ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ. «ՊԷՏՔ Է ԶԳՕՆ ԵՒ ՀԵՌԱՏԵՍ ԸԼԼԱԼ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ «ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆ»Ը ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ԱՒԱՐՏԱԾ»
Լիբանանահայ քաղաքագէտ, վերլուծաբան Աշոտ Բագրատունիի հետ ունեցանք հեռավար ձեւաչափով հարցազրոյց մը, որուն սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Երկու տարիէի ի վեր Լիբանան յայտնուած է տնտեսական պաշարման «աքցան»ին մէջ։ Ձեր կարծիքով, ի՞նչ նպատակով տեղի ունեցան եւ կը շարունակուի՞ն այդ ճնշումները։ Արդեօք ստեղծուած տնտեսական տագնապը որոշ չափով «շինծու» է։
-15 տարիներ տեւած քաղաքացիական պատերազմէն ետք Լիբանան միշտ ալ ունեցաւ տնտեսական բաւական լուրջ խնդիրներ։ Նոյնիսկ այն օրերուն, երբ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը շատ լաւ կը համարուէր, պետական պարտքը մեծագումար էր ու անոր տոկոսները կը բարձրանային։ Այսօր չենք կրնար ըսել, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը կապ չունի քաղաքական, կառավարական, տնտեսական սխալ քայլերու, փտածութեան եւ վատնումի հետ։ Անշուշտ կան այդ սխալները, բայց գիտենք նաեւ, որ այդ չէին միակ պատճառները, որոնց հետեւանքով ալ այսօրուան հասանք։ Պէտք է յիշել, որ երկիրը աւելի քան եօթ տարիէ ի վեր պետական պիւտճէ չունի, որովհետեւ պետական պիւտճէի նախագիծը ամէն անգամ պոյքոթի կ՚ենթարկուէր խորհրդարանին մէջ քաղաքական պատճառներով: Նաեւ պէտք է յիշել, որ բացի ծովային ճանապարհէն՝ Լիբանան երկու ցամաքային ճանապարհ ունի, անոր սահմանակից երկիրներն են Սուրիան եւ գրաւեալ Պաղեստինը։ Վերջինիս հետ սահմանները փակ են, հետեւաբար կը մնայ Սուրիան, եւ Լիբանան ճանչցուած էր իբր տարանցիկ երկիր։ Սակայն 2011-էն ի վեր Սուրիոյ պատերազմը եւ Սուրիոյ ներքին խռովութիւնները կասեցուցին այդ տարանցումը, ինչ որ բաւական ուժեղ հարուած եղաւ Լիբանանին: Իսկ երկրորդ պարագան այն էր, որ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով աւելի քան երկու միլիոն սուրիացի փախստականներ Լիբանան հասան, որուն պատճառաւ ալ միջազգային կազմակերպութիւնները եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնք մինչ այդ լիբանանեան կառոյցներուն եւ դպրոցներուն կ՚աջակցէին, սկսան գաղթականներուն օգնել. բան մը որ դարձեալ ազդեց Լիբանանի անապահով խաւերուն վրայ։
Իսկ եթէ հաշուի առնենք, թէ ամէն սուրիացի գաղթական միջին հաշուով ամսական 100 ամերիկեան տոլար կը ղրկէր երկրէն դուրս գտնուող իր ընտանիքին, ապա տասն տարուայ ընթացքին՝ 26 միլիառ 400 միլիոն տոլար Լիբանանէն դուրս բերուած է։ Անշուշտ, գաղթականներուն պատճառաւ չստեղծուեցաւ Լիբանանի տագնապը, բայց եւ այնպէս, այդ խնդիրն ալ ազդեց երկրին վրայ։ Չմոռնամ նշելու, որ Սուրիոյ պատերազմին, հետեւաբար նաեւ այնտեղ ստեղծուած վիճակին առ ի հետեւանք՝ Լիբանան «հաստատուած» սուրիացի փախստականներ մեծ քանակութեամբ դեղօրայք, վառելանիւթ եւ նոյնիսկ սննդամթերք սկսան իրենց երկիրը ուղարկել ու այդպիսով «նպաստել», որ Լիբանանի մէջ զանազան ոլորտներու եւ առաջին օգտագործման ապրանքանիշներու սուր պակաս մը ստեղծուի։ Այս վիճակը ազդեց նաեւ, որ մինչ այդ ապրանքատեսակներուն վրայ եղած եւ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ առկայ նեցուկը նօսրացուի, որուն հետեւանքով ալ բոլոր կարեւոր ապրանքատեսակները մեծ սղաճ արձանագրեցին։ Այս բոլորին յաջորդեց երկրին «յեղափոխութեան» փուլը, քորոնաժահրի տագնապը, նաեւ լիբանանցի դրամատէրերու իրենց ունեցած դրամատնային աւանդները երկրէն դուրս բերելու հոլովոյթը, որուն հետեւանքով ալ առկախուեցաւ կառավարական արժեթուղթերու վճարումը, որն արդէն ամենէն մեծ ու ծանր հարուածն էր լիբանանեան դրամանիշին եւ գոյութիւն ունեցած տագնապին:
Ինչ կը վերաբերի ձեր հարցին այն մասին, որ արդեօք տագնապը դիտումնաւոր էր կամ ոչ, ապա ըսեմ, որ Լիբանանը միշտ ալ տագնապներու մէջ եղած է եւ միշտ ալ արտաքին օժանդակութեամբ ոտքի ելած, սակայն այս անգամ յստակօրէն յայտնի էր, որ այդ արտաքին օժանդակութիւնը չկար: Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումէն ետք ալ, բոլորս նկատեցինք, որ օժանդակութիւններ հասան բայց նպատակայարմար չէին: Նիւթական օժանդակութիւնները հասան կազմակերպութիւններու եւ ոչ կառավարութեան, որովհետեւ յեղափոխութեան պատճառաւ վստահութեան հարց կար կառավարութեան եւ «օժանդակող պետութեանց» (Լիբանանի խնդիրներուն հետեւողները շատ լաւ գիտեն, որ վերջին տարիներուն Լիբանանի համար ստեղծուած է «Օժանդակ պետութեանց» մարմին մը, արաբերէնով՝ «Տուալ մանեհա», որ կը գլխաւորուի՝ Ֆրանսայի կողմէ) միջեւ։ Օժանդակութեան բացակայութիւնը քիչ մը «աքցան» բառը կը յիշեցնէ:
Միւս կողմէ, պէտք է հաշուի առնել, որ Լիբանանի մէջ կայ զինեալ խմբաւորում, որուն անունն է «Հիզպուլլահ» եւ որուն հանդէպ միջազգային հանրութիւնը եւ այսպէս կոչուած Իսրայէլի պետութիւնը թշնամական դիրքորոշում ունի: Անցեալին «Հիզպուլլահ»ի դէմ պայքար մղուած է, միայն «Հիզպուլլահ»ի դէմ եւ ոչ թէ Լիբանանի, բայց 2005-էն ի վեր այդ քաղաքականութիւնը փոխուեցաւ: Լիբանանեան զանազան կողմեր՝ Միացեալ Նահանգներու, ՄԱԿ-ի կամ արաբական կարգ մը երկիրներու օժանդակութեամբ պատրաստուեցան «Հիզպուլլահ»ի դէմ դնելու եւ ըստ երեւոյթին չկրցան ու շատ հաւանաբար այդ պատճառով էր, որ Լիբանանը թիրախ դարձաւ մեծ պատերազմի մը, որ տեղի ունեցաւ 2006 թուականին։ Այն ժամանակ ալ արդէն յայտնի դարձաւ, որ այդ ուժերուն թիրախը միայն «Հիզպուլլահ»ը չէ, այլ ամբողջ Լիբանանը։ Նախքան Լիբանանի տագնապին սրացումը, Իսրայէլի «Մոսատ»ի նախկին ղեկավարը ըսած էր. «Եթէ «Հիզպուլլահ»ին պիտի յաղթենք, ապա պէտք է ամբողջ Լիբանանը «խեղդենք» եւ միայն այդպիսով Լիբանանի ժողովուրդը դէմ կ՚ելլէ «Հիզպուլլահ»ին». Ըստ իս, հիմա տեղի ունեցողը այդ քաղաքականութեան շարունակութիւնն է։
-Շուրջ տասն տարի առաջ արաբական աշխարհին մէջ սկսաւ փչել՝ «Արաբական գարնան զեփիւռ»ը, որ մեծ հաշուով աղէտաբեր եղաւ շրջանի ժողովուրդներուն համար։ Այսօր ի՞նչ վիճակի է այդ գործընթացը, ի վերջոյ դէպի ո՞ւր կ՚երթայ Մերձաւոր Արեւելքը։
-Իմ կարծիքով՝ «Արաբական գարուն»ը չսկսաւ Թունուզով, Մարոքով, Եգիպտոսով կամ Սուրիայով, այլ սկսաւ Լիբանանով, երբ 2005-ին «Մայրիներու յեղափոխութիւն» տեղի ունեցաւ։ Այդ «յեղափոխութեան» նպատակն էր, այդ օրերու իշխանական համակարգի տապալումը եւ երկրին մէջ սուրիական ներկայութեան աւարտը։ Այդ բոլորին տակ թաքնուած էր նաեւ «Հիզպուլլահ»ին դէմ պայքարելու դրոյթը եւ անշուշտ այդ բոլորը տեղի ունեցան արտաքին ուժերու դրդումով ու նեցուկով։ Այսպէս, «Արաբական գարնան» հիմնական նպատակը շրջանին մէջ փոփոխութիւններ յառաջ բերելն էր ու բոլորս մեծ զարգացումներու ականտես եղանք յատկապէս՝ բռնապետական վարչակարգով երկիրներու մէջ: Դժբախտութիւնը այն էր, որ ժողովրդավարութեան անունով եղած այդ զարգացումները այլ թաքցուած նպատակներ ունէին, նաեւ կար այն երեսակը, որ այդ «խոստացուած» ժողովրդավարութիւնը մեծ հաշուով պիտի ձախողէր, որովհետեւ ժողովուրդները պատրաստ չէին այդ փոփոխութիւններուն: Իբր այդ, որոշ ծայրայեղական մարմիններ մէջտեղ ելան եւ փորձեցին որոշ դեր մը ստանձնել։ Օրինակ՝ Եգիպտոսի մէջ «Իսլմական եղբայրներ»ը փորձեցին «տեղ գրաւել» եւ նոյնիսկ ընտրութիւններուն յաղթեցին, սակայն աւելի ուշ ժողովուրդը նկատելով, որ անոնք երկիրը սխալ տեղ կ՚առաջնորդեն, ընդդիմացան եւ ապաւինելով երկրի բանակին՝ նախագահ ընտրեցին զօրավար Սիսին։ Ի դէպ գոյութիւն ունի տրամաբանական վարկած մը, որ Մերձաւոր Արեւելքի գործընթացները տակաւին չեն աւարտած ու վերջնական քարտէսները մինչեւ այս պահը տակաւին չեն գծուած, հետեւաբար խօսելով «Նոր Մերձաւոր Արեւելք»ին մասին, մենք չենք կրնար ըսել, որ այդ գործընթացները հասած են իրենց աւարտին։ Այդ գործընթացներուն մէջ մեծ տեղ ունին Ուքրայնոյ, Ղարաբաղի, Եմէնի, Քաթարի, Լիբանանի եւ անշուշտ Սուրիոյ կարեւորագոյն զարգացումները։
-Ձեր մօտ տեղի ունեցած գործընթացները ինչ-որ չափով կ՚ազդե՞ն Հայաստանի վրայ։ Եթէ այո, ինչպէ՞ս։
-Մեր մօտ տեղի ունեցած գործընթացները անպայմանօրէն կ՚ազդեն Հայաստանի վրայ՝ շատ մը տարբեր ձեւերով: Նախ՝ իբր հայկական գաղութի արտագաղթ։ Չմոռնանք, որ լիբանանահայերը որպէս առաջին յենարան ունին Հայաստանը, ներկայ տնտեսական դժուարութիւններէն ելլելով շատ մը հայրենակիցներ լքեցին Լիբանանը եւ հաստատուեցան Հայաստանի մէջ, քաջ գիտնալով, որ հայրենիքի մէջ լուրջ դժուարութիւններ կան։ Երկրորդ՝ հայկական կուսակցութիւնները եւ ընդհանրապէս հայկական համայնքը Լիբանանի մէջ ազդեցիկ համայնք կը համարուի եւ գաղտնիք չէ, որ այս տագնապը մեծ հարուած տուաւ լիբանանահայ համայնքին, որուն թուլացումը կ՚ազդէ նաեւ Հայաստանի վրայ։ Ներքին իմաստով լիբանանահայ համայնքը թիրախ դարձաւ «յեղափոխութեան աղմուկ»ին եւ որոշ կողմեր փորձեցին այդ կերպ հարուած տալ Լիբանանի հայկական աւանդական կուսակցութիւններուն, սակայն չյաջողեցան, պարզ անոր համար, որ Լիբանանի հայ հասարակութիւնը գտնուեցաւ արթուն եւ գիտցաւ, որ այդ բոլորը մաս կը կազմեն կործանարար մեծ ծրագրերու։ Այստեղ կ՚ուզեմ նշել, որ որեւէ հայկական կուսակցութեան հարուածելը սփիւռքի մէջ կը նշանակէ հարուածել համընդհանուր հայկական շահերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի շահերուն: Որովհետեւ հայկական կուսակցութիւններն են, որ սփիւռքի մէջ կրցած են պահել եւ պաշտպանել հայ գաղութները, իրենց թերութիւններով հանդերձ անոնք են, որ գիտեն ինչպէս կը կատարեն այդ գործը:
-Գաղտնիք չէ, որ Լիբանանի մէջ հայկական առումով ամենազդեցիկ կուսակցութիւնը՝ ՀՅԴ-ն է։ Այս առումով ալ մենք նկատեցինք, որ կուսակցութիւնը մեծ հաշուով վերապահ էր Լիբանանի «ժողովրդային բողոքի ալիք»ի հանդէպ: Տեղին է՞ր այդ վերապահութիւնը եւ ինչո՞ւ։
-Այո՛, ՀՅԴ-ն բաւական վերապահ էր ժողովրդական բողոքի ալիքի հանդէպ: Ինչպէս ոեւէ քաղաքացի, անշուշտ բոլոր հայկական կուսակցութիւններու համակիրները եւ Դաշնակցութեան համակիրները վրդովուած էին իրավիճակէն: Բայց իբր քաղաքական կուսակցութիւն ՀՅԴ-ն պարտաւոր էր քաղաքական գնահատական տալ եղածներուն ու առկայ պատկերին ընդհանուր պրիսմակով նայիլ: Իբր այդ, հաշուի առնելով ամենատարբեր հանգամանքները՝ ՀՅԴ-ն այնքան ալ խանդավառ չեղաւ ընթացող զարգացումներուն դիմաց։ Ի վերջոյ այդ կուսակցութեան առաջնահերթութիւններէն էր գաղութին ապահովութիւնը, այս կէտին է, որ նժարի վրայ դրուեցաւ բողոքի ցոյցերուն մասնակցութեան հարցը։ Այն իմաստով, որ արդեօք բողոքի ցոյցերուն մասնակցութիւնը օգտակար կ՚ըլլա՞ր, թէ՞ այս գործընթացին մասնակցելով ինչ-որ տեղ կը վնասուէր հայութեան անվտանգութիւնը։ Առկայ գործընթացներուն վերաբերեալ Դաշնակցութեան վերապահ ըլլալու որոշումը շատ նպատակայարմար էր եւ այս որոշումին արդիւնքները այսօր ամբողջ գաղութը կը քաղէ։ Դաշնակցութեան, առաջնորդարանին, կաթողիկոսարանին, հայկական կազմակերպութիններուն եւ կուսակցութիւններու օժանդակութեան բաշխումի աշխատանքներուն, գաղութը ոտքի պահելու աշխատանքներուն մէջ, մեր դպրոցները, հիմնարկները, գաղութային կազմակերպութիւնները այս վատ պայմաններուն ներքեւ ոտքի պահելու կարողութիւնը կը պարտինք այդ որոշումին եւ այդ տեսակի աչալուրջ որոշումներուն: Ի վերջոյ, պէտք է զգօն եւ հեռատես ըլլանք, որովհետեւ «Արաբական գարուն»ը տակաւին չէ աւարտած։
-Լիբանանով հետաքրքրուող եւ շահեր ունեցող կողմեր երկրին մէջ առկայ տագնապին լուծումը կը տեսնեն յառաջիկայ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններով։ Այդ մասին ի՞նչ կը մտածէք եւ արդեօք լիայոյս է՞ք, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան։
-Այն, որ Լիբանանով հետաքրքրուող այն երկիրները, կուսակցութիւնները կամ կողմերը Լիբանանի փրկութիւնը կը գտնեն յառաջիկայ ընտրութիւններուն մէջ, կը կարծեմ սխալ տեսլական է: Նախ՝ որովհետեւ չենք գիտեր, թէ ինչ կրնան ըլլալ այդ ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ արդեօք լա՞ւ կամ վատ անակնկալի առջեւ պիտի գտնուինք։ Բայց եւ այնպէս, իրականութիւնը այն է, որ որեւէ ժողովրդավարական երկրի մէջ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան եւ չունենալը մեծ վնաս կրնայ պատճառել: Այս ընթացքին մէջ Լիբանանով հետաքրքրուող բոլոր կողմերը երկրի ընտրութիւններու կայանալը կը համարեն առաջնահերթութիւն: Այդ «սպասուած» ընտրութիւններու չկայանալը Լիբանանին համար վնասակար է, բայց ըլլալն ալ անպայմանօրէն չի նշանակեր, որ այս տագնապը աւարտին հասցնելու վերջնական քայլն է։ Լիբանանեան համակարգը, ընտրական օրէնքը, կուսակցութիւններու ունեցած համակրութիւնը՝ մէկ ընտրութեամբ չի վերջանար։ Այո՛, կրնան արդիւնքներ ըլլալ, որ ոչ-կուսակցական տարրեր մուտք գործեն խորհրդարան, բայց չեմ կարծեր, որ ամբողջովին մեծամասնութիւն եւ փոքրամասնութիւն փոխելու արդիւնքներ պիտի գոյանան։ Յամենայնդէպս, 2005-էն ետք խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւնը միշտ փոփոխական է: Եթէ Լիբանանով հետաքրքրուող կողմերը ընտրութիւններով պիտի փորձեն «Հիզպուլլահ»ի ազդեցութիւնը ոչնչացնել, ապա անոնք չարաչար կը սխալին, որովհետեւ «Հիզպուլլահ»ի գոյութիւնը կամ աւելի ճիշդը անոր շրջանային դերն ու ազդեցութիւնը ներլիբանանեան հարց մը չէ, այլ շատ աւելի մեծ ու տարողունակ եւ բաւական բարդ հանրախնդիր է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան