ԿԱՐԳ ՄԸ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԿՐԿՆՕՐԻՆԱԿՆԵՐԸ ԱՂԲԱՄԱՆԸ ԴՐԻ

Քորոնաժահրի պարտադրած մեկուսացումը կը շարունակուի: Դիզուած գիրքերու մէջէն յայտնուեցան «Դրօշակ»ի հին թիւեր: Ինչե՜ր կան անոնց մէջ: Կարեւորի կողքին՝ հետաքրքրականը: Ապրիլ 1907-ի համարի վերջին էջին վրայ ծանուցում. Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հրատարակութիւնները: Քառասուն անուն գիրքեր: Տասներեքին համար գրուած է սպառած, մէկ հատին համար՝ Դ. տպագրութիւն:

Այս աւելի քան դար մը առաջ էր: Այսօր Հայաստան եւ սփիւռք(ներ) կա՞յ գիրք, կա՞ն գիրքեր, որոնց համար ըսուի՝ սպառած են: Ինչպէ՞ս չմտածել հայ գիրի եւ գրականութեան եւ խամրող-խամրած ընթերցողներու մասին:

Քանի մը անգամ բարեկամներու առաջարկեցի գիրքերու կրկնօրինակները իրենց տալ, քաղաքավար մերժումի արժանացայ, մին ըսաւ, թէ կարդալու ժամանակ չունի, միւսը՝ որ թերթի ընթերցումը իրեն կը բաւէ, երրորդը՝ որ հեռատեսիլը արդէն ամէն բան կ՚ըսէ, չորրորդը՝ համացանցով կը կարդայ եւ ընկերային ցանցերը ամէն բան կ՚ըսեն:

Կիւթենպերկի հրաշքով ստեղծուած գիրքի երկինքը փլած է, անոր ընձեռած խորացումի մշակոյթի վե՞րջն է: Կար ժամանակ գրադարան ունենալ յառաջդիմութիւն էր, չկարդացողներն անգամ գեղակազմ հատորներով ապակեդարաններ ունէին՝ իբրեւ տան գեղազարդում:

Հիմա, երբ գիրք կը կարդամ, կը կարծեմ, թէ ժամանակավրէպ եմ, երբ շուրջս կեանքը կ՚եռայ, բնապահպանութեան սպառնալիքներով, պատերազմներով, ցոյցերով, աղէտներով, ժահրով, անօթութեամբ, չարաշահումներով: Ցնցող տեղեկութիւններ, որոնք հոգեկան խաղաղութիւն կը խանգարեն, մղձաւանջ կ՚առթեն:

Բայց անոնք արգե՞լք են պահ մը կանգ առնելու եւ կապուելու հեռու կամ մօտ օրերու մարդոց հետ, որոնց մէջ եղած եմ ես, որոնք այսօր իմ մէջս են, անոնք ըլլան Պղատոն թէ Շէյքսփիր, Նարեկացի, Թէքէեան թէ Հիւկօ, Արակոն թէ Արտեմ Յարութիւնեան, Յակոբ Կարապենց կամ Մուշեղ Իշխան® Այս թւումը կարելի է յաւերժի չափ երկարել եւ մտածել, որ անոնք մեր ինքնուրոյնութեան փայլատակման կայծերն են, առանց անոնց մենք ժառանգած պիտի ըլլայինք փայտ եւ բողկ:

Ասկէ առաջ գրած եմ այն մասին, որ Ամերիկայի նախագահներէն մին միլիոններ յատկացուցած էր իր երկրին մէջ ընթերցման զարգացման, վերականգնելու համար անոր առաքինութիւնը:

Բազմամիլիոն չենք, Հայաստանը փոքրիկ է, սփիւռքը՝ տարտղնում, բայց հայը հինէն ի վեր գիր եւ գրականութիւն սիրած է՝ վկայ Մատենադարանը, աշուղի խօսքը՝ գիր եւ ղալամի սիրոյ մասին: Այսօր ընդհանրապէս ընթերցման նուազման դիմաց կը գտնուինք, առաւել եւս՝ հայերէն: Գիրքով եկած գաղափարները, գեղեցիկը, իմաստութիւնը, դարձած են սեղմուող փոքրամասնութեան մը սեփականութիւն:

Յաճախ կ՚ըսեմ, որ մենք թիւերով մտածելու մշակոյթ չունինք: Կրնա՞նք օր մը հարցախոյզ կատարել, գիտնալու համար, թէ մեր տասը միլիոնի ( ՞ ՞ ՞ ) ո՞ր տոկոսը գիրք կը կարդայ, հայերէն գիրք կը կարդայ, գիրք կը գնէ, հայերէն գիրք կը գնէ:

Այս մասին երբ կը մտածէի, յիշեցի ֆրանսացի մեծ գրող Ֆրանսուա Մորիաքի խօսքը. «Ըսէ ինծի ի՛նչ որ կը կարդաս, քեզի պիտի ըսեմ, թէ ով ես դուն: Բայց քեզ աւելի լաւ պիտի ճանչնամ, եթէ ինծի ըսես, թէ ինչ կը կարդաս վերստին»:

Եթէ մարդիկ, հայերս մասնաւորաբար, ներսը եւ դուրսը, փորձենք Մորիաքի հարցումին պատասխան մը ճարել, մանաւանդ՝ ղեկավարութիւնները, մամուլ եւ ուսուցիչներ, կը խորհիմ, որ մեր մարդկային, հոգեկան եւ ազգային որակը տարբեր կ՚ըլլայ, պետութենէն մինչեւ կազմակերպութիւններ, վերնախաւ եւ շարքային հայ, արհեստաւոր, տանտիկին, հանգստեան կոչուած: Ֆ. Մորիաք չի խօսիր անդուր (անդիւրեկան) շատախօսութեան, ինքնագոհութեան եւ ինքնացուցադրութեան բեմ սքայփի, պլոկի, «Թուիթըր»ի, դիմատետրային-ֆէյսպուքեան սեփական անձէն անդին ոչ ոքի սպասած հետաքրքրութիւն-հանդէսներու մասին:

Առիթով մը պէտք է խօսիլ Ֆ. Մորիաքի «LECTURES ET CREATION» (Ընթերցումներ եւ ստեղծագործութիւն) գիրքին մասին: Անոր հետքերով վերլուծում կատարելէ առաջ յիշեցնեմ, որ ընթերցանութեան հարցը հետաքրքրած է բժիշկները, անոնք կատարած են ուսումնասիրութիւններ, զորս կարելի է ամփոփել հետեւեալ կէտերով.

Ընթերցումը՝

- Կ՚աշխուժացնէ ուղեղը եւ յիշողութիւնը, կը խաղաղեցնէ, կ՚երջանկացնէ, ան տեսակ մը մարզանք է ուղեղին համար:

- Ալզհայլմերի (կանխահաս ծերացում) վտանգը կը կանխէ:

- Կը նպաստէ մարդոց փոխհասկացողութեան, ուրիշներու հոգեկանը ըմբռնելու, դրուագներու եւ պատմութիւններու բերած իմաստութեամբ: Թէեւ ընթերցումը առանձնութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ, բայց եւ այնպէս ան միշտ կ՚ենթադրէ ուրիշներու ներկայութիւնը:

- Կը նուազեցնէ հոգեկան ճնշումները, սթրէսը:

- Կը հանդարտեցնէ եւ կը նպաստէ քունի:

- Կը հարստացնէ մեր բառապաշարը:

- Գիրքի մը ընթերցումը զբօս է, անմիջականէ խուսափելու բաց դուռ, բայց նաեւ, ըստ բժիշկներու, մեր ուղեղը բանեցնելու միջոց:

Օր մը, ինքնաշարժին մէջ լսեցի ձայնասփիւռի կայանի մը կոչը իր ունկնդիրներուն, որ պէտք է գիրք կարդան, վերսկսին կարդալ:

Ըստ հարցախոյզի մը, Ֆրանսայի 3 բնակիչէն մէկը բնաւ չի կարդար: Բժիշկները կ՚ըսեն, որ ընթերցման ընթացքին ուղեղը կ՚աշխուժանայ: Գիրքը գոցելէ ետք ալ ան կը մնայ աշխոյժ: Համացանցով կարդալ անմիջականի պատասխան է, չի փոխարիներ ընթերցումը: Այլ է բարիքը տպուած էջի մը ընթերցման, ան կ՚աշխուժացնէ ուղեղի լեզուի, յիշողութեան եւ տեսողութեան բջիջները, զորս պէտք չէ խամրեցնել: Համացանցով ընթերցումը միշտ կը խանգարուի պատկերներով, երբեմն ալ նուագով:

Դժբախտաբար մենք որոշ ճշգրտութեամբ նման գնահատումներ ընելու միջոց չունինք: Կը հիմնուինք ենթակայական դատումներու վրայ կամ նկատի կ՚ունենանք այլ տուեալներ: Առաջին հերթին խօսուն են գիրքերու տպաքանակները՝ 300 կամ 500: Անոնք վաճառուելով կամ նուէր տրուելով, բախտաւոր պարագային կը հասնին 300 կամ 500 անձի: Բաղդատել մեր 10 միլիոնին: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք գրատուները գրեթէ չքացած էին: Անոնք հիմա վերաբացուած են: Անցեալին Լիբանանի մէջ մեծաթիւ էին հայկական տպարանները եւ գրախանութները: Հիմա գրախանութներու թիւը երկու կամ երեք է: Կէս միլիոնէ աւելի եղող Ֆրանսայի հայութիւնը մէկ հատիկ գրախանութ չունի: Նոյնն է պարագան Արեւելեան Ամերիկայի, ուր մէկ հատիկ գրախանութ չկայ, Առաջնորդարաններու մէջ գիրք կը վաճառեն: Լոս Անճելըսը ունի երեք գրախանութներ: Եթէ գիրքի պահանջ չկայ, գրախանութ ալ գոյութիւն չ՚ունենար:

Մշակութային, կրթական, քաղաքական ղեկավարութիւնները, գիտնալու են, որ գիրքը, հետեւաբար՝ ընթերցումը, անկախ միտքի առողջութեան նպաստէն, կը բերեն հոգեբարոյական հարստացում, մարդկային եւ ազգային ինքնութիւն կը կերտեն:

Տեղ մը, ծրագիր կամ նախաձեռնութիւն կա՞յ, որպէսզի հայերէն գիրքը դառնայ իւրաքանչիւր հայու ինքնաճանաչման միջոցը, մտնէ հայոց տուները: Ա՛յս ոչ-ճառային ազգային ազնիւ քաղաքականութիւն է, վերականգնումի օրակարգի ոչ-արհամարհելի կէտ:

Հարցը այս էջերով չի փակուիր: Այս մասին երբ խօսուի, լուսարձակ եւ բարձրախօսի աղմուկ չկան:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2020