ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՀԱՐՑ ԵՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՆՈՐ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի մէջ ռազմագերիներու հարցը կը շարունակէ մնալ առանցքային։ Մասնաւորապէս անցեալ հինգշաբթի գիշերուան դէպքէն վերջ սա դարձեալ գլխաւոր նիւթ կը դառնար։ Խօսքը կը վերաբերի Պաքուէն Երեւան հասած օդանաւին։ Կը կարծուէր, թէ այդ օդանաւով մինչեւ 80 գերի Հայաստան պիտի վերադառնար։

Ի դէպ, Երեւան ժամանած օդանաւի լուրի տարածումէն անմիջապէս վերջ զանազան առումներով «անհասկնալի» հաղորդագրութիւն մը կը հրապարակուէր, եւ այսպէսով Փաշինեանի կառավարութիւնը կը ջանար բացատրել ստեղծուած իրավիճակը։ Յայտարարութիւնը կատարուած էր փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակին կողմէ։ Այնտեղ մասնաւորապէս կ՚ըսուէր. «Գերիներու վերադարձը, դժբախտաբար, կրկին յետաձգուած է, որովհետեւ թշնամին 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան 8-րդ կէտը չի գործադրեր, ինչ որ յետպատերազմեան մարդասիրական գործընթացի կոպիտ խախտում մըն է: Բանակցութիւնները ռուսական կողմի միջնորդութեամբ կը շարունակուին եւ յոյս ունինք, թէ ատրպէյճանական կողմը ի վերջոյ կը յարգէ ստորագրուած յայտարարութիւնը ու կեանքի կը կոչէ մարդասիրական պայմանաւորուածութիւնը՝ այդպէսով նպաստելով տարածքաշրջանի մէջ կայունութեան հաստատման»։

Յայտարարութիւնը ինքնին թիրախ պիտի չդառնար բուռն քննադատութիւններու, եթէ Արցախ գործուղղուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրքերու գլխաւոր հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատով դէպքէն օր մը անց ու շատ անպատրաստից զրոյց մը չունենար «Հրապարակ» թերթի լրագրողին հետ՝ յայտնելով, որ Պաքուէն Երեւան հասած եւ իր ճամբորդած օդանաւին մէջ գերիներ պիտի չըլլային։ Երեւանի պաշտօնական պատասխանատուները այս կերպով վարուելով շփոթի մթնոլորտ մը կը ստեղծէին Հայաստանի բնակչութեան համար։

Այստեղ հարկ է անպայման արձանագրել, որ «դատարկ» օդանաւի յայտնուելէն ետք գերիներու ծնողներ (որոնց մէջ մեծամասնութիւն էին Շիրակի մարզի գերիներու ծնողները) կը հասնէին Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքը, որու առջեւ կը բողոքէին պատահածին դէմ ու կը պաշարէին համալիրը մէկուկէս օրուան տեւողութեամբ։ Անոնք հանդիպումներ կ՚ունենային Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ ու կը հեռանային առանց յստակ եզրակացութեան։ Իրապէս, որ ստեղծուած պատկերը ո՛չ միայն վրդովեցուցիչ էր, այլ նաեւ խստօրէն քննադատելի։ Ի՞նչ կը կատարուէր գերիներու նիւթով, ո՞ր կողմը ստեղծուած իրադրութիւնը շահարկելով կը փորձէր միաւորներ քաղել…

Գիտենք, անշուշտ, 9 նոյեմբեր 2020 թուականին կնքուած հրադադարի համաձայնութենէն ի վեր գերիներու հարցը դարձաւ Հայաստանի ժողովուրդին առջեւ ցցուած մեծագոյն խնդիրներէն մին։ Սա այսօր ալ կը շարունակէ մնալ ազդու գործօն մը, որ ո՛չ միայն ներքին իրավիճակին վրայ կ՚ազդէ, այլ նաեւ երկրի ներքին օրակարգը կը ցնցէ ու տակնուվրայ կ՚ընէ։ Հոս ամենամեծ խնդիրն է, որ երկրի ղեկին կանգնած իշխանութիւնները եւ մասնաւորապէս՝ Նիկոլ Փաշինեան կը շարունակեն իրենց ոչ-անկեղծ վարքը եւ յստակ ու բաց չեն խօսիր գերիներու թղթածրարին եւ անոր վերջնական լուծման հնարաւորութիւններուն մասին։ Անշուշտ, կայ կարծիք, թէ այս նիւթը պիտի շարունակէ մնալ շահարկելի։ Ան պիտի շահարկուի թէ՛ իշխանութիւններու եւ թէ ընդդիմութեան կողմէ, սակայն, իրականութեան մէջ, այս խնդրի մեծագոյն պատասխանատուն կը շարունակէ մնալ Հայաստանի վարչապետը, որ կոչուած էր ամէն ինչ ընելու մինչեւ հիմա «արիւնահոսող» այս վէրքը բուժելու համար։ Ու այստեղ ալ կը ծագին առնուազն երկու հիմնական վարկածներ (երրորդ վարկածը փոխկապակցուած է երկրորդին), որոնց մասին կարելի է երկար մտածել ու յանգիլ որոշ եզրակացութիւններու։

Ա.- Կա՛մ այն է, որ Փաշինեան իսկապէս որեւէ ուժ չունի գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու համար, հետեւաբար նաեւ ան կը հանդիսանայ «կոտրուած» ու առանց քաղաքական կամքի անհատ մը։

Բ.- Կա՛մ ալ հասկնալի սկսած է դառնալ, որ գերիներու հիմնախնդիրը ունի քաղաքական երեսակներ եւ սա մօտաւոր ապագային ալ պիտի շահագործուի՝ որպէս «ընտրական զէնք» Հայաստանի արտահերթ ընտրութիւններուն համար։

Գ.- Գերիներու նիւթի քաղաքական շահարկումը կրնայ տեղի ունենալ, անշուշտ, Պաքուի հետ համաձայնաբար։ Ասոր դիմաց ալ երբեք չի բացառուիր, որ Փաշինեան կրնայ հողային նոր զիջումներ ընէ Ալիեւի իշխանութեանց՝ Պաքուին «նուիրելով» ճանապարհահատուած մը։

Ի դէպ, այս նոյն օրակարգին մասին խօսելով զանազան աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները կրնան Պաքուին «տալ» Արցախի «Կարմիր շուկայ» անունով բնակավայրէն հատուած մը, ինչ որ կրնայ դիւրացնել Ատրպէյճանի զօրքերու ցամաքային ճանապարհով փոխադրութեան պայմանները դէպի Շուշի։ Այս տեղեկութիւնը, անշուշտ, պաշտօնական չէ, սակայն, չի բացառուիր, որ նման զիջումներ ըլլան՝ մանաւանդ, որ նոյեմբերին ստորագրուած համաձայնութենէն ի վեր ո՛չ Նիկոլ Փաշինեան եւ ոչ ալ Արայիկ Յարութիւնեան այսօրինակ հարցերու պարագային ցոյց տուած են անկեղծ վերաբերմունք կամ առնուազն այդ հարցերով անկեղծ զրոյց մը ունեցած են Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին հետ։

Գերիներու նիւթին մասին այսքան գրելէ ետք հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ շաբաթ Փաշինեան հանդիպած էր Փութինի հետ։ Ճիշդ է, որ այդ մասին (մանաւանդ փակ դռներու ետին եղած տեսակցութիւններու մասին) ցարդ յստակ տուեալներ չեն շրջանառուիր, սակայն, բոլորս ալ գիտենք, որ Փաշինեանի Մոսկուա այցելելու հիմնական պատճառը Արցախի իրավիճակի քննարկումն էր ու ձեւով մը՝ քննութիւնը, թէ ի՛նչ հունով կ՚ընթանան պատերազմին վերջ տուած պայմանաւորուածութիւնները։ Յստակ է նաեւ, որ Փաշինեանը ճամբելէ անմիջապէս ետք Փութին յաջորդաբար հեռախօսազրոյցներ կ՚ունենար Ալիեւի եւ Էրտողանի հետ։

Փոքրիկ Արցախի վերաբերեալ համաձայնութիւնը անվտանգութեան ցուցիչ է ո՛չ միայն Հարաւային Կովկասի համար, այլ նաեւ կարեւոր բաղկացուցիչ մըն է Ռուսաստան-Թուրքիա հիմնական գործակցութեան տեսակէտէ, որ ընթացք առած է Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներէն եւ կ՚երկարի մինչեւ Լիպիա եւ Միջերկրականի ջուրերը։ Հետեւաբար, Արցախի մէջ անվտանգութեան ու խաղաղութեան պահպանումը միայն Հայաստան-Ատրպէյճան օրակարգ մը չէ, այլեւ շատ աւելին է։ Ճիշդ է, որ հայկական կողմին համար մեծ հարցադրումներով առլցուն այս օրերուն խնդիրը միայն Արցախը չէ, կան ներքին բազմապիսի շերտաւորումներ, որոնք սնունդ կը ստանան Արցախի եւ Հայաստանի սահմաններու իրադարձութիւններէն, բայց ամենակարեւորն է, որ Հարաւային Կովկասի հիմնարար բանալիները կը գտնուին ապահով ձեռքերու մէջ։ Այս բոլորի լոյսին տակ մտահոգիչ է նաեւ, որ հայկական կողմը մինչեւ հիմա կը շարունակէ անտեսել Արցախի շուրջ ձեւաւորուած նոր դրութիւնը եւ այդ «անհանգստութիւն»ը կը փորձէ վերածել քաղաքական միաւորի։ Այս տխուր գործին մասնակից են Երեւանի՝ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու «թմբկահարող» փոքրամասնական եւ լուսանցքային ուժերը, որոնք հանրութեան կը ներկայանան անհիմն եւ անհեռանկար խոստումներով։

Արմատական ընդդիմութիւնն ալ՝ հիմնուած իր գաղափարական կերտուածքին վրայ, կը փորձէ շահարկումի տանիլ հայ-թրքական յարաբերութեանց բաւականին սուր օրակարգը։ Այստեղ կը մոռցուի ու կ՚անտեսուի, որ Անգարա՝ մասնաւորապէս այս փուլին ո՛չ միայն հետաքրքրուած չէ Երեւանի հետ խօսակցութեան մը մէջ մտնելով, այլ շատ լաւ կը գիտակցի, թէ անոր հետ որեւէ շփում պէտք է միայն ու միայն անցնի Մոսկուայի ճանապարհով։

Վերադառնալով գերիներու ցաւոտ նիւթին, հարկ է նաեւ արձանագրել, որ հակառակ Ալիեւի եւ անոր նեղ շրջանակին կողմէ տարբեր առիթներով հնչած շատ հակասական եւ անճիշդ յայտարարութիւններուն՝ Հայաստանի եւ Արցախի զինեալ ուժերուն մաս կազմած ռազմագերիներու անվտանգութիւնը ամբողջապէս ապահովուած է։ Սա ո՛չ միայն Մոսկուայի աչալուրջ ներկայութեամբ կապուած է, այլ նաեւ՝ Անգարա-Մոսկուա համագործակցութեան հիմքով յառաջ տարուած պայմանաւորուածութիւններով։

Հայերը հաշտ ու հանգիստ հայեացքով չեն մարսեր այդ համագործակցութիւնը, այդ մէկը հասկնալի է, սակայն, այսօրուան նոր իրականութեան մէջ պարտադիր է անպայման ընդունիլ ստեղծուած իրավիճակը ու ո՛չ միայն յարմարիլ անոր, այլեւ քայլ մը աւելի նետելով, ցաւէն ոտքի կանգնելով, մասնակից դառնալ տարածքաշրջանէ ներս ծնունդ առած մեծ ու կարեւոր գործընաթցներուն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 12, 2021