ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ…
Վերջերս Երեւանի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ Պսակի արարողութեան մը մասնակցեցայ:
«Սովորութեան» համաձայն՝ մինչեւ փեսային ու հարսին եկեղեցի գալը, եկեղեցին վերածուած էր ժամադրավայրի մը, ուր երկար ժամանակ զիրար չտեսնող մարդիկ, այդ ուրախ առիթով մէկ մէկու քով հաւաքուած էին եւ ի՜նչ բաներու մասին ըսես՝ կը խօսէին: Պահ մը շուարեցայ, կարծելով թէ պսակի վայրը փոխուած է, որովհետեւ սպասման այդ միջոցին եկեղեցին ամէն բանի կը նմանէր բացի եկեղեցիէ, եւ եթէ ներկաները մէկ-մէկ իրենց գլուխները դէպի խորան չդարձնէին, իրենց միտքով իսկ չէր անցներ, թէ ո՛ւր կը գտնուէին…, չնայած մեծամասնութիւնը նայելով անգամ չէր ալ հասկնար, թէ ո՛ւր եկած է:
Ինչպէս միշտ ազդարարուած ժամանակէն շուրջ 15-20 վայրկեան ետք փեսան ու հարսը մտան եկեղեցի: Պսակի արարողութիւնը սկսաւ: Ներկաներէն շատեր սակայն, տակաւին կը շարունակէին իրենց շաղակրատութիւնը եւ կարօտնին կ՚առնէին իրարմէ, ի վերջոյ չէ՞ որ երկար ժամանակէ ի վեր զիրար չէին տեսած:
Արարողութեան յառաջանալուն եւ պսակող հոգեւորականին ձայնը կամաց-կամաց բարձրանալուն՝ այդ շաղփաղփոտներն ալ իրենց ձայները կամաց-կամաց սկսան խզել…
Բնականաբար նման իրավիճակի մը մէջ անկարելի պիտի ըլլար մասնակից դառնալ հոգեւորականին կատարած արարողութեան: Հոգեւորականին կ՚ըսեմ, որովհետեւ հակառակ անոր որ բազմաթիւ մարդիկ ներկայ էին եկեղեցիէն ներս, բայց անոնք արարողութեան մասնակցելու համար չէին եկած, չեմ ալ գիտեր ինչո՞ւ կամ ի՞նչ բանի համար եկած էին…
Այսքանը չէր միայն, սակայն: Նշեալ արարողութեան մասնակցող իգական սեռի ներկայացուցիչներէն միայն հայուհի մըն էր, որ իր գլուխին քօղ ունէր… Երեւոյթ մը, որ դարձեալ մտածել տուաւ, թէ արդեօք սխալ հասցէ՞ եկած եմ, եւ ինչ որ կը կատարուէր թատրերգութիւն մըն էր, եւ ո՛չ պսակի արարողութիւն:
Ընթերցողը կրնայ հարցնել.
-Բարեկա՛մ, դուն պսակի արարողութեան մասնակից ըլլալո՞ւ գացած էիր, թէ՞ աջ ու ձախը դիտելու, ասոր կամ անոր վերաբերմունքը քննելու եւ սերտելու:
Անկեղծ ըլլալու համար՝ անկեղծութեամբ պատասխանեմ.
-Իրականութեան մէջ գացած էի Պսակի Սրբազան Արարողութեան մասնակից ըլլալու եւ ուրախակից դառնալու պսակուող զոյգին եւ անոնց հարազատներուն, բայց մինչեւ պսակի արարողութեան սկսիլը, սկսելէն ու աւարտելէն ետք տեղի ունեցող երեւոյթներուն ի տես, պարզապէս պէտք էր կոյր ու խուլ ըլլայի, որպէսզի կարենայի իրապէս մասնակից դառնալ այդ կատարուած «արարողութեան»: Տակաւին չեմ անդրադառնար երեխաներու գոռում-գոչումներուն եւ աջ ու ձախ վազվզուքներուն, բնականաբար իրենց ծնողներուն «օրհնութեամբ» եւ «սիրալիր» նայուածքներուն ներքոյ:
Վստահաբար նոյն իրավիճակին եւ երեւոյթներուն ականատես դարձած են ընթերցողներէն շատերը, կրնայ ըլլալ իմ ունեցածս ոչինչ ըլլայ որոշ ընթերցողներու ունեցածին ու տեսածին համեմատ, որովհետեւ շատ յաճախ սրտցաւ հաւատացեալ մարդոցմէ այնպիսի բաներու մասին կը լսենք, որ պարզապէս կը վշտացնէ մեզ:
«Կը լսենք»ն ու «կը վշտացնէ մեզ»ը բոլոր սրտցաւ մարդոց ի նկատի ունիմ, որովհետեւ տակաւին անոնք որոնք կը փորձեն բնական կերպով ապրիլ, յարգելով ու պահպանելով արժէքներ ու սրբութիւններ, բնականաբար չեն կրնար անտարբեր գտնուիլ նման անբնական երեւոյթներու դիմաց:
Տուեալ եւ այլ նմանատիպ պսակներու արարողութիւններուն ներկաները, եկած էին ու կու գան մասնակից դառնալու այդ արարողութիւններուն առանց գիտնալու, թէ ո՞ւր եւ ի՞նչ բանի համար եկած են/կու գան:
Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, իսկ Աստուծոյ տան մը նուազագոյնը մարդ պէտք է վարուի յարգելով այդ տան Տէրը: Երբ մեր հարազատներուն, ծանօթներուն եւ ընկերներուն մօտ հիւրութեան կ՚երթանք, մենք մեզ ինչպէ՞ս կը պահենք կամ կը դրսեւորենք անոնց տուներէն ներս: Անշուշտ որ վայելուչ պահուածքով, մեր երեխաները կը սաստենք, որպէսզի խելօք մնան, անկրթութիւն չընեն, իրենք զիրենք զուսպ եւ հանդարտ պահեն, եւ այլն: Լաւ, ինչո՞ւ ուրեմն նոյն կերպով չենք վարուիր կամ նոյն ձեւով մենք մեզ չենք պահեր Աստուծոյ Տունէն՝ Եկեղեցիէն ներս, ինչո՞ւ կ՚անարգենք այդ տան սրբութիւնն ու նուիրականութիւնը, ինչո՞ւ մեր անվայել պահուածքով կ՚անպատուենք Տան Տէրը՝ Որու ներկայութեան կը գտնուինք: Ինչո՞ւ համար մեր նմաններուն նկատմամբ զգուշութեամբ կը վարուինք, հաշիւ կ՚ընենք, թէ ի՛նչ կրնան ըսել, ի՛նչ կրնան մտածել մեր մասին, երբ անոնք եւս մեր նման այսօր կան, վաղը սակայն կրնան չըլլալ՝ հող դառնալ, իսկ Աստուծոյ՝ մեր Տիրոջ նկատմամբ, Ով յաւիտեան է, անմահ Թագաւոր է, անյարգալից ենք, Անոր՝ Ով վերջին դատաստանի ժամանակ մեզ պիտի դատէ ըստ մեր գործերուն եւ արարքներուն: Եւ երբ մենք Իր տան մէջ մեզ այսպէս՝ անյարգալից կը պահենք, պահ մը կրնա՞ք երեւակայել, թէ այդ պահուածքին համար ի՞նչ վարձատրութեան կրնանք արժանանալ:
Ինչ կը վերաբերի իգական սեռի ներկայացուցիչներուն. դժբախտաբար, քօղ կրելու երեւոյթը ո՛չ միայն Պսակի արարողութիւններու ժամանակ է, որ սկսած է վերանալ, այլ՝ ընդհանրապէս, նոյնիսկ Ս. Պատարագի արարողութեան ժամանակ օր օրի սկսած է այդ երեւոյթը աւելի ընդարձակ տարածում գտնել…, եւ երբ հարց կը տրուի կամ անդրադարձ կը կատարուի այդ ուղղութեամբ՝ պատասխանը պատրաստ է.
-Ժամանակները փոխուած են…
Այո՛, ժամանակները փոխուած են, աւելի ճիշդ ժամանակները սկսած են կրկնուիլ, եւ երեւի սխալ չ՚ըլլար, եթէ ըսենք, թէ մեր ներկայ ժամանակները սկսած են նմանիլ Նոյի եւ Ղովտի ժամանակներուն, երբ մարդիկ կ՚ուտէին, կը խմէին, այր ու կին կ՚առնէին, կը գնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը շինէին, եւ այլն… Այն ժամանակ սակայն, Տէրը պատժեց մարդոց, Նոյի ժամանակներուն ջրհեղեղը եղաւ, իսկ Ղովտի օրերուն Սոդոմ եւ Գոմոր քաղաքներուն վրայ կրակ տեղաց երկինքէն (կարդա՛ Ծն 6-8 գլուխները. նաեւ Ծն 18-19 գլուխները: Եւ՝ Ղկ 17.22-30): Մեր ժամանակներուն սակայն մէկ տարբերութիւն կայ այն ժամանակներէն, այն է, որ Տէրը տակաւին կը համբերէ մեր չարութիւններուն, իսկ մենք փոխանակ գիտակցելու մեր մեղաւոր եւ սխալ ընթացքը, օր օրի աւելի կը չարնանք, օր օրի մեղանչումի նոր եւ արդիական ձեւեր կը գտնենք ու կը հնարենք, որով մեր պատիժը կ՚աւելցնենք պարզապէս, փոխանակ փրկութեան արժանանալու:
Ժամանակները փոխուած են, այո՛, բայց կ՚անգիտանանք, աւելի ճիշդ կը մոռնանք, թէ՝ «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ - երէկ, այսօր եւ յաւիտեան» (Եբր 13.8): Եւ. «Տէր Աստուած ամէն տեղ է, հետեւաբար Ան մեր իւրաքանչիւր հոգոցը կը լսէ, արցունքի ամէն մէկ կաթիլը որ կը թափենք՝ կը տեսնէ։ Մեր Աստուածը ամենակարող է, եւ հետեւաբար Ան մեզ ոեւէ մէկ թշնամիէ կրնայ ազատել ու մահուան երախէն ետ խլել։ Մեր Աստուածը բարի է, եւ հետեւաբար Ան կ՚ուզէ, որ մենք Իր պարգեւած բարեկեցիկ կեանքը վայելենք։ Այդ բոլորով հանդերձ, եթէ մեզի որեւէ մէկ դժբախտութիւն կու տայ, ապա կը նշանակէ, որ Աստուած անհրաժեշտ եւ օգտակար կը համարէ այդ (դժբաղտութիւնը) մեզի համար» (Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան): Մե՛նք է, որ կը փոխուինք, մենք է, որ մեր ընկալումներն ու ըմբռնումները կ՚այլափոխենք եւ շա՜տ յաճախ կ՚այլասերենք, բայց Աստուած մի՛շտ անփոփոխ է եւ Անոր պատուիրաններն ալ նոյնպէս: Յիշենք, թէ Աստուած ի՞նչ ըսաւ Մովսէսին, երբ ուզեց մօտենալ ու տեսնել, թէ մորենին ինչպէ՞ս կրակով կը վառէր. «Հոս մի՛ մօտենար. կօշիկներդ հանէ քու ոտքերդ, վասն զի այն տեղը՝ որուն վրայ կայներ ես, սուրբ երկիր է» (Ծն 3.5). եւ հիմա մեզմէ իւրաքանչիւրս մտաբերենք մենք մեզ, մեր կարգավիճակը, մեր վարք ու բարքը երբ եկեղեցի կը մտնենք, եւ ըստ այնմ եզրակացութիւններ ընենք… Ինչ կը վերաբերի Ս. Պսակի, Ս. Մկրտութեան եւ թաղման արարողութիւններուն, ապա այդ բոլոր արարողութիւններն ալ կը կատարուին Եկեղեցիէն ներս եւ Եկեղեցին ըստ արարողութիւններու իր էութիւնն ու ինչութիւնը չի՛ փոխեր, չի՛ փոխեր նոյնիսկ երբ մարդոցմէ դատարկ ըլլայ…
Անդրադարձայ նաեւ, որ վերոնշեալ պսակի արարողութեան բացի մէկ հայուհիէ իգական սեռի եւ ո՛չ մէկ ներկայացուցիչ քօղ ունէր իր գլուխին: Այս անգամ կարդանք Պօղոս Առաքեալին խօսքերը, որոնք իրենց խորքով եւ իմաստով դարձեալ անփոփոխ են.
«Կը գովեմ ձեզ, որ կը յիշէք ամէն ինչ որ սորվեցուցի ձեզի, եւ ինչպէս որ ձեզի աւանդեցի՝ այնպէս կը պահէք: Բայց կ՚ուզեմ որ գիտնաք, նաեւ, թէ ոեւէ այր մարդու գլուխը Քրիստոս է, եւ կնոջ մը գլուխը՝ իր այրը, իսկ Քրիստոսի գլուխը՝ Աստուած: Ոեւէ մարդ երբ աղօթած կամ մարգարէական պատգամախօսութիւն ըրած ատեն իր գլուխը ծածկած կը պահէ, իր գլուխը՝ այսինքն Քրիստոսը անպատուած կ՚ըլլայ: Մինչդեռ ոեւէ կին երբ բաց գլուխով կ՚աղօթէ կամ մարգարէական պատգամախօսութիւն կ՚ընէ, իր գլուխը՝ այսինքն իր ամուսինը անպատուած կ՚ըլլայ, որովհետեւ ոեւէ տարբերութիւն չ՚ունենար անպատիւ կնոջմէ մը, որուն մազերը կը կտրեն: Եթէ կին մը քօղով չի ծածկեր իր գլուխը, թող կտրէ իր մազերը՝ ի նշան անպատուութեան. իսկ եթէ կնոջ մը համար նախատինք է մազերը կտրելը կամ ածիլելը, թող քօղով ծածկուի: Այր մարդը Աստուծոյ պատկերը եւ փառքը ըլլալով՝ պէտք չէ իր գլուխը ծածկէ, իսկ կինը իր ամուսինին փառքն է: Որովհետեւ մարդը կնոջմէ սկիզբ չէ առած, այլ՝ կինն է որ սկիզբ առած է մարդէն: Նոյնպէս ալ, մարդը չէր որ կնոջ համար ստեղծուեցաւ, այլ կինը՝ մարդուն համար: Ահա թէ ինչու՝ կին մը պէտք է աղօթքի ատեն քօղով ծածկէ իր գլուխը, ճիշդ ինչպէս հրեշտակներ իրենց դէմքերը կը ծածկեն Աստուծոյ ներկայութեան: Բայց եւ այնպէս, քրիստոնէական հասկացողութեամբ՝ չկայ կին առանց մարդու, ոչ ալ մարդ՝ առանց կնոջ: Որովհետեւ եթէ կինը այր մարդէն սկիզբ առած է, մարդն ալ կնոջմէ կը ծնի, եւ բոլորն ալ Աստուծմով կան: Դո՛ւք դատեցէք, թէ արդեօք պատշա՞ճ է որ կին մը բաց գլուխով Աստուծոյ դիմաց աղօթքի կանգնի: Բնութիւնը ինք ձեզի չի՞ սորվեցներ՝ թէ այր մարդուն համար երկար մազ ունենալը անարգանք է, մինչդեռ կնոջ համար երկար մազերը փառք են, քանի Աստուած ծածկոցի փոխարէն տուած է զանոնք: Այս բոլորէն ետք, եթէ մէկը դարձեալ ուզէ առարկութիւն ընել այս մասին՝ մենք միայն կ՚ըսենք.- Ո՛չ մենք, ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիները՝ ուրիշ սովորութիւն չենք ճանչնար» (Ա. Կր 11.2-16):
Պարզ են Առաքեալին խօսքերը. այն կիները կամ օրիորդները, որոնք առանց քօղի Եկեղեցի կը մտնեն եւ Աստուծոյ դիմաց կը կանգնին, զԱստուած անարգելէ առաջ անարգած ու անպատուուած կ՚ըլլան իրենց ամուսինները՝ ամուսնացողներու պարագային, իսկ օրիորդներու պարագային՝ իրենց հայրերը, որովհետեւ անոնք են՝ հայրերն ու ամուսինները իրենց գլուխը: Միւս կողմէ ալ, արական սեռի ներկայացուցիչները զգոյշ պէտք է ըլլան, որովհետեւ ինչպէս Առաքեալը կ՚ըսէ երկար մազերը անարգանք է իրենց համար, եւ այդ անարգանքը կ՚երթայ իրենց Գլուխին՝ Քրիստոսին:
Զգուշանանք եւ մեր արարքներուն պատճառով հեռու մնանք զԱստուած անարգողներ ըլլալէ:
Զգուշանանք եւ արարքներուն պատճառով զերծ մնանք զԱստուած անպատուուղներ դառնալէ:
Զգուշանանք եւ մեր արարքներուն պատճառով անհաղորդ մնանք սրբապղծութիւններէ:
Գալով Եկեղեցիին՝
«Եկեղեցին մարդկային շինուածք չէ… եկեղեցիներ ո՛չ թագաւորներու պարգեւ են, ո՛չ ճարտար արուեստի արդիւնք են, ո՛չ իմաստուններու գիւտ, ո՛չ զինուորներու քաջութեամբ ձեռք բերուած աւար են եւ ոչ ալ դեւերու մոլար խաբէութիւն. երկրի վրայ չես կրնար ցուցնել որեւէ բան, որքան ալ վեհ ըլլայ անիկա կամ վատթար, որմէ որեւէ տեղ եկեղեցի յառաջ գայ։ Եկեղեցին մեծ Աստուծոյ շնորհքն է, տրուած ո՛չ թէ մարդոցմէ ոեւէ մէկուն, այլ բոլոր բանական ազգերուն, որոնց վիճակուած է այս արեւուն տակ բնակիլ։ Անոր հիմերը հաստատուն վէմի վրայ դրուած են. ո՛չ մարդիկ կրնան շարժել, ոչ ալ հրեշտակները՝ սասանեցնել» (Սուրբ Եղիշէ). հետեւաբար այս մտորումներով մտնենք Եկեղեցի, գիտակցելով, որ Եկեղեցին աշխարհի մէջ մեր «տապանն ու նաւահանգիստն է»:
Իսկ հետեւեալ մէջբերումն ալ այն թշուառներուն, որոնք սոյն յօդուածը կարդալով իրենց երեխաները պիտի բանան մեղադրելով եկեղեցին ու եկեղեցականները: Այդպիսի ողորմելիներուն երջանկայիշատակ Գէորգ Չէօրէքճեան Կաթողիկոսն է, որ կը պատասխանէ. «Ճշմարիտ է, Եկեղեցին ժամանակի ընթացքին որոշ սովորութիւններով եւ աւանդութիւններով կը քարանայ, սակայն այն Աւետարանը, որ Եկեղեցւոյ հիմքն է, միշտ ընդունակ է ժամանակի կապանքները խորտակելու, եթէ ջանք թափուի։ Այո՛, Եկեղեցին կենդանի քարոզ չէ մեր մէջ այժմ, եւ ոչ ալ կեանք, այլ՝ լոկ ծէս, սակայն կը հաւատամ, որ կրկին կ՚որոտայ ու կը փոթորկի մեր երկինքը, եւ հրանման լեզուներ կ՚իջնեն մեր վրայ, մեր հոգիին մէջ թաքնուած կրակը կը վառուի, Աւետարանի ձայնը մեր ականջին մէջ զօրեղ կը հնչէ, եւ անոր սիրով կը կապուին մեր սիրտերը՝ նոր կեանքի եւ նոր ստեղծագործութեան համար, որուն համար, սակայն, մեր նման մեռած սպասաւորներու փոխարէն կենդանիները պէտք է դնել, որպէսզի ձեր նիրհած հաւատքն ու թմրած հոգին կարենան զարթնացնել»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
5 նոյեմբեր 2021, Վաղարշապատ