ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԽԱՒԱՐԱԾ ԳԻՇԵՐ ՄԸ
Սալայատակէն սողոսկացող դեկտեմբերեան ցո՞ւրտն էր ամբողջ մարմինս դողացնողը, պատկերասփիւռէն ցուցադրուող ահաւոր պատկերնե՞րը, թէ՞ դուրսը որոտացող ռումբերուն դղրդիւնները… Անկարող էի ճշդել, անկարող եմ նաեւ այսօր:
Երկու մեթր լայնք ու շուրջ երեք մեթր երկայնք ունեցող, «ապահով» սենեակի մը յատակին մէկզմէկու գրկած էինք տասը մանուկներ ու չափահասներ. արդեօք իրարու այդքան մօտեցած էինք, որպէսզի իրարմո՞վ ջերմանանք, իրա՞ր սփոփենք, թէ՞ հրթիռներուն առթած վախը նուազեցնենք… Կրկին չէի կրնար ճշդել, ոչ ալ՝ այսօր:
Այդ օրը անմեղ ու մաքրութիւն խորհրդանշող անձրեւը որքա՜ն խորթ ու ծուռ աչքով կը նայէր իրեն հետ մրցելու ելած ռումբերուն, որոնք հետզհետէ անձրեւին մարտահրաւէր կարդալով, ա՛լ աւելի ուժգին կը տեղային՝ անձրեւին ի տարբերութիւն մահ ու աւեր սփռելով, կեանքեր ընդհատելով: Կ՚անձրեւէր նաեւ հոն, դիմացս դրուած, սեւ-ճերմակով ողբալի պատկերներ պարզող պատկերասփիւռէն անդին՝ խանգարելով փրկարար աշխատանքները: Այդտեղի անձրեւը անխիղճ էր, անտուն մնացած ու շէնքերուն մնացորդացին տակ ապաստանիլ փորձող սարսափահարներուն վրայ կը տեղար անխղճօրէն, սառոյցի գնդիկներուն նման հարուածելով տակաւին իրենց ստացած աստուածային հարուածէն չսթափածները…
Ամէն օր «վերջին օրը» թուող, սակայն իւրաքանչիւր «վերջինին» հետ նոր «վերջին»ի մը չգործադրուած խոստումը տուող ու կրկին դրժող պատերազմական այդ դաժան օրերուն ելեկտրականութիւնը եւս, մեծ թիւով լիբանանցիներու նման, «արտագաղթ»ի պայուսակը գրկելով հեռացած էր Լիբանանէն: Իբրեւ «ապահով» վայր մեզի տրամադրուած այդ սենեակին հեռատեսիլին կոճակներուն ինքնութեան ու գործելաոճին իսկ անծանօթ էինք տակաւին: «Հաճելի» անակնկալ էր ելեկտրականութեան տուած այցելութիւնը. այս աննախընթաց առիթէն օգտուելով՝ հայրս իսկոյն հեռատեսիլը միացուցած ու անոր կողքին կանգնած էր ամբողջովին կարկամած ու շնչակտուր…
Ինծի բաժին ինկած ծածկոցով կը փորձէի մարմնիս փոխարէն՝ ամբողջովին ծածկել աչքերս ու ականջներս, որպէսզի չտեսնեմ պատկերասփիւռի պաստառին վրայ տողանցող մահաբոյր պատկերները ու չլսեմ մեծերուն զրոյցը, որուն հաւատալ կը մերժէի… Պատկերներ՝ հայրենիքէս եկող ու ուղղակի սիրտս թափանցող՝ Ազնաւուրի «Նրանք ընկան» երգին յուզականութեամբ ընկերացող: «Վա՜յ, վա՜յ, խեղճե՜ր, խեղճե՜ր, այս ի՜նչ ահաւոր բան պատահած է այդտեղ», «Սպիտակը գետնին հաւասարած է, կարծես կանգուն բնակարան չէ մնացած, այս բուք-բորանին ի՞նչ պիտի ընեն վերապրողները», «Հիմա վերապրողներուն մասի՞ն կը մտածես, այսպէս թէ այնպէս պիտի գոյատեւեն, իսկ մահացողնե՞րը, աւելի քան 25 հազար հայ անշնչացած է, կ՚ըմբռնե՞ս աղէտին տարողութիւնը, տակաւին ո՞վ գիտէ որքան ուրիշ ծանր վիրաւորներ կրնան մահանալ, որքան անշնչացած մարմիններ կրնան դուրս բերուիլ այդ աւերակներուն տակէն…», «Տեսա՞ք, մանուկը աւերակներուն տակէն կը փորձէ դուրս գալ, թող մէկը օգնէ անոր, կրնայ վերապրիլ…», «Աստուած իմ, ինչե՜ր կը կատարուի հայ ազգին, կրկի՞ն մահ, կրկի՞ն կորուստ, կրկի՞ն աւեր»…
Կը լռեն բոլորը, հեծկլտուքը տիրական էր, նոյնիսկ ռումբերը լռեցին, այսքան մեծ ողբի դիմաց կարծես անոնք եւս «ըսելիք» չէին գտներ: Ծածկոցին տակէն աչքս կ՚ուղղեմ դէպի պատկերասփիւռ… Կին մը իր մեռած երեք զաւակներուն կողքին կանգնած՝ մերթ գլուխը կը ծեծէ, մերթ իր անշնչացած զաւակները կը շոյէ, մերթ անցորդներուն քով վազելով՝ կը գոռայ, կ՚ողբայ, կը զայրանայ, ապա կրկին գետին կը նետէ ինքզինք, հո՛ն, ուր իր սրտի հատորներն են: Քիչ անդին՝ ծերունի մը կը խեղդուի իր արցունքներուն մէջ, իր բնակարանէն մնացած միակ սիւնին փաթթուած երկինք կը նայի՝ պատասխաններ խնդրելով: Ուրիշ պատկերի մը մէջ պապուկ մըն է՝ իր հնգամեայ թոռնուհիին դագաղէն բաժնուիլ մերժող. «Ինչո՞ւ ան, ինչո՞ւ մանուկը, հապա ե՞ս»… Անդին՝ մանուկ մը լքուած է ինքնիր ճակատագիրին, հաւանաբար իր ընտանիքի պատմութեան միակ վկան մնացած է… Ոչ ոք ուրիշին կը նայի, ոչ ոք կարողութիւն ունի միւսը սփոփելու, կողքին գտնուողին ցաւը կիսելու, վիշտը թեթեւցնելու, ամէն ընտանիք ունի իր սուգը, իր ողբերգութիւնը…
Կրկին կը ծածկեմ ամբողջ գլուխս՝ յուսալով, որ այդ պատկերները կ՚անհետանան, բայց փակ աչքերով իւրաքանչիւր պատկեր իր մանրամասնութեամբ աւելի ուժգին կը կրկնուի, մեծերուն արտասանած իւրաքանչիւր խօսք կրկին ու կրկին կը հնչէ ականջիս մէջ…
Անկարող եմ դիմանալու, պայքարս աւարտին հասած է արդէն, ես ալ կը յանձնուիմ հեծկլտուքի ալիքին եւ կը փորձեմ պատանիի ուղեղիս ու սրտիս մէջ տեղաւորել այս բոլոր անտրամաբանական ու անսիրտ երեւոյթները: Կը ձախողին բոլոր փորձերս, կարելի չէ ընդունիլ ու ընկալել, չեմ ուզեր հաւատալ: Կը ջանամ անհետացնել բոլոր պատկերները՝ խաբկանքով պարուրել զանոնք… Սակայն Սպիտակի, Կիւմրիի, Վանաձորի եւ մերձակայ շրջաններու մանուկներուն մասին կը մտածեմ յատկապէս ու անդադար… Անտուն, անծնող եւ անօթի մանուկներ, մեզմէ՝ լիբանանեան պատերազմի մանուկներէս աւելի ողբալի պայմաններու մէջ յայտնուած հայ մանուկները, իմ քոյրերս ու եղբայրներս, ինչպէ՞ս պիտի շարունակեն այս դաժանացած կեանքի երթը: Երկվայրկեանի մը մէջ անոնք մարմինի անդամ մը, ամբողջ ընտանիք մը կորսնցուցին, մահուան ինչ ըլլալը չգիտցող այդ մանուկները իրենց մայրն ու հայրը թաղեցին, զրկուեցան գէթ «ապահով» սենեակէ մը, որուն յատակը փռուած բարակ անկողինին վրայ իրենց մօր բազուկներուն մէջ կծկուիլն իսկ արդէն անկարելի դարձաւ իրենց համար: Հակառակ ռմբակոծումներուն՝ ես վաղը դպրոցի արկածախնդրական ճամբան պիտի բռնեմ կրկին, դասընկերներս տեսնելով՝ պիտի մոռնամ նախորդ գիշերուան ռումբերու ելոյթը, կամ այդ մասին պատմելով՝ պիտի թեթեւնայ հոգիս: Իսկ ո՞ւր են Սպիտակի, Կիւմրիի, Վանաձորի դպրոցները, ո՞ւր են այդ առանձին մնացած եւ ապշահար շուրջը դիտող մանուկին դասընկերները, միթէ գետինը բացուելով զանոնք կուլ չտուա՞ւ՝ շատ ու շատ ուրիշներուն հետ…
Հեծկլտուքս կը փոխուի բարձրաձայն լացի, շուրջիններս կը փորձեն սփոփել զիս, գրկել, սիրել… Կը մերժեմ անոնց սէրն ու գուրգուրանքը՝ տարուած ըլլալով բախտով այն մանուկներուն, որոնք զրկուած են այդ գուրգուրանքէն ու սէրէն, իրենց արցունքները սրբող չունին հիմա, նոյնիսկ չունին ծածկոց մը՝ փակելու իրենց աչքերն ու ականջները, չտեսնելու արհաւիրքը, չլսելու ողբերգութեան մեղեդին, չզգալու կեանքը շարունակելու փափաքը կործանող վիշտը…
Կրկին Ազնաւուրին ձայնը կը հնչէ՝ «Նրանք ընկան», կրկին միեւնոյն պատկերները կը ցուցադրուին, ամբողջ աշխարհին ուշադրութեան կիզակէտը Սպիտակի երկրաշարժն է, լուրերը միայն այդ մասին կը խօսին, կայանները նորանոր նկարներ կը խոստանան, թարմ լուրերու համար կը խնդրեն, որ միշտ իրենց հետեւող ըլլանք…
Բայց…
Բայց ելեկտրականութիւնը կրկին կ՚որոշէ «արտագաղթել»՝ պարտականութիւնը կատարածի գոհունակութեամբ: Ի՜նչ պարտականութիւն… Սեւ կը հագնի ամբողջ սենեակը, հաւանաբար այդ պահուան ամենէն ճիշդ ու յարմար գոյնը, նոյնիսկ ռումբերը կը յարգեն 25 հազար հայու յիշատակը ու լռութիւն կը պահեն, սեւութիւնը չեն ճեղքեր իրենց փայլատակումներով:
Մանուկներուն պատկերները աչքերուս ու ուղեղիս մէջ՝ մեղմ ու ցած ձայնով կը փսփսամ մօրս.
«Մա՛մ, ինչ լաւ եղաւ, որ ելեկտրականութիւնը անջատուեցաւ, չէ՞»: Պատասխանի փոխարէն, մօրս արցունքի կաթիլները կը թրջեն այտերս՝ միանալով իմ արցունքներուս, իսկ իր գուրգուրոտ բազուկները սովորականէն տարբեր ուժգնութեամբ կը գրկեն դողդղացող մարմինս…
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Հարթակ
- 12/02/2024