ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԻԶԱԿԷՏ
Եւրոպայի հայկական միութիւններու ֆորումի նախագահ, քաղաքագէտ Աշոտ Գրիգորեանի հետ ունեցանք զրոյց մը, օգտուելով անոր Երեւան այցելութենէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
*
-Պր. Գրիգորեան, Արցախի պատերազմէն ետք այս ձեր առաջին այցն է Հայաստան: Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:
-Այո՛, այնտեղ (նկատի ունի Սլովոքիոյ Պրաթիսլաւա քաղաքը, ուր հաստատուած է երկար ժամանակէ ի վեր) իմ վախը շատ աւելի մեծ էր, քան այստեղ գալէս ետք: Արտասահման ապրող հայերուս համար անհաւատալի ողբերգութիւն է 5 հազար զոհ տալը, կորսնցուցած տարածքները եւ ամենէն մեծ ողբերգութիւնը այն է, որ այսքանէն ետք իշխանութիւնները կը շարունակեն երկիրը կորսնցնելու ու աւերելու նոյն գործը: Ես բազմիցս յայտարարած եմ, որ եթէ պիտի խօսինք անկախութեան մասին ու դատարկախօս ենք, աւելի լաւ է չխօսինք: Իսկ եթէ կը խօսինք անկախութեան մասին ու կը մտածենք տնտեսական վերականգնման մասին, ուրեմն խօսինք, որովհետեւ տնտեսութեան մակարդակը կ՚որոշէ անկախութեան աստիճանը եւ այսօր մենք ունինք զերօ տնտեսութիւն: ի՞նչ պէտք է ընենք: Քանի որ մենք վերջին երեք տարուան ընթացքին փորձեցինք աշխարհը զարմացնել ստեղծելով ոչ-արհեստավարժներու կառավարութիւն մը, ուր որեւէ մէկը իր ճիշդ տեղը չէ, այժմ ես կ՚առաջարկեմ աշխարհը զարմացնել ուրիշ ձեւով՝ արհեստավարժներէ եւ ոչ-կուսակցականներէ կազմուած կառավարութեամբ մը, որ իր վրայ վերցնէ երեք տարուայ մէջ երկիրը փրկելու առաքելութիւնը։ Արդեօք հնարաւո՞ր է այսպիսի բան, այո, եւ կայ փորձ: Ես ականատես եղած եմ Ռոպերթ Քոչարեանի իշխանութեան շրջանին, թէ ինչպէս ան տնտեսութիւնը հասցուց որոշ մակարդակի, 200-300 միլիոն տոլարնոց պիւտճէն հասցուց 2 միլիառի եւ երկիրը փոխանցեց Սերժ Սարգսեանին, վերջինս սակայն դուրսէն վարկեր ստանալով աճեցուց այդ պիւտճէն: Եւ Սերժ Սարգսեանին հայհոյող Նիկոլ Փաշինեանը, որ անընդհատ կը գոռար, թէ այդ 5 միլիառի վարկերը ով պիտի վճարէ, հիմա մեր վարկերը հասցուցած է արդէն 10 միլիառի: Ո՛վ ժողովուրդ, ուրեմն քէֆ ըրէք ու ուրախացէք, հրավառութիւն ըրէք անկախութեան տօնին, ծախսեցէք միլիոններ, բայց չզարմանաք, որ Նիկոլէն ետք բոլորդ սովի պիտի մատնուիք անշուշտ եթէ ժամանակին չկարողանանք կասեցնել այս անկումը: Ո՛չ արհեստավարժ ու ոչ մասնագէտ անձերը, որոնք կ՚ոչնչացնեն երկիրը, պէտք է փոխարինել իրենց ծայրայեղ հակառակով՝ արհեստավարժներով:
Իսկ ինչպէս պէտք է ըլլայ այդ: Առաջին՝ ես ունիմ տնտեսութեան նոր համակարգի հետաքրքրական առաջարկ մը, որ իմս չէ, այլ աշխարհի խոշորագոյն ռուս շատ յայտնի տնտեսագէտներէն՝ Միխայէլ Խազինին եւ Սերկէյ Կլազիեւին: Մարտի 3-ին կազմակերպած էինք «Հայկական լեռնաշխարհի եւ անոր յարակից տարածքներու ժողովուրդներու քրիստոնէական պատմական-մշակութային ժառանգութիւնը», որ բաւական մեծ աղմուկ բարձրացուց եւ ինձմէ խնդրուեցաւ, այս անգամ տնտեսական առումով գիտաժողով մըն ալ կազմակերպել: Վիեննայի իմ ստեղծած ակումբին մէջ, Հոկտմբերի 12-ին պիտի կայացնենք տնտեսական մեծ գիտաժողով մը՝ մասնակցութեամբ նաեւ այլ մեծ տնտեսագէտներու ու մասնագէտներու: Անցնող մարտի 3-ի մեր գիտաժողովը ճիշդ է ցնցող էր եւ շատ խօսուեցաւ անոր մասին, բայց ինքնանպատակ չէր, ժողովէն ետք մասնակիցներուն նամակ ուղարկեցի, նաեւ աւելի քան յիսուն երկրի նախագահներու, այն բովանդակութեամբ որ քրիստոնէական մշակութային արժէքները ոչնչացուած են եւ կ՚ոչնչացուին, նաեւ առաջարկեցի ստեղծել մշակութային ցեղասպանութեան դէմ պայքարի կոմիտէ։
Իսկ այս տնտեսական ժողովը, որ պիտի իրականացնենք, ունի ուրիշ շատ հետաքրքրական նպատակ: Խազինը կու տայ շատ նոր ընկերվարական տեսութիւն տնտեսութեան նոր համակարգի, եւ երբ ուսումնասիրեցի զայն, զգացի, թէ կարծես Հայաստանի համար գրուած է: Մեր կառոյցին միջոցաւ, որ ես կը ղեկավարեմ արդէն 2008-էն ի վեր եւ հիմնուած է 1998-ին զուիցերահայ՝ Թորոս Սակերեանի կողմէ, ունիմ հնարաւորութիւն, որ Խազինի գրած տեսութիւնը Հայաստանի մէջ կիրառեմ: Որովհետեւ այն մարդիկ՝ որոնք ունին նախագիծեր եւ գանձատրողներու կարիք ունին, կու գան մեր մօտ, իսկ արտասահմանի մէջ այն մարդիկ, որոնք կ՚ուզեն ներդրումներ կատարել, անոնք եւս կու գան մեր մօտ, մենք կը ստեղծենք երկու կողմերու միջեւ կապ, մեր վրայ կը վերցնենք ստուգելն ու քննելը եւ երկու կողմերուն երաշխիք տալը։ Այսպիսով միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման մեծ առիթ կը ստեղծենք:
Իսկ երկրորդը՝ երկրագունդը այսօր խնդիրի մը առջեւ կանգնած է, սակաւապետութիւնը կ՚ոչնչացնէ բոլոր երկիրներու մէջ ամէն ինչ: Ամէն տեղ կը խօսուի, որ պէտք է փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութիւնները զարգացուին, սակայն որեւէ մէկը չի գիտեր, թէ ինչպէ՞ս, որովհետեւ սակաւապետութիւնը անմիջապէս ամէն ինչ կ՚առնէ ձեռքէդ:
Վերոնշեալ մեքենականութեամբ մենք կրնանք զարգացնել փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութիւններ եւ Հայաստանի մէջ ստեղծել, օրինակ՝ տնտեսական համայնքներ, որոնց կը մատակարարենք ճարտարագիտական ժամանակակից բարձրակարգ արտադրութիւններ: Ի միջի այլոց ես ճարտարագիտական (ITECH) գործարան արտադրամասեր կ՚ուզեմ ստեղծել Հայաստանի մէջ եւ ամէն թափով այդ ոլորտի մէջ կ՚աշխատիմ: Խազինի այս տեսութիւնը կ՚ուզենք հոկտեմբերի 12-ին ներկայացնել, քննարկել եւ բարեկամներու միջոցաւ տարածել։ Կարճ ժամանակի մէջ գուցէ մօտենանք այն ձեւին, որ կ՚ըլլայ գործնական ձեւ մը Հայաստանի համար:
Այս ժամանակամիջոցին ես կը կիրառեմ իմ բոլոր հնարաւորութիւններն ու ուժերը, որպէսզի Հայաստանի կառավարութիւնը կա՛մ հասկնայ եւ ձեռքը քաշէ երկիրը ոչնչացնելու իր քաղաքականութենէն ու հանգստեան կոչուի եւ կա՛մ մենք ունինք այն մեթոտները, որոնցմով կը ստիպենք իրենց հրապարակէն քաշուելու։ Ճիշդ է, Հայաստանի մէջ յանցագործ սակաւապետական համակարգ գործած է, պետական կառոյցներու մէջ եղած է փտածութիւն, բայց եթէ իրենք կը կարծեն, որ դրական արդիւնք ցոյց տուած են այդ ուղղութեամբ, ես հակառակը կ՚ապացուցեմ, իրենք այսօր ո՛վ որ կ՚ուզեն բանտ կը դնեն, բայց երկիրը բանտարկելով չէ որ կրնաս ճիշդ ուղիին վրայ դնել, այլ դուն օրինակ պէտք է ծառայես, թէ ինչ պէտք է ընել:
Իմ կարծիքով՝ տնտեսութիւնն ու արդիւնաբերութիւնը պէտք է վերականգնել: Մենք բացառիկ արդիւնաբերութիւն ունեցած ենք Խորհրդային ժամանակները, ես եղած եմ Արդիւնաբերութեան միութեան նախագահ եւ լաւ տեղեակ եմ արդիւնաբերութեան մեծ ծաւալներէն: Հիմա ինչ որ կրնանք վերականգնել այդ յօգուտ մեզի է:
-Մենք նկատեցինք, որ այս պատերազմի աւարտին նոր Կովկաս կը ձեւաւորուի, այն իմաստով որ նոր խաղացողներ կան: Ձեր կարծիքով՝ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ Կովկասը:
-Հարաւային Կովկասը դարձած է մեծ քաղաքականութիւններու կիզակէտ: Երկար տարիներ Մեծն Բրիտանիան ունեցած է հզօր կապեր, նաեւ մեծ շահեր Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ. ան իր շահերէն ելլելով կը շարունակէ իր քաղաքականութիւնը վարել Հարաւային Կովկասի մէջ: Թուրքիան օգտուելով արեւմուտքի պատժամիջոցներէն Ռուսաստանի նկատմամբ՝ փորձեց սիրաշահիլ Ռուսաստանը եւ նախագահ Էրտողան բացառիկ կապեր ստեղծեց Ռուսաստանի նախագահ Փութինին հետ: Այնուհետեւ Մեծն Բրիտանիան կրցաւ ոտքի հանել լեհերը, Ուքրայնան եւ ուրիշներ Ռուսաստանի դէմ, հաշուելով որ եթէ Հարաւային Կովկասէն կարենան «ծակել» ռուսական պատնէշը, ուրեմն արեւմուտքէն անմիջապէս յարձակում կը գործեն: Նաեւ Ճաբոնը ամբողջովին պատրաստ է արեւելքէն հարուածել, ցաւօք, Ճաբոնը դարձած է Թուրքիոյ մեծ բարեկամներէն եւ ճաբոնա-թրքական յարաբերութիւնները այսօր լաւագոյններէն մէկն է աշխարհի վրայ։ Այս խումբին աւելցնենք նաեւ Չինաստանի Ույղուրները, նաեւ Միջին Ասիան ամբողջովին՝ Թաթարիստան, Տաճիկիստան: Այսինքն Ռուսաստանի նախկին կայսրութենէն այսօր մնացած է ընդամէնը Ռուսաստանը, որ նոյնպէս մասերու կը բաժնուի, եթէ Ռուսաստանը յանկարծ չկարողանայ դիմագրաւել, իսկ եթէ Ռուսաստանը կարողանայ դիմագրաւել, ուրեմն կը ստեղծուի ռուսական նոր կայսրութիւն, որուն մէջ կը մտնեն բազմաթիւ երկիրներ, որոնք այլ պաշտպանուածութիւն չունենալով պիտի դիմեն ռուսերուն: Ես կը պատկերացնեմ, որ իտէալ տարբերակը դաշնութիւնն է նախկին խորհրդային այն երկրներուն հետ, որոնք կ՚ուզեն միանալ Ռուսաստանին: Եթէ յաջողի այս դաշինքը, ատիկա կ՚ըլլայ նոր ու ժամանակակից կառոյց:
Ամէն պարագայի, այս ֆոնին վրայ, ինչպէս ըսիք, կարծես նոր Կովկաս կը ձեւաւորուի եւ այդ նոր Կովկասը կարծես կը կազմաւորուի թուրքերու ազդեցութեան տակ եւ ըստ թրքական կանխատեսումներուն պէտք է դառնան Թուրքիոյ ենթակայ պետութիւններ եւ աւելի իտէալական կ՚ըլլայ Թուրքիոյ, եթէ Հայաստանը բաժնուի երեք մասի. մէկը թուրքերուն, միւսը՝ Ատրպէճանին, իսկ երրորդը՝ Ռուսաստանին եւ Արցախը իր շրջապատով մտնէ Ռուսաստանի հսկողութեան տակ: Այս սարսափելի Կովկասին կրնանք հասնիլ, եթէ Նիկոլը մէկ տարի ալ մնայ իշխանութեան վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան