ՉԵՄՊԸՐԼԷՅՆԻ ԵՒ ԱՅԼՈՑ ՕՐԻՆԱԿԻՆ ՀԵՏԵՒԷ՛ ԵՒ, ՅԱՆՈՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ, ՀԵՌԱՑԻ՛Ր

Կառավարման ժողովրդավարական համակարգի տէր պետութիւններու մէջ գայթակղութեան մը կամ ծանրակշիռ ձախողութեան մը պարագային երկրին ղեկավարը կը հրաժարի: Այսպէս՝ Արեւմտեան Գերմանիոյ ամենէն ականաւոր վարչապետներէն Ուիլի Պրանտթ 1974-ին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, երբ պարզուեցաւ, թէ իր մտերիմ օգնականներէն մէկը Արեւելեան Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ Սթազիի գործակալ մըն է: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն իր կարգին 9 օգոստոս 1974-ին հրաժարեցաւ «Ուոթըրկէյթ»ի գայթակղութեան պատճառով:

Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ վարչապետ Նեւիլ Չեմպըրլէյն 10 մայիս 1940-ին հրաժարեցաւ՝ Նորվեկիոյ մէջ իր երկրին կրած վարկաբեկիչ պարտութեան պատճառով բրիտանական խորհրդարանին մէջ 7-9 մայիսին տեղի ունեցած քննարկումներէն անմիջապէս ետք: Անոր տեղ վարչապետ նշանակուեցաւ Ուինսթըն Չըրչիլ: Նոյն օրը երեսփոխաններէն մէկը յայտարարեց. «Ոչ մէկ կառավարութիւն կրնայ մարդոց հոգիները փոխել: Մարդոց հոգիներն են, որ կառավարութիւններ կը փոխեն»: Ճշմարտութիւն մը, որ ակներեւ արտացոլաց 5 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման համար «Առանց Նիկոլի Հայաստան» խորագիրով համաժողովրդային բազմամարդ հանրահաւաքի ու երթի ընթացքին:

Պարզ է, որ 9 նոյեմբերին անձնատուական համաձայնութիւնը ստորագրելով՝ Նիկոլ Փաշինեան իրողապէս վերջ դրաւ իր քաղաքական կեանքին եւ իր իսկ ձեռքով իր մրոտած անունը սեւ մելանով արձանագրեց հայոց պատմութեան մէջ՝ Պետրոս Գետադարձի եւ Վեստ Սարգիսի նզովեալ անուններուն կողքին: Ան ընդունեց այդ ստորագրութեան առաջնորդած աղէտին համար իր պատասխանատուութիւնը, մինչեւ իսկ ինքզինք իրաւամբ ատոր թիւ մէկ պատասխանատուն նկատեց, սակայն…:

9 նոյեմբերին մերկացած թագաւորը ահա ամիսէ մը ի վեր կը շարունակէ քաղաքական դաշտին վրայ սիրամարգի նման անամօթաբար շրջագայիլ ու իր բարոյահոգեբանական մերկութիւնը՝ մենատիրական ոգին ցուցադրել: Ան այդպիսով յաչս եւ ի գիտութիւն համայն հայ ժողովուրդին ու աշխարհին Լուտովիկոս ԺԶ.-ի նման կը յայտարարէ՝ «ես եմ պետութիւնը», եւ իր բացարձակապաշտութեամբ մեր հայրենիքը կը հեռացնէ ժողովրդավարական արժեհամակարգէն՝ զայն տանելով դէպի, հայու ոգիին համար անհանդուրժելի, բռնատիրութիւն՝ վկայ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխոյժ ու անտեղի օգտագործումը:

7-9 մայիս 1940-ին, բրիտանական խորհրդարանին մէջ քննարկումներուն ընթացքին, Չեմպըրլէյնի կուսակից երեսփոխան Լէօ Ամըրի իր մեծ տպաւորութեան ձգած խօսքը՝ աւարտած է յիշեցնելով Օլիվըր Քրոմուելի խօսքը՝ ուղղուած «Երկարատեւ խորհրդարան»ին (1640-1660), երբ զայն այլեւս անկարող նկատած է պետութիւնը կառավարելու, «Դուք այստեղ չափազանց երկար նստած էք ինչ լաւութեան համար ալ, որ ըրած էք: Հեռացէ՛ք կ՚ըսեմ ձեզի, եւ մեզ ձերբազատեցէ՛ք ձեզմէ: Յանուն Աստուծոյ՝ հեռացէ՛ք»:

Հայաստանի վարչապետութեան աթոռին կառչած Փաշինեան պէտք է Ուիլի Պրանտթի, Ռիչըրտ Նիքսընի եւ մանաւանդ Նեւիլ Չեմպըրլէյնի օրինակներուն հետեւի, մանաւանդ որ իր արձանագրած ձախողութիւնն ու ատոր հետեւանքը անհամեմատ աւելի մեծ ու ծանր են: 5 դեկտեմբերին աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը իր ձայնը միացուց Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին մէջ հաւաքուած բազմահազարներուն եւ Նիկոլ Փաշինեանը հրաւիրեց ճիշդ այդ մէկը կատարելու:

Յանուն Աստուծոյ, հեռացի՛ր. ինքնակամ, արժանապատիւ, խաղաղ ու անցնցում կերպով հեռացի՛ր եւ թոյլ տուր, որ մեր խոր վէրքը դարմանելով ոտքի կանգնինք՝ աւելի հզօր, քան երբեք:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020