ՍԱՂԻՄԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԻՆ…

Յաճախ կրկնուած է, թէ դժուար է հայ ըլլալը, հայ ապրիլը։ Սակայն հայութեան մէջ ամենադժուարը սաղիմահայ ըլլալն է… Այս բանը իրենց մաշկին վրայ լաւ զգացած են բոլոր ժամանակներու սաղիմահայերը, որովհետեւ մեր պայքարը միայն լեզու եւ հաւատք պահելը չէ։ Անոնք գրաւականն են մեր դարերու գոյատեւման։ Ինչպէս հայրենիքի մէջ, նոյնպէս ալ Երուսաղէմի մէջ պարտաւոր ենք տէր կանգնիլ անհաւասար պայքարով մեր սրբատեղիներուն, կալուածներուն։

Այս պայքարին մէջ դարեր շարունակ հոգեւորականին կողքին կանգնած էին քաղաքացիները։ Աւելի վերջը այս պայքարին միացան մեծ եղեռնէն ազատած ու Սուրբ Յակոբայ դարաւոր վանքին մէջ ապաստան գտած գաղթականները։ Սակայն պայքարները չպակսեցան… 1948-ի պատերազմին հայ երիտասարդներ զէնքը ձեռքերնին պաշտպանեցին վանքն ու սաղիմահայութիւնը։ Հայրենիքի անկախութենէն ետք սաղիմահայութեան մաս կազմեցին հայրենիքէն ժամանած ընտանիքներ, ուսուցիչներ եւ մանաւանդ՝ Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ ընծայարանի աշակերտներ եւ ուսանողներ։

Ասոր համար մեր վանքը շատ տարբեր է ուրիշ վանքերէ եւ աշխարհով սփռուած հայկական օճախներէ… Շատեր եկան ու անցան… Շատ պայքարներ տեսանք եւ պայքարը երբեք չդադրեցաւ։ Սակայն կան պայքարներ, որոնք կը միացնեն ու կան պայքարներ, որոնք կը քայքայեն։ Հոգեւորական եւ աշխարհական իրարու դէմ ելան, եղբայր եղբօր դէմ ելաւ, զաւակը՝ մօր, դրացին՝ դրացիին, սիրահարներ բաժնուեցան… Օր մը այսպէս, օր մը այնպէս, օր մը կռիւ, օր մը հաշտութիւն՝ գոյատեւեցինք։

Բայց այսօր Հայ Երուսաղէմը ալեկոծուած է նոր պայքարով մը, որ կը քայքայէ ներսէն եւ դուրսէն։ Այս պայքարի յաղթանակի գրաւականն է միասնականութիւնը։ 5 նոյեմբեր 2023-ին «միասնականութեան» հոգին կը թեւածէր Երուսաղէմի հայկական թաղամասին «Կովերու պարտէզ»ի հարցին շուրջ եւ ճիշդ «Կովերու պարտէզ»ին մէջ՝ իր հոգեւոր եւ աշխարհիկ դասերով, իր քաղաքացիով եւ գաղթականով, իր տեղացիով եւ հայաստանցիով…

Այսպէս եղած է եւ պէ՛տք է ըլլայ սաղիմահայը։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2023