ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ. վարակման պատճառներն ու եղանակները․ վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)
Ժ.
ՎՆԱՍԱԿԱՐ ԿԱՄ ՀԻՒԱՆԴԱԲԵՐ ՊԱՔԹԵՐԻԱՆԵՐ
Նախորդող գլուխին մէջ անվնաս մանրիկներուն մասին խօսեցանք: Անոնցմէ շատերը նոյնիսկ շատ օգտակար են մարդուն համար. օրինակ, փտումի պաքթերիաները: Չէ՞ որ անոնք մեռած կենդանիներուն եւ բոյսերուն մարմինները կը փտեցնեն եւ անոնցմով հողը կը պարարտացնեն: Հողագործները գիտեն, որ եթէ բանջարանոցին կամ արտին մէջ հողին վրայ աղբ լեցնեն ու վարեն, այդ հողը առատ բանջարեղէն եւ հունձք կու տայ: Ինչէ՞ն է ատիկա. անկէ, որ այդ աղբին մէջ փտումի մանրիկները կը զարգանան, այդ աղբը կը փտեցնեն եւ հողը կը պարարտացնեն: Հետեւաբար, տեսէք, թէ ի՛նչքան օգտաւէտ են մեզի համար այս պաքթերիաները:
Տակաւին կան ուրիշ օգտաւէտ պաքթերիաներ եւս, որոնց մասին մենք այստեղ այդքան երկար չենք կրնար խօսիլ:
Բայց այս անվնասներուն կողքին կան նաեւ սարսափելի վնասակար մանրիկներ, որոնք հիւանդաբեր կամ ախտածին կը կոչուին, ինչպէս վերը յիշած ենք, ասոնք են վարակիչ հիւանդութիւններ յառաջացնողները:
Մենք ըսած ենք, որ առհասարակ բոլոր մեռնողներուն կէսը հիւանդաբեր պաքթերիաներուն սպաննածներն են: Այլ խօսքով, եթէ այս վնասակար պաքթերիաները չըլլային, երկու անգամ աւելի քիչ մարդ կը մեռնէր երկրիս երեսին…
Ո՞ր ջրհեղեղը, ո՞ր երկրաշարժը կամ ո՞ր գազանը այսքան ուժ ունի:
Մենք շրջապատուած ենք անտեսանելի անհամար թշնամիներով, որոնք կը կոտորեն մեզ, մեր երեխաները եւ հազար տեսակի ցաւերու ու հիւանդութիւններու պատճառ կը դառնան: Անոնք աշխարհը լացով ու սուգով լեցուցած են: Մայր մը չկայ, որ կորսնցուցած չըլլայ զաւակ մը անոնց պատճառով:
Կամ յանկարծ վրայ կու տան ժանտախտն ու խոլերիան եւ կը հնձեն ու կը տանին հազարաւոր մարդիկ ու աշխարհին մէջ սարսափ կը մտցնեն, կամ քութէշը եւ ծաղիկը, տիֆթերիան եւ տիֆը խեղճ ու անմեղ մանուկներուն մէջ կ՚իյնան, եւ փոքր դիակներով կը լեցնեն գերեզմանոցները, կամ ալ ինֆլուենզան մէջտեղ կու գայ եւ ամբողջ ընտանիքներ հիւանդանոց կը պառկեցնէ ու աշխատանքէն կը զրկէ, կամ ի վերջոյ թոքախտը, այդ սարսափելի կրծքացաւը, որ մեր թոքերուն մէջ կ՚իյնայ, կ՚ուտէ զանոնք, կը թունաւորէ մեր մարմինը եւ մեզ գերեզման կը տանի՝ տակաւին մեր երիտասարդ հասակին մէջ, աշխատանքի եռուն ժամանակ:
ԺԱ.
ԱՅՍ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԵՐ ՄԷՋ ԿԸ ՄՏՆԵՆ ՈՒ ԿԸ ՀԻՒԱՆԴԱՑՆԵՆ ՄԵԶ
Մենք գիտենք, որ վարակումի ամենէն մեծ աղբիւրը հիւանդն է:
Հիւանդին կղկղանքին եւ մէզին, անոր քրտինքին, խորխին եւ թուքին, անոր վէրքերու թարախին, կաշիի թեփին (օրինակ՝ քութէշի) մէջ մեծ քանակութեամբ հիւանդաբեր, վարակիչ պաքթերիաներ կան. եթէ անմիջապէս չոչնչացնենք, անոնք կ՚աճին եւ հիւանդութիւնը կը տարածեն:
Եթէ հիւանդին արտաթորութիւնները կը չորնան-կը մնան, պաքթերիաներն ալ կը չորնան, մեծ մասամբ կը փճանան, բայց մէկ մասն ալ հունտեր կու տայ, իսկ մենք գիտենք, որ հունտերը կրնան երկա՜ր ժամանակ չոր մնալ, բայց միայն խոնաւ կամ կեղտոտ տեղ մը իյնան, կը կենդանանան եւ պաքթերիա կը դառնան։
Այսպէս, կարմրուկի հունտը 6 շաբաթ չոր մնալէն ետք կրնայ կենդանանալ, քութէշինը՝ 5 ամիս, ծաղիկինը՝ 2 տարի, տիֆինը՝ 6 ամիս, թոքախտինը՝ 7 ամիս, եւ այլն… իրենք հիւանդները առողջացնելէն ետք ալ դեռ երկիւղալի են, օրինակ՝ տիֆթերիայի եւ քութէշի մէջ։ Քանի մը հիւանդութիւններու մէջ (օրինակ՝ խոլերիա) դիակները նոյնիսկ վտանգաւոր կը դառնան, եթէ խորունկ չեն թաղուած, որովհետեւ անոնց մէջը եղած պաքթերիաները հողին մէջ կ՚անցնին, այնտեղ կ՚աճին, վերեւի շերտերը կը վարակեն ու կրնան մարդոց կպնիլ։
Վարակը հիւանդի սենեակին մէջ, յատակին ու պատերուն, կահ-կարասիներուն, անոր անկողինին եւ հագուստներուն վրայ կ՚ապրի, անոր գործածած ամաններուն, դգալներուն, պատառաքաղներուն, դանակին, կարդացած գիրքերուն, խաղալիքներուն, ի վերջոյ այն բոլոր բաներուն վրայ, ինչ որ հիւանդին սենեակին մէջ կան ու կը գործածուին:
Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ ճանապարհով մեր մէջ կը մտնեն այդ հիւանդաբեր բուսիկները:
Նախ մանրիկները կրնան մեր կերակուրին ու խմելիքներուն մէջ իյնալ եւ կուլ երթալ ասոնց հետ միասին:
Ճանճերն ալ կրնան հեռուէն բերել վարակը եւ մեր ուտելիքին վրայ նստելով, վարակել զայն, իսկ անոր միջոցով՝ մեզ:
Ասիկա է պատճառը, որ բժիշկները համաճարակ հիւանդութիւններու ժամանակ խորհուրդ կու տան ուտելիքները ծածկել կամ ցանցի տակ դնել, որպէսզի ճանճերը վրան չնստին:
Երկրորդ ճանապարհը մեր թոքերն են: Օդին մէջ փոշիին խառնուած ահագին քանակութեամբ պաքթերիաներ կան. օդ շնչած ատեն մենք անոնցմէ շատերը ներս կը քաշենք մեր թոքերուն մէջ: Գիտնական մը, հաշուած է, որ մարդ օրական ամենէն քիչը 300 հազար մանրիկներ կուլ կու տայ. բարեբախտաբար ատոնց մէջ շատ քիչ վնասակարներ կ՚ըլլան: Բայց չէ՞ որ վնասակար մանրիկն ալ բաւարար է, որ մեզ հիւանդացնէ ու սպաննէ: Անշուշտ, առողջ թոքերուն մէջ անոնք մեծաւ մասամբ կ՚ոչնչանան, սակայն եթէ թոքերուն մէջ հազ կայ, կամ առհասարակ անոնք թոյլ են, պաքթերիան կրնայ այնտեղ մնալ ու աճիլ (օրինակ՝ թոքախտինը):
Այլ ճանապարհ ալ կայ. ատիկա մեր կաշին է: Եթէ մեր մորթին վրայ քերծուածք կամ ճեղքուած կայ, պաքթերիան կրնայ մտնել մեր արիւնին մէջ ու թունաւորել մեզ: Ատիկա է պատճառը, որ վէրքը միշտ մաքուր պէտք է պահել եւ վրան զանազան կեղտոտ բաներ չդնել, ինչպէս, օրինակ, ոստայն, ցեխ, եւ այլն, քանի որ ատոնց մէջ հազար տեսակի պաքթերիաներ կան. անոնք արիւնին մէջ կը լեցուին ու կը թունաւորեն հիւանդը:
Շատերը իրենք տեսած կամ ուրիշէն լսած են, որ վէրքերէն մարդիկ կը թունաւորուին ու կը մեռնին:
Շատ զգոյշ պէտք է ըլլալ միջատներու խայթոցէն եւս: Ճանճը եւ այլ միջատներ կրնան իրենց վրայ վարակիչ պաքթերիաներ ունենալ, եւ ծակելով մեր մարմինը, վէրքին մէջ մտցնել:
Ինչո՞ւ երբեմն ծննդկանները կը մեռնին, այդ ալ կեղտոտ պահելէն է: Գիտենք, որ ծննդեան ժամանակ կնոջ վրայ պատռուածքներ ու քերծուածքներ կ՚ըլլան, հետեւաբար անոր անկողինը, շապիկը, գործածած լաթերը պէտք է միշտ մաքուր ըլլան, պէտք չէ կեղտոտ ձեռքերով դպնալ անոր, այլ՝ ընդհակառակը, օրը քանի մը անգամ պէտք է եռացուած ու գոլացուած ջուրով սեռական անդամները լուալ:
Իսկ եթէ աղտոտ կը պահեն, կամ տատմայրիկին ձեռքերը աղտոտ կ՚ըլլան, այն ատեն յանկարծ կը տեսնես, որ ծննդկանը սաստիկ կերպով կը սկսի դողալ, տաքութիւնը կը բարձրանայ, յետոյ թուլութիւն կու գայ վրան, կ՚ուշաթափի եւ կը մեռնի: Կ՚ըսեն՝ «երեխայի վրայ» մեռաւ:
Ընթերցողը վստահ տեսած կ՚ըլլայ կարմիր քամի ըսուած հիւանդութիւնը: Յանկարծ սաստիկ դող կու գայ, որ կէս ժամ, մէկ ժամ եւ աւելի կը տեւէ, յետոյ վրայ կու տայ սաստիկ տաքութիւն ու դէմքին վրայ փոքրիկ կարմրութիւն կ՚երեւայ (ընդհանրապէս քիթին մօտ). կաշին այդտեղ ուռած է, կարմրած եւ կը ցաւի: Ատիկա կարմիր քամին է. ան ամբողջ երեսին, գլուխին վրայ կը տարածուի, տեղ մը հանգչելով, ուրիշ տեղ մը բռնկուելով:
Այդ հիւանդութիւնը ինչէ՞ն յառաջացաւ:
Դարձեալ անկէ, որ կաշի մէկ ճեղքուածքէն ներս մտած են կարմիր քամիին մանրիկները:
Որո՞ւն չէ պատահած, որ չոփ մը կամ փայտի կտոր մը մտնէ ձեռքը, կամ ալ քորովով ու դանակով մատը ծակի: Յաճախ ոչինչ կ՚ըլլայ, չոփը կը հանեն ու կը վերջանայ: Բայց նաեւ կը պատահի, որ յանկարծ երկու օր յետոյ մատը կ՚ուռի, մատնաշունչ կը դառնայ, կամ աւելի եւս վատ կ՚ըլլայ. ամբողջ ձեռքը կ՚ուռի, ուռուցքը կը տարածուի թեւին եւ կրնայ պատահիլ, որ ամբողջ կուռը ուռի: Այն ատեն հիւանդը սաստիկ կերպով տաքութիւն կ՚ունենայ եւ մինչեւ անգամ կրնայ պատահիլ, որ հիւանդը մեռնի:
Ա՛յս ալ մանրիկներու գործ է, որոնք այդ փայտի կտորին կամ դանակին վրայ կպած են ու լեցուած են ծակած տեղը, այնտեղ բազմացած ու բորբոքում յառաջացուցած:
Յիշածս կաշիի հիւանդութիւնները թարախածին գնդիկներու գործն են. առհասարակ, ուր որ թարախ կայ, այնտեղ անպատճառ այդ ձեւի մանրիկներ կը գտնէք:
Հիմա դուք կ՚ըսէք.
- Մենք հարիւրաւոր վիրաւորուած մարդիկ եւ ծննդկաններ տեսած ենք, որոնցմէ շատերը լաւացած են, ոչինչ չէ պատահած անոնց:
- Անշո՛ւշտ. բոլորին չէ որ այդպիսի անբախտութիւն կը պատահի: Բայց եթէ շատերուն վրայէն անվնաս կ՚անցնի, ատիկա դեռ չի՛ նշանակեր, թէ մենք զգոյշ պէտք չէ ըլլանք. սեպենք, որ տասնէն մէկը կամ ուղղակի հարիւրէն մէկն է միայն, որ վէրքէն կը թունաւորուի ու կը մեռնի, բայց չէ՞ որ այդ մէկը կրնաս դո՛ւն ըլլալ:
Այս երեք ճանապարհներէն բացի, պաքթերիան մեր մէջ կրնայ մտնել նաեւ սեռական անդամներուն միջոցով (սեռական յարաբերութիւններու ընթացքին). այդպիսով մարդիկ սիֆիլիսով (վատ ցաւով), սուսունակով եւ կակուղ շանկրով կը վարակուին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 5
Վաղարշապատ