ՍԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Մահը այս աշխարհին բնական երեւոյթն է եւ մահէն փախչիլ անկարելի է: Մահուան անբաժան ընկերակիցն են սուգն ու լաց ու կոծը, որ շատ յաճախ չափազանցուած եւ անբնական կերպերու կը հասնի: Լալը, սգալն ու ցաւիլը շատ բնական երեւոյթներ են, մեր յարգանքն ու սէրը արտայայտելու մեզմէ բաժնուած հարազատներուն նկատմամբ, սակայն, երբ այդ զգացմունքները կը չափազանցուին, ապա անոնք ո՛չ թէ յարգանքի ու սիրոյ դրսեւորում կ՚ըլլան, այլ՝ անարգանքի եւ նուաստացումի: Անցեալին, օրինակի համար, յատուկ մարդիկ կը վարձուէին, որպէսզի գային լային ու սգային, որով անսովոր եւ անբնական երեւոյթներու դէմ յանդիման կը գտնուէին մարդիկ: Ներկայիս, բնականաբար շատ բան փոխուած է, սակայն եւ այնպէս յաճախ կը հանդիպինք արտասովոր եւ անբնական երեւոյթներու:

Այս բոլորը նկատի ունենալով այս եւ յաջորդ գրութիւններով արեւմտահայերէնի վերածելով ընթերցողներուն ուշադրութեան պիտի յանձնենք Ներսէս Արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի [ապա՝ Ներսէս Ե. Աշտարակեցի Կաթողիկոս] «Այցելութիւն Սգաւորաց - ի սահմանի Առաքելական Աւանդութեանց» գրութիւնը, տպուած՝ 1847-ին (երկրորդ տպագրութիւն), ուր ան կ՚անդրադառնայ վերը յիշատակուած եւ այլ երեւոյթներու մասին:

ՍԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

«Մտի՛կ ըրէք ձեր առաջնորդներուն խօսքը եւ հնազանդեցէք անոնց,
որովհետեւ անոնք անքուն կը հսկեն ձեր հոգիներուն համար,
գիտնալով՝ որ հաշիւ պիտի տան ձեզի համար» (Եբր 13.17)

Առաքելական խօսքին մասին, թէ՝ ամէն բան քննեցէք (փորձեցէք), բարիին կառչեցէք [Ա. Թս 5.21]: Մեր բազմութեամբ փորձուած է՝ թէ Հայաստանի ժողովուրդին կարգաւորեալ սահմաններէն դուրս՝ մեր հասարակութեան մէջ եկամուտ հին սովորութիւններուն մնացորդ մասունքները ննջեցեալներու թաղումին մասին՝ կամ քրիստոնէութեան անվայել են, եւ կամ վնասակար են ըստ մարմնաւորին եւ ըստ հոգեւորին, ինչպիսիք են՝ մէկու մը տան մէջ վախճանած ատեն, կիներու զարդարուած հագուստներ հագուիլը, եւ ատոր հակառակ բանալ գլուխը եւ մազերը քրքրել, ու այդպէս կոծ ընել:

Բոլոր բարեկամներուն՝ մարդեր ու կիներ յատուկ-յատուկ գալը, եւ մէկ առ մէկ նոր սուգ յօրինելը ննջեցեալին սիրելիներուն՝ մօր կամ հօր եւ կամ ընտանիքի այլ մերձաւորներուն մօտ:

Կիներուն դագաղին տունէն հանելը եւ իրենք տան մէջ նստիլը եւ չկամենալ իրենց սիրելի ննջեցեալին հետ գոնէ մինչեւ եկեղեցի երթալ:

Կիներու բազմութեան սգաւորներուն մօտ նստիլը բազմաթիւ օրեր, եւ դարձեալ բազմաժողով ըլլալ եկեղեցի տանելու, ինչպէս նաեւ գերեզման տանելու:

Բարեկամներուն վարձքով կամ քիրայով վերարկու բերելը. իսկ քահանաներուն՝ շարական ըսելով վերարկուն բերողները տանիլ սգալու եւ կոծալու համար ննջեցեալներուն վրայ:

Ննջեցեալներուն տունէն քէլէխ բաժնելը բազմութեան՝ բարեկամներուն կամ ծանօթներուն. եւ բարեկամներն ու անձերուն նախագահը հրաւիրել վայելելու պատրաստուած սեղանները ննջեցեալներուն համար:

Սեւ բաժնելը ննջեցեալներու տէրերուն բոլոր մերձաւոր բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ ուրիշ այսպիսիներուն:

Այդ պատճառով ալ համաձայն Առաքելական հրամաններուն համակամ ընտրութեամբ համահաճելով ընդունիլ բարին, կը տնօրինենք.

Ա.

Որպէսզի ասկէ ետք ննջեցեալներուն կիները զարդարուն հագուստներ չհագուին՝ ըստ նախկին սովորութեան եւ իրենց գը-լուխները չբանան ու մազերը չքրքրեն. այլ՝ ինչպէս վայել է քրիստոնէական համեստութեան՝ իւրաքանչիւրը իրենց ըստ կարգին արժանաւոր հասարակ հագուստով եւ առանց գլուխը բանալու եւ մազերը քրքրելու, այդպէս ամենայն հնարաւոր համեստութեամբ ողբան՝ ըստ օրէնքի:

Բ.

Որպէսզի բարեկամներն ու սիրելիները սգաւորներուն մօտ եկած ատեն, այլեւս առաջուան նման մէկը միւսին ետեւէն սգաւորներուն առջեւ նստելով՝ ծեծելով իրենց գլուխները եւ զանազան կսկծեցուցիչ բանաստեղծութեամբ ձգտին սաստկացնել սգաւորներուն սուգն ու կոծը. այլ՝ իւրաքանչիւրը ըստ իր կարողութեան յիշեցնելով անոնց պարտաւորութիւնը քրիստոնէական հաւատքի եւ Աստուծոյ ու Ստեղծողին բարի կամքին, որ մահուան եւ կեանքի Իշխանն է Իր բոլոր ստեղծածներուն. տակաւին, մեծ վայելչութիւնը բոլոր հաւատացեալներուն յաւիտենական յոյսին, այդպէս աստուածպաշտութեան վայելուչ բանախօսութեամբ հոգան ամէն հնարաւոր կերպերով մխիթարութիւն կաթեցնել սգաւորներուն սիրտին մէջ եւ զօրացնել անոնց միտքը, որպէսզի կարենան մեղմացնել բանաւորական ազդեցութիւնը իրենց սաստիկ կրածներուն:

Որովհետեւ, ինչպէս յայտնի է, մարմինը ըստ ինքեան իսկ իր մեռելին վրայ կը զգայ սաստիկ ցաւը. եւ երբ պէտք զգայ իր ցաւերուն սփոփիչ գտնէ իր բարեկամները եւ ոչ թէ առաւել կերպով սաստկացնեն անոնց կսկիծը եւ աւելցնեն ցաւերը՝ ցաւերուն վրայ:

Գ.

Որպէսզի կիները այլեւս դիակը շրջապատելով մէկը միւսին ետեւէն կարգով ողբեր չյօրինեն մի քանի ժամով՝ զանազան յիշատակութեամբ հին եւ նոր ննջեցեալներու կամ իրերու կամ գործերու. այլ դիակը ուրիշ սենեակի մը մէջ դնելով՝ եթէ սենեակներ կան. եւ կամ նոյն տունին մէջ դնել, ուր իրենք կը գտնուին, դագաղէն հեռու նստին՝ իւրաքանչիւրը իր տեղը, եւ առանց գոռալու, ճչալու եւ գլուխը ծեծելու, որոնք վնասակար են մարմինին եւ հոգիին, համեստ կերպով իրենց սգաւորութիւնը կառավարեն ըստ ուսեալ եւ կանոնաւորեալ քրիստոնեաներու օրինակին, եւ դիակը տունէն հանած ժամանակ, իւրաքանչիւրը մատուցէ հրաժարական ողջոյնը՝ չափաւորեալ ողբերով ու արտասուքներով:

Դ.

Որպէսզի բարեկամները այլեւս վարձուածներ, այն է քիրայով վերարկուներ չբերեն, որմէ ո՛չ մեռելին, ո՛չ մեռելի տէրերուն ո՛չ մէկ օգուտ կը գտնուի, այլ՝ ի զուր քիրայի վարձք եւ ծաղրական ու վնասակար արարողութիւններու առիթ կ՚ըլլայ միայն. բայց եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, միայն ննջեցեալին տէրը դիազարդ մը դնէ վրան առանց շարական ըսելով տանելու. եւ ասկէ ետք բոլորովին խափանուած ըլլայ քահանաներուն շարական ըսելով սգաւոր եւ վերարկու տանիլը:

Ե.

Որպէսզի ինչպէս մարդիկը՝ այդպէս ալ կիները ննջեցեալին դագաղին ետեւէն Սուրբ Եկեղեցի երթան, որովհետեւ ատիկա անհարազատութեան մեծագոյն նշան է կիներու սիրոյն իրենց ննջեցեալին նկամամբ, քանի որ ննջեցեալը տունէն հանելով, իրենք անհոգաբար տունին մէջ կը նստին. այլ, ինչպէս որ վայել է ճշմարիտ սիրելութեան եւ հարազատ ընտանութեան, դագաղին ետեւէն երթան մինչեւ Սուրբ Եկեղեցի, եւ այնտեղ՝ Սուրբ Սեղանին առջեւ, ուր Քրիստոս կը նստի, որ Տէ՛ր է կենդանիներուն եւ մեռելներուն, իրենց ջերմեռանդութեան արցունքները հեղեն՝ իրենց ննջեցեալին մեղքերուն թողութեան համար, եւ այդպէս իրենց սիրելի ննջեցեալը յանձնելով Աստուծոյ մեծ ողորմութեան, ճանապարհորդեն զինք դէպի գերեզման, իսկ իրենք իրենց տուները վերադառնան:

Այս բոլորով հանդերձ կիները ուշադիր թող ըլլան, որպէսզի եկեղեցւոյ մէջ՝ ուր նստած կայ ահաւոր Աստուածը,  անպարկեշտութեան եւ կամ աստուածային պատիւին հակառակ տգեղ բան մը չերեւցնեն, անպարկեշտ գոռալով ու ճչալով, որով փոխանակ զԱստուած քաղցրացնելու, առաւել եւս կը դառնացնեն զԻնք, ընդհակառակը, ինչպէս վայել է, բարեպաշտութեամբ Աստուծոյ մատուցեն իրենց խնդրուածները՝ իրեն սիրելի ննջեցեալին ողորմութեան համար. եւ այդպէս գեղեցիկ քրիստոնէութեամբ պսակեն իրենց սիրոյ հարազատութիւնը հանդէպ իրենց սիրելի ննջեցեալին եւ հանդէպ՝ Աստուծոյ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 13, 2022