ՀԻՆԻՆ ԱՐԺԷՔԸ

«Մտիր խորը,
Գտիր նորը,
Վանէ հինը,
Բանն է մինը»: Կոմիտաս

-Բերէ՛ք, բերէ՛ք սերմերը, թափեցէ՛ք խարոյկին մէջ: Բերէ՛ք ձեր կենդանիները, խառնեցէ՛ք խարոյկին մոխիրը աղով ու կերակրեցէ՛ք զանոնք: Բերէ՛ք հիւանդները թող ցատկեն խարոյկին վրայէն կամ դառնան անոր շուրջը: Եկէ՛ք նորահասներ ու փեսաներ ձերն է այս տօնը պտղաբերութեան ու ծաղկունքի...

Կը պատմէր տարեց աշտարակեցի հարեւանս Մուղնիի եկեղեցւոյ մէջ կատարուող Տեառնընդառաջի արարողութեան մասին: Գիւղի քահանաները այսպիսի կոչերով կը հրաւիրէին գիւղացիները Տերընտեսի խարոյկը վառած պահուն: Բոլոր գիւղացիները արարողութենէն ետք, քահանայ հօր հետ, դուրս կ՚ելլէին եկեղեցիէն եւ կայծկլտուն խարոյկին շուրջ սկիզբ կ՚առնէր տօնական համախմբումը:

Երգ ու պարով, օրհնանքներով ու խանդավառութեամբ կը դիմաւորուէր գարունը: Երբ ցուրտը իր տեղը կը զիջէր գարնան ջերմութեան, երբ կլիմայական հսկայական փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենային՝ մարդը, որպէս տիեզերքի մասնիկ, իր մասնակցութիւնը կ՚ունենար, իր նպաստը կը բերէր այդ արարչագործութեան:

Եւ կը շարունակէ պատմել հարեւանս, թէ՝ կրակին վրայէն ցատկողները տարբեր երգեր կ՚երգէին կամ տարբեր իղձեր կ՚արտայայտէին ու մաղթանքներ կ՚ունենային: Օրինակ, տարեցները կ՚ըսէին. «Հաւերնիս ածան ըլլան, կովերնիս կթան ըլլան, հարսներնիս ծնան ըլլան»: Երիտասարդները ամբարուած ցորենի հասկեր կը բերէին, խարոյկին վրայ կ՚այրէին եւ ապա փշրելով կ՚ուտէին ու կը հրամցնէին ներկաներուն:

Խանձողներով տուներուն դռներուն վրայ խաչ կը գծէին չարիքէն փրկուելու համար: Իսկ մոխիրը օժտուած էր բուժող ու առատացնող զօրութեամբ, զայն ջուրով կը լուծէին եւ հիւանդներուն կը խմցնէին, ինչպէս նաեւ ծննդկանին՝ որ դիւրին ազատի: Կը քսէին մանուկներուն վիզին ու դէմքին, որ «նորալուսինէն» չազդուին, չհիւանդանան: Ձիւնը կը թաթխէին մոխիրին մէջ եւ կ՚ուտէին, որ ամրան դողութիւն չունենան: Երիտասարդ աղջիկներն ու կիները այդ մոխիրով կը ներկէին թարթիչները՝ աչքերուն ցաւը կանխելու համար: Գարնան՝ մոխիրէն արտերուն մէջ կը սփռէին, որ մուկը ցանքը չուտէ: Կը խառնէին ցանուող սերմնացու ցորենին՝ հունձքին առատութեան համար:

Լուսաբեր տատիկը կը պատմէր, գտած էր մէկը որ կ՚ուզէ լսել, մտիկ ընել: Կը պատմէր ու կը ժպտէր, վստահաբար կ՚ափսոսար իր թոռներուն այս հաճոյքը չապրելուն, չհամտեսելուն համար եւ կը նայէր ան հոն, սենեակին ամենէն խուլ անկիւնը նստած իր թոռնուհիին, որ ձեռնահեռաձայնին պաստառին նայելու, մատներու հպումով բան մը կը խաղար կամ բանի մը կը հետեւէր, ո՞վ գիտէ:

-Այդ օրուան երգերէն կը յիշե՞ս, տատի՛կ:

Կը հարցնեմ, եւ առանց պատասխանելու կը սկսի երգել տատիկը՝

Ճրագ, ճրագ ճշմարիտ,
Ճշմարտախօսիկ մարգարիտ,
Մեր սիրելի Քրիստոս:
Քրիստոս գնաց,
Բերեց անթառամ ծաղիկ
Դրեց Մարիամի գլխին:
Մարիամ, Մարիամ դու կուս ես,
Հոգւով մարմնով յուս ես:
Էթամ դատեմ բարութիւն,
Հոգիս տանիս արքայութիւն:

Յիշեց ան Աստուածածնայ նուիրուած այս գոհարը հիւսուած Տեառնընդառաջի ծէսին համար: Գոհունակ նայուածքներով նայեցաւ ինծի, չնկատեցինք սակայն որ մեզի մօտեցած էր թոռնուհին: Ան տիկ. Լուսաբերին ըսաւ՝

-Տա՛տ ճան, նորից կ՚երգե՞ս... 

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 11, 2022