ՀԱՅԵՐԷՆՈ՛Վ ՍԻՐԵՑԷՔ ՁԵՐ ԹՈՌՆԵՐԸ…
Արեւմուտքէն բարեկամներ այցելեր էին Երեւան՝ հայր ու որդի։ Ու նստած՝ կը խօսէինք, թէ ի՛նչն է պատճառը, որ օտար ափերուն վրայ ահա քանի սերունդ դեգերող մարդիկ, ոմանք հայախօս, ոմանք օտարախօս, ուրիշներ՝ միս-մինակ, հեռացած եւ ուրացած, բայց յանկարծ արթնութեան ալիքով մը իրենց կորսնցուցած ազգային արժէքներուն ետեւէն կը վազեն․․․ Իրենց զաւակներուն համար հայկական դպրոց կը փնտռեն, հայերէն ուսուցող կայքեր կը փնտռեն, կը փորձեն աւելի մօտ ըլլալ հայրենակիցներու, ոմանք ջերմեռանդութեամբ հայրենիք կ՚այցելեն․․․
Ու բոլորովին երիտասարդներ․․․ հայրենիք գալով այնտեղ մշտապէս մնալու ճամբաներ կ՚որոնեն․․․
Այո, հայրենիք մնալու ջանք կը թափեն․․․
Թերեւս համաամերիկեան երեւոյթ է համաշխարհայնացումի այս դարուն՝ արմատները փնտռելը, թերեւս․․․ թերեւս․․․ Բայց ճշմարտութիւն մը կայ, որ ճնշող մեծամասնութեան մէջ ազգային գիտակցութիւն մը արթուն է, արժէքներու կորուստին ափսոսանք կայ, ու ցանկութիւնը կայ վերատիրանալու ամբողջական ինքնութեան․․․
Եւ ասիկա փաստ է շատերու համար։
Որդին իր կարգին արդէն զաւակներու տէր մարդ էր․ անգլերէն կը խօսէր, թէեւ կրնայի ենթադրել, որ մեր խօսածն ալ կը հասկնար․․․
-Կ՚ափսոսամ, որ զաւակներս հետս չբերի,- ըսաւ որդին։
-Դեռ փոքր են, քանի մը տարի ետք արդէն չափահաս ըլլալով հայրենիքին ծանօթանան՝ աւելի լաւ կ՚ըլլայ,- վրայ բերաւ հայրը։
-Տա՛տ,- պատասխանեց տղան,- մեծ հայրիկը կ՚ըսէր «տղան կրթէ իր մանուկ եղած ատենը, յետոյ ուշ կ՚ըլլայ», ինչպէս որ եղաւ մեր պարագային․․․
Բաց ձգել չուզեցի շարունակութիւնը։
-Ինչպէ՞ս, ի՞նչ եղաւ որ,- հարցուցի։
-Հայրս ու մայրս երբեք մեզի հետ հայերէն չխօսեցան տան մէջ, խօսեցան միայն անգլերէն, ինչո՞ւ․․․ որ իբր թէ շուտ ընտելանանք այդ լեզուին ու միջավայրին, կարծես ամերիկեան դպրոցը պիտի չբաւէր ատիկա ընելու համար․․․
Ապա դառնալով հօրը՝ ըսաւ․
-Այդպէս ըրիք մեր ապագային համար, տա՛տ, շատ լաւ կը հասկնամ Ձեզ, բայց մէջտեղ կայ ինչ որ կայ, մենք եղանք կորսնցնողը։
-Ինչ կորսնցուցիք,- պիտի ըլլար հարցումս, բայց արդէն ի՛նք կը խօսէր․
-Դուք զրկեցիք մեզ հայերէնէն ու հիմա ես անզօր եմ Ձեր զրոյցին հայերէնով մասնակցելու, սահմանէն, փողոցէն, զիս հետաքրքրող գործերէն շատ բան հասկնալու ու մանաւանդ ատիկա փոխանցելու իմ զաւակներուս․․․ Չէ, չեմ ամչնար, բայց ասիկա կորուստ կը նկատեմ, իմ էութենէս օտարուած թանկագին բան մը․․․
Ծանր էր, ու խեղճ հայրը հին օրերու պարագաներուն վրայ ամէն ինչ բարդելէ բացի, 60-ականներէն յամեցող մտայնութիւնը վկայակոչելէ բացի՝ ուրիշ ըսելիք չունէր․․․
-Գոնէ, տա՛տ, թոռներուդ հետ հայերէն խօսէ․ ես այդ մէկը ընելու անկարող եմ․․․ Բայց դուք անգլերէն կը խօսիք նաեւ անոնց հետ, անգլերէն կը սիրէք զանոնք, ի՞նչ է, անգլերէնով աւելի՞ սիրած պիտի ըլլաք ձեր թոռները․․․
Ահա թէ ինչ կ՚ըսեն այսօր Ամերիկաները ծնած ու այնտեղ հայրացած մեր զաւակները իրենց հայրերուն աչքերուն նայելով։
-Հայերէնո՛վ սիրեցէք ձեր թոռները․․․։
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ