ԱԹՈՄԱԿԱՆ ԶԷՆՔԸ

Աթոմական ռումբերը համեմատաբար նոր երեւոյթ կրնանք համարել միջազգային քաղաքականութեան ու ընդհանուր պետութիւններու ռազմական կառուցուածքներուն մէջ: Անոնք Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն վերջ տարբեր երկիրներու զինանոցներուն մէջ դեր խաղացին՝ անոնց ունեցած ուժի, առաւելութիւններու եւ արտաքին քաղաքականութեանց գծագրման մէջ:

Ներկայիս այդ «ակումբին» մաս կը կազմեն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հինգ մշտական երկիրները, առաւել մի քանի երկիրներ, իսկ շարք մը պետութիւններ ձգտումը ունին կամ ջանքեր կը թափեն այդ ռումբը ձեռք ձգելու համար: Ինչքա՞ն գործունեայ է կամ ազդեցիկ այդ ռումբը իր անմիջական ու փոխաբերական իմաստներով եւ ինչքա՞ն այդ ռումբը ունեցող երկրին համար լաւ ու ապահով իրավիճակ կրնայ ստեղծուիլ, դժուար է պատասխանել:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք այդ ռումբը չէ գործածուած եւ անոր այսպէս կոչուած արդիւնաւէտութիւնը միջազգային ընտանիքն ու յարաբերութիւնները «չեն ճաշակած», բայց փաստացի այդ կը մնայ երկիրներու համար առաւելութիւն ուրիշներու նկատմամբ: Ինչպիսի՞ ապագայ մը կը սպասէ մարդկութեան այդ ռումբերու առկայութեանց հետ եւ արդեօք պիտի հասնի՞նք այդ հանգրուանին, որ երկիր մոլորակը ընդհանուր ու մեծ դրութեամբ պիտի ըլլայ խաղաղ, ապահով ու անվտանգ, կախեալ չէ շատ աթոմական ռումբերու գործածութենէն: Քանի աշխարհ իր բացուածութեամբ ու աճող հաղորդակցականութիւններու շրջագիծով կ՚ուղղուի դէպի համակեցութիւն (գոնէ պարզ, հասարակական, ընկերային ու տնտեսական կամայ թէ ակամայ, ուղղորդուած կամ ինքնաբուխ համարկումներով):

ԱՄՆ եւ նախկին Սովետական Միութիւնը (անոր քայքայումէն առաջ) համաձայնած էին կրճատելու իրենց աթոմական ռումբերը եւ մի քանի հազարով նուազեցնելու շատ մեծ քանակութեամբ հրթիռային մարտագլուխները: Այո, կատարուած է կրճատում, բայց, հիմնապէս մեծ քանակով ռումբեր տակաւին կան ներկայիս ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի եւ որոնց գումարած միւս աթոմական պետութիւններուն քով: Բնականաբար աթոմական զէնքեր չունեցող երկիրները իրենց անվտանգութիւնը կը կապեն աւելի մեծ դաշնակցութիւններու հետ եւ տակաւին աշխարհի համընդհանուր անվտանգութիւնը աթոմական ռումբերու գործածութենէն, կամ աւելի ճիշդ է ըսել չգործածութենէն կը բխի: Կարգ մը փորձագէտներ կ՚ըսեն, որ եթէ միատեղ աշխարհի բոլոր աթոմական ռումբերը (որոնց մօտաւոր համընդհանուր քանակը կը հասնի 12,977 հատ ռումբի) գործածուին, կրնան երկիր մոլորակը լրիւ պայթեցնել: Միջազգային յարաբերութիւններու ներկայ դասաւորմամբ՝ «աթոմական ակումբ» երկիրները, բացառութեամբ Հնդկաստանի, Փաքիստանի, Ռուսաստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի, գերզարգացած են թէ՛ տնտեսապէս եւ թէ արհեստագիտականօրէն: Եւ ըստ իրենց կարծիքին, այդ մէկը երաշխիք է անոնց համեմատաբար զգօն եւ քաղաքակիրթ վարքերուն, իսկ որեւէ ընդհարում կամ դիմակայութիւն, որ պատերազմի կը տանի այդ «ակումբի» անդամները, ղեկավարելի կը ներկայացուի, մա՛նաւանդ աւելի զարգացած անդամ երկիրներուն կողմէ, մեկնած այն իրողութենէն, որ կը ներկայանան իբրեւ գիտակից, խելացի ու իրողապէս աշխարհի ղեկավարումը իրենց ձեռքը կը գտնուի։ Ուստի, անկարելի է, որ թոյլատրեն աթոմական ռումբերու գործածութիւնը կամ հարցերը հասցնեն աթոմական պատերազմի:

Պէտք է նկատել, որ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք աշխարհ մեծ, համընդհանուր եւ կործանիչ պատերազմներ չտեսաւ, եթէ այդ արդիւնքի պատճառը փորձենք կապել աթոմական զէնքի առկայութեան հետ, կրնանք յարաբերաբար եզրակացնել, որ նոյն այս զէնքի գոյութիւնը տեսակ մը արգելիչն էր նոր համաշխարհային պատերազմներ սկսելու մեծ ուժերուն միջեւ, որովհետեւ այդ պատերազմը կրնայ ոչնչացնել երկիր մոլորակը մասամբ:

Աթոմական զէնքը ինչքան ալ համարուի աղէտ, այս կէտով կրնանք համարել կանխարգելիչ եւ աշխարհի արհեստագիտական ու մարդկային իրաւունքներու զարգացման հետ աւելիով այդ զէնքը կրնայ համարուիլ միայն «թանգարանային», իսկ զայն գործածողը աշխարհի համար չարութեան աղբիւր, ինչ ալ ըլլան ապագայ գործածողի կամ գործածել սպառնացողին համար արդարացուցիչ պատճառներ եւ ինչքան ալ աշխարհի լարուածութիւնները հասնին մեծ պատերազմներու սկսման հաւանականութիւններու:

Ներկայ աշխարհը իր գերզարգացածութեամբ որքան ալ բովանդակայինօրէն աւելի վտանգաւոր է մարդկութեան համար, ան կը մնայ իր դասաւորման ու ձեւափոխման-շարժումին մէջ աւելի ապահով ու լուսաւոր, քան կար նախկին դարերու ընթացքին:

Այո՛, պարզ ու միջին քաղաքացիին մօտ, որ կ՚ապրի որեւէ երկրի մէջ, աթոմական զէնքը կրնայ վախի, անապահովութեան ու կասկածանքներու տեղիք տայ, եւ ինչքան ալ ներկայ աշխարհի կառուցուածքին մէջ, նոյնիսկ անոր գործածութեան սպառնալիքը մեծ մտավախութիւններ կրնայ ստեղծել բոլորին մօտ, կը մնայ ՄԱԿ-ի, անվտանգութեան միւս համակարգերուն եւ նոյն գերտէրութիւններու իրարու միջեւ ունեցած համաձայնութիւններու կայացումը յարաբերական խաղաղութիւն բերել: Եւ անվտանգութեան մեծ կազմակերպութիւններու յառաջացումը կրնայ թեթեւցնել հակամարտութիւններն ու յաւերժական կոչուող կամ յառաջացուող թշնամութիւնները: Ինչպէս եղաւ վերջին 75 տարիներու ընթացքին, հակառակ տեղական ու ազգամիջեան մեծ պատերազմներու (որոնք յաճախ աւերիչ էին տեղայնական ու տարածաշրջանային ժողովուրդներու ու երկիրներու համար), համաշխարհային պատերազմներու չգնաց մարդկութիւնը: Եւ հոս կարեւոր է նշել, որ աթոմական զէնքի սեփականութիւնները ինչքան ալ բարիի եւ չարի տարբերակումներ, դասակարգումներ եւ տարրաբաժանումներ փորձէ ճշդել ու սահմանել, այն նոր աշխարհին համար շատ էական չի կրնար համարուիլ:

Կրնանք դիտարկել, որ գերտէրութիւնները վստահաբար ունին իրենց գերշահերն ու գերծրագիրները: Եւ ինչքան ալ դժուար ըլլայ համաշխարհային խաղաղութեան եւ անոր անուամբ ձգտելի ու շահագործուող կամ ազնիւ անվտանգութեան ճարտարաշինութիւնը, պէտք է հաստատել նոյնաժամանակ, որ նոյն գերտէրութիւնները սանձուած են իրենց աթոմական զէնքերով ալ եւ նոր աշխարհի խաղաղական ձգտումը կարծեմ աւելի յստակ է ու ձեւակերպուած՝ այսպէս կոչուած համընդհանուր խորհրդատուութեամբ ու համակեցութեամբ, քան կար մեր ժամանակներէն առաջ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

2 մայիս 2022

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2022