ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

ԱՌԻԹԷՆ ՕԳՏՈՒԵԼՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆԸ…

Կասկած չկայ, որ Ամերիկան դրամատիրական երկիր մըն է, ուր դրամ շահիլն ու փառքի հասնիլը՝ մարդոց երազն է։ Միացեալ Նահանգներու անկախութիւնը հռչակուեցաւ 4 յուլիս 1776 թուականին, իսկ վաւերացուեցաւ 2 օգոստոս 1776 թուականին։

Միացեալ Նահանգներու անկախութիւնը բոլորին կը խոստանայ «Կեանք, ազատութիւն եւ ուրախութեան հետապնդումը»։ Այսինքն՝ Life, liberty and the pursuit of happiness. Ուրեմն այս է պատճառներէն մին՝ որ մարդիկ աշխարհի չորս կողմերէն կու գան հաստատուելու Ամերիկա, որ իրենց համար պատեհութեանց միակ երկիրն է։

Անկախութեան վերոյիշեալ արձանագրութիւնը կ՚անդրադառնայ նաեւ, որ այդ իրաւունքները բոլոր մարդկանց շնորհուած են Աստուծոյ կողմէ եւ կառավարութիւնները ստեղծուած են՝ պաշտպանելու համար զանոնք։

Այս ներածականէն ետք, հիմա գանք մեր բուն նիւթին՝ որն է Մեծագոյն Լոս Անճելըսի աշխարհահռչակ ազատուղիները (freeways) եւ անոնց ակամայ ստեղծած տաղտուկները։ Հիմա խօսինք օրինակներով։

Լոս Անճելըս ունի 18 նշանաւոր ազատուղիներ՝ որոնք կ՚երկարին 515 մղոն։ Այդ ազատուղիներէն թիւ 5-ը 120 մղոն կ՚երթայ դէպի հարաւ՝ մինչեւ Սան Տիէկօ քաղաքը, իսկ թիւ 101-ը 382 մղոն կ՚երթայ դէպի հիւսիս՝ մինչեւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը։

Սակայն ամենէն շատ գործօն ազատուղին թիւ 405-ն է, որ Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանին քովէն կ՚անցնի։ Կասկած չկայ, որ առաւօտեան եւ իրիկուան ժամերուն՝ ազատուղիները խիստ խճողուած կ՚ըլլան, որովհետեւ մարդիկ գործի կ՚երթան եւ կամ գործէն կը վերադառնան։ Իսկ եթէ պատահի, որ այդ ժամերուն արկած մը պատահած ըլլայ, ազատուղին կը դառնայ կանգառ եւ երթեւեկը բոլորովին կը կասի։

Ահա այդպիսի արկած մը պատահած է վերջերս թիւ 105 ազատուղիին վրայ եւ մարդիկ իրենց ինքնաշարժներէն վար իջած ըլլալով՝ նկատած են, որ մեքսիքական կերակուր (տես նկարը) ծախող ինքնաշարժ մըն ալ կեցած է հոն։ Ուստի՝ առանց ժամանակ կորսնցնելու, կերակուր ապսպրած են եւ սկսած են ուտել…

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ վերոյիշեալ նկարը առցանց հրատարակուած է արկածի վայրի վրայէն սաւառնող ոստիկանական ինքնաթիռի անձնակազմին կողմէ։ Է՜հ, վերջապէս անոնք ալ մեզի նման մարդ են եւ ի տես նմանօրինակ հազուագիւտ դէպքի մը՝ անոնք ալ իրաւունք ունին զուարճանալու եւ զուարճացնելու, չէ՞ք խորհիր!

ՃԱՇԱՐԱՆՆԵՐԸ ԳՐԱՒԻՉ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՀՆԱՐՔԸ…

Այս տարօրինակ բայց գործնական պատմութիւնը մեզի կու գայ աշխարհահռչակ Նիւ Եորք քաղաքէն։ Գիտենք, որ քորոնաժահրի համաճարակին պատճառաւ, ճաշարանները փակուած էին եւ միայն թոյլ կը տրուէր ապսպրանքներուն եւ կամ ճաշարանէն դուրս՝ բացօթեայ սպասարկումին։

Է՜հ, վերջապէս արտօնուեցաւ ճաշարաններէն ներս յաճախորդ ընդունելու, սակայն մասնակի տարողութեամբ։ Այսինքն՝ ճաշարանատէրեր կրնան օգտագործել ճաշարանին 35 տոկոսը միայն։ Իսկ ի՞նչ ընել, որ թէ՛ ճաշարանը լեցուն երեւի եւ թէ գրաւիչ՝ յաճախորդներուն համար։ Հիմա թոյլ տուէք, որպէսզի բացատրեմ։

Ուրեմն՝ Նիւ Եորք քաղաքի նշանաւոր Peter Luger ճաշարանի արտօնատէրը հետեւեալ հնարքը ի գործ դրած է, իր նպատակին հասնելու համար։ Ան Մատամ Թուսսոյի մոմեայի թանգարանէն (Madam Tussauds Wax Museum) փոխ առած է շարժանկարի աշխարհի նշանաւոր աստղերու մոմեայ արձանները եւ զետեղած՝ ճաշարանին (տես նկարը) մէջ։ Այսպէսով՝ յաճախորդը պատրանքը կ՚ունենայ, թէ կը ճաշէ «աստղերու» հետ միատեղ։

Նկարին մէջ երեւցողը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ՝ նոյնինքն Օտրի Հեփպըրն, որ նստած է դերասան Ճոն Հեմի դիմաց։ Հոս կ՚արժէ յիշել Օտրի Հեփպըրնի կարգ մը ժապաւէնները, որոնց համար ան դարձաւ նշանաւոր եւ անոնցմէ մէկուն համար ալ՝ ան արժանացաւ «Օսքար»ի արձանիկին։

1. Roman Holiday, 1953 (Oscar for an actress in a leading role.)

2. War and Peace, 1956

3. Breakfast at Tiffany's, 1961

4. My Fair Lady, 1964

Ճաշարանին փոխ-տնօրէնը՝ Տանիէլ Թըրթըլ սապէս արտայայտուած է. «Այս մէկը ամենէն ապահով եւ միեւնոյն ատեն զուարճալի ձեւն է, ճաշարանին պարապ սեղանները զբաղեցնելու»։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Ապրիլ 10, 2021