«ՔՈՎԻՏ-19» ԵՒ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ
Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական ծանրագոյն ճգնաժամը ծնունդ տուաւ այնպիսի ժողովրդային պոռթկումներու, ցոյցերու, քաղաքացիական անհնազանդութեան եւ հանրային անկարգութեան, որոնք առաջնորդեցին նախկին կառավարութեան տապալման եւ նորի մը կազմութեան: Գործազրկութեան, մեծաթիւ սնանկացումի պարագաներու եւ տակաւին անորոշ ապագայի ճնշումներէ մղուած զարգացան կենցաղային, ընկերային ու հոգեբանական հարցեր, որոնք ամիսներէ ի վեր կը շարունակեն մագլցիլ անվերահսկելի կերպով: Մինչ նոր կառավարութիւնը, կազմուած 2020 յունուար 21-ին, իր առաջին ամիսը բոլորած կը փորձէր ընկալել անել կացութեան մը բարդութիւնը, եւ կը պատրաստէր տնտեսական բարեփոխումներու եւ բարեկարգութեան ծրագիրներ, որպէսզի ներկայացնէ զանոնք տեղական եւ համաշխարհային կողմերու եւ վերաշահի կորսուած վստահութիւն ու կայունութեան նշոյլ մը, յանկարծ ծագեցաւ նոր եւ ահաւոր պատուհաս մը:
Փետրուարի 21-ին Լիբանան արձանագրեց Քորոնայի (ՔՈՎԻՏ-19) վարակման առաջին պարագան։
Տարեսկիզբին՝ հաւանաբար Չինաստանի մէջ յայտնաբերուած պսակաձեւ ժահր մը, որ շուտով պիտի վերածուէր համավարակի եւ երկար ամիսներէ ի վեր գրաւէր հոսող մելաններու, ձայնագրուած լուրերու եւ սփռուած արագ լրահոսներու գերագոյն եւ անհամեմատելի տեղը: Պաշտօնական Լիբանանը շատ արագ անդրադարձ ունեցաւ եւ արդէն փետրուարի 27-ին յայտարարուեցաւ առկախումը դպրոցական եւ համալսարանական բոլոր հաստատութիւններու ծրագիրներուն, եւ գործի ասպարէզը հետզհետէ անցաւ առցանց ոլորտին: Իսկ մարտի կիսուն ամբողջ երկիրը ենթարկուեցաւ խիստ արգելափակման, ներառեալ օդակայանն ու ցամաքային սահմանները, միայն կարգ մը էական մարզերու բացառութեամբ: Նոյն ժամանակին՝ լիբանանահայութիւնը անցաւ շտապ օգնութեան եւ միջհամայնքային գործակցութեան իր աւանդական եղանակին: Այսպիսով, տնտեսական արդէն իսկ ինկած վիճակը մատնուեցաւ ամբողջական անդամալուծման:
Եթէ 2020-ի յունուարին Չինաստանն էր համավարակի կեդրոնը, շուտով փետրուարին ու մարտին՝ Իտալիան, եւ Սպանիան, ապրիլին՝ Անգլիան ու Միացեալ Նահանգները, մայիսին՝ Ռուսաստանը, իսկ յունիսին՝ Պրազիլն ու Հնդկաստանը եւ 200-է աւելի երկիրներ տարբեր չափերով ազդուեցան եւ աշխարհի մարդկութեան ամենէն հետեւած լուրը եղաւ Քորոնայով վարակուածներու ամենօրեայ հաշուարկը: Յուլիսի սկիզբին արդէն թիւը հասած էր 11 միլիոն վարակեալներու, եւ հինգ հարիւր հազար մահուան պարագաներու: Հայաստանի կացութիւնը եղաւ ծանր եւ մինչեւ յունիսի աւարտը վարակեալներու թիւը հասած էր 26 հազարի, եւ Լիբանանինը 1800-ի: Համավարակը կը շարունակէ իր ընթացքը եւ կ՚ակնկալուի որ շարունակէ ծանր կերպով ընդմիջել ընկերութիւններու կեանքը երկար ժամանակ:
Ցնցումը եղաւ մեծ եւ կը շարունակէ անորոշ ապագայի մը դէմ յանդիման դնել ամբողջ մարդկութիւնը:
Անթիւ եղան գոյութենական դասերը, որոնք մարդիկ քաղեցին ու կը շարունակեն քաղել: Միւս կողմէն անհասկնալի եւ առատ եղան թիւրիմացութիւններն ու շփոթները, որոնք կը վերաբերին այս համավարակին, անոր տեղի տուող պատճառներուն, եւ զայն դիմակալելու կերպերուն նկատմամբ: Ժահրին նկատմամբ զարգացան կասկածի ալիքներ, դաւադրութեան ու խաբկանքի վարկածներ, մութ ուժերու չարամտութեան, քաղաքական ու տնտեսական կողմերու չարաշահումի ենթադրութիւններ, եւ մասամբ նորին: Մարդկութիւնը զգաց, թէ կորսնցուցած կրնայ ըլլալ իր հաւասարակշռութիւնը, եւ մտաւ նոր ինքնըմբռնումի մը փնտռտուքին:
Միւս կողմէն գիտութիւնն ու առողջապահական հասկացութիւնները շատերու մօտ շահեցան նոր գետին եւ ոմանց մօտ կորսնցուցին հին համակրանք:
Վերլուծութեան եւ գիտական հետազօտութիւններու ճանապարհը բացուեցաւ ամէնուն առջեւ եւ արդէն իսկ սկսած են հրատարակուիլ ուսումնասիրութիւններ համավարակի ստեղծած ընկերային, տնտեսական, ընկերաբանական, մարդաբանական, հոգեբանական, բժշկական, պետական եւ համաշխարհային կառոյցներու եւ նոր կացութիւններու նկատմամբ:
Աւելի մօտիկ ակնարկով՝ այսօր կը գտնուին ՔՈՎԻՏ 19-ի եւ Լիբանանեան ներկայ վիճակի վերաբերեալ խորհրդածութեան զանազան նիւթեր:
ԷԱՊԷՍ ՄԻԱՍԻՆ, ԿՏՐՈՒԿ ԿԵՐՊՈՎ ՄԵԿՈՒՍԱՑԱԾ
Քորոնայով, մարդիկ գիտակցեցան, թէ այս անգամ սպառնալիքը բոլորինն է եւ չկան աւանդական ըմբռնումերով գերադասելիներ եւ ստորադասեալներ: Գոնէ այս անգամ Միջին Արեւելքը չէր, աղքատը չէր, անուսը չէր, կամ փոքրամասնութիւնը չէր դժբախտութեան, ձախողութեան, աղէտի կամ վախի մատնուածը:
Անորոշ ապագայի առջեւ կանգնած էին էապէս բոլորը: Իրականութեան մէջ որոշ տարածաշրջաններու մէջ՝ աշխարհի առաջատար սեպուած բժշկական, տնտեսական թէ առողջապահական համակարգերը կը մատնուէին աւելի մեծ խուճապի եւ վհատութեան, քան իրենցմէ շատ աւելի նուազ սեպուածները: Ամէն իմաստով բաժնուած կամ զատորոշուած մարդիկ կամ խումբեր զգացին, թէ գէթ անգամի մը համար միասին, նոյնանման վիճակի մէջ են բոլորին հետ: Միաւորուեցան կարգ մը ընտանիքներ եւ գտան անցեալին կորսուած առիթներու փոխարէն նոր պահեր ու ապրումներ: Ստեղծուեցան հեռաւորներու հետ կապեր վերահաստատելու առիթներ, հոգածութիւն յայտնելու նոր կերպեր եւ յիշողութիւններ վերաթարմացնելու երջանիկ պահեր: Միաժամանակ, մարդիկ պատեհ սեպեցին այլոց հանդէպ կարգ մը պարտականութիւններ չկատարելն ու պատրուակներ գործածելը, եւ այս անգամ մարդկայինը չկատարելով արդարացուած զգացին, եւ մնացին իրենց իսկ ընտրութեամբ հեռու:
Դռներու եւ սահմաններու փակումը եւ ընդհանուր արգելափակման պարտադրանքը մեկուսացուցին կարգ մը զանգուածներ: Հարազատներ զրկուեցան զիրար այցելելու պարգեւէն, տարիքով առաջացածներ փոքրերը վայելելու հրճուանքէն, լուրջ հիւանդութիւններէ տառապողներ իրենց պատերէն անդին գտնուող կեանքի բաբախումէն: Անորոշ ապագայով ու ժամանակով հեռու մնացին մարդիկ իրարմէ նոյնիսկ մէկ շէնքի մէջ, թերեւս նոյն յարկին վրայ: Ուսանողներ, գործակիցներ, աշխատակիցներ որոնք կեանքի ասպարէզի մէջ գտած էին ճանապարհի ընկերներ, մնացին հեռու իրենց նախապէս ընտրած շրջանակէն: Հաւատացեալներ մնացին հեռու եկեղեցիէն, միութենականներ իրենց կեդրոններէն, փոքրեր իրենց խաղավայրներէն, եւ երիտասարդներ իրենց մարզական ակումբներէն:
Թերեւս հիւսուեցան նոր սէրեր, եւ քակուեցան հին սէրեր ու պատկանելութիւններ, ընտանիքի անդամներ գտան հարազատներու մասին նորութիւններ, անակնկալներ, հմտութիւններ, եւ բարդոյթներ կամ նախապէս քօղարկուած արատներ:
Մարդիկ միացան, եւ այդպիսով հանգչեցան կամ անհանգստացան: Միաժամանակ մարդիկ մեկուսացան, եւ սիրեցին առանձնութիւնը կամ թունաւորուեցաւ անոնց միայնակ հոգին:
ԿԵԱՆՔԻ ԽՈՐՔԸ, ԿԱՄ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԵՐԵՍԸ
Համավարակը մղեց կամ նոյնիսկ ստիպեց, որ մարդիկ գոնէ պահ մը նկատի առնեն կեանքի աւելի խոր նիւթերը: Կեանքի իմաստը ներկայացուց իր դէմքը անսահման վախի հայելիէն: Մարդոց կենցաղի դատարկ փայլքը ցոյց տուաւ իր խաբկանքը, իսկութեան մէջ՝ մարդու մեղքին իսկական պատկերը: Լիբանանի մէջ՝ արդէն իսկ սուր տնտեսական անկումը ու Լիբանանեան թղթոսկիին արժեզրկումը լիբանանցիին քսակին դրած էին պինդ կղպանք: Ժահրի աւելումով ստիպուած եղան մարդիկ հարց տալ թէ ի՞նչն է կենսականը պարզով եւ պարզապէս ապրելու համար, ո՞վ է յարմարը կեանքի հարազատ ընկերակցութեան համար, ո՞վ է կարօտի արժանին, եւ ո՞րն է նուաստացնող կամ ընկճող ներկայութիւնը:
Եղան պահեր, երբ մարդիկ սեպեցին, թէ Քորոնայով վարակուիլը մեծագոյն պատուհասը չէ երբեք: Իսկ եթէ մահը պիտի հասնի շատ շատերուն, ուրեմն բուն նիւթը վարակի վախը պիտի չըլլայ, այլ անորոշութեան ու վախի համատարած վարակը: Մարմինը կրնայ վարակուիլ, բայց եթէ հոգին կորսնցնէ իր խորքը, յոյսը, սէրը, եւ հաւատքը, հոն է իսկական կորուստը: Այսպիսի մտորումներ ապրուեցան ու արտայայտութիւն գտան:
Միաժամանակ, մինչ կարգ մը երեւելի պետութիւններ ու համակարգեր կորսնցուցին իրենց երեսը, ապահովութեան համար դիմակ կրողներ կորսնցուցին իրենց դէմքի յստակութիւնն ու ճանաչողականութիւնը:
Իրենց առողջապահական առաջնակարգ համակարգով հարուստ պետութիւններ ցնցուեցան եւ կորսնցուցին իրենք իրենց մասին ունեցած վստահութիւնը եւ այլոց առջեւ իրենց գրաւչութիւնը: Աշխարհին իրենց ներկայացուցած երեսը անցեալին՝ մնաց վարակի անգութ պատերու ետին: Իսկ անհատ դիմակաւորներ, որքան ալ պաշտպանած եղան իրենց շունչը, դարձան մասամբ անճանաչելի: Այն ապահովական սարքերը կամ ելեկտրոնային գործիքները որոնք որոշած էին, թէ մարդ իր դէմքով միայն կը վաւերացուէր, դարձան խոցելի: Այս համավարակը ծածկեց գոնէ երկու զգայարաններ, երբեմն երեք, իսկ եթէ յաջորդ համավարակը ծածկէր նաեւ երկու այլ զգայարան, ի՞նչ պիտի մնար մարդու մարդավարի վիճակէն: Վստահաբար կայ զգայարաններէն անդին հոգեկան իսկական կեանք եւ խորք, բայց մարդ կրնայ նոյնիսկ ինքզինք չճանչնալ, իր զգայարաններու խիստ սահմանափակումներովը:
Մնաց լուրջ հարցերու շարանը. Ո՞ւր է պետութեան մը դիմագիծի իսկական զօրութիւնն ու առաջդիմութիւնը: Ո՞րն է կայուն առողջապահական ծրագիրը: Ո՞ւր է մարդու դէմքին իսկական ինքնութիւնը կամ խորքը: Ի՞նչ խորքի եւ ի՞նչ աստիճանի է գիտութեան հաւաստիութիւնը. ո՞ր գիտական հեղինակութեան եւ որքան ժամանակի համար:
Դէմքեր կրնան ծածկուած մնալ ժամանակներու բերումով, սակայն դէմքերու ետին յայտնուեցան իսկական շնորհալի, բայց նաեւ վանող գիծեր: Ան որ խորք ունի զգալու եւ մտածելու՝ անդրադարձաւ, որ եթէ կայ դէմքի գեղեցկութիւն եւ պատկերի հարստութիւն, այն միայն հոգիի աշխարհէն պիտի բխի:
ՏԱՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵՆԷՆ ԴԷՊԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԱՇԽԱՐՀ
Համավարակի օրերը երեկտրոնականացուցին կեանքի զանազան ոլորտները: Այլ կերպ չկար: Մինչ տունը սեպուեցաւ ապահով, եւ ֆիզիքական հեռաւորութիւնը փրկարար, տակաւին կարիքը կար հաղորդակցելու եւ գործելու առցանց կերպով: Տունն ու համացանցը կնքեցին դաշինք ապահովութեան ու գործի ասպարէզի միջեւ, մարդոց շատ բարձր տոկոսի մը համար:
Տանը ապահովութեան կողքին կային տուներու յատուկ պայմանները: Տունը պատրաստուած չէր Քորոնայի օրերու չափանիշներով: Կարիքը կար յաւելեալ սարքերու կահաւորումին: Միւս կողմէ կար մարդուն մտքի կեդրոնացումի խնդիրը, ջանասիրութեան տրամադրութեան ազդակը, առանձնութեան թէ խճողուածութեան նկատմամբ ամէն անհատի ընդունակութիւնը: Ընդհանրական վախի ենթահողով մարդոց տուներուն մէջ կար կերպ մը հանգիստ, բայց զարգացան նաեւ նոր մարտահրաւէրներ: Ծանօթ դարձան հոգեկան ճնշուածութեան նոր երեւոյթներ եւ ան-ւանումներ - Work From Home (WFH) Stress, նաեւ Internet Addiction, եւ յատկապէս Online Chatting Exhaustion: Ճիշդ է որ իմաստութիւնը կը պահանջէր տուն մնալը, բայց կային տնտեսական, ընկերային եւ հոգեկան ծանրագին ճնշումեր:
Այս նոր կացութիւնը ստեղծեց նաեւ շատ բարի զարգացումներ: Մարդիկ գտան իրենց տանը մէջ ստեղծագործ դառնալու գեղեցիկ առիթներ, գտան հանդարտութեան եւ նորոգութեան առիթներ: Շատեր պրպտեցին իրենց տանը ընտանեկան տեղեկութեանց, նամակագրութեանց կամ պատկերներու գանձերը եւ վերադասաւորեցին զանոնք: Եղան մարդիկ՝ որոնք օրէ օր թուեցին աշխարհի պատուհասները, իսկ ուրիշներ՝ որոնք հանդարտութեամբ արժեւորեցին իրենց օրերը դրական ջանքով: Ոմանք ալ այս ճգնաժամին մէջ, գտան առիթներ ծառայութեան, հոգեւոր, կրթական թէ այլ ոլորտներ, որոնք օգնեցին որ մարդիկ ամրապնդեն իրարու հոգեկան կայունութիւնը:
ՄԱՐԴԸ ՀԱԿԱՆԵԽՈՒՄԻ ՋԱՆՔՈՎ
2020-ի բառամթերքին ամենէն տարածուածներէն եղան հականեխումն ու ախտահանումը: Քորոնա ժահրի խորհրդաւորութիւնը եւ պաշտպանութեան ջանքերը մղեցին ընտանիքներ, քաղաքապետարաններ ու հաստատութիւններ որ հոգեբանական հանգստութիւն, նոյնիսկ բարձր վարկ փնտռեն հականեխման յարմար թէ անյարմար կերպերուն մէջ: Դժուար էր անգամ մը եւս անզօր զգալ աներեւոյթին առջեւ: Եւ երբ մարդ հոգեպէս անհանգիստ է, կը լուայ իր ձեռքերն ու երեսը: Երբ մարդ անզօր է, կը դիմէ նաեւ մրցակցութեան ու առաւելութեան մրցանիշի: Մարդ արարածը գիտակցեցաւ այս անգամ, որ կայ ամենալուրջ խնդիր: Սկիզբը միայն այնքան: Բայց թէ ի՞նչ է ճիշդ այս ժահրի հարցը՝ մնաց անյստակ եւ կը շարունակուին նորանոր ըմբռնումներ եւ բացայայտումներ այդ մասին: Տարօրինակ կերպով կրկնուեցաւ այն խօսքը, թէ Քորոնան անյայտ թշնամի է, կարծելով թէ այլ ժահրեր յայտնի ու տեսանելի պիտի ըլլային: Թէ ո՞րն է վարակի բուն հարցը, ոմանց համար ամէն մակերես կասկածելի դարձուց, եւ ամէն հազ ու ախտանիշ վրդովիչ: Այլոց համար, հականեխումը դարձաւ ընկերային ժամանց, եւ Քորոնան անլուրջ թշնամի: Մինչ ոմանց մօտ ստեղծուեցաւ անսահման սարսափ, շատեր ցուցաբերեցին տգէտ ու անլուրջ վերաբերում: Վարակը շարունակեց ընթացքը՝ երբեմն նոյնիսկ հասնելով նշանաւոր կասկածամիտներու:
Մարմնական ու բնական ախտերու եւ հականեխումներու նիւթը վերյիշեցուց մարդուն, թէ կայ նաեւ քաղելիք հոգեւոր դաս: Մնաց որ մարդիկ խորհրդածեն, թէ միտքն ու հոգին աւելի աղաւաղուած կրնան ըլլալ քան ամէն մակերես: Մնաց որ մարդիկ գիտակցին, որ ժահրի նման մեղքն ալ իր չար գործերովը, իր ախտանշանները կրնայ ուշացնել եւ մարդն ու իր շրջապատը կրնայ խաբել: Ճիշդ է, որ հոգեւոր ախտը հիմն է մահուան, սակայն այդ պիտի չնշանակէ, որ արտաքին ախտը կարօտ չէ հականեխման:
ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑ
Քորոնայի ստեղծած նոր դրութիւնը վերստեղծեց հաւատքի ու գիտութեան միջեւ ոչ շատ խորիմաստ բայց հասկնալի պայքար մը: Լսուեցան հաւատացեալներու ձայներ, որոնք ըսին, թէ Սուրբ Հոգին է բաւարարող դիմակը, թէ հաւատացեալներու բազմութեան կամ հաւաքին մէջ կայ Քրիստոսի ապահովող ներկայութիւնը, թէ Աստուծոյ հովանին բաւարար է ամէն համավարակէ պահպանուելու համար, կամ թէ Աստուծոյ Խօսքը ինք է յաւիտենական հականեխիչը: Լսուեցան նաեւ վերջաբանական մեկնաբանութիւններ ըսելով, թէ աշխարհին վերջը մօտ է եւ ներկայի նշանները մօտալուտ վախճանի սկիզբն են, կամ թէ պատահածը երկնային պատիժ է երկրային անպատկառ ու զեխ ընթացքին: Այսպիսի մտածելակերպի հետեւողները մոռցան, որ կան պարագաներ ուր մարդկութիւնը, հաւատացեալ թէ ոչ, կ՚ենթարկուի նոյն վիճակներու, ինչպէս՝ պատերազմ, հիւանդութիւն, չքաւորութիւն, անարդարութիւն, ուր դրութիւնը նոյնն է բոլորին համար: Նոյնն է պարագան բարի ընթացքներու ատեն, եւ արեւը կը ծագի թէ՛ բարիներու եւ թէ՛ չարերուն վրայ: Իսկ տարբերութիւնները կու գան ետքը, մարդոց հաւատքով կամ առանց հաւատքի հակազդեցութիւններու մէջ, Աստուծոյ միջամտութեան ըմբռնումին եւ իրականութեան մէջ, եկեղեցւոյ բարերար ներկայութեան մէջ, Սուրբ Հոգիին մխիթարիչ բալասանին մէջ, եւ այլն:
Միւս կողմէն գտնուեցան գիտութեան պաշտպանները, որոնք ոչ միայն ստեղծեցին տպաւորութիւն, թէ գիտութիւնը կրօնէն աւելի բարձր հեղինակութիւն ունի, հապա հեգնական կերպով շեշտեցին նաեւ այն օրինակները, Իտալիոյ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր եկեղեցական հաւաքներու ընթացքին է որ վարակումի պարագաները բազմապատկուեցան: Անոնք չանդրադարձան, թէ գիտական եւ առողջապահական հեղինակութիւնները կը զարգացնեն ու կը փոխեն իրենց դիրքն ու ցուցմունքները ամէն նոր տուեալէ ետք եւ թէ ցուցմունքները կրնան ըլլալ իմաստուն, բայց կը մնան ոչ բացարձակ: Գիտութիւնը տուեալ է, աւելի վստահելի քան շատ այլ մարզեր, բայց իր սահմաններուն մէջ՝ կը ծառայէ հիմնաւորելու, եւ՝ աւելի լաւ կեանքի ընդհանուր նպատակով: Օրինակ, գիտութիւնը չի կատարեր մխիթարիչի, ներշնչողի, ընկերակցողի բարերար դեր, այն ինչ որ հաւատքը կը կատարէ:
ԱՌՑԱՆՑ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԷՆ ԱՆՑԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ՞
Քրիստոնէական եկեղեցին կը նկարագրուի որպէս Քրիստոսի մարմինը՝ բաղկացած հաւատացեալ անդամներէ: Անոնք ի մի կու գան կազմելու համար աշխարհի տարածքին տեղական եկեղեցիներ, եւ յայտնի են առաջին օրերէն ի վեր նամանաւանդ իրենց տեղական ու ֆիզիքական հաւաքներով, բայց նաեւ իրենց ընդհանրական պատկանելութեամբ ու աղօթքի հոգեւոր կապուածութեամբ: Իսկ Քորոնայի օրերուն երբ հասան արգելափակման հրահանգները, եւ եկեղեցիներ բնականաբար հետեւեցան պաշտօնական եւ առողջապահական ցուցմունքներուն, եւ ջնջուեցան արարողութիւններ, ծէսեր ու պաշտամունքներ, ուր հաւատացեալներ ֆիզիքապէս պիտի հաւաքուէին, ծագեցան թէ՛ օրհնութիւններ եւ թէ բարդութիւններ: Հոս ալ, առցանց միջոցներու դիմելը եղաւ հնարաւոր:
Օրհնութիւն եղաւ այն, թէ հաւատացեալ անհատներ եւ եկեղեցիներ սփռեցին Աստուծոյ խօսքը եւ անոր բացատրութիւնը ազդու կերպով, այս անգամ հասնելով իրենց աշխարհագրական սահմաններէն շատ անդին: Օրհնութիւն եղաւ նաեւ այն, թէ արարողութիւններու հետեւելու հնարաւորութիւնը տրուեցաւ բոլորին, նոյնիսկ անոնց որոնք եկեղեցի յաճախելու կարելիութիւնը չէին ունենար բնական օրերուն: Ձեւով մը ամէն հաւատացեալ դարձաւ ամէն քարոզիչի հօտի անդամ, միաժամանակ թերեւս ոչ մէկ եկեղեցիի համարատու:
Նախկին ժամանակներէն աւելի, եւ հետեւողութեամբը սպառողական ընկերութեան մտայնութեան, զարգացաւ ընդհանրական հաւատացեալի, ընտրողական կամ էգլէգթիկ հաւատացեալի աստուածաշնչական ուսուցումներու սպառնացող ըմբռնումը: Վստահաբար, այս զարգացումները պիտի ունենան երկարատեւ հետեւանքներ եկեղեցական անդամակցութեան, հաղորդակցութեան, ըստ Գործք Առաքելոցի «մէկ սիրտ, մէկ հոգի» ըլլալու, «ամէն բան հասարակաց» սեպելու քրիստոնէական ըմբռնումներուն: Հաւանական է նաեւ, որ բարի ջանքով եւ առաջնորդութեամբ, եկեղեցիով մէկ հաւաքուելու կարօտը նաեւ եկեղեցին առաջնորդէ մէկ մարմին ըլլալու իրականութեան եւ հոգեւոր աճման ու վերանորոգութեան:
Բացասական երեւոյթներէն ուրիշ մը կրնայ ըլլալ այն, թէ առցանց եկեղեցին կորսնցնէ լրջութեան, կեդրոնացումի, ակնածանքի եւ պատկառելիութեան շնորհները, որոնք կը վայելէ ան, գոնէ ձեւականօրէն, ֆիզիքապէս ժողվուող եկեղեցիին մէջ:
Առցանց պաշտամունքներու օրերուն կրնայ կարծուած ըլլալ, թէ եկեղեցին միայն այդ է: Կրնայ մոռցուած ըլլալ, թէ եկեղեցին կարելի սահմաններու հոգեւորութիւնը չէ, հապա անսահման հոգեւորութեան անկարելի կոչումը, որ միայն ու միայն Քրիստոսի գլխաւորութեան ու տիրութեան մտքով կրնայ իրականանալ:
Այս ընթացքին, լուրջ մտահոգութիւն դարձաւ, թէ եկեղեցական խորհուրդները կարելի պիտի ըլլա՞յ առցանց, լսատեսողական միջոցներով մատակարարելը, թէ ոչ: Եթէ կարգ մը եկեղեցիներ, ինչպէս Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը, վերջին ամիսներու ընթացքին նախընտրեց պահել խորհուրդները հաւատացեալներու «յիշողութեանը» մէջ միայն, աշխարհատարած եկեղեցիներէն ոմանք «մատակարարեցին» սուրբ հաղորդութիւնը ձայնով ու պատկերով, վստահելով դիտորդներու հաւատքին եւ լրջութեան: Հոս ծագեցան զանազան խնդիրներ նոյնիսկ ոչ-ծիսական Աւետարանական եկեղեցիներու համար: Օրինակ, եթէ Քրիստոսի Մարմնի էութեան բացատրութիւնը միշտ պէտք է տանք, հապա ի՞նչ է իմաստը, կամ կարեւորութիւնը հաւատացեալի մարմնին: Եթէ Քորոնայի արգելափակումը բաւարար եւ արդարացուցիչ գործօն է, հապա այլ ընկերային, ֆիզիքական կամ ժամանակացոյցերու խճողուածութեան պատճառները՞, որոնք կրնան նման պահանջ ներկայացնել: Միւս կողմէն կայ Սուրբ Հոգիի ներգործութեան հարցը: Վստահաբար Հոգին կրնայ գործել ինչպէս եւ ուր որ կը կամի, եւ խորհուրդները պատանդը չեն վայրի մը, ուրեմն ի՞նչ այլ եզրակացութիւն պիտի տանք եկեղեցական բոլոր տեսակի գործունէութեանց: Ո՞վ պիտի կարենայ ըսել, թէ ո՞ւր է սահմանը առցանց ծառայութեանց:
Իսկ եթէ ֆիզիքապէս կողք կողքի հաւաքուելու կարիքը չկայ անպայման, ուրեմն քրիստոնէական եկեղեցին մարդուն զգայարաններէն միայն մի քանի՞ հատին կը վերաբերի, թէ՝ բոլորին: Մարդու հոգեւոր զգացողութիւնը քանի՞ զգայարաններ կրնայ բաւարարել:
Հարցեր կը ծագին նաեւ ընկերային հոգեբանութեան գծով: Եկեղեցին հնարաւոր կերպով, օրուան յարմարութիւններուն համապատասխան Աստուծոյ խօսքը ընդունելու միջո՞ց է, թէ անպայման եկեղեցի ըլլալու համար պէտք է մարդ իր տեղէն դուրս գայ, եւ առաքուի: Իսկ եթէ այս բոլորը միայն հոգեբանական կերպով պիտի հասկցուին, ուրեմն ի՞նչու կեանքի այլ գործունէութիւններ կամ հաղորդութիւն, հաղորդակցութիւն, եւ միաւորում չհասկցուին կամ չկատարուին առցանց:
Վերջապէս, այլ եկեղեցաբանական հարցերու կողքին, կայ ներկայ օրերու արագասլաց ընթացքը դէպի հեռակայ հաղորդակցութիւն, նաեւ եկեղեցական զանազան ծառայութիւններու: Մինչ կը պարծենանք մեր հմտութիւններով առցանց ոլորտին մէջ, կայ այն վտանգը, որ եկեղեցին առցանց պաշտամունքներու եւ ծրագիրներու անզգոյշ ընթացքին մէջ, ինք դառնայ անցանց, այսինքն մարդիկ մնան հեռու ֆիզիքական մարմնի հոգեւոր ճանաչումէն ու կարեւորութենէն: Այսինքն, կայ այն վտանգը, որ մարդիկ մոռնան, որ Քրիստոս իր ֆիզիքական կեանքովը, չարչարանքովը, խաչի ու արեան գնով, եւ մանաւանդ մարմնով՝ յարութեամբը արժեւորեց մարմինը այս աշխարհին մէջ եւ տուաւ անոր արժանապատուութիւն եւ խոր իմաստ՝ որպէս սուրբ հոգիի պարունակ: Իսկ եթէ մարմին ըլլալու ամբողջութիւնը սահմանուի առցանց իրականութեամբ, ուրեմն եկեղեցին կը դառնայ անցանց, հաւատացեալներու շունչն ու քրտինքը, բազուկներն ու քայլերը սահմանափակուած, եւ մարդ-մարդ, մարդ-բնութիւն, մարդ-Ստեղծիչ առանցքները՝ խոցուած: Եւ եկեղեցին կը դառնայ բեւեռացած օտարահաւատներու ընկերակցութիւն:
ԿՈՐՈՒՍՏ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹԱԿՆԵՐՈՒ
Օրէ օր կը նուազին վստահութեան հարթակներու առիթները, մեր աշխարհին: Այս մէկը յատկապէս վերայայտնուեցաւ համավարակի այս դարուն: Որքան ալ մեր օրերու մարդիկ կը խօսին թափանցիկութեան մասին եւ արձանագրեն չափանիշներ, լուրջ մանրամասնութիւններ հրապարակուին ամէն տեսակի ընթացակարգերու մասին, եւ տան անթիւ տեղեկութիւններ, տակաւին այս օրերուն վստահութեան քուէները չեն շահիր մարդոց մօտ: Մարդը այսօր, տեղեկատուութեան դարուն մէջ, հաւանաբար նուազ վստահութիւն ունի այլոց եւ տեղեկութիւններու վրայ քան երբեք: Երեւի մարդու ապագան բնորոշուած պիտի ըլլայ այդ վստահութեան երկարաժամ քուէի բացակայութեան համավարակով: Իսկ վստահութիւն ներշնչելու միջոցը տեղեկագրութիւնները չեն, հապա մաքուր սիրտը, մաքուր աշխատանքն ու վկայութիւնը:
Աշխարհ այսօր վարակուած է. թէ ի՞նչով, մարդիկ վստահ չեն: Չկան բաւարար դիմակներ, ձեռնոցներ կամ հականեխիչներ, որոնք փրկութիւն պիտի տան։ Այս երեւոյթին քրիստոնէական անունը մեղքն է: Մեղքը ունի խորքային պղծում, Աստուծմէ հեռաւորութիւն, անցանց մեկուսացում, շնորհքէ զրկում: Դրսեւորումները կրնան ըլլալ բարոյական, քաղաքական, հոգեկան, առողջապահական, կառուցուածքային կամ այլ: Աշխարհը պիտի փնտռէ մաքուրը, զուտը, մնայունը։ Պիտի հասնի բոլորին իսկական Փրկիչը։
ՎԵՐՋԱՊԷՍ
Ըլլայ այդ Քորոնա ժահրի պարագաներուն, Լիբանանի ճգնաժամին, ըլլայ այդ աշխարհի պատուհասներուն, ըլլայ այդ եկեղեցիներու կամ հաւատացեալներու սայթաքումներուն, աշխարհի անկարգութեան, անարդարութեան, կամ բարոյական ու տնտեսական անկումի վիճակներուն, կը մնայ Յիսուսի ցնցիչ խօսքը. «Նեղ դռնէն ներս մտէք. Վասնզի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ այն ճամբան, որ դէպի յաւիտենական կորուստ կը տանի, եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտեն: Վասնզի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մատթէոս 7. 13-14)։
Լայն ճամբայ եւ համավարակ: Նեղ ճամբայ եւ վստահութեան վերականգնում:
ՎԵՐ. ՏՔԹ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՕՍԹԵԱՆ