ԵՐԵՒԱՆԸ՝ ԿԱՐՕՏԱԽՏԻՍ ՀԱՒԱՔԱՎԱՅՐԸ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՄԵՐ ԱՅՑԸ՝ 2021-Ի

Այս տարուայ հայրենիք մեր այցելութիւնը - սեպտեմբեր 23-էն մինչեւ հոկտեմբեր 12 - շա՜տ տարբեր բնոյթ ունէր։ Տխուր, միաժամանակ ե՛ւ սպասողակա՛ն։

Տխուր՝ որովհետեւ մեր ժամանումի թուականէն շաբաթ մը առաջ կորսնցուցած էինք համավարակի զոհ դարձած հարազատ մը։ Մեր ժամանելէն մէկ շաբաթ առաջ, արդէն իսկ հայրենի հողը գրկած՝ կը ննջէր հալէպահայերու համար յատկացուած գերեզմանատան բարձունքին, այն աղջիկը, որ որքան սէր, կորով եւ փորձառութիւն ունէր Սուրիոյ մէջ բժշկական մարզէ ներս տասնամեակներ ծառայած էր ունեցած մասնագիտութեամբ, նոյնքան եւ աւելի սէր ունէր մանաւանդ՝ հայրենիքին հանդէպ։

Սպասողական՝ որովհետեւ յուլիս 31-ին վերջապէս լոյս տեսած եւ հրապարակ իջած էր տարիներու երազս՝ «Ազէզէն Ամերիկա» խորագիրը կրող հատորը։

Հատոր մը, որ 400 էջնոց հաւաքածոյ մըն է տասնամեակներու ընթացքին հայ մամուլի էջերուն մէջ ցրուած, լոյս տեսած եւ կամ կարգ մը անտիպ գրութիւններուս։

Հարցական էր, թէ ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորուէր գիրքս, ինչպէ՞ս պիտի կարենայի զանոնք հետս բերել Միացեալ Նահանգներ ընտանիքիս անդամներուն, աշակերտներուս եւ կամ՝ ընթերցասէր բարեկամներուս նուէր տալու։

 Վերջ ի վերջոյ շուրջիններուս անհաղորդ, աւելի ճիշդը ցաւակից նայուածքները ուրիշ բան չէին թարգմաներ քան՝ «Ո՞վ է հայերէն գիրք կարդացողը հիմա․․․»։

Եւ պատահեցաւ անսպասելին․․․

Երեւանը դարձաւ իմ կարօտախտիս հաւաքավայրը։ Միսաքին եւ իմ տարիներու նուիրեալ աշխատանքը արտասահմանի մէջ, գնահատանքի արժանացնող հանդիսութեան մը վերածուեցաւ՝ Հալէպէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, մեր ազգային-մշակութային-կրթական-ընկերային կեանքէն ներս տարած աշխատանքը նկատի առնելով։

Արդարեւ, փրոֆ․ Ռուբէն Միրզախանեանի հովանաւորութեամբ եւ իր բարձր ներկայութեամբ, Երեւանի Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) կեդրոնը իր դռները բացած էր սեպտեմբերի 30-ին «Ազէզէն Ամերիկա» գիրքիս շնորհանդէսին համար, կազմակերպչական համագործակցութեամբ՝ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին։

Իսկ ինչո՞ւ կ՚ըսեմ «Երեւանը դարձաւ իմ կարօտախտիս հաւաքավայրը», որովհետեւ, 65 տարուայ բաժանումէ մը ետք հոն ներկայ էր Ազէզի Սահակեան նախակրթարանի դասընկերուհիներէս՝ Վարդուհի Թոփճեանը։ Կրնա՞ք պատկերացնել 11 տարեկանին Ազէզէն բաժնուած, հազիւ թէ պատանութեան սեմին ոտնակոխած աղջիկներ հանդիպին Երեւանի մէջ, եւ զիրար տեսնեն սպիտակած մազերով մեծ մայր դարձած։

Հո՛ն էին նաեւ Հալէպի Բեթէլ աւետարանական վարժարանի աշակերտական օրերէս Ժոզէֆ Ապաճեան ընտանիքի անդամները, Երուսաղէմի Թարգմանչաց վարժարանի երկրորդականէն Անի Յարութիւնեան-Չեքիճեան, Հալէպի ՀԲԸՄ-ի ԼՆԳԿ-ի երկրորդականը յիշեցնող ողբացեալ դասընկերուհի Զարմինէ Պօղարեանին եղբայրը, նաեւ դասընկեր, ապա ուսուցիչ՝ Աբրահամ Քասիս-Երէցեան։ Ներկայ էր նաեւ իմ երախտապարտ աշակերտններէս Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանի առաջին տարուայ ուսուցչութեան օրերէս ազգային բարերար՝ Գաբրիէլ Չէնպէրճեանն ու միութենական ընկեր՝ Կարպիս Վարդանեանը իր ազնիւ տիկնոջ Սեդային հետ։

Շնորհանդէսին իր օրհնաբեր ներկայութիւնը բերած էր Երուսաղէմի միաբանութենէն Տ. Արիս Արք․ Շիրվանեան, որ իր բացման ու փակման օրհնութեան աղօթքներով կարծես վախճանեալ եղբօրս՝ Տ․ Վրթանէս Ա․ Քհնյ․ Գալայճեանին ներկայութիւնը կենդանացուց։ Սրբազանը գիտէր մեր ընտանիքին մասին եւ հարց տուաւ. «ընտանիքէդ ո՞վ կայ հոս», ըսի՝ ամենէն փոքր եղբայրս, արուեստագէտ Վազգէն Գալայճեանը իր տիկնոջ՝ Ժագլինին հետ, նաեւ Միսաքին ընտանիքէն երեք քոյրերու զաւակները։

Պատուոյ սեղանին էին՝ «Պայքար» շաբաթաթերթի երախտաշատ գլխաւոր խմբագիրը՝ Երուանդ Ազատեան, «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեան, Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու-տոցենդ՝ տքթ․ Քնարիկ Աբրահամեան։ Առանձին ելոյթներով հանդէս եկան գիրքիս խմաբագիրը եւ օրուան հանդիսավար՝ Քնարիկ Աբրահամեան, հատորի յառաջաբանին հեղինակը՝ փրոֆ․ Սուրէն Դանիէլեան, մատենագէտ-մանկավարժ Յովսէփ Նալպանտեան, «Խաչատուր Աբովեան» պետական մանկավարժարան համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի մագիստրոսական 2-րդ լսարանի ուսանողուհի Աննա Դաւթեան։

Գիրքէն նմոյշներու ընթերցումներ կատարեցին Քնարիկ Աբրահամեան, 24 ժամ առցանց սփռուող www.radioayk.com-ի հիմնադիր-տնօրէն, արեւմտահայերէնի անխոնջ պաշտպան, Ուիքիփիտիայի արեւմտահայերէնով կամաւոր նուիրեալ աշխատակից Շաքէ Մանկասարեան։

Իսկ Յակոբ Միքայէլեանի «Ազգ»ի մէջ երեւցած ակնարկը հատորին շուրջ, կարդաց՝ Շողեր Պիլէմճեան-Հեղինեան։ Ան ընդգծեց՝ Միքայէլեանին եւ իմ Հալէպի դպրոցական օրերէն գրասէր-ընթերցասէր աշակետներ ըլլալը։

Մանկավարժի ակնոցով դիտուած ամենէն սիրտ ջերմացնող երեւոյթ էր ելոյթը Աննա Դաւթեանի, որ տքթ․ Բերկրուհի Սվաճեանին նուիրուած հատուածէն քաղած էր անոր իմաստուն խօսքերէն մին. «Եթէ երազ ունիք, ձեր աշխատանքով ու կեցուածքով կրնաք համոզել ձեր շուրջինները, որպէսզի ձեր երազներուն ընթացք տան»։

Երազներուս իրականացումը գտայ հայրենիքին մէջ։ Ոչ միայն գիրքիս լոյս ընծայումին հետ շնորհանդէսին վայրը հայրենի հողին վրայ կը գտնուէր, այլ նաեւ շնորհանդէսի սրահը լեցնող գրասէրները յոյս ու հաւատք կը ներշնչէին, լեզուի կարեւորութեան հաւատացող հայերով։

Սիրտ ջերմացնող եւ ականջ շոյող խօսքերէն աւելի նոր սերունդի ներկայացուցիչներու, համալսարանի ուսանողուհիներու ներկայութիւնը կու գային զիս հաւատքով լեցնելու։ Ինչպէս որ ներկաներէն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի աշխատակից տաղանդաւոր գրող Անի Բրդոյեան-Ղազարեան կը յիշեցնէ Երուանդ Ազատեանի ելոյթէն հետեւեալ գնահատականը՝ «Գրողներ կան, որ չեն գործեր եւ կան գրողներ որ չեն գրեր։ Զարմինէն երկուքն ալ կը համատեղէ եւ արդիւնքը կ՚երեւի անոր օգտապաշտական գրականութեան մէջ։ Զարմինէ Պօղոսեան կրթական մշակ է՝ Մեսրոպաշունչ հաւատքով, իսկ գիրքին իւրաքանչիւր էջը՝ մեղրահամ քնքշութիւն ունի, ինչպէս իրենց բակի թթենիին պտուղը, որուն մասին յիշատակած է գրքին մէջ»։

***

Այո՛, Հալէպի երկրորդականի աւարտականէն ետք երազիս մաս կը կազմէր Հայաստանի մէջ համալսարանական ուսում ստանալ, ինչպէս շարք մը դասընկեր-դասընկերուհիներս յաջողած էին օրին։ Հինգ տասնամեակ ետք Երեւանի մէջ Մեսրոպեանով գիրքիս լոյս ընծայումը եթէ համարժէք չէր այդ օրերուն ստանալիք հայրենի «դիպլոմ»ին, սակայն, լաւագոյն սփոփանքն էր երազներուս իրականացման ճամբուն վրայ։

Քնարիկ Աբրահամեան ո՛չ միայն բացառիկ բծախնդիր ու բանիմաց խմբագիրն դարձաւ - մօտաւորապէս երեք տարի տեւող համբերատար աշխատանքով այս հատորին լոյս ընծայման - այդ օր նաեւ փայլեցաւ հանդիսավարի իր շնորհերով։ Ան ներկայացուց գիրքը, գեղարուեստական յայտագրով հրամցուեցաւ գիրքէն հատուածներու ընթերցումներ՝ «Տափակ անիւ», «Ազէզի խոճան»։

Իսկ ձեռնարկին ամենամեծ անակնկալն էր թէ՛ հանդիսատեսին եւ թէ ինծի համար, երբ Աբրահամեան բարձրախօսին հրաւիրեց ԹՄՄ-ի Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի անդամներէն Միսաք Պօղոսեանը, որ Օմար Խայեամի եւ Վահան Տէրեանի խօսքերու հիման վրայ գրուած իր եւ իմ սիրած երկու երգերը հրամցնէ ներկաներուն։

Երեւանի մի քան շաբթուայ մեր կեցութեան ընթացքին ամենադժուար, հոգիիս համար տանջալից պահն էր Եռաբլուր մեր այցը։ Անցնող սեպտեմբերին հայ ազգը վերապրեցաւ դժուար օրեր։ Սեւ խորշակ մը, որ դարձեալ հնձեց տարաւ մեր նոր սերունդէն անհաշուելի զոհեր։ Ապագայի խոստումներով լի սերունդ մը զոհուեցաւ, որ պիտի դառնար մեր ապագան ու մեր յոյսը։ Մեր աչքերէն հոսող արցունքի կաթիլներուն ըմբոստ ու անզսպելի հոսքը բաւարար չէ բնա՛ւ կորուստին կսկիծին հետ վիշտին խորութիւնը հաւասարակշռելու։ Սակայն, շուրջս երիտասարդութիւն, պայծառ դէմքեր ու խօսուն աչքեր տեսնելով վերստին կը յուսադրուիմ յիշելով Խրիմեան Հայրիկին խօսքերը. «Դուք մի՛ վհատիք, Աւետարանի հարուածեալ որդիքներ. յոյս ա՛ռ, ու քաջալերուէ՛, ժողովուրդ Հայոց, երկհազար ամ է որ միշտ ջախջախուիս ու չես մեռնիր։ Պարսիկ, Յոյն, Արաբացին եւ Կովկասեան բարբարոս ազգերը միշտ արշաւեցին ու քանդեցին քո հայրենիք. բայց դու անվկանդ՝ անյուսահատ ոգի մի ունիս, որով կ՚ապրիս ու կը մնաս մինչեւ ցայսօր»։

Իւրայատուկ վայելքի պահ էր, երբ մէկ դասապահի հանդիպումով ներկայ եղայ Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական համալսարանի լսարաններէն մէկուն մէջ եւ սորվիլ փափաքող երեսուն զոյգ աչքերուն խորը նայեցայ։

Անխուսափելիօրէն Զահրատն էր որ եկաւ թարգմանելու իմ ներքին անբացատրելի զգացումներս՝

«Ձեր ու Սան կոչուած

Այդ փայլուն աչքով դէմքերուն միջեւ

Սիրոյ Կամուրջ մը կը շինուի տակաւ

Սիրոյ կամուրջէն անցա՞ծ էք բնաւ․․․․»

Այո՛, ես այդ օր վերստին ապրեցայ դասարանի մէջ ըլլալու եւ սորվիլ ուզող աչքերուն նայելով հմայուելու։

Մէկ այլ վայելքի պահ ստեղծեց բանասիրականի ուսանող Աննա Կոստանեան։ Ան գիրքէն իր իւրայատուկ ընտրութիւններով քաղած էր հատուածներ։ «Կը փնտռեմ» պատմուածքէն հատուածի մը մէջբերումովը իրենց բոյներուն կարօտը քաշող - Հալէպէն՝ Պէյրութ, Պաղտատ թէ Գահիրէէն ցիր ու ցան հայութեան։

«Բոլորն ալ կարօտը ունին իրենց տունին, անկողնին, թէկուզ ամենէն աննշան համարուղ ամենամտերիմ իրենց բարձին, որուն վրայ ինչ բարձր տրամադրութեամբ հանգիստ տուած էին իրենց գլուխներուն եւ հրաշալի երազներ տեսած ժամանակին»։

Սակայն, Աննան կը գտնէ յուսատու տողեր ալ եւ մէկ այլ գրութենէն կը մէջբերէ հետեւեալը՝ «Այո՛, աշխարհի  մէջ  տակաւին  կա՛ն  լաւ  մարդիկ»։

Այո՛, ես ալ անուղղայ լաւատես մըն եմ, երբ հարցը մեր հայրենիքին գայ։ Կարծէք այդ տողերը ինծի կը վերադառնային ի՛ր բերնով, հայրենի երիտասարդութեան բերնով ընգծելու, թէ՝ այո՛, հայրենիքի մէջ կան օրինակելի նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, Աննաներուն պէս խելացի ու հաւասարակշռուած հայուհիներ, ապագայի մայրեր, դաստիարակներ, որոնք մեր հոգիները կը լիցքաւորեն ապագայի հանդէպ իրենց լուսատու օրինակներով։

Մէջբերելով 19-րդ դարու ֆրանսացի գրող Սթանտալին սա խօսքը՝ «Ժողովուրդի մը հանճարին առաջին գործիքը ԻՐ լեզուն է»։ Աննաներն ու Քնարիկը յոյսս կը բազմապատկեն, որովհետեւ կ՚ապացուցեն, թէ հայ ժողովուրդին հանճարի գործիքը այս նոր սերունդին ձեռքին է․․․․ Լեզուն կ՚ապրի այստեղ եւ կարդացողներ կա՛ն անպայման։

Վստահ եմ ինծի համամիտ էք նաեւ դուք, կրկնելու Խրիմեան Հայրիկին իմաստուն յորդորը՝ հայրենիքէն հեռանալու ամէն տեսակի մտադրութիւն եւ մտածում հեռու վանելով՝ «Պարսիկ, Յոյն, Արաբացին եւ Կովկասեան բարբարոս ազգերը միշտ արշաւեցին ու քանդեցին քո հայրենիք. բայց դու անվկանդ՝ անյուսահատ ոգի մի ունիս, որով կ՚ապրիս ու կը մնաս մինչեւ ցայսօր»։

ԶԱՐՄԻՆԷ Գ․ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 13, 2021