ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵԾ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

Երեւանի մէջ իրավիճակը օրէ օր աւելիով կը ծանրանայ։ Նախընտրական արշաւը, որ Հայաստանի մէջ ընթացք առաւ 7 յունիսին, անշուշտ, իր հետ «ծիծեռնակներ» պիտի չբերէր։ Բայց եւ այնպէս, քարոզարշաւը աւելիով անկազդոյր կը դարձնէ Երեւանի վերեւ առկայ՝ առանց այդ ալ հեղձնող եւ ուժասպառ օդը։ Այն մթնոլորտը, որ արդէն ստեղծուած էր անցեալ 9 նոյեմբերին, կը խօսէր ո՛չ միայն պարտութեան, այլեւ՝ կամովին անձնտուութեան երթալու մասին։ Հարցը նոյնն է Երեւանի մէջ։ Ինչպէս անցնող օրերուն, այսօր ալ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ նոյնը, անփոփոխ է նաեւ հրամայականը, որու բոլոր ուղենիշները ագուցուած են իշխանափոխութիւն մը իրականացնելու մեծ պահանջին հետ։

Հիմա հեռու մնալով անձնականացուած եւ յուզական բնոյթով դրոյթներէ՝ հարկ է տեղ մը անվարան շեշտադրել, որ որեւէ երկրի մէջ, ինքզինք յարգող պետութեան մը առաջին դէմքը այս մակարդակի պարտութենէ, արտաքին թէ ներքին անձնատուութիւններէ, նաեւ հազարաւոր զոհերու ու հողի, տարածքներու, հարստութեան եւ հոգեւոր-մշակութային կառոյցներու կորուստներէն ետք պարտաւոր էր առաջին իսկ առիթով հրաժարական տալ։ Բայց, ըստ երեւոյթին, Հայաստանի այս օրուան պաշտօնակատար-վարչապետը ո՛չ միայն հեռու է այդպիսի ընկալումէ մը, այլ, ընդհակառակն, գործի կը դնէ ամէն տեսակ միջոց՝ պահելու համար իր աթոռը։ Շատեր կը դիտարկեն, որ այսպէսով ան նախ եւ առաջ կը փորձէ երաշխաւորել իր անվտանգութիւնը՝ իբրեւ թէ ստացած ըլլալով ռուսական կողմի «կանաչ լոյս»ը։ Սակայն, իրականութեան մէջ եւ օրերու թաւալքին հետ աւելիով պարզ կը դառնայ, որ ան ո՛չ միայն կը լուծէ սեփական անվտանգութեան հարցը, այլեւ իր ձեռքի բոլոր խաղաքարտերը կը ծառայեցնէ ժողովուրդն ու երկիրը երկփեղկելու համար։ Իր ընթացքին վրայ պէտք է ծանրանալ, որովհետեւ հակառակ ամէն տեսակ դաւադրապաշտական տեսութիւններու՝ աւելի քան յստակ է, որ ստեղծուած իրավիճակի մեծագոյն պատասխանատուութիւնը կը շարունակէ վիճակիլ իրեն։ Յստակ է նաեւ, որ եթէ ընդդիմութեան հաստատակամ կեցուածքը չըլլար ու երկար ամիսներով Երեւանի փողոցները թատերաբեմը չհանդիսանային քաղաքացիական անհնազանդութեան քայլերու, բողոքի հաւաքներու ու երթերու, ապա Նիկոլ Փաշինեան երբեք պիտի չմտածէր արտահերթ ընտրութիւններու մասին։

Այս բոլորէն անդին, թէեւ սպասելի, սակայն անմարսելի են այս օրերուն, ընտրապայքարի առաջին շաբթուան տեւողութեան Փաշինեանի բերնէն հնչած արտայայտութիւնները, որոնք ունին մէկ նպատակ. աւելիով պառակտել Հայաստանի հասարակութիւնը։ Իր պառակտիչ ոճի կողքին, ձախող ու բութ առաջարկներուն առընթեր, Փաշինեան կը շարունակէ պահուըտիլ «իշխանութիւնը ժողովուրդինն է» լոզունգին, իր եւ իր կրտսերներուն կողմէ հիւսուած պարիսպներու ետին։ Այսպիսով ալ գնդակը կը նետէ՝ զինք մեղադրեալի աթոռին նստեցուցած քաղաքական գլխաւոր ուժերու խաղադաշտը։

Փաշինեանէ անդին ու հակառակ երեք նախկին նախագահներուն կողմէ մերթ ընդ մերթ հնչած պատասխան-վերագրումներուն, յստակ է նաեւ, որ ընդդիմադիր ուժերուն մօտ չկան այնպիսի «կրակոցներ», որոնք ջղագարութեան կը հասնին։ Սերժ Սարգսեանի մօտ կը նկատուի իրավիճակները հանգիստ գնահատելու միտում։ Ռոպերթ Քոչարեանն ու անոր հետ դաշինք կազմած ուժերը ունին յստակ ծրագիր եւ կը շարժին մեծ ինքնավստահութեամբ։ Բոլորովին այլ ձեւով մը իրադարձութիւններուն կը մասնակցի Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որ լարուած իրավիճակէն դուրս գալու միակ հիմնարար լուծումը կը նկատէ Փաշինեանի իշխանութենէն արագ ու անյապաղ հեռացումը, նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ բոլոր առումներով համագործակցելու խորհրդարան անցնելիք որեւէ գլխաւոր ուժի հետ։

Այս տեսարանէն հեռու չեն նաեւ արեւմտամէտ այն ուժերը, որոնք դէմ են Փաշինեանին, սակայն նոյն հաշուով եւ գուցէ աւելիով դէմ են նաեւ Քոչարեանի իշխանութեան գլուխ գալուն։ Չի բացառուիր, որ այդ արեւմտամէտ ուժերը («Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ», «Կառուցողական կուսակցութիւն», «Պապաճանեան-Շիրինեան ժողովրդավարական դաշինք» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւն) խորհրդարան հասնելէ անմիջապէս ետք, ամրացնելու համար իրենց թոյլ դիրքերը՝ օգնութեան ձեռք երկարեն Փաշինեանին։ Բայց անոնց խորհրդարան մուտքը դժուար իրականանալի պիտի համարուի՝ պարզ այն պատճառով, որ Հայաստանի հասարակութեան մեծամասնութիւնը  բացարձակ եւ արմատական մօտեցումով երբեք անոնց վստահութեան քուէ չեն տուած։

Բոլորովին այլ բեմագրութիւնով մը հանդէս կու գան Գագիկ Ծառուկեանի առաջնորդած «Բարգաւաճ Հայաստան»ն ու Էտմոն Մարուքեանի գլխաւորած  «Լուսաւոր Հայաստան»ը։ Այս երկու կուսակցութիւնները Հայաստանի այժմու խորհրդարանի ընդդիմադիր թեւը կը կազմեն եւ Փաշինեանի հետ համագործակցած են՝ իշխանութեան տեսակէտէ նախընտրելի պայմաններով արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Մասնաւորապէս Գագիկ Ծառուկեան կը շարունակէ հաւատալ, թէ ինք պիտի դառնայ երրորդ ուժ մը ձեւաւորելիք քաղաքական «շարժակ»ը, որուն շուրջ կրնայ համախմբուիլ «Լուսաւոր Հայաստան»ը։ Այսպէսով կրնայ կազմուիլ փոքրամասնական կառավարութիւն մը, ինչ որ այժմու խորհրդարանական ընդդիմութեան մեծ բախտը կրնայ դառնալ։ Անշուշտ, եթէ Ծառուկեանի կուսակցութիւնը անցնի խորհրդարան (բացառուած չէ) եւ գրաւէ երկրորդ տեղը Քոչարեանի դաշինքէն վերջ, ապա սա պիտի չնշանակէ, որ երկրէն ներս առկայ քաղաքական տագնապը պիտի աւարտի։ Այս յարաբերակցութեամբ դիտարկելով եւ փնտռելով ստեղծուած վիճակէն յարմար ելքեր ապահովելու այլընտրանքները՝ ապա բոլորին համար պարզ է, որ եթէ առաջին եռեակին մէջ Փաշինեանէն ու Քոչարեանէն զատ ըլլայ նաեւ «Պատիւ ունիմ» դաշինքը (Սերժ Սարգսեան-Արթուր Վանեցեան), ապա այդ պարագային յստակ ենթագետին մը պիտի պատրաստուի, որպէսզի երկու նախկին նախագահները ձեռք-ձեռքի տալով կազմեն բաւական ուժեղ կառավարութիւն մը։ Այսպէսով վերջնական հարուածը կրնայ տրուիլ Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, որ լուսանցքային շարժումի մը վերածուելէ անդին՝ պիտի դառնայ ստուերային եւ մոռացութեան ենթակայ քաղաքական տարր մը։

Այս բոլոր վարկածներն ալ իրականութիւն կրնան դառնալ։ Սակայն մեծ մտավախութիւնը, մեծ ամպրոպը, որու առաջին ամպերը արդէն իսկ սկսած են երեւիլ, ներքին քաղաքացիական բախումներու վտանգն է։ Ամէն օր կ՚աճի այս վտանգը եւ կը հրահրուի՝ մասնաւորապէս Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Վրէժ լուծելու, նախկինները «անկիւնը դնելու», թաւիշը պողպատով փոխարինելու կոչերը պատահականութիւն չեն՝ անձի մը համար, որ Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ կը համարուի 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերու կազմակերպիչ-մասնակիցներէն մին, չըսելու համար գլխաւորը։

Ճիշդ այս կէտին վրայ լսելի կը դառնայ յստակ հարցում մը, որ կապուած է Ռուսաստանի կեցուածքին հետ եւ որ կը բանաձեւուի հետեւեալ ձեւով. արդեօք Մոսկուա պիտի մարսէ՞ Փաշինեանի «նոր վերադարձ»ը։ Արդեօք  Ռուսաստանի համար պիտի ըլլա՞յ աւելի բախտաբեր առիթ մը՝ քան այս արտահերթ ընտրութիւնները, վերջնականապէս լուծելու համար 2018 թուականի «Թաւշեայ» (հիմա արդէն գունաւոր ու վերարտադրուելու պարագային՝ պողպատեայ) յեղափոխութեան բոլոր երեւելի կամ խորքային հարցերը։

Ճակատագրական օրեր են Հայաստանի համար ու ամենակարեւորն է, որ բոլոր ուժերը պարտաւոր են հասկնալ հիմնական բան մը։ Պէտք է բացառել արեան հեղումը երկրի մը մէջ, ուր տակաւին մեծ վէրքեր կան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 12, 2021