ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ

«Պահպանակ մը օդապարիկի տեսքով
պաշտպանութիւն
գմբէթ
սաղմ
հաւկիթ
երկրին խեղաթիւրումը
ձուաձեւ շրջագիծ
պատմական բողբոջում
աշխարհագրական մաշկի փոփոխութիւն...»

Խառնիխուռն շարուածքով բառեր, նոթատետրի էջին վրայ արուեստագէտին ձեռագիրով գրուած նշումներ, եւ... պաստառին վերնագիրը՝ «Կը դիտէ Նոր Մարդուն Ծնունդը»:

Ահա թէ ի՞նչ գտնուած էր Սալվատոր Տալիին նոթատետրէն իր աշխարհահռչակ կտաւին առընչուող. կտաւը ստեղծուած է 1943-ին՝ Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ Տալին Սպանիայէն գաղթած էր Ամերիկա, երբ Եւրոպայի մէջ եւ այլուր կը մոլեգնէր սարսափազդու պատերազմը:

Գծուածը ներաշխարհ մըն է, որ կը պատկերացնէ երկրագունդին համար սարսափելի ժամանակաշրջան մը: Կեանքին աւարտը տերեւաթափի գոյներով կ՚երեւի ամբողջ պաստառին վրայ:

Բնութիւնը լերկ, լեռները մենացած. աջին բնակիչները մերկ, յոգնած, չքացած ուրուագիծեր են միայն՝ անխնամ, սնանկ եւ ոսկրացած, իսկ ձախին կարծես հեռաւոր յուշն է մարդուն, երբ քաղաքակիրթ ապրուստը գոյութիւն ունէր, իրականութիւն էր ատենին...

Պատկերին կեդրոնը մարդն է, մարդկութիւնը, որ պիտի վերածնի արհաւիրքներէն, ի գին ամէն ինչի պիտի մաքառի, պատռէ պատող արգելքները, շունչ որոնէ, ելքի ճամբայ մը գտնէ՝ չարչարանք, պատերազմ, աղէտ, արիւն, մահ... ոտքի կոխան դարձնէ, ուժ ժողվէ իր գոյութենէն, փոխէ մաշկը խեղաթիւրուած աշխարհին, մթութիւնը ճեղքէ եւ գտնէ լոյսին ճամբան հաւատքի գմբէթով պաշտպանուած... երկունքի ցաւէն դէպի ծնունդ:

Մարդուն հաւատքն է իր կարողութեանց եւ ունակութեանց հանդէպ, հաւատքը ձգտումը հզօրացնող, հաւատքը նպատակը ծաղկեցնող, ի վերջոյ հաւատքը ձգտումին օգնութեամբ հասնելու գերագոյնին՝ նպատակին եւ նոր սերունդին ապահով կեանք մը պարգեւելու:

Նոր սերունդը մանուկն է պաստառին վրայ, վերածնունդը դիտող ուրախ հայեացքով, շուքը մօրը շուքէն երկար՝ երկարակեցութիւն, յուսառատ կեցուածք, պատրաստ ցնծութեան՝ մանկական մաքուր, անմեղ հրճուանք:

Արուեստագէտը թափեց ներաշխարհը պաստառին վրայ եւ կերտեց անմահութիւն մը այն օրերէն մեզի հասած, որ ցայսօր կ՚ենթարկուի վերլուծութեանց, մեկնումներու, կը ներշնչէ շատերը, կը զարմացնէ վարպետութեամբ դրոշմուած վրձնահարուածներով, գոյներու ներդաշնակ շաղախով կը պատմէ եւ պիտի պատմէ ժամանակաշրջանին ամբողջ էութիւնը:

Այսօր, լրատուամիջոցներէն, հեռատեսիլային հաղորդումներէն յաճախ կը լսենք նոր դարաշրջանի մը սկիզբին ընթացիկ տարիներուն համընկումին մասին, կը շօշափենք երկրին դիմագիծը փոխող համաճարակին ազդեցութիւնը, հինին զիջումը կ՚երեւի նորին՝ արդիականին՝ մեքենայականին, ականատես կ՚ըլլանք ստուարաթիւ մարդոց գործազրկումին, սնանկացած ընկերութիւններուն, մահուան սարսափելի թիւերուն...

Վէճեր, աթոռակռիւներ, պատերազմներ, հրդեհներ, ջրհեղեղներ, տարածութեանց զաւթումներ... եւ այս բոլորին մէջ մարդն է, որ կը տուժէ, կը վնասուի, կը կորսնցնէ, կը մահանայ..., բայց կը մաքառի ան պաստառին վրայ վերածնողին պէս, կը մաքառի կերտելու նորը, գոյատեւելու, ստեղծելու, արարելու... եւ նորին համակերպելու:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Փետրուար 12, 2021