ՔԱՆԻ ՄԸ ՓՈՒՆՋ

Արեւածագէն առաջ կ՚արթննայ ամէն օր. դուրս կու գայ իր փոքր ու աղքատ տնակէն, մութին մէջէն կ՚երթայ այգիի խորքը, այնտեղ տեղադրուած արտաքնոց։ Թեթեւ մեղեդի մը կը սահեցնէ քիթին տակէն ընթացքին։ Քիչ անց կը վերադառնայ, բակի մուտքի ծորակէն պաղ ջուր կը թափէ ձեռքերուն, յետոյ կը շոյէ դէմքը օճառով։ Կ՚ուղղէ մէջքը, դէմքը կը դարձնէ դէպի Արայի լեռը, որու կողքէն, ահա, ուր որ է, արեգակը դուրս պիտի գայ։ «Փա՜ռք քեզ Տէր», կը շշնջայ վայրկեան մը ընդհատելով մեղեդին, ու կը վերադառնայ անոր։

Քիչ անց, դաշտերուն մէջ է արդէն։ Գարուն է վերջապէս, եւ ստիպուած չէ մեծաքանակ ծաղիկներ գնել հոսկէ հոնկէ, յետոյ երթալ ծախելու համար քիչ մը աւելի բարձր գինով։ Դաշտերն են շուկան գարնանային, եւ այնտեղ է կեանքը ու միջոցն ապրուստի։

Երկու կողով ունի, իւրաքանչիւրը՝ մէկ ձեռքին։ Ձախին՝ կարճ ու փոքր ծաղիկներ կը հաւաքէ. անմոռուկ, բոգ, անթառամ... Աջին՝ երկար ցօղուններով ու մեծ աչքերով. աստղաշուշան, տարկաւան, խորդենի... Առուակի մօտ կը կանգնի, կը լուայ ցեխը ձեռքերուն, դառնալու համար տուն վերստին։  Այնտեղ արագ նախաճաշ մը կ՚ընէ՝ ուրցով թէյ, մէկ խաշած ձու, մի քանի տերեւ ռեհան։ Մոյկերը կը փոխարինէ կօշիկներով, ու դուրս կ՚ելլէ նորէն՝ երկու ծաղկայորդ կողովները ձեռքերուն։ Կը բարձրանայ դէպի մայրուղի, ու կը սպասէ հանրակառքին, որ չ՚ուշանար այս անգամ։

Ժամ մը ետք մայրաքաղաքի կեդրոնը կը գտնէ ինքզինք։ Ուրիշ աշխարհ է այստեղ. սայլակաւոր երիտասարդ մայրեր, մաքուր հագուկապով տղամարդիկ, բարձրակրունկ կանայք, նստարաններուն անգործ նստած թոշակառու տարեկիցներ կան։ Իր անկիւնը կը հասնի, կը դնէ երկու սակառները գետին, կը տեղաւորէ անոնց մէջ ծաղիկները ամենագրաւիչ ձեւով, որ կարելի է, եւ կը սպասէ։ Անցող դարձողներուն սիրով կը ժպտի, երբեմն աչքով կը բարեւէ ոմանց։

Արեւու բարձրացման հետ քաղաքը յաւելեալ կեանք կ՚առնէ։ Եռուզեռը կը շատնայ, իր հետ յաճախորդներ բերելով։ Ահա կը մօտենայ կին մը վերջապէս, երկու հատ փոքրերէն կ՚առնէ, հատ մը մեծերէն. գիւղէն քաղաք իր օրուայ ծախսը։ Քիչ ետք երիտասարդ զոյգ մը կը հասնին, տղան փունջ մը կազմել կու տայ, ինք ալ իր կողմէ հատ մը կը նուիրէ աղջկան, լաւագոյն բարեմաղթանքներով կը ճամբէ. վերադարձին հաց ու պանիր տուն տանելու դրամ։ Տարեկից կին մը կը մօտենայ, չորսը երեքի գինով առնել կը փորձէ, կը յաջողի. ձմեռուայ ջեռուցման համար պարտքով առած գումարին առաջին մէկ քսաներորդը...

Մարդիկ կու գան հատիկ-հատիկ, իրենց հետ փունջեր կը տանին։ Արեւը երկնքէն կ՚անհետի, կ՚անցնի շէնքերուն ետեւ։ Աժանով կը ճամբէ վերջին փունջը ահա, եւ կ՚աճապարէ դէպի վերջին հանրակառք։

Քիչ անց, գիւղ տանող մայրուղիին վրայ, յոգնած ոտքերը երկարած, սակառները՝ մէջ մէջի գրկին, գլուխը յենած թրթռացող ապակիին, օրուայ յաճախորդները կը յիշէ։ Փունջ առ փունջ կու գան անոնք մտքին, ծաղիկներն իր կը տանին։

Ո՞ւր գացին քանի մը փունջերն իր այսօրուայ, ո՞ր տուներուն ու մարդոց լոյս ու բուրմունք տարին։ Կը նետուի գիրկը երեւակայութեան... Եւ յիշատակները, ահա, անհոգ, մարդաշատ ու ջերմ իր կեանքէն հին, այցի կու գան իրեն փունջ առ փունջ։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 10, 2021