Ո՞ՒՐ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՞Ս…
Մինչ այժմ Լիբանանի քաղաքցիներ (մանաւանդ երկրի հարաւային հատուածներու բնակիչներ) աղաչական հայեացքով կը նային սահմանային շրջաններու իրենց բնակարաններուն։ Ու փաստ է, որ Կազզէի պատերազմի սաստկացումէն ասդին Լիբանան-Իսրայէլ սահմանի ամբողջ գօտին կ՚ապրի մեծ ցնցումներու տարափին ներքեւ։
Ի դէպ, բոլորին համար սկսած է պարզ դառնալ, որ «Հիզպուլլահ»ը անցեալ տարուան նոյեմբերէն սկսեալ գործեց ու կը շարունակէ գործել մեծ սխալներ՝ Կազզէի պատերազմը կերպով մը որդեգրելով ու բաց կերպով ըսելով, որ այս բոլորը, պատերազմն ու Կազզէի բոլոր մակարդակի իրադարձութիւնները նաեւ իրն են։ Կազզէի պատերազմին նաեւ «Հիզպուլլահ»ին պատկանելու մօտեցումը շատ առումներով յստակ գետին մը պատրաստեց Իսրայէլին, որպէսզի աւելի աշխոյժ կերպով հարուածէ Լիբանանի հիւսիսային սահմանի գիւղերն ու աւանները։ Այդ հարուածներուն հետեւանքով Լիբանանի հարաւային շրջանները ունեցան մեծ կորուստներ, շիի կուսակցութիւնը կրեց նիւթական եւ մարդկային վնասներ ու հարաւի ամբողջ շրջանը դարձաւ աղիտահարեալ։
Նիւթական եւ տնտեսական ամեհի վնասներէն անդին, այդ տեղերը հաստատուած լիբանանցիները հեռացան իրենց աւաններէն, իսկ անոնք, որոնք մինչեւ այս պահը կը շարունակեն այնտեղ ապրիլ, այդ մէկը կ՚ընեն ի գին մեծ զոհողութիւններու։ Ճիշդ է, որ բազմաբեւեռ քննարկումներ եւ նոյնիսկ միջամտութիւններ տեղի կ՚ունենան, որպէսզի Կազզէի պատերազմը դուրս չգայ իր հունէն ու չտարածուի դէպի Լիբանանի ափեր, բայց եւ այնպէս, ահն ու սարսափը մշտական կերպով կը հալածեն այդ շրջանի բնակիչները։
Խօսելով քաղաքական երեսակին մասին, ապա հարկ է հաշուի առնել, որ հակառակ Լիբանանի որոշ շրջանակներու ընդդիմանալուն, «Հիզպուլլահ» ընթացք տուաւ միայն ու միայն իր ներքին համոզումներուն ու Իսրայէլի դէմ արգահատանքին ու ատելութեան միացնելով Պաղեստինի ժողովուրդը։ Զոհ ըլլալու իրականութիւնը վճռեց միացնել Լիբանանի հարաւի եւ Կազզէի դատերը, այդպիսով ալ իր ձեռքին առնելով բաւարար վաւերաթուղթ՝ հարուածելու համար Իսրայէլի բանակի կարեւորագոյն կէտերը։
Ճիշդ է, որ քաղաքական գնահատականներուն մասին դեռ շատ վաղ է խօսիլը, բայց եւ այնպէս, կայ ճշմարտութիւն մը, որ քաղաքական պատկերը աւելի յստակ պիտի դառնայ միայն ու միայն Կազզէի պատերազմի աւարտով։
Ամէն պարագայի, այս առումով կարեւոր է անվարան հաշուի նստիլ այն հիմնական կէտին հետ, որ կը խօսի մասնաւորապէս Իսրայէլի (հիւսիսային) շրջաններու պարզած անմխիթար իրականութեան մասին։
Հազարաւոր իսրայէլացիներ (որոնց մեծամասնութիւնը՝ վերաբնակեցեալներ են) այսօր իրերու բերմամբ լքած են իրենց տուներն ու աւանները եւ սա մեծ եւ կարեւոր նիւթ մըն է Իսրայէլի կառավարութեան համար։
Տնտեսական ճգնաժամ, մարդագրական նոր պատկեր, տագնապ եւ հազարումէկ հարցումներ ու խնդիրներ, որոնք այսօր ցցուած են Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի գլխաւորած կառավարութեան առջեւ։
Այս կապակցութեամբ ամերիկեան «The New York Times»ը կատարած է կարեւոր հրապարակում մը, որու մէջ շեշտուած է հետեւեալը. «Աւելի քան 60 հազար իսրայէլացի վերաբնակիչներ, որոնք կ՚ապրին Լիբանանի հետ հիւսիսային սահմանի երկայնքով, հրաման ստացած են հեռանալու իրենց բն0
ակարաններէն եւ սա Իսրայէլի պատմութեան մէջ առաջին զանգուածային տարհանումն է»:
Յօդուածին մէջ գրուած է, թէ Լիբանանէն արձակուած հակահրասայլային հրթիռները վնասած են տասնեակ վերաբնակներու տուներ, իսկ այն վերաբնակիչները, որոնք հրաժարած էին տարհանումէ, գիշերը կը խուսափին լոյսերը վառելէ՝ տեսանելի թիրախ չդառնալու համար։ Հիւսիսային բնակավայրերը դարձած են ամայացած եւ անոնց մուտքը փաստացի արգիլուած է, իսկ Իսրայէլի ռազմական անցակէտերը նոյնպէս կը խոչընդոտեն մտնել սահմանէն մէկ կամ աւելի քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բնակավայրեր: Միւս կողմէ, վերաբնակիչները կը քննադատեն Իսրայէլի կառավարութիւնը տարհանման հրամաններուն վերաբերեալ եւ անոնցմէ ոմանք կ՚ըսեն, թէ կառավարութիւնը թուլութիւն դրսեւորեց եւ «Հիզպուլլահ»ին փաստացի յաղթանակ շնորհեց։
Յօդուածին մէջ շեշտուած է, թէ Իսրայէլի Քարեաթ Շմոնայի մէջ, որու բնակչութեան թիւը կը հասնէր 24 հազարի, մնացած է ընդամէնը շուրջ 1500 մարդ, իսկ մնացածը բաշխուած է 220 հիւրանոցներու մէջ: Քաղաքին մէջ փակ են դրամատուներն ու առեւտուրի կեդրոնները եւ կայ միայն փոքր ճաշարան մը, որ զինուորներուն շաուրմա եւ ֆալաֆել կը մատուցէ։ Ինչ կը վերաբերի Երկաթեայ գմբէթի արդիւնաւէտութեան, ապա ան «Հիզպուլլահ»ի արձակած բոլոր հրթիռները չի կրնար որսալ եւ Իսրայէլ արագ պատասխանի միջոցներ չունի խելացի եւ ճշգրիտ զէնքերուն դիմաց, որոնք կը թռչին գետնէն ցած եւ կը հարուածեն թիրախները վայրկեաններու ընթացքին՝ առանց նախազգուշացման: Նոյնիսկ անցեալի ամենավատ մարտերուն ժամանակ Իսրայէլ երբեք պաշտօնապէս չէ տարհանած սահմանամերձ բնակավայրերը։
Մինչ այդ, հողագործ Էյտան Տավիտի (53 տարեկան) կ՚ըսէ «Սահմանային ցանկապատի այն կողմէն մեզի կը հետեւին «Հիզպուլլահ»ի Ռատուան ջոկատի անդամները, անոնք կ՚ուսումնասիրեն ողջ հասարակութիւնը, մեր առօրեան եւ մեր աշխատավայրը: Անոնք գիտեն, թէ ես ե՞րբ կու գամ եւ ե՞րբ կ՚երթամ, անոնք գիտեն նոյնիսկ, թէ քանի՞ երեխայ ունիմ»։
Դիմադրութեան գործողութիւնները յանգեցուցած են շուրջ 100 հազար իսրայէլացիներու տեղահանման, ինչ որ ստիպած է հիւսիսի տեղական իշխանութիւններու ղեկավարներուն կորսնցնել իրենց համբերութիւնը. անոնք յայտարարած են, որ իրենց տրուած խոստումները արձանագրուած են սառոյցի վրայ։
Վերին Գալիլիոյ խորհուրդի ղեկավար Կիորա Զալց վերջերս Իսրայէլի «FM103» ռատիոյին տուած հարցազրոյցին մէջ նախազգուշացուցած է հիւսիսի մէջ ճգնաժամի մասին, որ կրնայ շարունակուիլ երկար տարիներ։ Ան նաեւ քննադատած է Իսրայէլի կառավարութեան Լիբանանի հետ ճակատ բանալու գործողութիւնները։ Զալց ընդգծած է, որ «Հիզպուլլահ»ը ամենազօրաւոր, ամենամեծ եւ ամենավտանգաւոր մարտահրաւէրն է եւ դիմելով Իսրայէլի պաշտօնեաներուն՝ ըսած է. «Այդ իսկ պատճառով դուք չէք կրնար վերաբերիլ հիւսիսին, որպէս պատերազմի կողմնակի հարթակ»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024