ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Ժամանակաշրջանը որ կ՚ապրինք, այնպիսի արագութեամբ փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի, որ շատ յաճախ կատարուած փոփոխութեան մը տակաւին չվարժուած, արդէն կը հիննայ եւ անոր կու գայ փոխարինելու նորը: Այս փոփոխութիւնները ո՛չ միայն մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ է, որ կը կատարուին, այլ՝ այս վերջին ժամանակներուն նաեւ մարդու ներքին աշխարհին, անոր արտաքին թէ ներքին կազմուածքին մէջ, նամանաւանդ բարոյահոգեբանական ընկալումներուն վրայ, այլ խօսքով մարդուն արժէքային համակարգին մէջ՝ ինչպէս նաեւ արտաքինին վրայ սկսած են երեւելի՝ չըսելու համար աչք ծակող դառնալ այդ փոփոխութիւնները:
Մարդ-մարդ փոխյարաբերութիւնը օր օրի սկսած է դառնալ ահռելի:
Մօտիկ անցեալին եթէ մարդիկ հաճոյքով կը փափաքէին հանդիպելու իրարու, զրուցելու, քննարկելու, միտքեր փոխանակելու, կամ պարզապէս որպիսութիւն հարցնելու, ապա այսօրուան մարդը հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններ յառաջ կը բերէ՝ խուսափելու համար նման հանդիպումներէ:
Մօտիկ անցեալին եթէ փոքրերը՝ երեխան, պատանի եւ երիտասարդ յարգանք ու երկիւղածութեան զգացմունք ունէին իրենց մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն, հօրեղբայրներուն, մօրեղբայրներուն, հօրաքոյրներուն եւ մօրաքոյրներուն, ինչպէս նաեւ իրենցմէ մեծ մարդոց նկատմամբ, ապա այսօր ո՛չ յարգանքը եւ առաւել եւս երկիւղածութեան զգացումը մնացած են:
Մօտիկ անցեալին եթէ աշակերտները կ՚ակնածէին եւ, նոյնիսկ ինչու չէ, կը վախնային իրենց ուսուցիչներէն, կը մեծարէին զանոնք, անոնց խօսքին նկատմամբ խոր եւ շատ յաճախ կոյր վստահութիւն ունէին, կը քաշուէին իրենց ուսուցիչներուն աչքերուն մէջ նայելու, ճամբուն վրայ հանդիպած ժամանակ փողոցը կը փոխէին, որպէսզի յանկարծ իրենց աչքերը իրենց ուսուցիչներուն աչքերուն չհանդիպէին, ապա այսօրուան աշակերտները ո՛չ միայն իրենց ուսուցիչներուն աչքերուն մէջ նայելով կ՚անարգեն, կը հայհոյեն ու կը ծաղրեն զանոնք, այլեւ նոյնիսկ երբեմն ձեռք կը բարձրացնեն անոնց վրայ…, եւ այս բոլորը բնականաբար աշակերտներու «զարգացած, լայնախոհ դարձած» ծնողներուն «օրհնութեամբ եւ քաջալերութեամբ»: Եթէ անցեալին ծնողները իրենց զաւակները վարժապետներուն, ուսուցիչներուն եւ դաստիարակներուն յանձնելով կ՚ըսէին՝ «միսը ձեզի՝ ոսկորը մեզի», եւ իրենց զաւակներուն կը թելադրէին հնազանդիլ եւ յարգել իրենց ուսուցիչները, ապա այսօրուան ծնողները ո՛չ միայն միսն ու ոսկորը չեն տար, այլեւ թելադրութիւնն իսկ փոխած են, դարձնելով՝ «բերանը բանայ, յանդիմանէ քեզ՝ չլռես, իրաւունքդ պաշտպանես»:
Այսքանէն ետք այսօր անամօթաբար կը կանգնինք ու կը հարցնենք, թէ ներկայի սերունդը ինչո՞ւ համար այսքան անկիրթ, շփացած, լկտի եւ յարգանքէ զուրկ է: Պատասխանը շա՜տ պարզ է. «Այսօր ինչ որ կը ցանես, վաղը այն պիտի հնձես»:
Այս ուղղութեամբ ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնեմ Վահրամ Մավեանի «Ամէն տեղ հայ կայ» շարքի՝ «Հոգգի՛դ ուտեմ, Հայաստան» խորագիրը կրող գրութենէն հատուած մը, ուր Մավեան կը խօսի իր ունեցած մէկ հանդիպումի մասին իր երբեմնի աշակերտներէն մէկուն՝ Օննիկին հետ (այն ժամանակ 12 տարեկան, իսկ Մավեան ուսուցչութեան ասպարէզ նոր մուտք գործած երիտասարդ մը տակաւին), որ արդէն մեծցած էր եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ պաշտօնեայ դարձած:
«…Գիտե՞ս, ըսաւ, նախակրթարանի օրերէս դէպք մը կայ, որուն համար երբեք չեմ ներեր քեզի: Կը յիշե՞ս, թէ օր մը ինչպէս չորս ժամ պատժեցիր զիս շարքին մէջ չորս երկվայրկեան խօսած ըլլալուս համար: Վստահաբար մոռցած ես դուն այսքան տարիներ վերջ:
Ինչպէ՜ս կրնայի մոռցած ըլլալ, երբ քսանհինգ տարիէ ի վեր խիղճիս վրայ կը մնար անջնջելի պղտոր կաթիլի մը պէս:
***
Դեկտեմբերեան ամպոտ օր մըն էր: Ժամը չորսին, արձակուելու համար աշակերտները հաւաքուած էին բակին մէջ, վարժարանի միայարկ, փոքր շէնքին գլխաւոր դրան առջեւ: Ես՝ բծախնդիր, երիտասարդ ուսուցիչ, աչքիս տակէն լուռ կը հսկէի որ պատշաճ լրջութեամբ հետեւին վերի կարգի տղոցմէ մէկուն կողմէ արտասանուած երեկոյեան աղօթքին:
Օննիկ առաջին շարքին վրայ անդադար կը փսփսար կողքին կանգնած տղուն ականջին: Շեշտակի նայեցայ. օգուտ չըրաւ: Երբ պիտի ցրուէին այլեւս, ըսի որ ներս, դասարան անցնի: Պէտք է առնուազն «սաստել» զինք, կը մտածէի:
Անցաւ: Ու երբ աշակերտութեան մեկնելէն ետք կը պատրաստուէի շէնք վերադառնալու, քանի մը տղաք մօտեցան իրենց խնդիրներով: Յետոյ պէտք եղաւ մտնել ուսուցչարան՝ ուր պաշտօնակիցներ բռնեցին խօսքի, նստանք սրբագրութիւններ ըրինք եւ… Օննիկը բոլորվին ելաւ միտքէս:
Երեկոյեան դէմ, օրուան աշխատանքէն յոգնած, պաշտօնակիցի մը, Կարպիսին հետ կամաց կամաց խօսելէն իջանք Մուշեղին ճաշարանը ընթրիքի:
Վերադարձի ճամբուն վրայ Կարպիսը առաջարկեց դպրոցէն անցնիլ՝ գիշերը սրբագրելու համար տրցակ մը տետրակ վերցնելու միասին:
Շատոնց մթնցած էր եւ կ՚անձրեւէր ժամէ մը ի վեր:
Կարպիսը բացաւ շէնքին կղպուած դուռը ու հազիւ դարձուցած էր ելեքտրականութեան կոճակը՝ երբ լուսաւորուած սրահիկին մէջ երեւաց Օննիկը: Դուրս եկաւ առաջին գտնուող մութ դասարանէն՝ գլուխը կախ, ցուրտէն ուսերը վեր, դիմացինին լացը բերող անմեղութեամբ մը.
-Ալ կրնա՞մ տուն երթալ, պարոն:
-Տղայ, դեռ այստեղերը ի՞նչ կ՚ընես դուն այս ժամուն:
-Դո՛ւք ըսիք, պարոն:
-Այո, ա՛լ կրնաս երթալ, ուրիշ անգամ շարքին մէջ չես խօսիր աղօթքի ժամանակ, ըսի, անտեղիտալի ինքնավստահութեամբ մը, ու յանցանքիս ծանրութիւնը, ինծի պատճառած ցաւը համակ գուրգուրանքի վերածած, թեւս նետեցի հազիւ մէջքս հասնող իր ուսերուն: Դուրս ելանք միասին ու այդպէս քալեցինք մինչեւ հանդիպակաց նեղ փողոցին անկիւնը՝ ուրկէ քիչ մը վար իրենց բնակարանն էր:
-Գիշեր բարի, պարոն:
-Գիշեր բարի, Օննիկ» (Վահրամ Մավեան, «Ամբողջական երկեր», Բ. Հրատարակութիւն, Ս. Էջմիածին, 1996, էջ 428-429):
Մավեանի վարուելակերպի ճիշդ կամ սխալ ըլլալու մասին չէ, որ պիտի անդրադառնամ, այլ՝ Օննիկի կեցուածքին, վերաբերմունքին: Չորս ժամ, որու գրեթէ կէսը առանձինն դպրոցին մէջ փակուիլ, ինչո՞ւ, որովհետեւ պարոնը ըսած էր, «ներս, դասարան անցնի»: Պահ մը կը պատկերացնէ՞ք մեր օրերուն նման դէպք մը պատահի, ի՞նչ կրնան ըլլալ հետեւանքները: Կը կրկնեմ, այստեղ հարցը Մավեանի վերաբերմունքը չէ, այլ՝ աշակերտին պահուածքը, աշակերտին ունեցած ակնածանքն ու յարգանքը իր ուսուցիչի խօսքին նկատմամբ, որ նոյնիսկ ինքն իրեն համարձակութիւն չէ տուած գէթ քսան վայրկեան, կէս ժամ, կամ մէկ ժամ անցնելէն ետք մօտենալ իր ուսուցիչին, «յիշեցնելու» համար իր ներկայութեան մասին:
Այս դէպքը, ո՛չ թէ հեռաւոր անցեալին կատարուած է, այլ՝ մօտիկ անցեալին: Դարձեալ նոյն հարցումը. եթէ նման դէպք մը կամ ուսուցիչներուն կողմէ այլ նման «մոռացում»ներ մեր օրերուն պատահին, ի՞նչ բաներ կրնան պատահիլ, ի՞նչ փորձանքներ կրնան թափիլ այդ «մեղք»ը գործած ուսուցիչիներուն գլուխին, չհաշուած այն բազմաթիւ «օրհնութիւն»ները, զորս ծնողները իրենց աշակերտ զաւակին հետ կը շռայլեն ուսուցիչին, միւս կողմէ դպրոցի տնօրէնութիւնը, կրթութեան նախարարութիւնը, եւ այլն, եւ այլն, ի՜նչ պատուհասներ չեն թափեր այդ ուսուցիչին գլուխին, մէջբերելով մարդու իրաւունքը, աշակերտին փափուկ ու նուրբ հոգին, զգացումները, անոր մղձկիլը այդ «մահացու յանցանք»ին համար, որ հիմքին մէջ այդ աշակերտին օգուտին եւ լաւութեան համար է: Դարձեալ կրկնեմ, հարցը այստեղ Մավեանի վերաբերմունքն ու մոռացումը չեն, այլ՝ աշակերտին ունեցած ակնածանքն ու յարգանքը իր ուսուցիչին-ներուն նկատմամբ, ինչ բանի շնորհիւ կը կարծեմ, որ հասած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան նման հաստատութեան մը մէջ պաշտօնեայ դառնալու:
Այսօր, մենք կ՚ուզենք որ մեր զաւակները լաւ սորվողներ ըլլան, բարձր վկայականներու հասնին, եւ այլն, եւ այլն, եւ այդ բանին համար ծնողներ ոչինչ կը խնայեն յանուն իրենց զաւակներուն: Ծնողներուն խնայած բանը, սակայն, իրենց զաւակներուն մէջ յարգանքի ու ակնածանքի սերմանումն է հանդէպ իրենց ուսուցիչներուն, որոնք իրենց կարգին ծնողներուն կատարած գործին՝ դաստիարակութեան շարունակողները պիտի ըլլան:
Ուսուցիչներու հասցէին ի՜նչ բաներ չեն ըսեր այսօր ծնողները իրենց զաւակներուն ներկայութեամբ, ի՜նչ բամբասանքներ ու անամօթ արտայայտութիւններ, զորս զաւակները լսելով փոխանակ յարգանքով ու ակնածանքով տոգորուելու՝ քամահրանքով եւ ատելութեամբ կը լեցուին, որով տուեալ զաւակ-աշակերտներուն զաւակները ոսկի ալ ըլլան, այլեւս ո՛չ մէկ կերպով կրնան օգտակար դառնալ այն աշակերտներուն, որոնց ծնողները պղտորած են անոնց հոգիները եւ անընդունակ դարձուցած՝ որեւէ մէկ լաւ բան ընդունելու իրենց մէջ:
Ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութեան փոփոխութեան մասին կեդրոնացայ, որովհետեւ միւս փոփոխութիւններուն արմատը այս յարաբերութեան խաթարումն է: Վերը նշեցի, թէ ուսուցիչը ծնողի կատարած գործին-դաստիարակութեան շարունակողն է, որով ուսուցիչը իր աշակերտներուն պիտի օգնէ իրենց տուներէն ներս ստացած դաստիարակութիւնը ճիշդ կերպով կեանքի կոչեն, եւ ո՛չ միայն կոչեն, այլեւ ապրին իրենց ստացած արժէքներով ու սկզբունքներով:
Եթէ կ՚ուզենք, որ մեր վաղուան սերունդը լաւը ըլլայ, միւս կողմէ եթէ չենք ուզեր, որ զղջանք մեր այսօրուան որդեգրած որդեկործան ընթացքին համար, ապա նոր սերունդին պէտք է փոխանցենք մեր ստացած ժառանգը, այսինքին՝ սրբութիւններու, արժէքներու, սկզբունքներու նկատմամբ յարգանք, յարգանք եւ յարգանք, որով ինչքան ալ ծանր եւ անդիմադրելի ըլլան այսօրուան աշխարհէն եկող հարուածները, վստահ կրնանք ըլլալ, որ այդ արժէքային համակարգով՝ զորս մեր նախնիներէն ժառանգած եւ մեր հերթին փոխանցած ենք կամ կը փոխանցենք նոր սերունդին, ատով իսկ ամուր վահանով պատած կ՚ըլլանք նոր սերունդը:
Որոշումը մերն է, կա՛մ օրհնութիւնը կ՚ընտրենք, եւ կամ ալ մօտիկ ապագային անէծքն ու նախատինքը կը «վայելենք»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
30 հոկտեմբեր 2021, Վաղարշապատ