (Ա. Կր 1.24): Երրորդ՝ ոչ ալ տգիտութեան համար, որովհետեւ Հօր իմաստութիւնն ու գիտութիւնն է, ապա ուրեմն պէտք է չորրորդին համար, քանի որ հեզութեան ու քաղցրութեան համար կը ներէ ու չի՛ պատժեր:
Խօսք. «Ես հիմա այս աշխարհին կ՚ըսեմ այն՝ ինչ որ Իրմէ լսեցի» (Յհ 8.26):
Մեկնութիւն. Քրիստոս Հօրմէն կը լսէ կ՚ըսուի, որովհետեւ ինչպէս Աստուածութիւնը Հօրմէն ունի Անկէ ծնելով, նոյնպէս գիտութիւնն ու մարդկութիւնը Բանին միանալով ստացաւ գիտութիւնը Հօրմէն հեղումով, այդ պատճառով Անկէ կը լսէ կ՚ըսուի: Եւ որովհետեւ թանձրամիտ էին, այդ պատճառով Քրիստոսի խօսքը չէին հասկնար, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «Սակայն անոնք չհասկցան թէ Յիսուս Հօրը մասին կը խօսէր» (Յհ 8.27):
Մեկնութիւն. Որովհետեւ Աստուած Իր Հայրն է ըսաւ:
ԽԱՉԻ ԲԱՐՁՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Երբ Խաչին վրայ բարձրացնէք, պիտի գիտնաք թէ Ե՛ս եմ» (տե՛ս Յհ 8.28):
Մեկնութիւն. Բարձրութիւն խաչին համար կ՚ըսէ, որովհետեւ Քրիստոսի մահուամբ եւ ապա յարութեամբ՝ շատեր հաւատացին ու ճանչցան, թէ Ա՛ն է ճշմարիտ Քրիստոսը, այդ պատճառով կ՚ըսէ, թէ «այդ ատեն պիտի գիտնաք, թէ Ե՛ս եմ», այսինքն՝ ճշմարիտ Քրիստոսը:
Եւ գիտելի է, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ, Քրիստոսի բարձրութիւնը եռեակի է. նախ՝ խաչը, երկրորդ՝ համբառնալը, երրորդ՝ դատաստանի ժամանակ:
Իսկ խաչը Քրիստոսի բարձրութիւնն է չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ խաչը բարձր էր: Երկրորդ՝ բարձր տեղէ էր: Երրորդ՝ քանի որ ըստ Պօղոսի Հօրմէն փառաւորուեցաւ. «Այդ պատճառով ալ Աստուած զայն շատ աւելիով բարձրացուց» (Փլպ 2.9): Չորրորդ՝ որովհետեւ հաւատացեալները զԻնք խաչին վրայ ճանչցան որպէս Քրիստոս Աստուած:
Դարձեալ՝ համբառնալը Քրիստոսի բարձրութիւնն է չորս պատճառով. նախ՝ քանի որ մարմինով երկինք ելաւ: Երկրորդ՝ որովհետեւ Աստուածութեան փառքին բազմեցաւ: Երրորդ՝ հրեշտակներէն երկրպագուեցաւ: Չորրորդ՝ հոգիները Իր հետ բարձրացուց:
Դարձեալ՝ դատաստանի ժամանակ բարձրանալ կ՚ըսուի չորս կերպով. նախ՝ քանի որ դատաստանի բարձր աթոռին պիտի նստի: Երկրորդ՝ Իր անդամները պիտի բարձրացնէ: Երրորդ՝ թշնամիները պիտի դատէ: Չորրոր՝ Ադամին խոստումներն ու խորհուրդը այնտեղ պիտի կատարէ:
Խօսք. «Ես եմ» (Յհ 8.28):
Մեկնութիւն. Նախ կը յիշեցնէ խօսքը, որ Ելից գիրքի երրորդ գլուխին մէջ կ՚ըսէ. «Ես եմ, որ Էն» (տե՛ս Ելք 3.14): Երկրորդ՝ Ես եմ սկիզբն ու վախճանը (հմմտ. Յյտ 21.6, 22.13): Երրորդ՝ Ես եմ անսկիզբն ու անվախճանը (տե՛ս Յյտ 2.6), որովհետեւ ինչպէս որ Աստուածութեամբ անսկիզբ է, այդպէս ալ մարդկութեամբ անվախճան է: Չորրորդ՝ «Ես»ը Քրիստոս յատուկ դէմքը կը ցուցնէ՝ երկու գիծերէ միացած, եւ մեր Տէրը՝ Աստուած եւ մարդ է միացած: Ու ինչպէս Բարսեղէն առնուած երգին մէջ կ՚ըսուի. «Որ Էնդ՝ Հայր, որ Եսդ՝ Որդի, եւ Էդ՝ Հոգի Սուրբ»:
Խօսք. «Ոչինչ կ՚ընեմ Ես Ինձմէ» (Յհ 8.28):
Մեկնութիւն. Որովհետեւ Քրիստոս ինչպէս որ Աստուածութիւնը Հօրմէն ունի, այդպէս ալ զօրութիւնը, ներգործութիւնը եւ մարդկութիւնը Բանին միացած կը ներգործէ, եւ ո՛չ թէ բաժանումով: Իսկ ըսել թէ մարմինը գործիք է, ատիկա Նեստորէն ու երկաբնակներէն է, ինչպէս Արիոս կ՚ըսէր թէ Բանը Հօր գործիքն էր, նոյնպէս մարմինն ալ գործիք կ՚ըսէր: Այս բոլորը հերձուածողներէն ըսուած են, քանի որ Բանը բնութեամբ Աստուծոյ Որդի է, իսկ մարդկութիւնը բնութեամբ միացած է Աստուծոյ Բանին, իսկ մեր մարմինը բնութեամբ միացած է մեր հոգիին, եւ ինչպէս հոգիէն ու մարմինէն մէ՛կ բնութիւն է մարդուն, քանի որ չենք ըսեր մարդը [առանձին] եւ մարդուն բնութիւնը [առանձին], նոյնպէս ալ Բանին ու մարմինին մէ՛կ միացած բնութիւն է. մէ՛կ Քրիստոս եւ մէ՛կ Որդի: Ու Որդիին առաքումին համար պէտք չէ ըսել Հօրմէն հեռացած է, որովհետեւ էութիւնն ու բնութիւնը մէկ է, ինչպէս կ՚ըսէ:
Խօսք. «Եւ Ան [Հայրը] որ զիս ղրկեց՝ Ինծի հետ միասին է» (Յհ 8.29):
Մեկնութիւն. Հայրը Քրիստոսի հետ է կ՚ըսուի, որովհետեւ Աստուածութեամբ Հայրը Որդիին մէջ է, եւ Որդին՝ Հօր, իսկ մարդկութեամբ Հօր է կ՚ըսուի, քանի որ Աստուածութիւնը յատուկ եւ եզական միաւորութեամբ բնութեամբ միացած է մարմինին, եւ այսպէս ուրիշ ո՛չ ոքի մօտ կայ, թէեւ շնորհքով ու խնամքով կը բնակի սուրբերուն մէջ, սակայն բնութեամբ միայն Քրիստոսի մարդկութեան միացած է: Եւ Քրիստոս ըստ Աստուածութեան չի՛ կրնար Հօրմէն բաժնուիլ, իսկ ըստ մարդկութեան երբեք չի՛ բաժնուիր Հօրմէն, ինչպէս երկաբնակ աղանդին պարագլուխը՝ Դամասկացին կ՚ըսէ, թէ՝ «Միածինը ինչ որ անգամ մը միութենէն ստացաւ, չի՛ ձգեր, որովհետեւ երբ Քրիստոս մեռաւ, թէեւ Անոր հոգին ու մարմինը իրարմէ բաժնուեցան, սակայն Քրիստոսի մարմինն ու բանական Հոգին միշտ միաւորուած էին Աստուածութեան հետ»:
Այս պատճառով ալ կատարեալ միաւորութիւնը Քրիստոս միշտ կ՚ընէ ինչպէս Հայրը [կ՚ուզէ], եւ Հօր կամքով, ինչպէս կ՚ըսէ.
Խօսք. «Միշտ կը կատարեմ այն՝ ինչ որ հաճելի է Իրեն» (Յհ 8.29):
Մեկնութիւն. Որովհետեւ Քրիստոս Աստուածութեամբ նոյնը կը կամենայ ու կը գործէ, ինչպէս Հայրը, քանի որ Հօր եւ Որդիին կամքն ու ներգործութիւնը մէ՛կ է, նոյնպէս ալ մարդկութեան կամքով ու ներգործութեամբ միացած էր միշտ աստուածային կամքին՝ անբաժան միութեամբ եւ առանց թերութեան: Իսկ թէ ի՞նչ է կամքը, եւ ի՞նչ՝ հաճոյքը, Յոբի Լուծմունքին առաջին համարին մէջ կը գտնես:
Ասկէ ետք Քրիստոսի քարոզութեան պտուղը ցոյց կու տայ:
Խօսք. «Այս խօսքերուն վրայ շատեր հաւատացին Յիսուսի» (Յհ 8.30):
Մեկնութիւն. Նախ՝ ցոյց կու տայ, թէ հրեաներուն հակառակութիւնը երբեք չէր կրնար խափանել Քրիստոսի քարոզութեան պտուղը: Երկրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ թէեւ հրեաներէն շատերը խստասիրտ էին, սակայն ո՛չ՝ բոլորը: Եւ տե՛ս, նուաստագոյն [պարզ, խոնարհ] բաներուն մասին խօսելով շատեր հաւատացին, բայց երբ բարձրագոյններու մասին կը խօսէր, շատեր ետ կը կանգնէին հաւատքէն ու կ՚ըսէին. «Դժուար ընդունելի է ըսած խօսքդ, ո՞վ կրնայ մտիկ ընել» (Յհ 6.60): Եւ թէ ինչո՞ւ համար երբեմն խոնարհագոյններու մասին եւ երբեմն ալ՝ բարձրագոյններու մասին կը խօսէր, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ, մեզի նախապէս երկրորդ հատորին մէջ ըսուեցաւ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 80
Վաղարշապատ