ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐԷՆ ԵՐԿՈՒ ՀԵՔԻԱԹ
ԲԱՐԵԿԱՄՍ ԱՐԵՒԸ
Մանուկը չկրցաւ յաջողիլ արեւի լոյսին, բաց աչքերով, նայիլ, ծռեց գլուխը յոռետեսօրէն եւ մօրը ըսաւ.
-Արեւը կ՚ատէ զիս:
Մայրը ըսաւ.
-Արեւը բոլոր մարդիկը կը սիրէ:
Մանուկը շեշտելով ըսաւ.
-Արեւը զիս չի՛ սիրեր:
Անցաւ ցերեկը դանդաղ քայլերով տժգոյն արեւին հետ, գիշերը առատ անձրեւ տեղաց, ապա հասաւ սպիտակ ու խոնաւ առաւօտը:
Մանուկը ուրախ ճիչ մը արձակեց, երբ տան բակին մէջ գտաւ փոքր թռչուն մը, որ պաղէն կը դողար, անձրեւը թրջած է զայն: Մանուկը աճապարանքով կերակրեց թռչնիկը հացի փշրանքներով, սակայն թռչնիկը մնաց տկար, կը դողար ցուրտէն եւ վախէն:
Մանուկը նկատեց, որ թռչնիկը կրնայ շուտով մեռնիլ, իրար անցաւ, սոսկաց, բայց երբ մոխրագոյն ամպերը փարատեցան երկինքէն եւ արեւը վերստին երեւեցաւ, թռչնիկը իսկոյն սկսաւ հրճուանքով ցատկռտել: Ակնթարթներ իսկ չանցած թռաւ թռչնիկը թեւերը թափահարելով:
Մանուկը նայեցաւ արեւին երկիւղով, երախտագիտութեամբ եւ շնորհակալ աչքերով, ապա ժպտաց անոր ոսկեգոյն դէմքին այնպիսի ժպիտով մը, որ կարծես մէկն էր ան, որ գտած է յաւիտենական սէրը:
ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԱԾ ԵՂՆԻԿԸ
Ժխորով լի ճամբայէ մը անցաւ մանուկը, անոր մատները փոքր էին, կը սոսկային եւ դողալով կառչած էին մօր ձեռքին: Քիչ անց ան կեցաւ ու պոռաց.
-Ի՞նչ է ա՛յս:
Ձեռքերուն մատներով ցոյց տուաւ հաւեր եւ թռչուններ ծախող խանութի մը դուռը, ուր կեցած էր եղնիկ մը, որուն կոկորդին փաթթուած էր կաշուէ կապոց մը, որ կ՚արգիլէր զայն փախուստէ եւ արձակումէ:
Մայրը ըսաւ.
-Ասիկա եղնիկ կը կոչուի:
-Ուրկէ՞ եկաւ:
-Անապատէն:
-Անապատը ի՞նչ է:
-Անապատը շատ ընդարձակ տեղ մըն է, գետինը աւազով ծածկուած:
-Աւազը ի՞նչ է:
-Աւազները շատ փոքր հատիկներ են, մանր, դեղին:
-Եղնիկը ինչո՞ւ հոս եկաւ:
-Որսորդները բերին զայն ծախելու:
-Ի՞նչ պիտի ընէ զայն գնողը:
-Պիտի մորթէ, քանի միսը համով է:
Մանուկը երկարօրէն նայեցաւ եղնիկին, որ սոսկահար կեցած էր ոսկի գոյնով, սիրուն՝ լալ փափաքով աչքերով:
Մանուկը դողաց եւ երեւակայեց որ ինք, օր մը, եղնիկ մըն էր, կը վազէր ընդարձակ անապատի մը մէջ, եւ սկսաւ լալ:
Անապատը, այդ պահուն, մանուկին երեւակայութեան մէջ, շատ ընդարձակ արտ մըն էր, ծածկուած դեղին աւազով, ուր միայն եղնիկներ եւ որսորդներ կ՚ապրէին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան