ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ի՞նչ կ՚ընեն անօրէն ու ծուռ մարդիկը:

Պատասխան. Առակագիրը կը գրէ. «Անօրէն մարդը չարութիւն կը փորէ ու անոր շրթունքներուն վրայ կարծես այրող կրակ կայ: Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէ եւ քսուն մտերիմ բարեկամները կը զատէ [բաժնէ]: Անօրէն մարդը իր ընկերը կը խաբէ ու զանիկա գէշ ճամբաներ կը տանի: Աչքերը կը գոցէ նենգութիւններ մտածելու համար եւ շրթունքները խածնելով չարութիւն կը կատարէ» (Առ 16.27-30): Մարդ ե՞րբ անօրէն կը դառնայ. պատասխանը շատ պարզ է՝ երբ Աստուծմէ հեռանայ: Իսկ Աստուծմէ հեռացող մարդը ընդունակ կը դառնայ ամէն ինչի, որովհետեւ ուղիղ ճանապարհէն կը ծռի, ո՛չ միայն ֆիզիքապէս կը ծռի, այլ՝ մտապէս ու հոգեպէս կը ծռի, որով՝ մինչ կոչուած է իր նմանին մասին մտածելու, կը սկսի անոր դէմ գործել ու չարիք նիւթել անոր մասին, Առակագիրին բառերով՝ չարութիւն կը փորէ, իսկ բերանէն ելած խօսքերը կրակի բոցերու նման են, որ անխտիր կ՚այրեն իրենց հանդիպող կանաչ կամ չոր որեւէ մէկ կամ ոեւէ մէկ բան: Աւելին, մինչ մարդ կոչուած է իր նմանին նկատմամբ անկեղծ ըլլալու, ճշմարտութիւնը խօսելու, Աստուծմէ հեռանալով ու անօրէնութեան ճամբուն մէջ մտնելով կը սկսի խաբել իր նմանը, նենգութեամբ կը վարուի բոլորին նկատմամբ, ինքզինք բոլորէն վեր ու կատարեալ համարելով, այսպիսով իր մէջ եղող աստուածային պատկերը խեղաթիւրելով: Մարդը, սակայն, կոչուած է հաւատարիմ մնալու իր մէջ եղող աստուածային պատկերին, նմանութեան, որովհետեւ հանդերձեալին հաշիւ պիտի պահանջուի իրմէ, եւ վա՜յ անոր որ այդ պատկերն ու նմանութիւնը խեղաթիւրած վիճակով հասնի այդ օրուան, եւ երանի՜ անոր, որ հաւատարմութեամբ պահած ըլլայ այդ պատկերն ու նմանութիւնը, այլեւ՝ նորանոր շնորհքներով ու օրհնութիւններով ծաղկեցուցած ու զարդարած:

Հ. Ժողովրդական առած մը կայ, որ կ՚ըսէ. «Մարդուն մազերուն ճերմկութիւնը փառաց պսակ է անոր համար»: Ինչքան կը յիշեմ, նման արտայայտութեան մը հանդիպած եմ նաեւ Աստուածաշունչին մէջ: Արդեօք ճի՞շդ կը յիշեմ:

Պ. Այո՛, ճիշդ կը յիշէք: Ձեր տուած նախադասութիւնը առած ըլլալէ առաջ, արձանագրուած է Աստուածաշունչին մէջ, յատկապէս Առակաց գիրքին մէջ, ուր Առակագիրը կը գրէ. «Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի» (Առ 16.31): Արդարեւ, մարդոց մօտ սխալ ըմբռնում մը կայ, թէ բոլոր սպիտակ մազ ունեցողները իմաստուն ու պատուուաւոր են, մինչ իրականութեան մէջ այդպէս չէ: Բոլոր մեծերը, սպիտակ մազ ունեցողները յարգանքի արժանի են, այստեղ ո՛չ մէկ առարկութիւն կարելի է ըլլալ: Բայց, իւրաքանչիւր սպիտակ մազ ունեցող իմաստուն կամ պատուուաւոր չե՛ն անպայմանօրէն: Առակագիրը կու տայ յստակ բնութագրում մը. մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է, եթէ տուեալ մարդը արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի. շատ կարեւոր շեշտադրում մըն է, որ կը կատարէ Առակագիրը: Նայի՛նք մեր շրջապատին, չկա՞ն սպիտակ մազ ունեցող թուլակամներ, անլուրջներ, նոյնիսկ անբարոյականներ, որոնք կարծէք մոռցած ըլլալով իրենց տարիքը ամէն տեսակի այլանդակութիւն կը գործեն: Անդին, այլ խումբի մը պատկանող սպիտակ մազ ունեցողներ, փոխանակ հայր/մայրութիւն ու մեծ հայր/մայրութիւն ընելու իրենց զաւակներուն ու թոռներուն, ամէն ինչ կ՚ընեն, որպէսզի քայքայեն իրենց զաւակներուն ընտանեկան օճախները, խանգարեն անոնց կեանքի բնականոն ընթացքը: Բնականաբար նմանատիպերուն սպիտակ մազը չի՛ կրնար իրենց համար փառք ըլլալ, ընդհակառակը՝ անարգանք ու դատապարտութիւն կ՚ըլլայ մի՛ միայն: Անդին, սպիտակ մազ ունեցողներ ալ կան, որոնք իրենց ապրած առաքինի կեանքով իրենց զաւակները, թոռներն ու շրջապատը կ՚առաջնորդեն դէպի Աստուածավախութիւն, դէպի առաքինի կեանք ապրելու, զանոնք առաջնորդելով իր օրինակով, իրենց ունեցած արդարութեամբ ու հաւատքի ջերմեռանդութեամբ: Այսպիսներուն համար, իրենց սպիտակ մազերը ո՛չ միայն փառաց պսակ են, այլեւ յաւիտենականութեան տանող գրաւական:

Հ. Առակաց 16.32-ին մէջ կը կարդանք. «Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է ու իր ոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն» (Առ 16.32):

Պ. Երկայնամտութիւնը մարդուն ամենէն գեղեցիկ առաքինութիւններէն մէկն է, որ մարդուս կեանքը ա՛լ աւելի գեղեցիկ ու հեզասահ կը դարձնէ: Երկայնամտութիւնը, միաժամանակ հաւատքի ու յոյսի կարեւոր սիւներէն մէկն է, որու վրայ մարդ կրնայ իր տունը ամրապէս կառուցել, ու ապահով ըլլալ, թէ անձրեւներն ու գետերը, փոթորիկներն ու քամիները չե՛ն կրնար քանդել զայն:

Սաղմոսագիրը կը գրէ. «Եթէ բարկանաք, մի՛ մեղանչէք, եւ ինչ որ ձեր սիրտին մէջ ըսէք՝ անկողինին մէջ զղջացէ՛ք» (Սղ 4.4): Շատ կարեւոր է, որ մարդ իր զգացումները զսպէ եւ թոյլ չի՛ տայ, որ անոնք կառավարեն զինք: Յատկապէս բարկութեան պարագային, մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ եւ ինքզինք զսպել գիտնայ: Աստուածաշունչը չ՚արգիլեր մարդուն բարկանալ, որովհետեւ բարկութիւնը մարդուն կազմուածքին, բնութեան յատուկ մէկ երեւոյթն է, այլ՝ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ մարդուն, որ եթէ բարկանայ, զգոյշ ըլլայ, որպէսզի յանկարծ մեղքի մէջ չիյնայ: Վարդան Արեւելցին Սաղմոսագիրին վերոյիշեալ համարը այսպէս կը մեկնէ. «Երբ խօսքով կը սպառնաք, գետնի վրայ մի՛ կատարէք այդ մէկը: Անկողինը հանգիստի ժամն է, որպէսզի գիշերը մեր խորհուրդները անխռով պահենք: Եթէ բարկանաք, իրենիններուն կ՚ըսէ, որոնք կը լսէին զինք: Եթէ բարկանաք մի՛ մեղանչէք. բարկութիւնը երկու տեսակ կ՚ըլլայ՝ չարերուն ու բարիներուն դէմ, չարիքներու եւ աղտեղութիւններու պատճառով պէտք է բարկանալ, իսկ ով որ ուրիշ բաներու համար կը բարկանայ, ապա, մեղքերէն փախչելով, թող զղջա՛ իր անկողինին մէջ: Եւ ով որ այս բոլորը կ՚ընէ, այդպիսին արդարութեան զոհեր կը մատուցէ, ինչպէս կ՚ըսուի [արդարութեան զոհեր մատուցէ՛ք եւ Տիրոջ վրայ յոյս դրէ՛ք]»:

Սուրբ Ամպրոսիոս Առակացի վերոյիշեալ համարին մասին կը գրէ. «Եթէ բարկացած ես, դուն քու վրադ բարկացիր, որով կը բորբոքիս՝ բայց չես մեղանչեր: Ով որ ինքն իր վրայ կը բարկանայ՝ շուտով կը բորբոքի, որով ուրիշներուն վրայ չի՛ բարկանար: Իսկ ան որ կ՚ուզէ արդարացնել իր բարկութիւնը, ապա ալ աւելի կը բորբոքի ու շուտով մեղքի մէջ կ՚իյնայ: Ինչպէս Սողոմոն կ՚ըսէ. “Իր ոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն [աղէկ է]”. բարկութիւնը, արդարեւ, նոյնիսկ զօրաւոր մարդուն կը մոլորեցնէ»:

Իսկ Սուրբ Գրիգոր Մեծ Հայրապետը (540-604) այս մասին կը գրէ. «Քաղաքներ գրաւելը փոքր յաղթութիւն է, որովհետեւ վայրերը՝ որոնք կը յաղթենք, մեզմէ դուրս են: Աւելի մեծ յաղթանակ կարելի է տանիլ համբերութեամբ, որովհետեւ մարդ ինքն իրեն կը յաղթէ, եւ ինքինզինք ինքզինքին կ՚ենթարկեցնէ, երբ խոնարհութիւնը զինք մղէ ուրիշներուն համբերելու»:

Հետեւաբար, մարդ բարկութեան մէջ իսկ պէտք է գիտնայ ինքզինքին տիրապետել, որպէսզի բարկութիւնը զինք մեղքի չառաջնորդէ, ուրկէ դուրս գալը դժուար կ՚ըլլայ:

Պետրոս Շանշեանց այսպէս կը գրէ բարկութեան մասին, իր «Ուսումն Պարտուց» աշխատասիրութեան մէջ. «Բարկութիւնը գովելի է, երբ մեր անձնական օգուտին դպնալէն չէ՛ յառաջացած: Ան, եթէ օրինաւոր է, մեզ խաղաղութեան մէջ կը պահէ եւ մեզ սաստկապէս կը շարժէ, որպէսզի հակառակինք ամէն բանի, ինչ որ Աստուծոյ փառքին եւ մեր ընկերոջ օգուտին հակառակ է: Այսպէս էր Մովսէս Մարգարէին բարկութիւնը, որ իսրայէլացիներուն կռապաշտութիւնը տեսնելով՝ Օրէնքին տախտակները խորտակեց: Այսպէս էր նաեւ մեր Փրկիչին զայրոյթը, որ լումայափոխներուն սեղանները ցրուեց եւ բոլորին տաճարէն դուրս հանեց, ըսելով. «“Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի”, մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք» (Մտ 21.12):

Բայց բարկութիւնը ապօրինի է, երբ դրդուած է առանց արդար պատճառի եւ կամ թեթեւ բաներու համար: Ապօրինի է, դարձեալ, երբ չափազանց զայրանալով, արդարութեան եւ մարդասիրութեան հակառակ կը գործէ: Ի վերջոյ, ապօրինի է, երբ երկար ժամանակ կը տեւէ եւ ատելութեան կը փոխուի: Պօղոս առաքեալը զանազանելով բարկութիւնը, այսպէս կ՚ըսէ. «“Նոյնիսկ երբ բարկանաք՝ չըլլայ որ մեղանչէք”. եւ բարկացած չմնաք մինչեւ իրիկուն» (Եփ 4.26. [աղբիւրը Առաքեալի այս խօսքին՝ Սաղմոս 4.4-ն է]). [իսկ Առակացին մէջ կը կարդանք.] «Բարկութիւնը անողորմ է ու սրտմտութիւնը՝ խիստ. բայց նախանձին առջեւ ո՞վ կրնայ կենալ» (Առ 27.4):

Բարկութիւնը տեսակ մը կատաղութիւն է, որ կրնայ նոյնիսկ մահ պատճառել բարկացողին եւ առողջութեանը վնասել: Ան սարսափելի նշաններ կը ձգէ բարկացողին վրայ, մարդուն միտքը կը պղտորէ, կը խլացնէ եւ թոյլ չի՛ տար, որպէսզի խրատներ լսէ: Պօղոս առաքեալ կը զգուշացնէ բարկութենէն, որպէսզի մարդ ժամանակ ունենայ իր ընկերը սիրելու. «Ձեզմէ արմատախի՛լ ըրէք ամէն դառնութիւն, բարկութիւն ու զայրոյթ, պոռչտուք ու հայհոյութիւն, եւ առաջքը առած կ՚ըլլաք անոնց չար հետեւանքներուն։ Իրարու հանդէպ քաղցր ու գթած եղէք եւ ներեցէ՛ք իրարու, ինչպէս Աստուած ալ Քրիստոսի միջոցաւ ներեց մեզի» (Եփ 4.31-32). [իսկ Յակոբոս առաքեալ հետեւեալը կը գրէ.] «Յիշեցէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս, որ աւելի պատրաստակամ պէտք է ըլլաք լսելու, քան՝ խօսելու: Դիւրաւ մի՛ բորբոքիք: Գիտցէք թէ մեր բարկանալովը չենք կրնար Աստուծոյ արդար ծրագիրը իրականացնել» (Յկ 1.19-20)»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 50

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2023