ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Ի.

«Կիրակի առաւօտ կանուխ, մթնշաղին, Մարիամ Մագթաղենացին» (Յհ 20.1):

Գիտելի է, թէ Սուրբ Աւետարանին մէջ յարութենէն ետք Քրիստոսի տաս երեւումներու մասին կը պատմուի:

Հինգը յարութեան նոյն օրը եղան, մէկը՝ Մարիամ Մագթաղենացիին, որ պարտէզին մէջ իբրեւ պարտիզպան երեւցաւ, ու ասիկա Յովհաննէսն ու Մարկոսը կը պատմեն (հմմտ. Յհ 20.11-16: Մր 16.9-10):

Երկրորդ. երեւցաւ Մագթաղենացիին եւ ուրիշ կիներու, երբ գերեզմանէն դարձան՝ ճանապարհին վրայ, եւ ասիկա Մատթէոսը կը պատմէ (հմմտ Մտ 28.9-10):

Երրորդ. Պետրոսին երեւցաւ, որ Ղուկասը կը պատմէ (հմմտ. Ղկ 24.12, 34), քանի որ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, թէ տղամարդոց մէջ նախ Պետրոսին երեւցաւ՝ երեք պատճառներով. առաջին՝ ծերութեան համար, երկրորդ՝ որպէսզի ուրախութեան համար չյուսահատի, երրորդ՝ մեղաւորներուն ողորմութիւն յայտնելու համար:

Չորրորդ. երեւում եղաւ՝ բայց աշակերտներուն, որոնք Եմաւուս կ՚երթային, եւ ասիկա Ղուկասը կը պատմէ (հմմտ. Ղկ 24.13-35):

Հինգերորդ. նոյն օրը երեկոյեան եղաւ, որ փակ դռներով սենեակին մէջ երեւցաւ առաքեալներուն՝ բացի Թովմասէն (հմմտ. Յհ 20.19-23):

Վեցերորդ. ութ օրեր ետք երեւումը, եւ այն ատեն Թովմասը տեսաւ զինք միւս առաքեալներուն հետ (հմմտ. Յհ 20.24-29):

Եօթներորդ. Տիբերիայի ծովեզերքին եղաւ, որու մասին Յովահաննէսը կը ճարէ (հմմտ. Յհ 21.1-14):

Ութերորդ. Գալիլիայի լեյան վրայ եղաւ, որու մասին Մատթէոսը կը պատմէ (հմմտ. Մտ 28.16-20):

Իններորդ. տասնմէկ նստածներուն եղաւ, որու մասին Ղուկասը կը պատմէ (Ղկ 24.36-39):

Տասներորդ. նոյն օրը եղաւ իններորդ օրուան հետ մինչդեռ երկինք կը համբառնար, որու մասին ամբողջութեամբ կը պատմէ Ղուկասը, Գործքին մէջ (հմմտ. Գրծ 1.6-11):

Իսկ այլ երեք երեւումներ Պօղոսը կը պատմէ, որով տասներեք երեւում կ՚ըլլայ, որովհետեւ կ՚ըսէ. «Երեւցաւ աւելի քան եօթանասուն եղբայրներուն, -եւ ապա կ՚ըսէ-, երեւցաւ Յակոբին եւ ապա երեւցաւ նաեւ ինծի» (հմմտ. Ա. Կր 15.5-8), որպէսզի ատով ցուցնէ, թէ Քրիստոսի յարութենէն տասներեք տարիներ ետք հեթանոսներուն առաքեալ եղաւ: Իսկ հրեշտակը ժայռը չբացաւ, որպէսզի յարութեան համար ճանապարհ բանայ, այլ՝ վերցուց եւ կիներուն աւետեց, թէ ահաւասիկ տեսէք տեղը, որ այստեղ չէ, այլ՝ յարութիւն առաւ (հմմտ. Մտ 28.6):

Իսկ թէ հրեշտակներուն միջոցաւ Աստուած զարհուրեցուց զանոնք՝ երեք պատճառով. առաջին՝ որպէսզի անոնք ատով իմանան, թէ այդ գործը Աստուծմէ էր, երկրորդ՝ որպէսզի ատով ստիպուին փութանակի եւ ստուգապէս պատմել ուրիշներուն, երրորդ՝ որպէսզի աշակերտները կարենան ազատ եւ համարձակ մօտենան Քրիստոսի գերեզմանին:

«Քանի տակաւին չէին հասկցած Սուրբ գիրքերուն խօսքը» (Յհ 20.9):

Այսինքն՝ ինչ որ Ովսէ մարգարէն մարգարէացաւ վեցերորդ գլուխին մէջ «Մեզ երկու օր պիտի պահէ եւ երրորդ օրը յարութիւն պիտի տայ մեզի» (հմմտ. Ովս 6.3):

Գիտելի է, թէ Պետրոսը հեթանոսներու եկեղեցին [ժողովը] կը խորհրդանշէ, իսկ հերաներուն ժողովուրդը՝ Յովհաննէսը, եւ այս երկուքը նախքան Աբրահամի ժամանակը միասին կ՚ընթանային, այսինքն՝ մէկ Աստուծոյ հաւատքով, բայց Աբրահամէն մինչեւ Քրիստոս հրեաներուն ժողովուրդը հեթանոսներէն առաջ անցաւ, սակայն ներս չմտաւ, եւ երբ հեթանոսներուն կատարումը մտնէ, ապա՝ ամբողջ Իսրայէլը պիտի ապրի, իսկ Յովհաննէսը միայն կատարումը տեսաւ, նշանակ է հրեաներուն, որոնց մօտ միայն Գիրքին օրինակը մնաց, ոչ պարզուած ու մեկնուած, այլ՝ ծալուած: Իսկ թէ առաքեալներուն պատմեց, կը նշանակէ նախկին որոշ լուսաւորութիւնը, որով Գիրքը նսեմաբար իմացան:

Իսկ հրեշտակները Մարիամին երեւցան՝ անոր միտքին առաւել մխիթարութեան եւ եւ առաւել հաստատութեան համար, իսկ սպիտակ հանդերձով՝ նշանակելու համար Քրիստոսի յարութեան եւ փառքին պայծառութիւնը, տակաւին՝ այն պատճառով մեզի հանդիպեցան սպիտակ հանդերձով, որպէսզի մենք եւս պայծառանանք տօնին, իսկ թէ նստած երեւացին, նշանակելու համար յաւիտենական հանգիստը, սակայն Քրիստոսի փառքին համար: Իսկ Մարիամը կարծեց, թէ ան պարտիզպան է՝ նախ եւ առաջ, քանի որ անարգ կ՚երեւար հանդերձով. երկրորդ. որովհետեւ գիտէր, թէ զինուորները գերեզմանէն փախցուցած էին, այդ պատճառով հարցուց անոր, թէ ո՞ւր տարին եւ պահեցին: Իսկ Քրիստոս օտար կերպարանքով կ՚երեւէր, ցուցնելու համար, թէ Ս. Գիքրին եւ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ եւ իւրաքանչիւրին մէջ Ս. Հոգին կայ եւ Քրիստոս կ՚երեւի իբրեւ ճշմարիտ պարտիզպան:

«Մի՛ մօտենար Ինծի» (տե՛ս Յհ 20.17):

Նախ այսպէս, այսինքն՝ մի՛ յանդգնիր դպչիլ Ինծի, քանի որ անարժան ես, իբրեւ թէ ըսել, թէ զիս Աստուած չես հաւատար: Երկրորդ. այսպէս մի՛ մօտենար, այսինքն՝ զիս սոսկ մարդ մի՛ հաւատար, որ որպէս սոսկ մարդու կը մօտենաս Ինծի, որովհետեւ ըստ քու սիրտիդ տակաւին Հօրս մօտ չեմ ելած: Իսկ թէ իւղաբեր կիներուն երեւցաւ ճանապարհին եւ անոնք համբուրեցին, այս է, որպէսզի թոյլ տայ անոնց ըմբռնել զԻնք եւ ցոյց տալու ճշմարիտ յարութիւնը:

«Բայց Դուն գնա՛ Իմ եղբայրներուս» (Յհ 20.17):

Իր առաքեալները եղբայր կը կոչէ՝ չորս պատճառով. առաջին. մարդկային բնութեան նմանակից ըլլալուն: Երկրորդ. եզական սիրոյն համար, որ անոնց նկատմամբ ունէր: Երրորդ. սաղմոսին համաձայն ըլլալուն համար, որ կ՚ըսէ. «Քու անունդ պիտի պատմեմ իմ եղբայրներուս» (Սղ 21.23): Չորրորդ. Իր հնազանդութիւնը երեւցնելու համար, իսկ մեզի կը սորվեցնէ մեզմէ նուաստ եղողները եղբայր կոչել եւ հպարտ չերեւիլ:

«Ես Հօրս մօտ կ՚ելլեմ» (տե՛ս Յհ 20.17):

Այսինքն՝ Հայրս է բնութեամբ, իսկ ձեզի համար՝ շնորհքով, իսկ Իմ Աստուածս՝ շնորհքով, մարմինին հետ միութեանս համար, իսկ ձեզի համար՝ Աստուած բնութեամբ:

Այստեղ կը հարցուի, թէ ինչո՞ւ համար այս Աւետարանիչէն եւ ոչ ալ միւսներէն չպատմուեցաւ Քրիստոսի երեւումը Աստուածածինին, ինչ բանին համար կ՚ըսենք, թէ երեք պատճառով վայել չէր ճառել. առաջին. որովհետեւ Կոյսը աներկաբայ էր Քրիստոսի յարութեան համար, այդ պատճառով գրութիւններուն լռութեամբ Աստուածածինին անտարակութիւնը կը յայտնէ: Երկրորդ. մայրական գութին համար անվայել էր, իբրեւ առաջին մարմնասէրներէն վկայութիւն բերել: Երրորդ. քանի որ Քրիստոսի երեւումը Իր մօր՝ պարտք էր, որովհետեւ մարդկային հանճարէն վեր կ՚ըլլար, եւ անպատմելիներ ու անճառելիներ, այդ պատճառով չկրցան ճառել:

Իսկ թէ ինչո՞ւ համար Տէրը յարութեան ատեն նախ կիներուն երեւցաւ եւ ապա այրերուն, ասիկա տասը պատճառով է.

Նախ՝ քանի որ մեր նորոգումը պատասխան կու տայ մեր անկումին, որովհետեւ ինչպէս Եւային միջոցաւ պատմուեցաւ բանսարկուին փորձութիւնը եւ մահը խոցող բնութիւնը, այդպէս ալ մեր յարութեան նորոգութիւնը կիներուն միջոցաւ պատմուի այրերուն՝ դարձեալ նորոգելու համար բնութիւնը:

Երկրորդ. յայտնելու համար զանազանութիւն սիրոյ՝ Աստուծոյ շնորհքին նկատմամբ, այսինքն՝ քանի որ Աստուած չ՚անարգեր կատարեալ սէրը, թէ՛ այր մարդուն եւ թէ ալ կնոջ:

Երրորդ. որովհետեւ կիներուն բնութիւնը տկար է, այդ պատճառով նախ՝ տկարները հաստատեց եւ ապա՝ կատարեալները:

Չորրորդ. քանի որ կիները արագութեամբ խօսքը կը տարածեն:

Հինգերորդ. ցուցնելու համար խորհուրդ մը, որ նախապէս ըսինք, այսինքն՝ ներքին բանաւորութեան միջոցաւ մեր վերին բանաւորութիւնը կը մօտենայ Քրիստոսին:

Վեցերորդ. որովհետեւ առաջին անէծքը կնոջ տրուեցաւ, ըստ այնմ. «Տրտմութեամբ [ցաւով] որդի պիտի ծնիս» (տե՛ս Ծն 3.16), եւ այլն:

Եօթներորդ. որպէսզի ցուցնէ, թէ կիներէն շատեր [շատերէն] առաջ երկինքի Արքայութիւն պիտի մտնեն:

Ութերորդ. որպէսզի Աստուծոյ գործը ցոյց տայ, որ միշտ տկարներուն միջոցաւ մեծամեծները կը ներգործէ:

Իններորդ. որովհետեւ անոնք զՔրիստոս աւելի կը սիրէին՝ քան առաքեալները, այդ պատճառով ալ շատ կու լային:

Տասներորդ. կոյսին համար, քանի որ շատ տրտմած էր, այդ պատճառով անոնց աւետիս տուաւ, որպէսզի արագութեամբ պատմեն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 149

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2022