ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ. ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻ՞Ց, ԹԷ ԲԵՌ

Ուքրայնայի պատերազմը մեծ հաշուով «տեղական» բնոյթով պատերազմ մը չէ։ Տեղի կ՚ունենան բեկումնային տեղաշարժեր, իբր այդ, մասնաւորապէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ մեծ ճիգեր ներդնել՝ լաւագոյնս օգտուելու համար նոր, սակայն դանդաղօրէն հասունցող դրութիւններէն։ Խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի Չինաստանին, որ ամէն մարզէ ներս կը համարուի Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն հակառակորդը։ Այս առումով, արդէն իսկ փաստ է, որ Չինաստան հազարումէկ հաշիւ ընելով, տասն անգամ չափելով ու միայն մէկ անգամ կտրելով Ուքրայնայի պատերազմի այս փուլին (առաջին ռաունտին) որդեգրեց համեմատաբար «չէզոք» մօտեցում ու ամէն բան ըրաւ, որպէսզի ուղղակիօրէն չմտնէ այս պատերազմի ճահիճներուն մէջ։ Կարեւորագոյն խնդիր է, անշուշտ, որ այս փուլէն ետք Մոսկուա ի՛նչ ձեւաչափեր գործի պիտի դնէ եւ ինչ միտումներով պիտի գործակցի Փեքինի հետ։ Այս կէտին հարցումը այն է, թէ Ռուսաստան եւ մասնաւորապէս Վլատիմիր Փութին պիտի «մարսէ՞» Չինաստանի այս մօտեցումը կամ ոչ։

Ամէն պարագայի աւելի մօտէն հասկնալու համար ռուս-չինական յարաբերութիւններու ենթախորքը, արաբերէնէ թարգմանելով կը ներկայացնեմ Լիբանանի «Ալ Նահար» պարբերականին մէջ լոյս տեսած յօդուած մը, որ կը կրէ Ժորժ Իսայի ստորագրութիւնը։ Վերլուծաբանը սոյն յօդուածով լոյսին կը հանէ Չինաստանի եւ Ռուսաստանի փոխառնչութիւններն ու այսօր պարզուած ընդհանուր պատկերը։

*

Չինաստան միակ գերտէրութիւնն է, որ կ՚աջակցի Փութինի մղած պատերազմին: Ռուսաստանն ու Չինաստանը դաշնակիցներ են։ Անոնք կը համագործակցին առեւտուրի, հետախուզութեան, սպառազինութիւններու զարգացման, ռազմափորձերու եւ դիւանագիտական ոլորտներու մէջ։ Անոնց համընդհանուր նպատակը քայքայելն է՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային համակարգը:

Իր կարգին, Գերմանիոյ Ճորճ Մարշալ Անվտանգութեան եւ միջազգային հետազօտութիւններու համալսարանի ղեկավար Անտրու Միքթա թուիթըրով միտք մը հրապարակած է, որ մեծ ընդուլենութիւն գտած է արեւմտեան դիտորդներու կողմէ: Ան պարզապէս ըսած է, որ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի «դաշինքի» հիմքը՝ Միացեալ Նահանգներու դէմ անոնց ունեցած հակառակութիւնն է։ Խորը նայելով այդ երկու երկիրներու միջեւ հակասական շահերու մանրամասնութիւններուն, չես համոզուիր նման դաշինքի մը գոյութեան։

Հակառակ այն խօսակցութիւններուն, թէ Չինաստանն ու Ռուսաստանը մտավախութիւններ ունին, որ Միացեալ Նահանգներ կրնայ ներխուժել իրենց «յետին բակը», Չինաստան Ռուսաստանի նկատմամբ աւելի պատմական կասկածներ ունի, քան Միացեալ Նահանգներու դէմ: Միւս կողմէ, Ռուսաստան կը վախնայ, որ Չինաստան իր մշակոյթով, տնտեսութեամբ եւ ժողովրդագրականութեամբ ընդլայնի դէպի Կեդրոնական Ասիա, որ Մոսկուայի աւանդական ազդեցութեան տակ գտնուող տարածք է։ Նաեւ Ռուսաստանն ու Չինաստանը երբեմն միեւնոյն տեսակէտը չեն բաժներ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած աշխարհակարգի վերաբերեալ։

Մոսկուան դժգոհ է Արեւմուտքի վարուելակերպէն Ռուսաստանի նկատմամբ (մանաւանդ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք) եւ կ՚ըսէ, թէ ՆԱԹՕ-ի դէպի արեւելք ընդլայնումը հաշուի չ՚առներ իր անվտանգային մտավախութիւնները։ Իսկ Չինաստան վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին օգտուած է ներգրաւուելով Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան մէջ: Չինաստանի ազգային արտադրանքը աճած է (2000-էն մինչեւ 2021-ը) մօտաւորապէս 15 անգամով։ Սակայն Ռուսաստան, ազգային արտադրանքի ծաւալով աշխարհի տասնմէկերորդն էր՝ 2001 թուականին 1.6 թրիլիոն տոլարով, եւ մնաց այդ դիրքին վրայ մինչեւ 2021-ը՝ գրեթէ նոյն ազգային արտադրանքով:

Իրականութեան մէջ, Չինաստան աջակցելով հանդերձ Ռուսաստանին, այնքան ալ համաձայն չէ Ուքրայնայի մէջ կատարուած յատուկ գործողութեան: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ Չինաստան անակնկալի եկաւ: Երբ նախագահներ՝ Ծինփին եւ Փութին յայտարարեցին իրենց երկիրներու «անսահման բարեկամութեան» մասին, ըստ վերլուծաբաններու՝ չինացիք չէին գիտեր, որ Փութին պիտի ներխուժէ Ուքրայնա, Չինաստան կը հաւատար, որ Ռուսաստանի քաղաքականութիւնը կրնար արդիւնք տալ առանց պատեազմի երթալու:

Կորիզային պատերազմի հաւանականութիւնը ինչպէս կը մտահոգէ Արեւմուտքը, այնպէս ալ կը մտահոգէ Չինաստանը: Ակնյայտ էր չինական կողմի քննադատութիւնը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին, երբ վերջինս բարձրացուց կորիզային ուժերու զգօնութեան կարգավիճակը: Այն ժամանակ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վան Եի կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն՝ հանգստութիւն պահպանելու:

Ինչ կը վերաբերի առեւտրային համագործակցութեան ոլորտին, այստեղ նկատելի է որոշ ճեղք, քանի որ չինական դրամատուները ձեռնպահ մնացին ռուսական առեւտրային գործարքներուն ընթացք տալէ արեւմտեան պատժամիջոցներէն ետք: Նոյնը կարելի է ըսել հետախուզական համագործակցութեան ոլորտին մասին: Իսկ ռազմափորձերու պարագային թէ՛ Չինաստան եւ թէ Ռուսաստան կը կատարեն զանոնք փակ դռներու ետեւ, թելադրուած իրենց միջեւ սահմանային պատերազմի հնարաւորութենէն։

Իսկ «Atlantic Councel»ի երկու գիտաշխատողներ՝ Մաթիու Պորոզ եւ Ռոպերթ Մաննինկ «Foreign Policy» պարբերաթերթին մէջ զգուշացուցած են, որ այն վախը, թէ ռուս-չինական դաշինքը կրնայ առաջացնել հետեւանքներ, որոնցմէ ամերիկացիները կ՚ուզեն խուսափիլ, ընդհակառակը կրնայ յանգեցնել Ռուսաստանի եւ Չինաստանի դաշինքի ամրապնդման եւ Միացեալ Նահանգներ ստիպուած կ՚ըլլայ պաղ պատերազմներ մղել անոնց դէմ:

Մինչեւ այս պահը Չինաստան որդեգրած է ռուսաստանամէտ «չէզոքութիւն». սակայն այդ չէզոքութիւնը անկայուն է, որովհետեւ Չինաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը սկսած է քննարկել, թէ արդեօք Ռուսաստան ռազմավարական դաշնակի՞ց է, կամ սկսած է դառնալ աճող բեռ: Երկու ամերիկացի գիտաշխատողները կոչ ըրած են ԱՄՆ-ի վարչակազմին՝ դրդելու Չինաստանը ընդունիլ երկրորդ տարբերակը, փոխանակ հրապարակայնօրէն սպառնալ Չինաստանին ռուսերու կողմը կանգնելու համար:

Իսկ կայ նաեւ հակառակ տեսութիւն մը:

Ըստ որոշ դիտորդներու, Չինաստան պիտի ամրապնդէ իր յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ՝ անկախ Միացեալ Նահանգներու վարած քաղաքականութենէն։

Մինեսոթայի Ս. Ժոզէֆ համալսարանի Մաքալըսթեր քոլէժի միջազգային յարաբերութիւններու բաժնէն փրոֆ. Էնտրու Լաթամ «The Hill» պարբերաթերթին մէջ նշած է, որ Պայտընի երբեմն սիրալիր ու երբեմն հակադիր քաղաքականութիւնը հանդէպ Չինաստանին անարդիւնաւէտ է, քանի որ Մոսկուան Փեքինին կը մատակարարէ նաւթ, կազ, մետաղներու տեսակներ, ալիւր, եգիպտացորեն եւ պարարտանիւթեր, որոնց կարիքը ունի Չինաստան իր տնտեսութեան համար։ Սա դաժան իրականութիւն է, որ շուտով պիտի չփոխուի: Ինչպէս նաեւ Ռուսաստան չի հրաժարիր Հիւսիսային ծովու երկայնքով ճանապարհէն, որ աւելի կարճ եւ անվտանգ է՝ համեմատած այն ճամբաներուն, որոնք Չինաստան կ՚օգտագործէ Եւրոպայի հետ իր առեւտրային յարաբերութիւններուն համար։

Ըստ երեւոյթին՝ Ռուսաստան Չինաստանին կարիքը աւելի ունի, քան հակառակը: Չինաստան Ռուսաստանի առաջին գործընկերն է, մինչդեռ Ռուսաստան Չինաստանի առաջին տասն գործընկերներու ցանկին մէջ իսկ չէ մտած: Եթէ Ռուսաստան Ուքրայնայի մէջ վրիպի, Փեքինի հետ համագործակցելու կարիքը աւելի պիտի ունենայ եւ մեծ հաւանականութեամբ այդ մէկը Չինաստանի համար նպաստաւոր պայմաններով պիտի ըլլան:

Ոմանք կը կարծեն, որ Չինաստան ներկայիս կը քննարկէ իր դիրքորոշումը Ռուսաստանի Ուքրայնա ներխուժման կապակցութեամբ: Եւ թերեւս Միացեալ Նահանգներն ալ կը քննարկէ իր յաջորդ առնելիք քայլը՝ Չինաստանը Ռուսաստանէն հեռացնելու ուղղութեամբ կամ գոնէ չամրապնդելու անոնց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 11, 2022