ԴՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ԿԸ ԹԵԹԵՒՑՆԷ

Մասնագէտներու եւ հոգեբաններու կողմէ մանաւանդ վերջին տասնամեակին յաճախ կը կրկնուի ընդհանրապէս դրական մնալու, անոր անհրաժեշտութեան եւ օգուտներու մասին: Ըսելը դիւրին է, բայց գործադրելը որքա՜ն դժուար է: «ՈւենԱյՈւորք» պլոկը կը ներկայացնէ պարզ միջոցներ, ձեւեր՝ դրական վերաբերմունք պահպանելու համար:

*

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՄԷՋ ԴՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ՊԱՐԶ ԵՂԱՆԱԿՆԵՐ

Երբ մարդիկ կը մտածեն դրական վերաբերմունք ունենալու մասին, անոնք հաւանաբար կը կարծեն, թէ ատիկա աւելին է, քան՝ երեսին ժպիտ դնելը եւ ուրախ միտքեր մտածելը: Բայց ատկէ աւելին է: Դրական վերաբերմունքը աւելի խոր է եւ աւելի ազդեցիկ է մակերեսային ուրախութենէն: Ժխտական վերաբերմունքը կը խթանէ վախը եւ կը խանգարէ կեդրոնացումն ու միտքը, մինչ դրական վերաբերմունքը հակառակն է: Ոչ ոք պէտք է ապրի անընդհատ «կռուի կամ փախուստի» կացութեան մէջ, բայց ժխտական վերաբերմունքը կը ստեղծէ ճիշդ այդ բեմագրութիւնը: Ուսումնասիրութիւնները նոյնպէս ցոյց տուած են, որ իսկական դրական վերաբերմունք ունենալը կեանքի ձեր տեսակէտը լայն հնարաւորութիւններով լեցուն կը թուի: Այդ տեսակէտը կը յանգեցնէ անոր, որ իրականութեան մէջ ձեր կեանքը ապրիք այնպէս, որ բնական ըլլայ նոր հմտութիւններ ձեռք բերելը:

Ահաւասիկ աշխատավայրին մէջ դրական վերաբերմունք պահպանելու քանի մը եղանակներ՝ անկախ անոնց բնական ըլլալէն, կամ չըլլալէն.

- Դուք ձեզ շրջապատեց՛էք դրական մարդոցմով:

Եթէ դուք միշտ ժխտական մարդոց հետ էք, որոնք միշտ կը բողոքեն եւ դժգոհ են ամէն բանէ, դուք կը դառնաք բողոքող եւ աշխարհը կը տեսնէք նոյնքան ժխտական, որքան անոնք: Կրնաք մտածել, որ դուք կրնաք դրական մնալ եւ փոխել զանոնք, բայց ատիկա այդպէս չ՚ըլլար: Փորձեցէ՛ք կապուիլ այն մարդոց հետ, որոնք կը սիրեն իրենց աշխատանքը, ունին նոր գաղափարներ եւ բացի աշխատանքէն՝ կը հետաքրքրուին բազմաթիւ այլ բաներով: Ատիկա աւելի լաւ կը դարձնէ ձեր ամբողջ հայեացքը:

- Ձեր միտքը միշտ դրական նիւթերով լեցուցէ՛ք:

Ականջակալներով ունկնդրեցէք դրական երաժշտութիւն: Կարդացէք յուսադրող գիրքեր: Դիտեցէք տեսանիւթեր, որոնք դրական են կամ կ՚օգնեն կատարելագործել հմտութիւնները:

- Հսկեցէք ձեր լեզուն:

Ո՛չ, խօսքը լեզուի ոստիկանութեան մասին չէ: Խօսքը կը վերաբերի այն բառերուն, որոնք դուք կը գործածէք խօսելու եւ մտածելու ընթացքին: Լեզուի կառոյցը կ՚ազդէ ձեր հայեացքին վրայ՝ աշխարհին եւ մարդոց հանդէպ: Ամէն օր գործածուող լեզուն՝ ինչպէս միտքի, այնպէս ալ բանաւոր խօսքի մէջ կուտակուող ազդեցութիւն կ՚ունենայ այն բանին վրայ, թէ ինչպէ՛ս կը մտածես քու մասիդ, քու աշխատանքիդ եւ քեզ շրջապատողներուն մասին:

- Ազնիւ, հաճելի եղէք այլ մարդոց:

Այլ մարդոց հանդէպ ազնիւ, բարի ըլլալը ձեզ կ՚երջանկացնէ: Ոեւէ անհատի համար բարի գործ կատարելու յիշողութիւնը մեզի կը ստիպէ այդ կրկին ընել: Եթէ այլ մարդոց հանդէպ ազնիւ, հաճելի ըլլալը կը դարձնէք սովորական, այդ մէկը կը դառնայ առատաձեռնութեան եւ երջանկութեան շրջան մը, դուք ձեզ լաւ կը զգաք: Ձեր շրջապատը նոյնպէս երջանիկ կը զգայ: Ժխտողականութիւնը կ՚առաջնորդէ աւելի շատ ժխտողականութեան: Եղէք ազնիւ եւ հաճելի՝ այլ մարդոց եւ տեսէք, թէ այդ ինչպէ՛ս կ՚արդիւնաւորուի:

Ձեր գործընկերները գնահատելը եւ ճանչնալը կրնայ շատ օգնել ձեր օրը աւելի լաւ դարձնելու համար:

- Մի՛ ապաւինիք դրականութեան արտաքին աղբիւրին:

Դրական վերաբերմունք ունեցէք դուք ձեզի հետ: Մտածեցէք գոյատեւման գործիքի պէս դրական վերաբերմունքի մասին. ատիկա միշտ ունեցէք արտակարգ իրավիճակներու ատեն:

Անկախ անկէ, որ կ՚ապաւինիք արտայայտութեան մը, որ բազմիցս կը կրկնէք, երբ ժամանակները ճնշում կը յառաջացնեն, կամ ունիք այլ հնարք մը՝ յարութիւն առնելու եւ դրական վերաբերմունք պահելու համար, համոզուեցէք, որ պէտք է գտնէք մեքանիզմ մը, որ չ՚ապաւինիր ուրիշին կամ յատուկ կացութեան մը:

- Ստեղծեցէք յատկանշական պահեր՝ իւրաքանչիւր օրուան եւ շաբթուան ընթացքին:

Ամէն օր ստեղծեցէք փոքր «յատկանշական պահեր», որոնք կ՚օգնեն ձեզի ծրագիրներ իրականացնելու կամ օրերը իմաստաւորելու: Կարեւոր է արժէքաւոր ընդմիջումներ կատարել:

Մի՛ դիմէք վատառողջ սնունդին: Դուք ի վերջոյ կ՚ունենաք ժխտական ազդեցութիւններ եւ վնասակար սնունդի կամ աւելորդ սուրճի վատ սովորութիւն:

Կարելիութեան պարագային, դադարներ առէք դուրսը կամ աշխատանքէ հեռու:

Նկատի առէ՛ք զբօսանքը, առանձնութիւնը, լռութիւնը:

Գտէք տեղ մը, ուր գիրք կրնաք կարդալ:

- Ստանձնեցէք պատասխանատուութիւն եւ ընտրեցէք ձեր արձագանգը:

Ձեր գործունէութեան եւ ձեր իրավիճակի համար պատասխանատուութիւն ստանձնելէ հրաժարիլը կամ ձեր արձագանգը անմիջապէս կը սպաննեն դրական վերաբերմունքը:

Ի վերջոյ, եթէ բան մը կը պատահի, եւ դուք էք յանցաւորը կամ ձեւով մը պատասխանատու էք, ատիկա չընդունիլը կը նշանակէ, որ դուք չէք կրնար ուղղել վարքը, եւ ան պիտի կրկնուի:

Դուք աւելի դրական կ՚ըլլաք՝ տեսնելով, որ կեանքին վրայ որոշ հսկողութիւն ունիք, եւ այդ պարզապէս ճակատագիրի ողորմութեան ձգուած չէ: Ձեր արձագանգին ձեւը կ՚ազդէ արդիւնքին վրայ, նոյնիսկ երբ իրադարձութիւնները ձեր հակակշիռէն դուրս են:

- Ժամանակէն շուտ որոշեցէք ձեր արձագանգը յայտնի խնդիրներուն:

Ըլլան անոնք յաճախորդներ, պաշտօնակիցներ, թէ կանոնաւոր ծրագիրներ, աշխատանքին մէջ կան որոշ բաներ, որոնց հետ միշտ կը վախնաք գործ ունենալէ: Գիտէք, որ անոնք ձեզ վշտացուցած են: Նախապէս որոշեցէք, որ այդպէս չըլլայ:

Եթէ յաճախորդը միշտ ստիպուած է փոփոխութիւններ կատարել, ակնկալեցէք ատիկա: Ընտրեցէք հանգիստ վերաբերիլ այդ երեւոյթին հետ, թոյլ չտալ, որ անիկա ձեզ անհանգստացնէ: Փորձեցէք այլ ձեւով նայիլ յաճախորդին կամ աշխատակիցներուն, որոնք ձեզ կը ջղայնացնեն: Թերեւս անոնք տունը վատ վիճակի մէջ են, կամ իրենք ճնշուած են:

- Խորունկ շնչեցէք:

Շնչառութիւնը խորապէս կը խաբէ ձեր մարմինը՝ հանդարտելով: Հանգիստ մարդիկ աւելի լաւ վերաբերմունք ունին:

Եթէ կը կարծէք, որ բանի մը նկատմամբ վատ վերաբերմունք կը ստանաք, գտէք տեղ մը, ուր կրնաք առանձին մնալ եւ կատարել խոր շնչառական վարժութիւններ: Ասիկա ոչ միայն կը նուազեցնէ ճնշուածութիւնը, այլ կ՚օգնէ մաքրելու ձեր միտքը եւ այլ ձեւով տեսնելու իրավիճակը:

- Կատարեցէք առաքելութեան յայտարարութիւն:

Դուք ունի՞ք անձնական առաքելութեան յայտարարութիւն: Ուր որ դուք կ՚աշխատիք, հաւանաբար առաքելութեան յայտարարութիւն ունի, բայց դուք ձերը պէտք է ունենաք:

Առաքելութեան անձնական յայտարարութիւնը կ՚օգնէ ձեզի՝ սահմանելու աշխատանքին մէջ ձեր նպատակը եւ կ՚օգնէ յայտնաբերելու, թէ ի՛նչ բան կը դրդէ ձեր վարքը:

Երբ կը զգաս, որ նպատակ ունիս, կրնաս դրական ըլլալ: Երբ կը զգաս, որ նպատակ չունիս կամ չես գիտեր, թէ ինչո՛վ կը զբաղիս աշխատանքին մէջ… այնքան ալ դրական չես ըլլար:

- Անձնական նպատակներ ունեցէք:

Նպատակները քիչ մը կը տարբերին անձնական առաքելութեան յայտարարութիւններէն անով, որ անոնք յատուկ բաներ են, որոնց կ՚ուզէք հասնիլ: Անոնք նման են այն նուէրներուն, զորս կը սպասես:

Այդուհանդերձ, նպատակները ոչ միայն «զուարճալի են ապագային մէջ», այլ անոնք իրական ուղեցոյցներն են, որոնք դուք կը գործածէք հասնելու համար:

Դրական ըլլալը դժուար է, եթէ կը կարծէք, որ ոչ մէկ տեղ կ՚երթաք: Նպատակները ապացոյցներ են, որ դուք ունիք ծրագիր եւ կ՚աշխատիք նպատակի մը ուղղութեամբ: Անոնք կը վկայեն յառաջ շարժելու, դրական շարժումի մասին:

- Յիշեցէք, որ ոչ ոք ձեզի պարտական է:

Լաւ վերաբերմունքը ամենէն աւելի սպաննողներէն մէկը ապրիլն է՝ մտածելով, որ մարդիկ քեզի պարտական են:

Ոչ ոք քեզի պարտք ունի: Կեանքը արդար չէ: Ուրիշ որեւէ բանի հաւատալը ձեզի կը ստիպէ անընդհատ մեղաւորութեան, զոհի, զայրոյթի, կրաւորական-յարձակողապաշտութեան եւ ուրախութեան վիճակի մէջ ըլլալ: Բացասականութիւնը գոյութեան օրինաչափ վիճակն է, եթէ կը կարծէք, որ աշխարհը ձեզի պարտական է:

Ինչպէ՞ս ազատիլ այս վերաբերմունքէն:

Ինձմէ կախուած է, որ իրադարձութիւնները կատարուին:

Աշխատասիրութիւնը այն է, որ լաւ արդիւնքներու կը յանգեցնէ:

Ես պէտք է պատրաստ ըլլամ արագ ընդունիլ փոփոխութիւնները:

Երբ ամէն բան դժուար է, ես տակաւին կը շարունակեմ յառաջանալ:

Եթէ այդ չորս հասկացողութիւնները ձեր գլխուն մէջն են, դուք բացասականութեան մէջ պիտի չմտնէք՝ սպասելով, որ աշխարհը ձեզի համար բան մը ընէ:

- Դադրեցէք բողոքելէ:

Մենք նշեցինք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վերահսկել ձեր լեզուն: Ատիկա ակներեւաբար կը ներառէ բողոքները, բայց բողոքները այնքան հսկայական խնդիրներ են, որոնք կ՚երաշխաւորեն իրենց սեփական բաժինը:

Դադրեցէք բողոքելէ:

Բողոքելը ոչինչ կ՚ընէ: Եթէ շատ բողոքող մարդոց շրջանակի մէջ էք, հեռացէ՛ք անոնցմէ: Փորձեցէք իրավիճակը տեսնել դրական կամ այլ տեսանկիւնէ:

Բողոքները ամէն բան բացասական լոյսի ներքեւ տեսնելու միջոց են՝ առանց նկատի առնելու որեւէ այլ բացատրութիւն: Անիկա միակողմանի ճամբայ է դէպի դժգոհութիւն, որ կը կերտուի յետագայ ճամբորդութեամբ:

- Ողջունեցէք ծիծաղելով:

Ծիծաղիլը ձեզի օգտակար է ֆիզիքապէս եւ անշուշտ կ՚օգնէ ձեզի շատ աւելի լաւ զգալու: Ո՞վ չի սիրեր լաւ ծիծաղիլ:

Հիւմըրը յատկապէս լաւ է, երբ ամէն բան շատ սխալ կ՚ընթանայ: Ո՞վ չի սիրեր այն տղան, որ մղձաւանջային նախագիծի մը մէջ կ՚առաջարկէ հնարք մը, որ յանկարծ ամբողջ խառնաշփոթը զուարճալի կը թուի: Եղէք այդ տղան: Փորձեցէք հիւմըր գտնել այնտեղ, ուր կրնաք:

Մարդոց հետ ծիծաղիլը տարբեր է, քան՝ անոնց վրայ ծիծաղիլը: Երբեք մի՛ կատակէք ուրիշներու մասին՝ անոնց հաշուոյն ծիծաղելու համար:

- Հետաքրքիր եղէք եւ սորվեցէք:

Միտքը, որ փակ է նոր բաներ սորվելու համար, կը դառնայ լճացած եւ բացասական: Փոփոխութիւնները, նոր գաղափարները կամ որեւէ յաւելեալ առաջադրանք տհաճ կը դառնայ նման անձի համար:

Եղէք անձ մը, որ պատրաստ է սորվելու եւ հետաքրքրուելու շատ բաներով: Ձեր վերաբերմունքը դրական կ՚ըլլայ, որովհետեւ դուք հեռատես էք եւ կ՚ուզէք հասկնալ՝ փակուելու փոխարէն: Հետաքրքրուելով նոր իրավիճակի կամ այն բոլոր բաներուն շուրջը, որոնք տեղի կ՚ունենան, ձեզի կը ստիպէ ուշադիր ըլլալ եւ տեղեակ ըլլալ ներկայ պահու մասին, եւ ատիկա բացասականը ձեզմէ դուրս կը մղէ:

- Կարճատեւի փոխարէն՝ փնտռեցէք երկարատեւը:

Երբ կարճատեւ իրավիճակը բարդ է, ձեր տեսլականը նկատեցէք երկարատեւը:

Կարճատեւ իրավիճակները ծանր կ՚ազդեն զգացումներու վրայ: Անոր հիման վրայ որոշումներ տալը կամ գործողութիւններու ձեռնարկելը ոչ միայն վատ գաղափար է, այլ հակուած է սնուցանելու բացասական վերաբերմունքը:

Երկարատեւ դիտանկիւնով, իրատես մտածելը դրական կը դարձնէ ձեր օրը եւ կ՚օգնէ կառուցելու մեր նախապէս նշած նպատակները:

- Կեղծեցէք, մինչեւ որ ընէք:

Ոչ, ասիկա կեղծաւոր ըլլալու կոչ չէ:

Իրականութիւնը այն է, որ երբեմն մենք միշտ չէ, որ կը «զգանք» մեր ուզած ապրումը: Նստիլը՝ սպասելով, որ անիկա մեզի կու գայ, համոզուելու վստահ միջոց է, որ ան երբեք պիտի չգայ: Դուք յաճախ ստիպուած էք ատիկա կեղծել՝ մինչեւ իրական գործարքին գալը:

Երջանիկ չէ՞ք զգար: Ներկայացուածէն ուրախ չէ՞ք: Կեղծեցէ՛ք. իրական յոյզը աւելի յաճախ կը յայտնուի: Դուք ձեզ ամէն օր շատ խանդավառ եւ դրական պիտի չզգաք, բայց միաժամանակ թոյլ մի՛ տաք, որ ան խանգարէ ձեր վարքը:

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Յուլիս 12, 2021