ՄԱԾՈՒՆԸ ՍԵՒ Է
Վերնագիրը կարդալով, յարգելի ընթերցողը պիտի հարցնէ.
-Սեւ մածո՞ւն, այս ուրկէ՞ եկաւ:
Արդար եւ իրաւ հարցադրում:
Պատասխանը բնականաբար այն է, որ սեւ մածուն չկայ, չի՛ ալ կրնար ըլլալ:
Վերնագիրը այս մէկը ընրտրեցի, որովհետեւ մեր ներկայ ժամանակը որ կ՚ապրինք, եկաւ փաստելու, որ հակառակ այն անհերքելի ճշմարտութեան, թէ մածունը սեւ չի՛ կրնար ըլլալ, քանի որ մածունին գոյնը միշտ ալ սպիտակ է. սակայն գտնուեցան մարդիկ, որոնք իրենց նպատակներուն հասնելու համար, կամ աշխատանքի մը, կամ պաշտօնի մը մէջ բարձրանալու համար, երբ իրենցմէ կը պահանջուի այդպէս ըսել՝ թէ մածունը սեւ է. ո՛չ միայն կ՚ըսէ, այլ՝ փաստեր ալ կը բերէ, որ այդպիսին է:
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր արժէքները ամբողջութեամբ շրջուած են, ըստ որու ո՛չ միայն մածունը սեւ է ըսողները շատցած են, այլեւ՝ ճիշդին՝ սխալ եւ հակառակը, ճշմարտութեան՝ կեղծիք եւ հակառակը, արդարութեան՝ անարդարութիւն եւ հակառակը, իրականին՝ սուտ եւ հակառակը, եւ շարքը կարելի է երկարել:
Եթէ փորձենք հասկնալ այս արժէքային փոփոխութեան պատճառները, անոնց մէջ գլխաւորը շատերուն համար պիտի ըլլայ այն, որ սխալ մարդիկ սխալ դիրքերու գլուխին յայտնուած են, եւ այդպիսով ամբողջ համակարգը փոխանակ դէպի զարգացում, բարեփոխում եւ յառաջընթաց տանելու, տարած են դէպի քայքայում, լճացում, ինչ բանի պատճառով ալ վերը մատնանշածս երեւոյթները շատցած են:
Եթէ փորձենք այս սխալ մարդոց սխալ դիրքերու գլուխին յայտնուելուն պատճառը գիտնալ, ապա, մեր՝ շարքային քաղաքացիներուս ականջներուն եւ աչքերուն հաճելին լսելու եւ տեսնելու փափաքն է, որ դրդած է մեզ ընտրելու այդպիսիները, որպէսզի ըստ մեր մօտեցումներուն, ընկալումներուն եւ սպասումներուն, հեշտ եւ խաղաղ կեանք մը ապրինք, սակայն այդ ընտրութիւնները կատարելէ ետք ճիշդ հակառակ իրավիճակին մէջ յայտնուած ենք:
Իսկ ինչո՞ւ համար շարքային քաղաքացիներս նման ընտրութիւն կամ ընտրութիւններ կը կատարենք, կամ կատարած ենք: Պատասխանը պարզ է. որովհետեւ մեզմէ շատերը իրենց ինքնութենէն հեռացած են, օտարացած են, սկսած ենք մենք մեզ, մեր արմատները, մեր ինքնութիւնը չճանչնալ, որով ամէն սրբութիւն, սկզբունք եւ արժանիք գլխիկոր եղած է, ինչ բանի պատճառով ալ շատցած են մածունին սեւ ըսողները, եւ ձեւով մը անոնց մնացած է հրապարակը, որով տեսնելով, որ շուրջինները չեն խօսիր, չեն արձագանգեր իրենց առած քայլերուն կամ որոշումներուն, ինքնավստահութիւն ձեռք կը բերեն, եւ կը շարունակեն իրենց կործանարար ու քայքայիչ գործընթացը:
Եթէ ակնթարթի մը համար աչք մը նետենք թէ՛ Մայր Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի գլխաւոր եւ ազդեցիկ կառոյցներու ղեկավարութեան եւ անոնց պաշտօնէութեան վրայ, վստահաբար ընթերցողներէն շատեր պիտի սկսին մտածել, թէ իրօք մածունը սկսած է սեւ գոյնի վերածուիլ: Ինչո՞ւ. որովհետեւ ընթերցողը պիտի նկատէ, որ այնպիսի մարդիկ յայտնուած են բարձր դիրք ունեցող եւ ղեկավար պաշտօններու, միւս կողմէ այնպիսի՜ քաղաքացիներ պաշտօններու անցած են տարբեր-տարբեր կառոյցներէ ներս, ապա պիտի զարմանան ու պիտի սկսին մտմտալ, բայց չէ՞ որ այս ինչը Այբենգիմը ամբողջութեամբ չի՛ գիտեր, այն միւսը՝ մէկէն հարիւր հաշուել չի՛ գիտեր, մէկ այլը՝ Հայր մեր աղօթքը ամբողջութեամբ առանց սխալներու չի՛ կրնար աղօթել, եւ այլն…:
Խաւ մը կայ, որ կը մտածէ, թէ երբ պաշտօն մը ստանձնէ կամ դիրքի մը հասնի, ապա պարտաւոր է ամէն կերպով հնազադելու վերին իշխանութիւններուն, կամ պաշտօնով իրենցմէ բարձր եղողներուն: Աշխատանքային կեանքին մէջ այս երեւոյթը շատ բնական է եւ ընդունուած ձեւն է այս մէկը բնականոն աշխատանքային առօրեայ մը կազմակերպելուն: Սակայն, երբ պաշտօնեան կամ պարտականութիւն կատարողը նկատէ, որ իրենց թելադրուածին մէջ սխալ բան մը կայ, որ կրնայ վնաս պատճառել տուեալ հաստատութեան, կառոյցին, կամ երկրին, նուազագոյնը տուեալ անձանւորութիւնը պէտք է իր կարծիքը արտայայտէ, փորձէ բացատրել իր տեսակէտը նոյնիսկ եթէ զգայ, որ այդ բանը ընելուն համար կրնայ իր աշխատանքէն զրկուիլ: Մարդ պէտք է տուեալ հաստատութեան, կառոյցին եւ երկրին շահը ամէն բանէ վեր դասել եւ յանուն անոնց շահին աշխատիլ: Այլապէս, ոչինչով կը տարբերի Պռօշեանի յիշած այն լուսահոգիէն, որու «համոզմամբ՝ հնազադութիւնը փոքրերուն բաժինն է, թէեւ ատիկա կոյր հնազանդութիւն ըլլար. մածունը սե՛ւ է՝ սե՛ւ է»:
Մածունը սեւ է ըսողներու խումբ մըն ալ կայ, որ կը կարծէ, թէ այդպիսով ինք հերոսութիւն մը ըրած է, որովհետեւ կ՚արժանանայ շուրջիններուն բուռն ծափահարութիւններուն: Այս մասին թերթիս յօդուածագիրներէն՝ Հրայր Տաղլեան, թերթիս 26 յուլիս 2021-ի թիւին մէջ լոյս տեսած «Ծափահարումները» յօդուածին մէջ, այսպէս կը գրէ. «Հայ ժողովուրդին կողմէ ծափահարուելու համար ո՛չ մեծ ճառերու, ո՛չ ալ մեծ նուաճումներու կարիքը ունիս. եթէ սիրուած ազգական կամ բարեկամ ունիս, եւ կամ գուցէ եթէ դուն ինքդ սիրուած ես, ե՛լ եւ յայտարարէ, թէ՝ «մածունը սեւ է», ու վստահ եղիր…, կ՚ունենաս այնպիսի ծափահարողներ՝ որ կարծես կատարած ես աշխարհի ամենամեծ ստեղծագործութիւններէն մին»:
Մածունը սեւ է ըսողներուն դրդապատճառներէն մէկն ալ այն է՝ դրամ շահիլը, շա՜տ դրամ շահիլը: Իսկ այդ դրամը շահելուն համար այդպիսիները ո՛չ նկատի կ՚ունենան հայր ու մայր, քոյր ու եղբայր, ազգական ու բարեկամ, այլ՝ Յուդային նման նոյնիսկ իրենց ամենէն հարազատաներն ու մտերիմներն ալ կը ծախեն, յանուն այդ չնչին ղրուշներուն: Այդպիսիները նաեւ սուտ վկայութեան կը դիմեն՝ պնդելով, թէ մածունը սեւ է, միայն թէ հաճեցնեն իրենց տէրերը, իսկ իրենք՝ լաւ դիրքի մը, կամ պաշտօնի մը հասնին: Աւելին, այդպիսիներուն համար ո՛չ հաւատքը արժէք կը ներկայացնէ, ո՛չ Հայրենիք գոյութիւն ունի իրենց համար, ո՛չ արժանապատուութիւն, ո՛չ սկզբունք եւ ո՛չ ալ արժէք ու գաղափար:
Անշուշտ որ բացառութիւններ կան, եւ բացառութիւնները միշտ յարգուած են: Աւելին, մատներու վրայ հաշուող այդ բացառութիւններուն շնորհիւ է, որ մեր կառոյցները այսպէս կամ այնպէս կը շարունակեն շնչել ու գոյատեւել, սպասելով այն ցանկալի լուսաբացին, երբ այդ հաստատութենէն կամ կառոյցէն ներս այնպիսի մէկը կը յայտնուի, որ կը կարենայ գլխիվայր շրջել ամէն ինչ, եւ գետի հոսքը իր բնականոն ընթացքին վերադարձնել:
Այս բացառութիւն կազմող յարգելի անձնաւորութիւններուն համար ինչքա՜ն կը վայելեն Անդրանիկ Ծառուկեանին սա խօսքերը. «Երբ մերինին պէս մեծ ու ծաւալուն կազմակերպութիւն մը մածունը սեւ կ՚ընդունի, իրապէս սեւ չէ՞ արդեօք, եւ խախտած բան մը չկա՞յ մէջս, որ միայն ես ճերմակ կը տեսնեմ»:
Բնականաբար, ո՛չ Ծառուկեանին մէջ խախտած բան մը եղած է, ո՛չ ալ Ծառուկեանին նման մտածողներուն մէջ որեւէ մէկ բան խախտուած է կամ փոխուած, ընդհակառակը, խախտած բանը մեր ներկայ ընկերութեան մտածելակերպն է, որ յանուն հեշտ կեանքի, սին ու փուճ շահերու, վայելքներու, քաղաքական ճղճիմ հաշիւներու, ամէն արժէք ու սկզբունք, դաւանանք ու հաւատամք, արժանապատութիւն եւ նամուս ծախու կը դրուին յանուն երեսուն արծաթի, շատ յաճախ ալ երեսուն արծաթի ալ չի՛ հասնիր վճարուած ղրուշները:
Ամփոփելու համար ըսենք նաեւ, թէ մածունը սեւ է ըսողներուն գլխաւոր դրդապատճառներէն մէկը նկարագիրի չգոյութիւնն է, կայացած չըլլալու հետեւանքն է: Տակաւին, մածունը սեւ է ըսողները յատկանշող գիծերէն մէկը՝ անոնց կեղծաւոր ըլլալն է: Մարդ ամէն տեսակի մարդոց հետ կրնայ համակերպիլ, ապրիլ, բացի՝ կեղծաւոր մարդէն, քանի որ այդպիսին ո՛չ գոյն ունի, ո՛չ պատիւ, ո՛չ արժանապատուութիւն, ո՛չ նկարագիր, ո՛չ անհատականութիւն, ո՛չ ճշմարտացիութիւն, ո՛չ սրբութիւն, ո՛չ բարոյականութիւն եւ ո՛չ ալ հաւատք, որով այդպիսիներուն համար մածունը սեւցնելը այդքան ալ դժուար գործ չէ:
Արդարեւ, մարդ պէտք է լաւապէս ինքզինք ճանչնայ, իր ինքնութիւնը, գիտակցի իր կոչումին, կառչած ըլլայ իր արմատներուն եւ հաւատարիմ մնայ իր պապենական աւանդութիւններուն եւ ժառանգութեան: Անդին, մարդուն «ժամանակը սահմանափակ է, մի՛ վատնէք զայն՝ ուրիշի մը կեանքը ապրելով: Պարտադրանքներու ցանցին մէջ մի՛ իյնաք, ուրիշներու միտքին արգասիքներով մի՛ ապրիք. թոյլ մի տաք, որ ուրիշներու կարծիքներուն աղմուկը լռեցնէ ձեր ներքին ձայնը: Եւ ամենէն կարեւորը, ձեր սիրտին ու ներքին ձայնին հետեւելու քաջութիւնը ունեցէք: Ատո՛նք են, որ գիտեն, թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ կ՚ուզէք ըլլալ: Մնացածը երկրորդական է» (Սթիւ Ճոպս): Ահաւասիկ, այսպէս վարուելով է, որ մարդ կը դադրի ըսելէ, թէ՝ «մածունը սեւ է», որովհետեւ ինքզինք ճանչցող մարդը, իր ներքին ձայնին հետեւելու քաջութիւն ունեցողն է միայն, որ ի զօրու կ՚ըլլայ դիմագրաւելու ամէն տեսակի փորձութիւն եւ աշխարհային ու նիւթական շահագրգռութիւն:
Ի վերջոյ՝
Նկարագիր չունեցող մարդէն՝ վախցիր:
Չկայացած մարդէն՝ սարսափիր:
Իր հոգին երկու կտոր հագուստի համար ծախողէն՝ զգուշացիր:
Իր հանգստութեան համար ճշմարտութիւնը ուրացողէն՝ գարշի՛ր,
Եւ երբեք մի՛ ըսեր, թէ՝ «մածունը սեւ է»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երեքշաբթի, 26 ապրիլ, 2022, Վաղարշապատ