«ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ՓՈԽՈՒԻ»

Եւրոպահայ կեանքը երկար ժամանակէ ի վեր հայ իրականութեան ուշադրութեան առարկայ է իր վերափոխումներով։ Այս ամբողջին մէջ Յունաստանի հայութիւնը ունի եզակի դիրք մը, որովհետեւ զանազան առումներով կ՚առանձնանայ Եւրոպայէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Յունաստանի թեմի փոխ-առաջնորդ Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեանի տեսակէտները։

*

-Ինչպիսի՞ն էր Յունաստանի հայոց համայնքին վիճակը, երբ նոր սկսաք ծառայել, իսկ ինչպիսի՞ն է այսօր. ի՞նչ փոփոխութիւններ եղան տասն տարիներուն ընթացքին:

-Մեծի Տանն Կիլիկոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի որոշումէն ետք, 2013 թուականի օգոստոսի 1-ին եկայ Յունաստան, տարօրինակ ամայութիւն մը գտայ եւ սկսայ մտահոգուիլ, որ արդեօք հայութիւն չկա՞յ։ Ապա հասկցայ, որ օգոստոս ամսուան ընթացքին ժողովուրդը արձակուրդի մէջ կ՚ըլլայ։ Սեպտեմբերին երբ բոլորը վերադարձան, զգացի ժողովուրդին ջերմութիւնը եւ նոյն ամիսն ալ գործունէութիւնը ընթացք առաւ: Նախ պէտք է ըսեմ, որ եթէ համեմատելու ըլլանք եւրոպական այլ երկիրներու հետ, Յունաստանի գաղութը բաւականին տարբեր է, այսինքն նման չէ եւրոպական այլ գաղութներու։ Այն իմաստով, որ Յունաստան իր ջերմութեամբ կը տարբերի այլ երկիրներէ։ Գաղտնիք չէ, որ Յունաստանի մէջ կեանքի պայմաններու բերումով եւ աշխատանքի վազվզուքի պատճառաւ, քիչ մը հեռացած են եկեղեցիէն, բայց նորէն ալ եկեղեցին կը մնայ առաջնահերթութիւն իրենց համար, եւ կ՚ուզեն գալ ու ծառայել եկեղեցւոյ: Այս առումով ալ մենք մեր ժողովուրդը պէտք չէ այպանենք, այլ գտնենք նոր միջոցներ եկեղեցին ու եկեղեցական կեանքը աւելիով ընկալելի ու հասանելի դարձնելու համար։ Ինչ կը վերաբերի երիտասարդութեան. ըսեմ, որ յունահայոց երիտասարդ խաւի կարեւորագոյն տոկոսը ներգրաւուած է եկեղեցական կեանքին ու գործունէութեան մէջ։ Սակայն կայ հատուած մը, որ պայմաններու բերումով, ինչպէս վերը նշեցի, ստիպուած կ՚ըլլայ իր կեանքը այլ կերպ դասաւորել եւ ազատ ժամեր չունենալուն պատճառով հեռու մնալ ազգային կեանքէ կամ եկեղեցիէ։ Այդ մէկը պէտք է հասկնալ եւ ըմբռնումով մօտենալ ընդհանուր իրավիճակին։ Մեր Թեմակալ առաջնորդ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, որուն հետ յաճախ այս նիւթերուն շուրջ խօսելու առիթներ կ՚ունենանք, յաճախ կ՚ըսէ. «Երբեք մի՛ այպանէք ժողովուրդը, այլ գացէք անոր ետեւէն, պատճառ մը գտէք ու առաջնորդեցէք եկեղեցի»։ Մենք այդ սկզբունքով կ՚ապրինք եւ կը կարծեմ կը յաջողինք, եթէ նոյն ուժով եւ նոյն թափով շարունակենք: Այս բոլորէն անդին, իմ համեստ կարծիքով՝ այսօր Յունաստանի եկեղեցին ու համայնքը կը համարուին մեր աշխոյժ համայնքներէն մին, անշուշտ եւրոպական կտրուածքով։ Մեզի համար մեծ հպարտութիւն է, որ ունինք օրաթերթ՝ «Ազատ Օր»ը, ունինք ամէնօրեայ երկու ազգային վարժարաններ, որոնց կրթական համակարգը կը հետեւի Յունաստանի կառավարութեան համակարգին:

-Գիտենք, որ սփիւռքի մէջ հայութեան կեանքի առանցքը կը դառնայ երեք լծակներու շուրջ՝ ակումբ, եկեղեցի եւ դպրոց։ Յունաստանի մէջ ալ նոյնն է՞ վիճակը։

-Այո՛, ընդհանուր առմամբ այդպէս է եւ աշխատանքը համակարգուած է: Այս օրերուն ամէն ինչ դիմատետրով կարելի է տեսնել, ամէն ինչ ժողովուրդի տրամադրութեան տակ է: Յունաստանի մէջ 50 հազար հայութիւն կայ, ճիշդ է, մեծ թիւ է, բայց համայնքը տարածուած է: Այդ 50 հազարին մէջ գործունեայ թիւը քիչ է, հետեւաբար նոյն անձը քանի մը միութիւններու մէջ կը ծառայէ: Եկեղեցին միշտ կը գործակցի բոլորին հետ: Վերջերս քորոնաժահրի համավարակի ատեն որոշեցինք ժողով մը ընել եւ ի մի բերել երիտասարդները, հասկնալու համար անոնց մտահոգութիւննները: Անոնց կարծիքները լսեցինք եւ կը փորձենք համադրել մեր գաղութային կեանքին մէջ։ Մենք կը փորձենք այս մարդիկն ալ ներգրաւել ու գոհացում տալ: Համավարակի օրերուն եկեղեցին միշտ փորձեց տէր ըլլալ գաղութին: Համագործակցութեան կապ ունինք բոլորին հետ. թէ՛ ՀՄԸՄ, թէ՛ պատանեկան, կամ կիրակնօրեայ: Մանաւանդ եկեղեցին այս վերջին տարիներուն կը կարծեմ, որ կրցաւ աշխատանքը համադրել միութիւններուն միջեւ, միշտ նոյն գլխաւոր նպատակը ունենալով՝ հայապահպանումը:

-Մենք գիտենք, որ հայաշխարհի մէջ գաղութները ազդուեցան քորոնաժահրի համավարակի հետեւանքով: Յունաստան քիչ մը աւելի ուշադրութիւն դարձուց այս խնդրին: Ինչպէ՞ս էր պատկերը քորոնաէն առաջ, ընթացքին եւ այսօր: Գիտենք նաեւ, որ ցոյցեր տեղի կ՚ունենան այս օրերուն, որովհետեւ հասարակութեան մէջ կայ խաւ մը, որ դէմ է պատուաստին, ուրիշներ ալ չեն ուզեր սահմանափակումներու երթալ: Այսօր ի՞նչ է ընդհանուր պատկերը:

-Յունաստանի ներկայ ցոյցերը կարելի է դնել «բաժակը յորդեցաւ» վերնագրի տակ: Երբ քորոնան սկսաւ, ժողովուրդը հետեւացաւ սահմանափակումներուն, եկեղեցիներուն մէջ առանց ժողովուրդի պատարագ մատուցուեցաւ, խանութները որոշ պայմաններով աշխատեցան: Բաւական խիստ օրէնքներ դրուեցան, ժողովուրդը առաջին երկու ամիսը թեթեւ տարաւ, կարծես արձակուրդ ըլլար, բայց երբ վիճակը երկարեցաւ մինչեւ 7-8 ամիս, արդէն սկսաւ բողոքել: Սկիզբը պատարագները առցանց կ՚ընէինք, բայց Յունաստանի համայնքի անդամները այնքան ալ դիմատետր օգտագործող չեն, հետեւաբար 10-20 հոգի հազիւ կը հետեւէին Ս. Պատարագին: Յետոյ տարեցները սկսան հետաքրքուիլ՝ եթէ կրնան ներկայ ըլլալ պատարագին։

Մինչ այդ, ըսեմ նաեւ, որ Յունաստանի մէջ կը գործէ յատուկ նախարարութիւն մը՝ Կրօնից նախարարութիւնը, որ ինք կ՚որոշէ եկեղեցւոյ վերաբերեալ օրէնքները կամ կը մշակէ սահմանափակումները։ Այդ նախարարութիւնը սահմանափակումներ դրաւ եւ որոշեց, որ իւրաքանչիւր 100 մեթր տարածքին միայն 4 հոգիի ներկայութիւնը արտօնուած է։ Քանի որ հայկական եկեղեցիները մեծ չեն, դժուար պիտի ըլլար ընտրել, թէ ո՞ր 4-5 հոգին կրնայ ներկայ ըլլալ եկեղեցի, հետեւաբար որոշուեցաւ արարողութիւնները դռնփակ ընել: Այս բոլոր իրավիճակին մէջ կարեւորը ժողովուրդն է, որ ոչ միայն յոգնեցաւ, այլ տեսակ մը յուսահատութեան մատնուեցաւ։

-Այս խիստ սահմանափակումներու պատճառը կորուստներն էի՞ն, կամ կանխազգուշութեան քայլեր էին: Հայ համայնքը կորուստներ ունեցա՞ւ:

-Երկու պարագաներն ալ կային, թէ՛ որովհետեւ կորուստներ ունեցանք եւ թէ կը զգուշանանք, որ կորոսուստներ չտանք: Առաջին հայ կորուստը ունեցանք 2019-ին: Սարսափելին այն էր, որ յուղարկաւորութեան ժամանակ մահացողին հարազատները ներկայ չեն կրնար ըլլալ իր թաղման։ Մեզի համար ալ ծանր էր այս վիճակը, որովհետեւ անձ մը հողին կը յանձնենք միայն մայր մը, հայր մը կամ երեխայ մը ներկայ կ՚ըլլայ, հարազատները ներկայ չեն. շատ ցաւալի վիճակ է: Ունեցանք վարակուած հայրենակիցներ, որոնք անցուցին հիւանդութիւնը, մենք ալ հետերնին տառապեցանք, գաղութը ընդհանրապէս շատ մը դժուարութիւններու մէջէն անցաւ: Կը կարծեմ, որ այս վիճակը դեռ պիտի շարունակուի, որովհետեւ քորոնաժահրի տարբեր տեսակի նոր ալիքին հետ նորէն վարակուածներու թիւը սկսաւ բազմանալ: Իսկ պսակներու պարագային եւս դժուարութիւններ եղան. արտօնուած էր, որ միայն մինչեւ 20 հոգի ներկայ ըլլայ արարողութեան, այդպէս ալ շարժեցանք։

Պետութիւնը այս միջոցառումները կը գործադրէ, ի պաշտպանութիւն ժողովուրդին, երբ յանուն ժողովորդին է։ մենք չենք կրնար օրինազանցել սահմափակումները: Այդ իսկ պատճառով մեր պսակներն ու մկրտութիւնները կը կատարենք հազիւ 20-25 հոգիով:

-Մէջբերում մը ըրիք Տ. Գեղամ Սրբազանէն, թէ գացէք ժողովուրդին ետեւէն եւ նայեցէք ինչ կարելի է ընել, որպէսզի ժողովուրդը եկեղեցիին մօտենայ։ Այսօր մեր եկեղեցին ո՞ւր է, այն իմաստով, որ մենք 21-րդ դարը կապրինք, կարծես հոգեւոր արժէքները լուրջ ցնցումներու մէջ են: Արդեօք ըլլալով աւանդական եկեղեցի մը, այն պիտի կարողանա՞յ այս մարտահրաւէրները դիմագրաւել եւ ժողովուրդին «երթալ»:

-Այո՛, եկեղեցին պիտի կրնայ յաղթահարել մարտահրաւէրները, եթէ հոգեւորականները ճիշդ կերպով գործեն։ Պիտի կրնայ, եթէ ժողովուրդը հոգեւորականները հասկնայ եւ փոխադարձաբար: Իմ տասն տարուայ ծառայութեան ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախ նոյն բանը կ՚ըսէր. «Գնա՛ ժողովուրդին մէջ, նայէ, թէ ինչ բանի կարիք ունի, այդ ուղղութեամբ աշխատէ, որպէսզի ժողովուրդը եկեղեցի գայ»։ Ուրեմն Նորին Սրբութեան աշխատանքը միշտ այս ուղղութեամբ եղած է: Օրինակ՝ եկեղեցւոյ քարոզը ինչ արժէք ունի, եթէ դուն պատրաստուած ես, բայց ժողովուրդը պատրաստ չէ այդ քարոզին, այսինքն պէտք է ժողովուրդին աչքերուն մէջ նայիլ ապա քարոզել: Անգամ մը, ես կարդացի օրուայ աւետարանը, որ կ՚ըսէ՝ ձեր ունեցուածքին կէսը բաշխեցէք աղքատին։ Բայց ժողովուրդին աչքերուն մէջ նայելով տեսայ, թէ այնտեղ նստած ժողովուրդը ինքը օգնութեան պէտք ունի, այսինքն պէտք է ժողովուրդի կարիքներուն համեմատ խօսիլ եւ գործել:

Եկեղեցին իր սկզբունքներէն չի շեղիր եւ իր օրէնքները չի փոխեր, բայց կրնայ գործելաձեւը փոխել. օրինակ՝ անցեալին համացանց չկար, ժողովուրդը եկեղեցի կու գար մտիկ ընելու, այսօր մարդիկ տունը նստած կրնան մտիկ ընել։ Այո՛, ձեւը փոխուեցաւ, բայց սկզբունքը չփոխուեցաւ, պատարագը պատարագ մնաց: Մեր մատուցման ձեւերը պէտք է բարեփոխենք ու շարժինք մեր ժողովուրդի կարիքներուն համաձայն։ Գեղեցիկ խօսք մը կայ՝ հոգեւորականը պէտք է ըլլայ ժողովուրդէն եկած ժողովուրդին երթալու համար...։ Ի վերջոյ հոգեւորականն ու եկեղեցին ինչու կան, մենք ինչու Աստուծոյ կը ծառայենք, եկեղեցին պատերը չեն, եկեղեցին ժողովուրդն է, եթէ իսկապէս կ՚ուզենք ճիշդ հոգեւորական ըլլալ, պէտք է ժողովուրդին հոգեւորականը ըլլանք։

Համավարակի այս օրերուն յաճախ կը հարցնեն. «Հայր սուրբ ժողովուրդը համավարակի պատճառաւ հեռացա՞ւ Աստուծմէ, կամ մօտեցաւ Անոր»։ Տարօրինակ ու դժուար հարցում մըն է: Շատեր հեռացան՝ ըսելով, թէ եթէ Աստուած կայ ո՞ւր է, ուրիշներ ալ մօտեցան՝ ըսելով, թէ պատահարը Աստուծոյ կողմէ ուղարկուած «նամակ» մըն է: Ճիշդ է, որ հիւանդութիւնը չարիք մըն է, բայց զմեզ Աստուծոյ հետ մտերմացուց։ Յայտնութեան գիրքը եթէ կարդանք, կարծես այսօրուան եղելութիւնները համահունչ են գիրքին մէջ գրուածներուն։ Հիւանդութիւնը այսօր իրականութիւն մըն է, անոր դէմ կը դնենք միայն մեր հաւատքը զօրացնելով, յիշելով, որ Աստուած ամէն բանէ վեր է եւ Աստուած ամէն բանէ աւելի ուժեղ է: Այս բոլորէն վերջ եթէ որպէս քրիստոնեայ եւ որպէս եկեղեցի կրցար ժողովուրդիդ հոգին փրկել եւ օգտակար դառնալ, ուրեմն յաջողած ես: Եկեղեցւոյ յաջողութիւնը հոն է, որ եկեղեցին ժողովուրդին մէջ ըլլայ եւ ժողովուրդին կողքին: Անոր պայծառ օրինակը Արամ Ա. Կաթողիկոսն է, երբ Լիբանանի պայթումը եղաւ, այն ատեն Նորին Սրբութիւնը Պիքֆայայի հովւոցն էր։ Ան անմիջապէս գնաց ժողովուրդին մօտ եւ չսպասեց յաջորդ օրուան...: Արարքը ինքնին «նամակ» մըն էր, որ պարտաւոր ես ամենադժուար իսկ պահուն ժողովուրդիդ մօտ ըլլալ։

Մենք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «զինուորեալներ» ըլլալով՝ այդ շունչով մեծցած ենք, ժողովուրդին կողքին ըլլալ ամենէն դժուար պահերուն: Նորին Սրբութիւնը իւրաքանչիւր միաբանին գաղութ մը յանձնած է եւ մենք պիտի փորձենք մեր կարելին ընել, որպէսզի մեր գաղութները աշխոյժ, ուրախ եւ հզօր պահենք: Յունաստանի մէջ թէ՛ մեր առաջնորդ Տ. Գեղամ Սրբազանը, թէ՛ հոգեւոր դասը եւ կամ կրօնական ժողովը, բոլորս միասին կը փորձենք մեր լաւագոյնը ընել, եկեղեցին ժողովուրդին տանելու համար:

-Անցեալ սեպտեմբերին Արցախի պատերազմն էր, Պէյրութի պայթումը երբեք հեռու չէր Արցախի պատերազմէն, կարծես մեր կեանքի այս ճամբորդութեան մէջ շղթայ մըն էին ատոնք երկու օղակներով: Մենք մինչեւ հիմա այդ պատերազմին հետեւանքները մեր հոգիին մէջ կը կրենք: Յունահայ գաղութը, որ այնքան օգնութիւններ ուղարկեց, ի՞նչ կը մտածէ այս պատերազմին մասին, ի՞նչ յոյսեր ունի, ի՞նչ վիճակ կը տիրէ ձեր մօտ ընդհանրապէս:

-Յունահայ գաղութը, ինչպէս շատ մը գաղութներ, պատերազմի առաջին օրէն իսկ քով-քովի եկաւ, դիտարկելու եւ մտածելու համար, թէ ինչ միջոցներով կրնայ օգնութեան ձեռք երկարել Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Մեր հայրենակիցներէն շատ-շատեր իրենց անկարելին կարելի դարձուցին եւ «այրիի լուման» տուին, օգնելու համար մեր հայրենակիցներուն։ Անշուշտ մեր ազգային ժողովական անդամները եւս շատ մեծ ներդրում ունեցան: Անշուշտ գումարները հաւաքուեցան եւ ուղարկուեցան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցաւ:

Ճիշդ է, որ պատերազմը ծանր աւարտ մը ունեցաւ բոլորիս համար, սակայն ես համոզուած եմ, որ մենք պարտութիւն չկրեցինք...

Կորուստները ամեհի են, Եռաբլուրը իրական վկան է այն մեծ ցաւին, որ մեզմէ իւրաքանչիւրս ապրեցանք, սակայն մեր յոյսը չէ մեռած։

Ի վերջոյ մեր ժողովուրդին ուշադրութիւնը կ՚ուզեմ հրաւիրել այն մտքին վրայ, որ ինչպէս մեր մարմնի անդամներէն մէկը կը կորսնցնենք, բայց տակաւին ողջ կը մնանք, նոյնն ալ հիմա է։ Երբեք պէտք չէ մտածել, որ մենք վերջացանք, Արցախը գնաց... Մենք պիտի ապրինք, յոյսը պէտք չէ կորսնցնել: Այո՛, մենք կորսնցուցինք մեր լաւագոյն արժէքներէն մին՝ Շուշին, այդ արժէքը կորսնցնելով մեր եկեղեցին, մեր հարստութիւնն ալ կորսնցուցինք, բայց կորսնցուցած ատեն ինչ-որ բան մը կը շահիս, կը շահիս մեծ փորձառութիւն: Իւրաքանչիւր հայ այս կորուստին հետ դաս մը պէտք է սորվի. սորվինք՝ ինչո՛ւ կորսնցուցինք, սորվինք՝ ինչպէ՛ս կորսնցուցինք, որպէսզի նորէն չկորսնցնենք, ինչպէս Աստուածաշունչը կ՚ըսէ՝ «ականջ ունեցողը թող լսէ»։

Չմոռնամ ըսելու, որ Յունաստանի գաղութը մինչեւ օրս կը տառապի, ժողովուրդը հոգեհանգիստներ կ՚ընէ, որովհետեւ Հայաստանէն գաղթողներ շատ ունինք, 90-91-92-ական թուականներուն Յունաստան գաղթած են մեծ թիւով հայաստանցիներ, որոնցմէ շատեր իրենց հարազատները կորսնցուցին պատերազմի ընթացքին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2021