ԱՄԵՆԱՎՏԱՆԳԱՒՈՐԸ

Հայաստանի վերջին շաբթուան զարգացումները մեծ հաշուով սպասողականութեան շեշտեր ունէին։

Նախ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հարց ու պատասխանը, ապա այդ առիթով Նիկոլ Փաշինեանի ընդգծուած «հիսթերիա»ն ճիշդ է նորութիւն մը չէին, բայց եւ այնպէս, մատնացոյց կ՚ընէին այն, որ այս մարդը ո՛չ երէկ, ո՛չ այսօր եւ ոչ ալ վաղը կը պատրաստուի լքել իր աթոռը։

Կորուստները մեծ, անորոշութիւնը աւելի քան բացայայտ, բայց այսօրուան իշխանութիւնները յստակօրէն միտուած են «աշխատիլ» մէկ ուղղութեամբ՝ որն է պահել ու պահպանել իրենց աթոռը։ Անշուշտ, Ազգային ժողովի դէպքերը, լարումները ընդդիմադիր պատգամաւորներու օգնականներուն դէմ եղած յարձակումն ու «ծեծ ու ջարդ»ը՝ ինչ-որ տեղ եւ ինչ-որ առումով կը մատնեն, թէ իշխանութիւնները կ՚ապրին ներքին լարումներ։

Բաց աստի, ժխտական առումով ուշագրաւ եւ նոյնիսկ վիրաւորական էր Ազգային ժողովի խօսնակ Ալէն Սիմոնեանի կողմէ եղած «բացբերան» յայտարարութիւնը՝ Պաքուի բանտերուն մէջ տանջահար վիճակ ունեցող ռազմագերիներուն կապակցութեամբ։ Անոնց մասին «լոյսերէ հեռու» հանդիպման մը ընթացքին խօսելով նոյն Սիմոնեանը ըսած էր, որ «իրեն համար այդ գերիները այլեւս չկան»։ Ան լպիրշ ոճով յառաջ քաշած էր այն թեզը, որ այդ գերիները պէտք է դատապարտուին ու քննուի այն հանգամանքը, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ գերի ինկած են։ Ու այդպիսով ալ թութակի պէս կրկնելով այն գաղափարը, որուն «մարքեթինկ»ը կը կատարէր Նիկոլ Փաշինեան՝ «գերի իյնալ» վիճակը համարելով դաւաճանութեան համազօր բան։

Այս մօտեցումներուն առաջին բոցավառ «ծիծեռնակներ»ը մեզի համար տեսանելի կը դառնար, այն փաստով, որ օրեր առաջ Պաքուի կողմէ ազատ արձակուած տասն գերիներէն հինգը հարցաքննութեան տակ կ՚առնուէին ու չի բացառուիր, որ անոնցմէ առնուազն երեք-չորսը կալանքի տակ մնան։

«Ո՞վ է իրական մեղաւորը» հարցումը մինչեւ վերջ «ցրող», ի սպառ ընող այս մօտեցումները անշուշտ ունին ներհուն նպատակներ, որոնց գլխաւոր սլաքը ուղղուած է մէկ ուղղութեամբ։

Ի՞նչ ընել ու ամենակարեւորը՝ ինչպէ՞ս ընել, որպէսզի այսօր Հայաստանի «նիկոլապաշտ» հասարակութեան մեծ ուշադրութիւնը ուղղուի այս նիւթերուն վրայ, մինչ աւելի կարեւոր խնդիրներ (նոյնիսկ բանակցութիւններէն աւելի կարեւոր) մնան լուսանցքի վրայ։ Այդ կարեւոր նիւթերէն է անշուշտ կեանքի յարաճուն սղաճի պարագան, հոսանքի եւ ջուրի մատակարարման սակագինի աճը, մանաւանդ անօգնական խաւերուն համար առաջին անհրաժեշտութիւն համարուող սննդանիւթերու թանկացումը։

Փաշինեան եւ իր ընկերները շատ լաւ կը հասկնան, որ այն հասարակութիւնը, որ իրեն եւ իր ընկերներուն վերստին իշխանութեան բերին, կրնան օր մը պոռթկալ եւ փողոց իջնել միայն մէկ պատճառով։ Անշուշտ, այդ պատճառը օրուայ հացի խնդիրն է, անգործութիւնն է եւ ընկերային մեծ անապովութեան զգացումն է, որ կաթիլ-կաթիլ կը լեցուի ինքզինք «ամենագէտ» յայտարարած հասարակութեան ամենաանտեսուած խաւերուն մէջ։

Ամէն պարագայի այս բոլորը կրնան դանդաղ կամ բաւական արագ կերպով ընթանալ ու յստակ է նաեւ, որ գալիք գործընթացներուն հետ կապուած Փաշինեան ո՛չ բաւարար ներուժ կրնայ ունենալ, ո՛չ ալ ունի խմբային այն պահեստները, որոնք կարող են իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահել։ Անշուշտ, հաշուի առնելով արդէն տասն տարիէ ի վեր Երեւանի մէջ բնակելու փաստը՝ հարկ կը համարեմ նշել, որ կապուած յառաջիկային՝ ձմեռնային ժամանակներուն ու տօնական օրերուն, նոյն այդ հասարակութիւնը կրնայ մտնել «թմբիր»ի մը մէջ, որուն աւարտը երեւելի կը դառնայ գարնան… Այո՛, հազիւ գարնան է, որ ընդդիմութիւնը պիտի կարողանայ իր «ճուտեր»ը հաշուել, նաեւ տեսնել, թէ աշնան ցանած իր սերմերը ինչ արդիւնքներ տուին։

Միւս կողմէ, չմոռնամ նաեւ նշել, որ անցնող շաբաթը ընթացք կ՚առնէր տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) մասնակի ընտրութիւններու արդիւնքներու հրապարակմամբ։ Տեղի կ՚ունենային վերլուծման փորձեր, կը հնչէին տարատեսակ կարծիքներ ու մինչ այդ երեւելի կը դառնար, որ այսօրուայ իշխանութիւնները չէին կարողացած «իրենց վայել» ջախջախիչ յաղթանակը ապահովել։ Այս մէկը անշուշտ Հայաստանը կը տանէր դէպի աւելի վտանգաւոր դրութիւն մը, որովհետեւ ՏԻՄ-ի կազմուած մարմինները մեծ հաշուով պիտի ունենային մեծամասնութիւն մը գոյացնելու լուրջ հարց, հետեւաբար աշխատանքները համակարգելու եւ գործի անցնելու բարդ վիճակ։ Այս բոլորը նաեւ ինչ-որ տեղ կը հասցնէին այս իշխանութիւններուն հին-նոր մտասեւեռումը, որն էր ունենալ մասնատուած հասարակութիւն։

Բնաւ զարմանալի չէ, որ հակառակ աղէտալի պատերազմին, հակառակ սահմանին տիրող անորոշութեան, հակառակ տնտեսական մտահոգութիւններուն, մարդկային մեծ ցաւին, կորուստներուն ու հողային-տարածքային կորուստներուն՝ Հայաստանի հասարակութիւնը այսօր մասնատուած վիճակ մը ունի։

Պատկերացուցէք, որ իշխանութեան գործածած «զէնքեր»ը այնքան ազդեցիկ են դարձած, որ 2018-ի արտահերթ ընտրութիւններէն առաջ հնչած «սեւ-սպիտակ»ի խաղը դարձած է տիրական։ Այս առումով ալ գուցէ կայ տեսակէտ, որ նոյն իշխանութիւնները գործի լծած են այնպիսի դրութիւններ, որոնց շնորհիւ ալ կարողացած են մտնել ամէն տուն ու հոն սերմանել ատելութեան, անցեալը եւ անցեալի իշխանութիւնները հերքելու եւ մերժելու դրուածք ու ամենակարեւորը՝ այսօրուան այս դժխեմ պատկերը «վարդագոյն» երանգներով ներկելու ու թաքցնելու մեթոտներ։

Այս մասին է, որ պէտք է մտածէ առողջ ու արմատական ընդդիմութիւնը, որ հարկաւոր է ամէն գնով փոխել իր «զէնքեր»ը եւ գործի անցնիլ բոլորովին նո՛ր ոճով, նոր մեթոտներով ու ամենակարեւորը՝ նոր հաւատամքով։

Գուցէ անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին Հայաստանի հասարակութիւնը այսքան մասնատուած չէ եղած ու այդ մէկը ամենավտանգաւորն է...

Ու տագնապալին գիտէք ի՞նչ է. տագնապալին այն է, որ «սեւ-սպիտակ»ի այս խոշոր խաղին հետեւանքով նոյն այս հասարակութիւնը պատրաստ է ամէն ինչ կորսնցնել, միայն թէ իր տեսակէտը առ անցեալ, ատելութիւնը առ անցեալի ղեկավարներ հաշուի առնուին։ Եւ ի վերջոյ միայն թէ իր վարկածը ճիշդ դուրս գայ ու ինք որպէս հասարակութեան մէկ ժիր անդամը բոլորին առջեւ յայտարարէ՝ «Գիտէ՛ք, ես ճիշդ էի...»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 13, 2021